Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Գովաբանական Խօսքեր Չենք Ուզեր

Սեպտեմբեր 8, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՊՈՒՀ ԱՐՄԵՆԱԿԵԱՆ

Ամէն տարի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը կ՛ոգեկոչուի Հայաստանի ու սփիւռքի զանազան երկիրներու ու քաղաքներու մէջ:

Կիպրոսի Լիմասոլ քաղաքին  մէջ վերջին երեք տարիներուն նոյնպէս կը յիշատակուի ապրիլ 24-ը: Այս տարի ոգեկոչման յայտագիրին մէջ ներառուեցաւ արեան տուչութիւնը, որ տարածուած է յատկապէս սփիւռքի մէջ: Հետեւաբար Լիմասոլի Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման յանձնախումբը կապ հաստատեց քաղաքի «Արեան տուն» կառոյցին հետ եւ անկէ խնդրեց,  որ  24  ապրիլին իր անձնակազմը ուղարկէ Լիմասոլի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ սրահը, որ կատարուի արեան տուչութիւն` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն:

«Արեան տուն» կեդրոնի պատասխանատուն նախ մերժեց ուղարկել իր անձնակազմը` մտահոգութիւն յայտնելով, որ արեան տուչութեան մասնակցող հայերուն թիւը շատ փոքր պիտի ըլլայ: Ան առաջարկեց, որ ապրիլ 24-ին հայերը իրե՛նք գան «Արեան տուն» կեդրոն, եւ արեան տուչութիւնը կատարուի իրե՛նց մօտ: Սակայն ոգեկոչման յանձնախումբի պնդումէն ետք արեան տուչութիւնը կատարուեցաւ եկեղեցւոյ սրահին մէջ` մեծ յաջողութեամբ:  Յաջորդ օրը նոյն պատասխանատուն հեռախօսային կապով գոհունակութիւն ու շնորհակալութիւն յայտնեց ոգեկոչման յանձնախումբին եւ արիւն տուող Լիմասոլի հայերուն:

Չորս ամիս ետք լրատուական միջոցներէն, ինչպէս նաեւ հեռախօսէս (ուր ամէն օր յաճախ հաղորդագրութիւն կը ստանամ) կ՛իմանամ, որ Լիմասոլ քաղաքին մէջ արիւնի տագնապ կայ, եւ «Արեան տուն»-ը կը խնդրէ արեան նուիրատուներէ` կամաւոր ներկայանալ իրենց մօտ: Անտարբեր չեմ ուզեր մնալ, վերջապէս Լիմասոլ քաղաքի բնակիչ եմ: Երեկոյեան ժամուն կ՛ուղղուիմ «Արեան տուն»  եւ կը տեսնեմ, որ մօտաւորապէս 20 անձ կը սպասէ, որ հերթագրուի: Օտարերկրացի բնակիչներու թիւը շատ մեծ է Լիմասոլ քաղաքին մէջ. «Արմենակեան» ազգանունէս յոյներուն համար դժուար չէ կռահել, որ հայ եմ, որովհետեւ «արմենակի» բառը յունարէնի մէջ «հայ» բառն է` հոլովուած:

Հերթս կը հասնի, եւ երբ պաշտօնեան կը լսէ ազգանունս, կու տայ այն հարցումը, որուն յաճախ կը հանդիպիմ. «Հա՞յ էք»: Այս պաշտօնեան թէպէտ ներկայ չէր արեան տուչութեան օրը, սակայն կը սկսի գովաբանական խօսքեր արտասանել հայերուն մասին` նշելով, որ անցնող 24  ապրիլին  հայերու կողմէ կազմակերպուած եղած է  արեան տուչութիւնը:

Գրանցումի բաժանմունքէն ետք կ՛ուղղուիմ դէպի այն բաժինը, ուր պէտք է սկսիմ արեան տուչութեան գործողութեան: Մեծ էր զարմանքս, երբ այս բաժանմունքի  աշխատողները, որոնք 24 ապրիլի  օրը համագործակցած էին Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման յանձնախումբին հետ, յիշեցին եւ անմիջապէս շրջապատեցին զիս: Դարձեալ նոյն գովաբանական խօսքերը` հայ ազգին նկատմամբ, եւ այս անգամ անոնք յատկապէս կը յիշեն, թէ ինչպէ՛ս հայերը արեան տուչութեան օրը կայծակի արագութեամբ  մօտեցած էին «Արեան տուն»¬ի բեռնատարին, որ ստիպուած կանգնած էր եկեղեցւոյ  սրահէն բաւական հեռու, եւ`  տեղափոխած  այդ օրուան անհրաժեշտ սարքերը, պիտոյքները, անկողինները եւ այլն: Ըսին, որ երբ այլ տեղեր նման արեան տուչութիւն կազմակերպած  են, երբեք այսպիսի փորձառութիւն չեն ունեցած:

Կը պառկիմ անկողինին վրայ, եւ կը սկսի արեան տուչութեան գործողութիւնը: Ձախ ձեռքիս երակին միացուած ըլլալով խողովակ մը` գլուխս կը թեքեմ աջ կողմ եւ կը նկատեմ արեան տոպրակ մը` զետեղուած ճօճանակաւոր սարքի մը վրայ ու միացած` յոյն երիտասարդի մը երակին: Երիտասարդին արիւնը այդ խողովակէն դէպի արեան պարկ կը հոսի: Այս տեսարանը պատճառ կը դառնայ` յիշելու Արցախի պատերազմներու վիրաւոր զինուորները եւ յատկապէս 5000 երիտասարդները, որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին արցախեան 44-օրեայ պատերազմին: Զանազան խոհեր կը ծնին մտքիս մէջ. «Հայ ազգը սպաննող ոճրագործ երկու ազգերը կը գոյատեւեն եւ յարգանք կը ստանան մեծ պետութիւններէն», «Գովաբանական խօսքերը մեր ազգին նկատմամբ օգտաշատ չեն», «Արդեօք ինքնախաբէութեա՞մբ միշտ առաջնորդուած ենք, ինչպէս Յովհաննէս Շիրազի  յայտնի բանաստեղծութիւնը` «Բայց մենք յաւերժ ենք մեր լեռների պէս, դուք հողմերի պէս կը կորչիք վայրագ», ու նաեւ` թէ ինչպէ՛ս մինչեւ վերջերս «Յաղթելու ենք» յայտարարութիւններ ըրինք եւ այլն:

Յանկարծ կը մօտենայ պաշտօնեան (հիւանդապահուհի) եւ ձեռքը վրաս դնելով` կ՛ընդմիջէ խոհերս ու կ՛ըսէ. «Պրն. Արմենակեան, անշարժ մնացիք երկար ժամանակ, թերեւս արիւն տալու գործողութեան պատճառով լաւ չէ՞ք զգար: Վերջացաւ, բայց չեմ յանձնարարեր  հիմա մեկնիք, ի՞նչ պատահեցաւ, անտրամադիր կը տեսնեմ ձեզ»: Կը յայտնեմ, որ առողջութիւնս չէ վատացած արեան տուչութեան պատճառով, այլ «անձնական» հարցերու պատճառով տրամադրութիւնս փոխուած է: Ան քաղաքավար կը գտնուի եւ «Ինչո՞վ կրնամ օգտակար դառնալ» կը հարցնէ:

Արդէն անկողինէն իջած եմ եւ` ոտքի կանգնած. կը պատրաստուիմ մեկնիլ, հիւանդապահուհիին աչքերուն նայելով մտածկոտ «Մնաք բարով» ըսելով` կը մեկնիմ դէպի ինքնաշարժ:

Չփափաքեցայ վիրաւորել իր եւ իր պաշտօնակիցներուն զգացումները ազգիս հանդէպ, պատասխանելով` «Գովաբանական խօսքեր ազգիս ու հայրենիքիս հանդէպ դժբախտաբար անօգուտ են, Արցախը տակաւին կը մնայ շրջափակուած»:

 

 

 

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Հայաստան Եւ Սփիւռք

Յաջորդը

Լոյս Տեսաւ «Դրօշակ»-ի 2023-Ի Ութերորդ Թիւը` Նուիրուած ՀՅԴ-ի Երիտասարդական, Ուսանողական Եւ Պատանեկան Միութիւններուն

RelatedPosts

Վտանգուած, Բայց Ո՛չ Կորսուած Մեր Լեզուն, Մեր Մշակոյթը
Անդրադարձ

Լեզուափոխութիւնը Ուղեղի Ճկունութի՞ւն, Թէ՞ Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 24, 2025
Ազատէ՛ Դուն Քեզ Բոլորին Խրատներէն
Անդրադարձ

Ո՛չ Թէ Պարտքով, Այլ` Սրտանց

Հոկտեմբեր 24, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Նշմար. Ընդդէմ Մենատէրերու…

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?