ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
«Հոգեվարքի եւ յոյսի ջահեր» hատորին մէջ տեղ գտած բանաստեղծութեանց վերնագրերն անգամ բարացուցական են, կը մատնեն անոնց բնոյթը. «Աւերումի գիշեր», «Թաղում», «Արիւն», «Անդրշիրիմեան աղաղակ», «Մեռելոցի օր», «Խաւար», «Ծարաւ», «Չարչարանքի երազ», «Հոգեվարքի իրիկուն», «Մահերգ»:
Բանաստեղծին «մարմարեայ» կամ «երկաթեայ» ոճը, որուն վարժուած էինք իր նախորդ գիրքերուն միջոցով, զգալիօրէն մեղմացած է հոս, իսկ շանթերն ու արիւնի հեղեղները նուազած են բաւական: Մինչեւ իսկ կրնանք ըսել, որ քնարերգակ վշտակիր բանաստեղծ մը եկած ու գրաւած է աթոռը նախկին դիւցազներգակին:
Ի հարկէ հինէն հասնող հռետորական թեթեւ շունչ մը մի՛շտ առկայ է բանաստեղծին տողերուն արանքին, քանի որ տեղ-տեղ ցաւի ու զայրոյթի ալիքներ կը բարձրանան… Բայց Սիամանթոյի քնարը տարբե՜ր լարեր ունի այստեղ:
Բայց ի՞նչ է պատճառը այն գորշ մթնոլորտին, որ պարուրած է բանաստեղծը: Արդեօ՞ք հայ ազատագրական շարժման կամ հայոց քաղաքական ձգտումներուն մէջ ձախորդութիւններ նկատած է, հիասթափած է: Ո՜վ գիտէ:
Եկէք` նախ կարդանք «Արիւն» խորագրուած քերթուածին մուտքի բաժինը.
Տժգունօրէն յոյսին բոլոր շուշանները թափեցան,
Օրերուն անգթութեանը մարմարներէն ի վար,
Մահագուժօրէն եւ անդադար.
Եւ արբշիռ եւ ուխտուած հոգիները այլեւս հանեցին
Իրենց յաղթանակի եւ երազի վերարկուն երկար,
Գերեզմանուող իրիկուններուն հետ,
Եւ աւերումի համայնապատկերին դիմաց.
Մեզի ծանօթ սիամանթոյական ոճն է ասիկա: Իր սիրած բառերն են` «տժգունօրէն»-ը, «մարմար»-ը, «մահագուժօրէն»-ը, «արբշիռ»-ը (=գինով) եւ այլն: Բայց ուշադի՜ր` տողերու իմաստին: «Յոյսին բոլոր շուշանները թափեցան» կ՛ըսէ բանաստեղծը (այսինքն` յոյսերը չքացան…), իսկ «Արբշիռ եւ ուխտուած հոգիները այլեւս հանեցին իրենց յաղթանակի եւ երազի վերարկուն…» (այսինքն` ուխտեալ հերոսները, որոնք գինովցած էին իրենց յաղթանակի երազներով, պատրանաթափ դարձան…): Մտածեալ տուող արտայայտութիւններ են ասոնք:
Յաջորդ տողերուն մէջ նոյն տրամադրութիւնը կը շարունակուի, քանի որ` «Տրտմութեան երկաթէ ձիւնը կը հոսի մեր բոլորին անմխիթար որբութեան վրայ», «Ջուլհակները մեր սեւ օրերուն խոնաւ պատանքը կը հիւսեն», ու մա՛նաւանդ` այլեւս արշալոյսներ չեն ծագիր, աւա՜ղ…
«Աւերումի գիշեր» քերթուածն ալ ջուր կը խմէ նոյն ակէն: Հոս սարսափի եւ արիւնի տեսիլքներ դա՛րձեալ կը խռովեն բանաստեղծը, որ թէեւ «կեանքին Փառքը եւ ապրելու Գեղեցկութիւնը» կը տենչայ ու «երջանկօրէն` կենդանարար Արեգակին ծննդեանը» կը սպասէ, բայց` «աւա՜ղ, երազները կը մեռնին, երազները կը մոխրանան»:
«Խաւար» խորագրեալ քերթուածէն պոռթկացող տրամադրութիւնն ալ տարբեր չէ ու մեզ կը շշմցնէ: Խօսքն ուղղելով իր մտածումի եղբայրներէն մէկուն` «զինուորեալ ընկերոջ մը», Սիամանթօ անոր կը յանձնէ` իր մետաքսէ վերարկուն, կաղնիէ ցուպը, ջուրի սափոր մը, հայրենական այգիէն քաղուած խաղողի ողկոյզ մը, զամբիւղի մէջ դրուած հաց, այսպիսով` կարծէք հաշուեփակը ընելով իր կեանքին: Ան իր զէնքերն իսկ վա՛ր կը դնէ.
Եւ ահաւասիկ դեռ եբենոսէ անվարժ քնարս աղմկայոյզ,
Որ պարտութենէս, օր մը իմ դողդոջուն ձեռքերուս մէջ ջախջախուեցաւ…
Եւ ահաւասիկ վերջապէս քեզի` իմ վաղնջական սուրս պողպատեայ,
Որովհետեւ իմ յաղթուածի բազուկները անարժա՜ն են անոր բոցին.
Կը տեսնուի, որ չորս տողի մէջ որքա՜ն յուսախաբութիւն ամբարուած է. պարտութի՜ւն, դողդոջուն ձեռքեր, քնարի ջախջախում, յաղթուած (=պարտուած) բազուկներ եւ գետին դրուած պողպատեայ վաղնջական սուր մը…
«Յիշատակ» քերթուածին մէջ ալ, որ Լէյզենի բուժարանի օրերէն կու գայ, կրակոտ բանաստեղծ մը չկայ արդէն, այլ կայ դողդոջուն էակ մը: Անձնական հոգեվարքի նմուշ մըն է այս.
Բայց, կը դողդոջե՜մ. մեղա՜յ քեզի, ո՜վ մահագուժ ներկայ,
Անցեալիս գեղեցկութիւնը վերապրելու ուժը կը պակսի ինծի…
Ու բազուկներս որ ատենով յաղթանակներու արեգակին գալարուեցան…
Այսօր ջախջախուած` սրտիս սէրերուն վրայ կը խաչաձեւուին…
Պարտուողական տրամադրութիւնը անյարիր է Սիամանթոյին: Ընթերցողներս կ՛անհանգստանանք այդ հոգեվիճակին ի տես: Ճիշդ այս պատճառով ալ բանաստեղծը մեր սրտերուն վրայ ջուր կը սրսկէ կարծէք, դուրս կը բերէ մեզ ճնշող տպաւորութենէն, երբ մեզի կը հրամցնէ «Սուրիս կայծերուն առջեւ» վերնագրեալ քերթուածը: Ասով մենք կը վերագտնենք նախկին Սիամանթոն, դիւցազներգակ քերթողը, որ կը սիրէ տարփողել պայքարն ու վրէժը: Բանաստեղծութիւնը գեղեցիկ ներբող մըն է պատէն կախուած… սուրի մը: Սուր, որ կը նշանակէ ինքնապաշտպանութեան զէնք: Ահա՛ իր խրոխտաձայն տողերէն նմուշներ.
Եւ կը սիրեմ զքեզ, դուն` Արդարութիւն եւ Բարբարոս,
Դո՛ւն, որուն կայծկլտուքը սոսկում մըն է եւ խրախոյս մը միանգամայն,
Դո՛ւն, որուն ժանգը անքաւելի պարտութիւն մըն է ամօթաբեր,
Դո՛ւն, որուն դադարը ստրկացում մըն է զքեզ պաշտող ձեռքերուն…:
Թէեւ քու ոսկեքանդակ պատեանդ արտացոլումն է կեանքիդ,
Բայց դուն մերկութեանդ մէ՛ջ միայն կրնաս աստուածօրէն գեղեցկանալ…
Պատեանէդ դո՛ւրս միայն քու ծարաւդ կը յագենայ եւ ցասումդ կ՛ամոքի…
Անկէց դո՛ւրս միայն քու տիրոջդ ճակատը պիտի կրնայիր պսակել…
… Մերկացի՜ր, մերկացի՜ր, մերկացի՜ր, օրերուն Օրն է, ո՜վ իմ սուրս աղիտաւոր…:
***
Առանձին ուշադրութեան արժանի է այս հատորին վերջին բանաստեղծութիւնն ալ` «Ասպետին երգը», որ պոէմ մըն է: Կը բաղկանայ քառասուն քառեակէ, այսինքն` 160 տողէ:
Այստեղ Սիամանթօ ինքզինք կը նետէ առասպելական երիվարի մը կռնակին ու կը սուրա՜յ, կը խոյանա՜յ դէպի իր վեհ Նպատակը… Նժոյգին պայտերէն կայծեր կ՛արձակուին, ասպետն ու ան կը թռչին հայրենի քաղաքներու, լեռներու եւ դաշտերու վերեւէն, երբեմն կը տեսնեմ մոխրացած եւ աւերակեալ շէներ, նոյնիսկ` դիակներ ցիրուցան, արի՜ւն, սակայն կանգ չեն առներ բնաւ, որովհետեւ`
Այսուհետեւ ես Յոյսին Ջահերն է որ պիտի վառեմ,
Դադարը մա՛հ է մեզ համար, կանգ մի՛ առներ, երիվար…
Հոգիիս մէջ հեծեծանքս ես կը թաղեմ անդնդախոր,
Թող զայրո՛յթս միայն ապրի, կանգ մի՛ առներ, երիվար:
Փոխաբերական, այլաբանական բնոյթ ունի անշուշտ այս պոէմը: Արագասոյր երիվարն ու անոր մէջքին նստած ասպետը, միաձուլուած, կը խորհրդանշեն Ազատարշաւ Գաղափարը` բանաստեղծին իսկ բնորոշումով: Եւ ասիկա ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ հայութեան ձգտումը` դէպի իր ազգային մեծ երազները…
Բայց ես, այստեղ, պոէմին թելադրիչ բովանդակութենէն անդին, կը նշմարեմ գեղեցիկ բառերու փունջ մըն ալ, որ առանձնապէս կը խանդավառէ զիս: Ամբողջ բառամթերք մը, որ սա կամ նա ձեւով կապ ունի «ասպետ» հասկացողութեան հետ: Ահա՛ կը թուեմ.
– երիվար (նժոյգ, ընտիր ձի), ասպանդակ (ձիու թամբէն կախուած այն օղակը, որուն մէջ ձիաւորը իր ոտքը կ՛անցընէ), իրան (մարմինը` մէջքէն վեր, առանց թեւերու եւ գլուխի), վարաւանդ (ձիու թամբ եւ սանձ), պայտ (գրաստի սմբակներուն գամուած տափակ երկաթ), առապար (քարքարոտ ու խորտուբորտ տեղ), խութ (ոտքին առջեւ ցցուած խոչընդոտ, արգելք), ագի (պոչ), գաւակ (ձիուն կռնակին յետսակողմը` մէջքէն մինչեւ պոչ), դռոյթ (գրոհ, արշաւ), երասան (սանձ, պախուրց), երախ (անասուններու բերան), մտրակ (խարազան), հնձան (խաղող ճմլելու կոխարան` մասնաւոր աւազան), ծմակ (արեւ չտեսնող ձոր կամ հովիտ), վրնջել (խրխնջել, ձիու ձայն հանել) եւ այլն:
«Բառե՜ր, բառե՜ր, ի՜նչ բառեր», պիտի հառաչենք Նարդունիի հետեւողութեամբ…
Ի դէպ, «Ասպետին երգը» անգլերէնի թարգմանուեցաւ ամերիկուհի հայասէր ֆեմինիստ Ալիս Սթոն Պլեքուելի (1857-1950) կողմէ ու անջատ պրակով տպուեցաւ Պոլիս, 1912-ին:
***
Հետաքրքրական է, որ «Հոգեվարքի եւ յոյսի ջահեր»-ը օրին ընկալուեր է տարբեր արժեչափերով: Այսպէս, մինչ Տիգրան Զաւէն Թիֆլիսի «Երկրի Ձայնը» շաբաթաթերթին մէջ (4.3.1907), Աւետիս Ահարոնեան` նոյն քաղաքի «Ժամանակ» օրաթերթին (11.3.1907), իսկ Մենասէր ալ (Հ. Կարապետ Տէր Սահակեան) Վենետիկի «Բազմավէպ»-ին մէջ (սեպտեմբեր-հոկտեմբեր 1907) գնահատանքով կ՛արտայայտուէին գիրքին մասին, անդին` Էջմիածնայ Մայր Աթոռի «Արարատ» ամսագրին մէջ ոմն Մինաս Բերբերեան ծանր քննադատութեան թիրախ կը դարձնէր Ատոմ Եարճանեանը… Ան կը պնդէր, որ Սիամանթոյի քերթողութիւնը ազդուած էր օտարներու հիւանդոտ գրականութենէն եւ «անմարսելի դատարկութենէն»: Գրախօսը, նախ, դժգոհ էր գործածուած բառապաշարէն. «Այնքան նոր բառեր է յօրինում եւ վրայ-վրայ կուտակում, որ ընթերցողը ապշած մնացած` չի իմանում` ո՞ւր է կորել միտքը, գաղափարը»: Յետոյ, զգացմունք եւ ճաշակ չէր գտած հոն: Ամբողջութիւնը` «Դա արդէն զառանցանքի տպաւորութիւն է թողնում եւ ոչ թէ, հեղինակի ցանկութեան համեմատ, տխրութիւն եւ արցունք է առաջացնում մեր մէջ, այլ` ծիծաղ եւ ձանձրոյթ»… (մայիս-յունիս 1908):
(Շար. 6)