Լիբանան,
Միջերկրականեան ալիքներուդ
ծովափին`
ծաղկող նարինջենիներուդ բուրմունքը կար:
Իմ սիրածի աչքերուն,
մայրիներուդ կախարդանքին
յաւերժական կանաչը կար:
Այն ժամանակ
կեանքը մեր տան երդիքին տակ
խճանկարի մը նման էր,
պատառ-պատառ դիմանկարներ
կային այնտեղ,
որոնց շուքին
մեզ իր սիրոյ մականին տակ պատսպարող
մօրս դէմքը կը լուսնար …
Մանուածապատ մայթերուդ
դպրոց տանող ոտնահետքս կը մնար,
ու փողոցի ծայրամասին
պատանեկան տարիներուս ակումբը կար,
ուր դրօշը եռագոյն
նուիրական երդումի մը հպարտութեամբ
կը բոցկլտար…
Ահ, որքա՜ն բուռն կը սիրէի
գարուններդ, Լիբանա՛ն,
ուր ծաղիկդ ապրիմ-մեռնիմ,
թերթերովն իր սպիտակ,
սիրոյ
իմ առաջին ուսուցիչը պիտի ըլլար