Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
SOS ARTSAKH Հանրահաւաքներ` Տարբեր Երկիրներու Մէջ
Արցախի Հանրապետութեան հռչակման օրուան առիթով` առ ի զորակցութիւն շրջափակուած Արցախի, աշխարհի 16 երկիրներու մէջ սեպտեմբերի առաջին օրերուն տեղի ունեցան «SOS Artsakh» խորագիրով հանրահաւաքներ եւ բողոքի ցոյցեր:
Ստորեւ կը ներկայացնենք կարգ մը երկիրներու նախաձեռնութիւնները:
Զուիցերիա
Վերջերս զուիցերիահայ նկարիչ Միշա Պատասեան կազմակերպեց «Դադրեցուցէ՛ք շրջափակումը, բացէք ճանապարհը» խորագիրը կրող բողոքի ցոյց Արցախի շրջափակման մասին:
Ան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած էր, որ հաւաքած էր 3 օրուան խնայուած հացը` մարդկութեան տեղեկացնելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող սարսափելի իրավիճակին մասին, ուր մարդիկ այս պահուն կը մահանան առանց սնունդի: Ան նկատել տուած է, որ ասիկա իր առաջին հրապարակային ցոյցն է Ցիւրիխի մէջ ու մեծ փորձ էր, եւ նման նախագիծներու մեծ կարիք կայ, որովհետեւ զուիցերիացիները նոյնիսկ չեն գիտեր, թէ ո՛ւր է Հայաստանը: Ան գրած է նաեւ, որ ինք կը զրուցէր մարդոց հետ եւ կը պատմէր իր պատմութիւնը:
Քանատա
2 սեպտեմբերին Մոնրէալի, Թորոնթոյի, Վանքուվըրի եւ Քեմպրիճի մէջ տեղի ունեցան «SOS Artsakh» կարգախօսով բողոքի ցոյցեր` 17 դեկտեմբեր 2022-էն ի վեր Ազրպէյճանի կողմէ շրջափակուած Արցախի անվեհեր ժողովուրդին առ ի զօրակցութիւն:
Մոնրէալի մէջ տեղի ունեցաւ ինքնաշարժներով երթ` կազմակերպութեամբ Քեպեքի Հայ համայնքի միացեալ մարմինին: Մեկնումը կատարուեցաւ Լաւալի «Հայ կեդրոն»-էն եւ պատկառելի թիւով ինքնաշարժներու մասնակցութեամբ երթը շարունակուեցաւ մինչեւ Մոնրէալի «Տորչեսթըր», ուր տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց: Միացեալ մարմինին անունով խօսք առաւ կազմակերպիչ յանձնախումբէն Շանթ Գարայեան, որ հայերէն եւ ֆրանսերէն իր խօսքերուն մէջ խստօրէն դատապարտեց Ազրպէյճանի իրականացուցած անմարդկային շրջափակումը եւ աշխարհով մէկ ցրուած հայ ժողովուրդին լիակատար զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախի աներկիւղ մեր ժողովուրդին: Ապա ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութեան անդամները իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցին եւ թռուցիկներ բաժնեցին անցորդներուն:
Թորոնթոհայ համայնքը, կազմակերպութեամբ Օնթարիոյի Հայ համայնքի միացեալ մարմինին, արցախահայոց ցեղասպանութեան իրազեկումի զօրակցական արշաւներու ծիրէն ներս, պաստառներ ցուցադրեց քաղաքի մայր պողոտաներու խաչմերուկներուն, ապա ինքնաշարժներով երթ իրականացուց քաղաքի բանուկ ճամբաներուն վրայ:
Նոյնպէս Վանքուվըրի մէջ, կազմակերպութեամբ Պրիթիշ Քոլոմպիոյ Հայ համայնքի միացեալ մարմինին, տեղի ունեցաւ ինքնաշարժներով երթ, որոնք կը կրէին յանցապարտ Ազրպէյճանի հասցէին ըմբոստութեան արտայայտութիւններ եւ արցախահայութեան կողքին կանգնելու ու շրջափակման վերջ տալու կոչեր:
Քէմպրիճի մէջ եւս, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ՔԵՄ-ի «Արամ Մանուկեան» մասնաճիւղին, տեղի ունեցաւ բողոքի արշաւ «SOS Artsakh» կարգախօսով եւ դատապարտումի ու զօրակցութեան պաստառներով:
Սուրիա
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշքարեանի, 3 սեպտեմբերին Գամիշլիի Ազգային առաջնորդարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի մէջ շրջափակուած բնակչութեան զօրակցական հաւաք` կազմակերպութեամբ Սուրիոյ Հայ դատի Գամիշլիի ենթայանձնախումբին:
Հաւաքը սկսաւ Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով, որմէ ետք օրուան հանդիսավար Դալար Մարտիրոսեան-Սիմոնեան հրաւիրեց Յակոբ Պարսումեանը` ուղղելու Սուրիոյ Հայ դատի Գամիշլիի ենթայանձնախումբին հայերէն խօսքը: Պարսումեան ըսաւ, որ ինը ամիսէ ի վեր Արցախը կը գտնուի շրջափակման մէջ, իսկ պատանդ դարձած արցախահայութիւնը կ՛ենթարկուի անթաքոյց ցեղասպանութեան, աւելցնելով, որ այս ընթացքին սփիւռքահայութիւնը իր ամբողջական զօրակցութիւնը ի սպաս կը դնէ Արցախին եւ ամբողջ աշխարհի տարածքին կը ձեռնարկէ զօրակցական հաւաքներու` միջազգային հանրութիւնը շտապ աշխատանքի մղելու եւ փրկելու աւելի քան 120 հազար հայերու վտանգուած կեանքը` իրենց պատմական հայրենիքին մէջ:
Արաբերէն խօսք արտասանեց Ռիթա Տէր Սարգիսեան-Կարապետեան, որ անդրադարձաւ արցախահայութեան պապենական իր հողին վրայ ազատ իրաւունքին, ապա դատապարտեց Ազրպէյճանի քաղաքականութիւնը, որուն բռնապետական վարչաձեւը կը շարունակէ շրջափակումը, իսկ քաղաքակիրթ կոչուած աշխարհը կը շարունակէ լուռ մնալ` ի տես այս անմարդկային արարքին: Կարապետեան դիտել տուաւ, որ ՄԱԿ-ը ցեղասպանութիւն կ՛անուանէ ողբերգական կենսապայմաններու միտումնաւոր ստեղծումը խումբի մը` անոր ֆիզիքական ամբողջական կամ մասնակի ոչնչացման համար, ապա աւելցուց, որ Արցախի շրջափակումը, Բերձորի միջանցքին փակումը միայն հայ ժողովուրդին հարցերը չեն, այլ` ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհին, որովհետեւ մարդկութեան դէմ ուղղուած ոճիրներ կը գործուին, եւ արդարութիւն հաստատելու խնդիր կայ:
Այնուհետեւ յաջորդաբար խօսք առին Գամիշլիի աւետարանական եկեղեցւոյ քահանայ տէր Ֆիրաս Ֆարահ, «Պաաս» կուսակցութեան ներկայացուցիչ Մոհամետ Տայֆ, թայ աշիրէթի ներկայացուցիչ շէյխ Մոհամետ Ապտուլ Ռազաք, որոնք իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին արցախահայութեան` դատապարտելով Ազրպէյճանը եւ անոր զինակից Թուրքիան, որ նոյն քաղաքականութեամբ ճնշում կը բանեցնէ Սուրիոյ ժողովուրդին վրայ` մանաւանդ զրկելով Հասիչէն ջուրի մատակարարումէն եւ թիկունք կանգնելով ահաբեկչական խմբաւորումներուն:
Սրբազան հայրը ողջունեց ներկայ հիւրերը, որոնք եկած էին մեր կողքին կանգնելու եւ մեզի հետ արդարութեան կանչը հնչեցնելու: Ան նկատել տուաւ, որ այսօր ամբողջ աշխարհի տարածքին հայ ժողովուրդը եւ իր կողքին գտնուող բոլոր այն մարդիկ, որոնք արդարութեան հաւատացող են եւ համոզուած են արդարութեան հաստատման, եկած են ու մեր կողքին կանգնած` ամիսներ առաջ արիւնարբու թուրքին եւ անոր գործակից Ազրպէյճանի կողմէ շրջափակուած եւ կենցաղային ամէն կարելիութենէ զրկուած հայերուն իրաւունքը պահանջելու: Սրբազանը խօսքը ուղղելով արցախահայութեան` ըսաւ. «Սիրելի՛ արցախցիներ, արդարութեան հետեւորդներ, լոյսի, յարութեան եւ յաղթանակի զաւակներ, պիտի շարունակենք արդարութիւն պահանջել, մինչեւ որ արդարութիւնը յաղթանակէ: Առանց յուսահատելու` պիտի շարունակենք կոչ ուղղել ողջ մարդկութեան եւ բոլոր այն պետութիւններուն, որոնք մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան անունով կը գործեն, բայց սեփական շահերը կը հետապնդեն, արթննալու, որպէսզի մարդկային խիղճն ու արդարութիւնը յաղթանակեն վերջապէս»:
Այնուհետեւ բժշկհ. Մարի Մելքոնեան-Պետրոսեան կարդաց ՄԱԿ-ին ուղղուած բողոքագիրը, որով կը դատապարտուէր Ազրպէյճանի կողմէ պարտադրուած Արցախի շրջափակումը: Սոյն բողոքագիրը ստորագրուեցաւ ներկայ պատասխանատուներուն կողմէ:
Ելոյթներ ունեցան Սուրիոյ երիտասարդական միութեան «Նիկոլ Դուման» մասնաճիւղի եւ պատանեկան միութեան «Զաւարեան» մասնաճիւղի անդամները, որոնք արտասանեցին արաբերէն եւ հայերէն լոզունգներ:
Նոր Ջուղա
Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ «Ռուբէն» երիտասարդական միութեան, 2 սեպտեմբերին Նոր Ջուղայի Հայ մշակութային «Արարատ» միութեան շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդական համահաւաք` Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 32-րդ ամեակին առիթով:
Ձեռնարկը սկսաւ Արցախի քայլերգի ունկնդրութեամբ, որմէ ետք ներկաները մէկ րոպէ լռութեամբ յարգեցին հայրենիքի պաշտպանութեան ճանապարհին զոհուած հայորդիներու յիշատակը:
Օրուան հանդիսավար Վանէ Յովսէփեան իր բացման խօսքին մէջ ըսաւ, որ մեր կեանքով եւ կենսակերպով պէտք է ամրագրենք ու սրբագրենք անկախութեան հռչակագիրը եւ հրաժարինք անիկա աւարտուած համարելու մոլորութենէն: Ան շեշտեց, որ Արցախի Հանրապետութիւնը, անոր ժողովուրդը եւ համայն հայութիւնը ամէն օր պէտք է բանան Անկախութեան հռչակագիրը` կենսահաստատման նոր էջ աւելցնելով, որ 32-ամեայ անկախ պետականութեան դասերու եզրայանգումը մէկն է` յարատեւ պիտի գոյատեւէ Արցախ-Հայաստան-սփիւռք միասնականութեան շղթան, եւ ունեցած մարդկային ու նիւթական աղբիւրները պէտք է մէկտեղուին: Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնը պէտք է հրաժարի Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալու հակահայկական եւ պարտուողական քաղաքականութենէն եւ հաշուի նստի համայն հայութեան արդար պահանջին հետ:
ՀՅԴ «Ռուբէն» երիտասարդական միութեան խօսքը կարդաց Վանէ Յարութիւնեան: Խօսքին մէջ կարեւորութեամբ ընդգծուած էր, որ մեր սերունդը արցախեան 44-օրեայ պատերազմին իր ամենաթանկը նուիրեց` մեր հողին, մեր հայրենիքին համար, անոր հողային ամբողջականութեան համար, անոր ազատ կամքի համար, մեր ինքնորոշումը պահպանելու համար, մեր հայկական 2-րդ չքնաղ հանրապետութիւնը` Արցախի Հանրապետութիւնը պահպանելու համար: Հազարաւոր երիտասարդներ արցախեան առաջին պատերազմին իրենց կեանքը նուիրեցին հայրենի հողին համար, իսկ երբ ազատագրեցին սրբազան երկիրը, զայն շէնցուցին, կեանք ստեղծեցին, իրենց քրտինքը խառնեցին մայր հողին:
Միութեան խօսքին մէջ ներկայացուած էին հետեւեալ պահանջները.
Ա.- Ճանչնալ Արցախի Հանրապետութեան ինքնորոշման անվիճելի իրաւունքը,
Բ.- Դատապարտել հայութեան, յատկապէս արցախահայութեան դէմ Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուող ցեղասպանական գործողութիւնները,
Գ.- Ընդունիլ, որ Արցախի ժողովուրդը իրաւացի է` «Անջատում եւ ճանաչում` յանուն փրկութեան» իր ընտրած ճանապարհին մէջ:
Ձեռնարկի ընթացքին ցուցադրուեցաւ Արցախի վերջին օրերու իրավիճակը արտացոլացնող եւ շարք մը պահանջատիրական տեսանիւթեր, իսկ «Դումահ» խումբը մեկնաբանեց ազգային-յեղափոխական երգեր:
Յայտնենք, որ ՀՅԴ «Թադէոս Թադէոսեան» պատանեկան միութեան անդամները շրջափակին մէջ ներկաներուն ուղղութիւն կու տային, թէ ինչպէ՛ս Արցախին իրենց զօրակցութիւնը ստորագրութեամբ գրանցեն համապատասխան ստորագրահաւաքի էջին մէջ:
Կիպրոս
1 սեպտեմբերին Կիպրոսի Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Վահան Այնէճեան եւ Կիպրոսի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Գազանճեան յաջորդաբար այցելեցին Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարութիւն, ապա` Եւրոպայի դեսպանատուն:
Երեսփոխանական ժողովի ատենապետը նախարարութեան հայկական հարցերու պատասխանատու Խարալամպուսին յանձնեց նամակ մը` ուղղուած արտաքին գործոց նախարարին: Նամակ մը յանձնուեցաւ նաեւ եւրոպական դեսպանատուն` ուղղուած Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլին:
Զոյգ նամակները կը պարզէին Արցախի մէջ տիրող ճգնաժամը` շեշտելով Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան ինքնորոշման իրաւունքի անփոխարինելիութիւնը: Նաեւ պետք է գործադրուին բոլոր արդիւնաւէտ միջոցները, որպէսզի Ազրպէյճանը անյապաղ եւ անվերապահ ապաշրջափակէ Բերձորի միջանցքը, ապահովէ ազատ ու անկաշկանդ երթեւեկութիւնը եւ վերցնէ Հակարի կամուրջի ապօրինի անցակէտը:
Ախալքալաք
Կազմակերպութեամբ Ջաւախքի պատանեկան միութեան, 2 սեպտեմբերին Ախալքալաքի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ բակին մէջ կազմակերպուեցաւ «SOS Արցախ» խորագիրով աջակցութեան ցոյց:
Ցոյցի ընթացքին Ջաւախքի պատանեկան միութեան անդամները պարզած էին` «Արցախը մենք ենք», «Ճանաչում` յանուն փրկութեան», «Բացէ՛ք կեանքի ճանապարհը», «Արցախը հայկական է», «Արցախի շրջափակումը կը տանի դէպի ցեղասպանութիւն» գրութիւններով պաստառներ, ինչպէս նաեւ` հայկական ու վրացական դրօշակներ: Պատանիները պարբերաբար կը հնչեցնէին «Ջաւախքը Արցախի կողքին է», «Արցախը հայկական է», «Ճանաչում` յանուն փրկութեան», «Արցախը մինակ չէ» լոզունգներ:
Նետերլանտներ
2 սեպտեմբերին Ամսթերտամի մէջ կազմակերպուեցաւ բողոքի ցոյց` Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման եւ 12 դեկտեմբեր 2022-էն ի վեր Լաչինի միջանցքի արգելափակման իբրեւ հետեւանք հոն յառաջացած լուրջ ճգնաժամին դէմ:
Հաւաքին մասնակցեցան հոլանտացի խումբ մը քաղաքական գործիչներ, գիտնականներ, ուսանողներ եւ տարբեր հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք իրենց ելոյթներուն մէջ պահանջեցին իրաւասու միջազգային կառոյցներէն անյապաղ քայլերու ձեռնարկել` դադրեցնելու Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վարչակարգին կողմէ իրականացուող ցեղասպանական գործողութիւնները:
Հոլանտացի լրագրող Սոնիա Տահլմանս գրած է, թէ իրեն համար մեծ պատիւ է Ամսթերտամի մէջ մասնակցիլ Լաչինի միջանցքը ապաշրջափակելու պահանջքով բողոքի ցոյցին` աւելցնելով, որ ինչ որ տեղի կ՛ունենայ հոն ցեղասպանութիւն է, որ սկսած է տարիներ առաջ` հայկական խաչքարերու, արձանագրութիւններու, եկեղեցիներու եւ այլ կառոյցներու աւերումով եւ Ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ ատելութեան հրահրումով:
Ցոյցին մասնակիցները պարզեցին նաեւ պաստառներ` «Բացէք Լաչինի միջանցքը», «Կեցուցէք ցեղասպանութիւնը Արցախի մէջ», «Պատժամիջոց սահմանեցէք Ազրպէյճանի դէմ», «Յարգեցէք Քրէական միջազգային դատարանի վճիռը»:_