Միջազգային քրէական դատարանը 17 մարտ 2023-ին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ձերբակալման հրաման տուաւ: 24 մարտին Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրական դատարանը որոշեց, որ Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կանոնադրութիւնը կը համապատասխանէ երկրի սահմանադրութեան:
21 յուլիս 2023-ին Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի նախագահի տեղակալ Եուրի Վորոպիով յայտարարեց, որ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորները պէտք է ուսումնասիրեն երկրի Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կարգավիճակին միանալու հետեւանքները եւ գնահատեն Ռուսիոյ հետ դաշնակցային յարաբերութիւններուն առնչուած վտանգները:
Հակառակ ռուսական կողմէն հնչած այդ տողատակի, սակայն, յստակ զգուշացման, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը Սահմանադրական դատարանի վճիրէն 6 ամիս ետք` 1 սեպտեմբերին, այդ կարգավիճակը վաւերացման համար ուղարկեց Ազգային ժողով:
«Հակառուսական» այդ քայլին թայմինկը պատահական չէր, որովհետեւ կը զուգադիպի Արցախի մէջ ընթացող ընդհանուր վերադասաւորման:
Այդ նոյն օրը Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան իր հրաժարականի դիմումը ներկայացուց Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին: Մէկ օր առաջ` 31 օգոստոսին, հաղորդուեցաւ, որ Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահ ուժերու հրամանատար հազարապետ-զօրավար Անտրէյ Վոլցով 25 ապրիլին, իր նշանակումէն հազիւ չորս ամիս ետք, կը հեռանայ իր պաշտօնէն, եւ զինք կը փոխարինէ հազարապետ-զօրավար Քիրիլ Քուլաքովը:
Ըստ երեւոյթին, Արցախի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմնակից Արայիկ Յարութիւնեանի Արցախի երրորդ նախագահ, ռուսական կողմին հետ լաւ յարաբերութիւններ ունեցող Բակօ Սահակեանի կողմնակից Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սամուէլ Շահրամանեանով հաւանական փոխարինման նախատեսութիւնը Հայաստանի իշխանութիւններուն մօտ ստեղծած է այն համոզումը, որ այդ բոլորը Մոսկուայի կողմէ հակափաշինեանական քայլեր են, որոնց պէտք է անմիջապէս հակադարձել:
Հայաստանի իշխանութիւնները, սակայն, Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականի դիմումի ներկայացման օրը Հռոմի կարգավիճակը վաւերացման համար Ազգային ժողով ուղարկելու զգացական քայլը առնելու աճապարելէ առաջ պէտք էր մտաբերէին այն ասացուածքը, որ բարկութեամբ շարժողը, վնասով կը նստի: