ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ
Դիմատետրի մէջ անցնող օրերուն կը տողանցէին աշխարհասփիւռ միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու տարեկան բանակումներու նկարները, վիտէոներն ու ռիլերը: Ամէն ոք այդ միութիւններէն նուազագոյնը մէկուն հետ անցեալին հաւանաբար իր բաժին մասնակցութիւնն ու յիշատակները ունի, որոնք կամայ-ակամայ ազդած են իր ինքնութեան ու բնաւորութեան կազմաւորման վրայ եւ դարձած` կարեւորագոյն մէկ բաժինը իր հայկական միջավայրի հաւաքական կեանքին:

Սուրիա, Լիբանան, Հայաստան եւ այլուր հազարաւոր արի-արենուշներ, քոյր-եղբայրներ, ընկեր-ընկերուհիներ ու պարման-պարմանուհիներ ժամանակաւորապէս կը հեռանան իրենց ծնողքէն, կ՛երթան բնութեան գիրկը, կայմ ու վրան կը հաստատեն ու կը մնան մէկ այլ ընտանիքի մը հետ: Ընտանիք մը, որ օրերու ընթացքին սիրաշահած էին ու անդամներով մէկ դարձած էին հարազատներ, իրարու մէկական հոգեմտային ապաստարաններ:
Բայց մէյ մը տեսէ՛ք այս բառը:
Բանակում…
Եթէ Մալխասեանցի մրոտած էջերուն նայինք, ապա պիտի տեսնենք, որ «բանակ» բառը, բացի «զօրք» բառի հոմանիշը ըլլալէ, է՛ նաեւ այն կայանը կամ վայրը, ուր զօրքը դադար կ՛առնէ, ուժ կ՛ամբարէ:
Իսկ եթէ վերադառնանք մեր առօրեային եւ իրականութեան, պիտի տեսնենք, որ միութենական մեր բանակումները վերընձիւղման եւ վերանորոգման կենարար տարեկան ձեռնարկներն են` տարեշրջանի մը վերջ, կամ ուրիշի մը սկիզբ տուող: Անտարակոյս մէկն այնտեղ նոր ընկեր մը կը շահի, մարդու նոր տեսակի, կամ մարդկային նոր գիծի մը կը ծանօթանայ: Գաղափարներու եւ երեւոյթներու շուրջ դիտանկիւններ յաճախ կը փոխուին հոն:

Ուրեմն, պարզ բաղդատական մը կատարելով, կ՛անդրադառնանք, որ այս ձեռնարկին անունը «բանակում»-ով մկրտելը արդար է: Բանակումով միութիւնը կը բանակի եւ այնուհետեւ կը վերանորոգուի, կը թարմանայ, ուժ կ՛ամբարէ:
Այդ բանակումները կը սկսին միութենականին մասնակցութեան անհատական որոշումով, մտովի պիտոյքներն ու գոյքերը ապահովելու ծրագրումով: Այդ բանակումներուն մթնոլորտը չի սկսիր բանակավայրէն, այլ այնտեղ չուղղուած իսկ` բոլորին մէկտեղուելիք հաւաքավայրէն: Այնտեղ, երբ ծնողներ իրենց զաւակները բերելով ամբողջ շաբաթ մը միութեան հովանիին ու տրամադրութեան տակ կը դնեն: Հոն` ճամպրուկներ այս ու այն դի գետնին վրայ են, եւ կանչեր, երգեր ու ձայներ` օդին մէջ. գալիքի տիրող համակ հրճուանք ու բերկրանք մը:

Յետոյ կու գան անոնց խիտ ու կազմակերպ շարքերուն առաջին թելադրանքները պատասխանատուներուն կողմէ` կէս գիշերին, հանրակառք չբարձրացած: Կը տրուի հրաժեշտ մը ծնողներուն, որոնց խօսքերն ու խորհուրդները միշտ չէ, որ որպէս ականջօղ կը ծառայեն բանակումի ընթացքին:
Ու բանակավայր տանող ճամբան կ՛երկարի, սակայն կը թեթեւցնեն զայն ծիծաղն ու ընկերային ջերմ մթնոլորտը: Հոն, ուր նախկին սոսկ ծանօթներ կը մտերմանան, նոր գաղտնիք մը իրարու կ՛ըսեն, հանգիստ կ՛արտայայտուին: Կոպեր կը ծանրանան, աչքեր կը փակուին:

Իսկ մնացեալը, ինչ կը վերաբերի բանակավայրին եւ այնտեղ անցուելիք մէկ շաբթուան, բոլորովին յիշատակներ են. յիշատակներ` բնութեան, ընկերներու, միութեան, մթնոլորտի կամ դիպուածի մը հետ կապուած: Եւ որքան դառն ու լեղի թուին տեղւոյն այդ պահերը, միշտ ալ քաղցրութեամբ պիտի յիշուին գալիքին` մեծին ու պզտիկին կողմէ:
Բանակումէն ետք յաւելեալ ինքնավստահութեամբ մը միութենականը տուն կը վերադառնայ: Բանակումը ընտանիքէ հեռու պատանիին տարրական ու կենսական պէտքերը կառավարելու, ապահովելու եւ անոնց վրայ վերահսկելու բնազդային ձիրքը երեւան կը հանէ: Այնտեղ երիտասարդը կը զգայ, որ ի՛նք ալ իր պնակը լուալ գիտէ, կրնայ խոհանոց մտնել, իր սեփական տարածքը մաքուր ու կոկիկ պահել, առաւե՛լ եւս օգնել ուրիշին այդ առաջադրանքներուն մէջ եւ սորվիլ բան մը` ուրիշէ մը: Այլ խօսքով, հոն է, ուր առաջին անգամ պատանին կը սորվի «ի՛ր եղունգով գլուխ քերելը»: Կը զիջի քաղքենիական կեանքէն, պահ մը կը մոռնայ իր եսը, հանգիստը եւ կը նուիրուի բնութեան ու ընկերութեան:

Բանակավայրէն ներս կը տեսնենք, թէ ծանր ու տաժանելի գործերու հանգոյցները ինչպէ՛ս կը քայքայուին «հրաշագործ» իրերօգնութեամբ: Տասնեակ վրաններ կը լարուին, կայմ մը կը բարձրացուի, լայն ու ընդարձակ սրահ մը վայրկեաններ անց կը մաքրուի, հաւաքական աշխատանքով հարիւրաւոր անդամներու հսկայական քանակով ճաշ կը պատրաստուի: Ո՛չ ոք կը գանգատի, ո՛չ ոք կը հրաժարի. այնտեղ բոլորը մէկի համար ու մէկն բոլորի համար կը գործեն:
Երիտասարդ սփիւռքահայը, անգիր ու իր մէջ ի ծնէ կրած հայու մը հպատակութիւն ունենալով, իր միութենական բանակումին միշտ ալ կը շնչէ հայեցի շունչը` հայրենասիրական երգերէն, դրուագներէն, դասախօսութիւններէն եւ դաստիարակչական խաղերէն:
Այդպէս էր. մենք Հայաստանը չէինք տեսած, հեռու էինք անկէ, բայց գիտէինք զայն հնչող երգերուն ընդմէջէն: Կը զգայինք սրբազան Արարատի վեհութիւնն ու խորհուրդը բանաստեղծութիւններու տողերէն` մեր պատկերացումով: Մենք մեր ոտքը չէինք դրած հայրենի հողին, բայց կը զգայինք զայն. սիրած էինք առանց տեսնելու, կարօտցած` կարծես շատոնց գիտցած ըլլայինք:

Ու որքան կ՛երգէինք այդ երգերը, այնքան մօտ ու յստակ կը տեսնէինք Հայաստանն ու Արցախը, չյանձնուող Մուշն ու Վանը, խորհրդաւոր Արարատն ու հերոսածին Սիփանը եւ այնտեղ ապրող խաղաղասէր հայ ժողովուրդը` անցեալին ու ներկային: Օրինակներ կը վերցնէինք շատերէն, ոմանք իտէալներ կը դարձնէինք: Կ՛ազդուէինք, կ՛ազնուանայինք:
Բանակումներու յիշատակները մի՛շտ ալ որպէս ծիծաղ, յուզմունք ու երանութիւն առթող նիւթ ծառայած են սեղաններու շուրջ: Մանաւանդ այն մարդոց կողմէ, որոնց համար տարիները չեն կրցած իրենց հարազատ ընկերներու տասնեակ տարիներու հարազատութիւնն ու անկեղծութիւնը խզել:
Բանակումներու աւարտին ալ վնասուած ձայնալարերով բանակողներու երեւոյթը համատարած է եւ բոլորին ծանօթ: Խարխուլ, խռչակի մէջ գտնուող այդ լարերը ի վիճակի չեն ըլլար բնականոն գործելու այդքան կանչերէ ու երգերէ ետք:
Երգերը…
Բանակումներու երգերը…
Եօթը օրուան տեւողութեան հնչող այն երգերը, որոնք մէյ մը գիրքերէն կու գան, մէյ մը բանակողներու շուրթերէն, մէյ մըն ալ մեծկակ այն ձայնայիններու համակարգերէն, որոնք կը հասնին բանակավայրի ամէն մէկ անկիւն ու կ՛երթան հեռուն, ուր հոն պատշգամէն մէկը կը լսէ ու միւսին կ՛ըսէ. «Բանակումի տղաքն ու աղջիկներն են»…
Այդ երգերը մեզի հետ կ՛ապրէին, ու երբ անոնց բառերը չէին ելլեր մեր բերնէն, յաճախ կը դառնային մեր մտքին մէջ: Մեր միտքը զբաղած էր. զբաղած` միայն բանակումի օրակարգով:
Սակայն…
Հիմա ալ կը լսենք մենք այդ երգերը, բայց ինչո՞ւ նոյն կորովով չենք ձայնակցիր երգեցողութեան, ինչո՞ւ մշուշոտ է հորիզոնը, եւ այլեւս յստակ չենք տեսներ Արարատն ու Երկիրը այդ երգերու բառերուն ընդմէջէն: Հրապարակներէ եւ բեմերէ հնչող կոչերն ու լոզունգները այսքան անհիմն չէին թուած, որքան` այսօր: Ու այն հայրենասիրութիւնը, որով սնանեցանք, հազիւ կրցաւ միայն տեղ-տեղ տալ իր պտուղը` անհատական ջանքերով: Կասկածը կը շրջի մեր մտքին մէջ ու կը թառի անցեալի մեր բոլոր համոզումներուն ու հաւատալիքներուն վրայ, եւ ներկայի աղաւաղուած տեղեկատուութիւնը դիտել կու տայ անցեալի «իրականութիւններուն» խոցելի ըլլալու մասին:
Հոգին բաց վէրք մը ունի կոտտացող, եւ աչքը յաճախ կը փակուի ու կը մերժէ իրականութիւնը` ինքզինք խնայելու համար ցաւէ, վիշտէ եւ խղճի խայթէ:
Կրկնեցին ու ըսին, լսեցինք եւ ընկալեցինք, որ հայրենասիրութիւնը յաճախ տալու մասին է, բայց ի՞նչ կու տանք մենք այսօր 120,000 մարդու, որոնք շրջակափուած են շուրջ ինը ամիսէ ի վեր, ի՞նչ կրնանք տալ: Ո՞ւր են միջոցներն ու ձեւերը, ո՞ւր է այն զօրաշարժը:
Բանակավայրը թնդացնող այն միաձայնութիւնն ո՞ւր է: Յաճախ մեզի կ՛ըսէին, որ այդ ձայնը «Քեսապի շրջակայ թրքական գիւղի բնակիչները կ՛արթնցնէր» իր զօրութեամբ: Ո՛չ միայն չարթնցուց զիրենք, այլ չկրցաւ արթնցնել մեզ անգամ: Եւ ինչպէ՞ս արթնցնէ ամբողջ աշխարհի մը այդ քանի մը հարիւրի ձայնը, երբ այսօր 120.000 հոգիի աղաղակն իսկ չ՛արթնցներ զինք:
Անզօրութեան այս զգացումի կեանքը դեռ որքա՛ն երկար է մեր մէջ: Թեւն ու թիկունքը հայրենակիցներու տրուելու փոխարէն` դարձուած են անոնց…
Ու շարքերը կը նօսրանան…
Ձայները կը մեղմանան…
Ականջները կը խլանան ու աչքերը կը կուրանան…
Բայց տակաւին…
Տակաւին կը հնչէ հայերէնը մեր բանակավայրերէն:
Տակաւին կ՛արձագանգեն այդ երգերը բնութեան մէջ:
Տակաւին կան ու կը գործեն այդ բանակավայրերը աշխարհի չորս դին:
Դեռ սերունդներ հաւատքով կը յաճախեն այդ միութիւններու դռներէն ներս:
Բանա՛նք անոնց աչքերը, յառաջ մղենք անոնց բա՛ց աչքերով, արդա՛ր հպարտութեամբ:
Չտարուինք ամբոխավարութեամբ. հռետորական ոճն այլեւս ոչինչ կ՛արթնցնէ անոնց մտքին ու հոգիին մէջ` որքան ալ այդ արձագանգէ ընդարձակ սրահներու մէջ եւ լայնատարած հրապարակներու վրայ:
Ու եթէ իսկապէս անզօր ենք, չպղտորենք անոնց միտքը: Չմոլորեցնենք զիրենք:
Անոնք կը հաւատան այդ բոլորին, ինչպէս որ մենք հաւատացինք…
Ուստի…
Չվիրաւորենք մեր դիմաց ու մեր մէջ ապրող միութենականը…
Պէյրութ, 5 սեպտեմբեր 2023