ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Խորհրդակցական հաւաք-հանդիպումի մը ներկայացնելու աշխատանքով փորձեցի տեղեկութիւններ կեդրոնացնել եւրոպական երկիրներու հայկական համայնքներու մասին: Դժբախտաբար աշխատանքիս արդիւնքը խորքային չեղաւ, անկատար մնաց եւ չանցաւ մակերեսայինի սահմանը: Այսուհանդերձ, յաջորդաբար մամուլով հրատարակութեան կու տամ զայն` կարծելով, որ անտեղեակներ գէթ գաղափար մը կը կազմեն անոնց մասին: (Յատուկ կապեր չունենալուս` չեմ ներառած Ռուսիան, Ուքրանիան, Պալթեան երկիրները, նաեւ` Կովկասի հանրապետութիւնները):
1.- Շուէտ.- Հայութեան թիւը կը հաշուէ 10-15 հազար` առաւելաբար Միջին Արեւելքէն, Հայաստանէն, իսկ վերջին տարիներուն մեծ թիւով` Սուրիայէն: Շուէտ հաստատուած հայերը 1980-ական թուականներուն փորձած են հայագաղութի վերածուիլ, սակայն միակամութիւն չըլլալուն` անջատ հաւաքականութիւններ կազմուած են իրենց հաւաքատեղիներով, ուր ձեռնարկներ կ՛ունենային անոնք յիշատակելի թուականներուն, ինչպէս նաեւ հայերէնի դասընթացքներ կը կատարուէին: Հիմա, նախարարութեան կարգադրութեամբ, շաբաթը մէկ պահ հայերէն կ՛աւանդուի պետական այն դպրոցներու մէջ, ուր հայ աշակերտներ կան: Դասաւանդող ուսուցչին վարձատրութիւնը կը կատարուի նախարարութեան կողմէ:
Շուէտի մէջ կը գործէ ՀՅԴ կոմիտէութիւն մը, որ առաւելաբար կը զբաղի լոպիինկով: Ունի 2 հաւաքատեղիներ` Սթոքհոլմ եւ Սոտեր Թալճէ քաղաքներու մէջ: Կը գործեն նաեւ ՀՕՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի մասնաճիւղեր:
Գիտէի՞ք, թէ շուրջ 10 տարի, 1998-2018, երեք հայ պատգամաւորներ եղած են Շուէտի խորհրդարանին մէջ: 2018-էն ալ կայ մէկ պատգամաւոր` Արին Կարապետեան անունով, որ Շուէտ ծնած է, եւ որ` նախագահն է Հայաստան-Շուէտ խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան:
Իսկ ինչ կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման խնդրին, խորհրդարանի մէջ քանի մը անգամ արծարծուած ու դրական արդիւնքի մը չէ յանգած: 2010 թուականին է, որ այլ ցեղասպանութիւններու ճանաչումի խումբի մը մէջ խորհրդարանը Հայոց ցեղասպանութիւնն ալ ներառած է:
Հայաստանի դեսպանը իր երկիրը կը ներկայացնէ նաեւ Դանիոյ, Նորվեկիոյ եւ Ֆինլանտայի մէջ:
Ծանօթ.- Իսկ Ֆինլանտայի, Նորվեկիոյ ու Դանիոյ մէջ թերեւս 1500-ի շուրջ հայեր կան` ցրուած տարբեր քաղաքներու մէջ: Հաւաքական կեանք չունին այս երեք երկիրներու մէջ հաստատուած հայերը:
2.- Գերմանիա.- Կը խօսուի 50-60 հազար հայութեան թուաքանակի մը մասին: Իբրեւ «աժան աշխատուժ»` Գերմանիա ժամանած թրքահայերու մեծամասնութիւնը կազմած է կորիզը համայնքին, ապա 60-ականներէն` իրանահայեր, լիբանանահայեր, սուրիահայեր, հայաստանցիներ եւ այլն: Խճանկար մը: Մեծամասնութիւնը կեդրոնացած է Քէօլն քաղաքը եւ շրջակայքը, շուրջ` 3000 (ուր կայ 30.000 թուրք): Կան հայեր` Պերլին, Համպուրկ, Միւնիխ, Նիւրենպերկ, Շթութկարթ, Հալլէ եւ այլ քաղաքներու մէջ: Վերջերս հայաստանցիներով համայնքները կը բազմանան` Հալլէ, Լայփցիկ, Տրեզտեն եւ այլ քաղաքներու մէջ:
Թեմը էջմիածնական է 1992-էն սկսեալ: Կը գործեն երեք եկեղեցիներ` Քէօլն (30 տարուան համար տրամադրուած), Կէօփինկեն (99 տարուան) եւ Հալլէ քաղաքներուն մէջ: Պերլինի մէջ վարդապետ մը եւ այլ տեղեր` շուրջ 45 քահանաներ. բոլորն ալ` հայաստանցի: Հիմնադիր առաջնորդը` Պեքճիեան Գարեգին արք. պոլսահայ էր: Եկեղեցին ունի 15 եկեղեցական համայնքներ, կան նոյնքան, թերեւս` քիչ մըն ալ աւելի, ոչ եկեղեցական մշակութային միութիւններ: Վերջերս սուրիահայերու կողմէ ՀՄԸՄ-ը կը փորձէ աշխուժանալ Միւնիխի մէջ: Կան ՀՕՄ-ը, հայ բժիշկներու, հայ գործարարներու, հայ փաստաբաններու միութիւններ, բոլորն ալ` համեստ կարելիութիւններով ու գործունէութեամբ: Շաբաթօրեայ (կամ` այլ յաճախականութեամբ) դասաժամեր ունին թէ՛ եկեղեցական, թէ՛ մշակութային միութիւններէն ոմանք, ոչ բոլորը: Ոմանք ունին նաեւ պարախումբեր: Աշակերտներու թիւին մասին գաղափար չկրցաւ տալ աղբիւրս: Ան ըսաւ` որ բոլորը միասին 100 հոգի եթէ ըսեմ, թերեւս չափազանցած կ՛ըլլամ…
Եկեղեցական եւ մշակութային այդ միութիւնները ունին իրենց սրահները` վարձով կամ անվարձ տրամադրուած: Համախումբ հանդիպումները կ՛ըլլան պատարագներէն ու այլ «մշակութային» ձեռնարկներէ ետք:
Հալլէի համալսարանին մէջ հայագիտական միակ ամպիոնը անցեալ տարի փակուած է:
Քաղաքական յարաբերութիւններ մշակելու գործը ի պաշտօնէ ստանձնած պէտք է ըլլայ Գերմանահայ Կեդրոնական խորհուրդը, որ ոչ եկեղեցական շուրջ 15 միութիւններու համախմբում մըն է` անցեալ դարու 60-ականներուն նախաձեռնուած: Գերմանացի ակադեմականներու, եկեղեցիներու եւ լրագրողներու հետ կապեր կան, թոյլ, ոչ հետեւողական, միայն առիթներու սպասող: Քանի մը հայ լրագրողներ ալ կան:
«Կարելի՞ է համարել, որ Գերմանիոյ հայութիւնը համայնքային կառոյցով մը կը գործէ» հարցումիս աղբիւրս պատասխանեց.
«Գաղութին գլխաւոր երկու կառոյցները եկեղեցական թեմն ու Կեդրոնական խորհուրդն են, որոնց շուրջ կան իրենց ենթակայ միութիւնները: Կան նաեւ անոնց չպատկանող անկախ միութիւններ: Թէ ասոնք կը գործե՞ն, թէ՞ ոչ, ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ արդիւնքով, անորոշ է»:
Ծանօթ. ԺԹ. դարուն Գերմանիոյ մէջ հայ երիտասարդներ ակադեմական միութիւն հիմնած են, որուն անդամակցած են ծանօթ անուններ, ինչպէս` Գարեգին Յովսէփեանց (հետագային կաթողիկոս), Լեւոն Շանթ, Միքայէլ Շամտանճեան եւ շատ ուրիշներ:
Կեդրոնական Եւրոպայի մէջ ՀՅԴ ունի կոմիտէութիւն (առանձնակի), որ կը ներառէ` Գերմանիան, Աւստրիան, Մալթան, Զուիցերիան, Իտալիան: Կոմիտէութիւնը ներկայիս խմբային դրութեամբ 5 կորիզներ ունի Գերմանիոյ մէջ եւ մէկ` Վիեննա: Մնացեալ անդամները ցրուած են վերոյիշեալ երկիրներու մէջ:
Կոմիտէութեան հովանիին ներքեւ Գերմանիոյ մէջ կը գործեն Գերմանիոյ Հայ դատի յանձնախումբը, ՀՄԸՄ-ի Միւնիխի մասնաճիւղը եւ Գերմանիոյ ՀՕՄ-ը, իսկ Աւստրիոյ մէջ` Աւստրիոյ Հայ դատի յանձնախումբը, ՀՄԸՄ-ի Վիեննայի մասնաճիւղը, որ սկաուտական շարքերու կողքին նաեւ պարախումբ եւ փողերախումբ ունի:
Միւնիխի մէջ ժամանակին Հայկական հարցի ուսումնասիրութեան կեդրոն մը կը գործէր, որ բաւական հարուստ ակադեմական գործ տարած է ութսունական եւ իննսունական թուականներուն, սակայն այսօր դադրած է գոյութիւն ունենալէ:
Գերմանիոյ Պունթեստաքը 2016-ին ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը:
(Շար. 1)