Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սան Սթեֆանոն Եւ Պերլինը` Նաեւ Այսօր

Սեպտեմբեր 15, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հայաստան միակ երկիրը չէ, որուն շահերն ու ապահովութիւնը յաճախ խաղալիք դարձած են հզօր պետութիւններու ծրագիրներուն խաչաձեւման, անոնց միչեւ բախումին: Մեր նորագոյն պատմութեան մէջ, այսինքն` մեր ժողովուրդի մարդկային եւ քաղաքական իրաւունքներու վերականգնումի պայքարի զարթօնքէն ասդին, Հայաստան, անկախ հանրապետութեան հռչակումէն առաջ եւ ետք, դառն փորձառութիւններ ապրած է այս իմաստով: Հազուադէպ չեն այն փուլերը, երբ մեր ժողովուրդը, այսինքն` քաղաքական ղեկավարութիւնը, ինքզինք գտած է դաժան երկընտրանքներու դէմ յանդիման, հարկադրուած է, օրինակի համար, ընտրութիւն կատարել Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ, սակայն բոլոր փուլերուն ալ արեւու լոյսին պէս փայլած է այն ճշմարտութիւնը, որ սեփական բազուկին վստահիլը ԲԱՆԱԼԻՆ է դրական շարժումի, մինչեւ իսկ` բարեկամներ շահելու դիտանկիւնէն: Այս «վարկածը» միշտ դրական ելքի չէ հասցուցած մեզ, սակայն անկէ հրաժարիլը շատ աւելի ծանր հետեւանքներու տարած է մեր հայրենիքն ու ժողովուրդը:

Սեփական բազկին վստահելու բազում պատգամներ հնչած են տարբեր փուլերու: Ամէնէն հնչեղը եկած է Խրիմեան Հայրիկէն, որ Պերլինի խորհրդաժողովէն վերադարձին հայուն տուած է անմոռանալի եւ մի՛շտ ալ այժմէական պատգամ մը, որ մեր պատմութեան մէջ արձանագրած է «Երկաթէ շերեփի օրէնք»-ը:

Երբ կը յիշենք Խրիմեան Հայրիկի օրերը, առաւելաբար կը յիշենք Պերլինը եւ 61-րդ յօդուածը: Զայն քանի մը ամիսով կանխած մէկ այլ ժողով` Սան Սթեֆանոյի խորհրդաժողովը եւ 16-րդ յօդուածը չենք մոռցած, սակայն անոր տուած ենք լուսանցքային տեղ: Իսկ եթէ մեր այսօրուան իրականութեանց պատկերին մէջ փորձ ընենք վերյիշելու Սան Սթեֆանոն, մեր քաղաքական տեսողութեան դաշտը կրնայ դառնալ աւելի իրատեսական:

Ի՞նչ պատահեցաւ 1878-ին, ինչի՞ արդիւնք էին Սան Սթեֆանոն եւ Պերլինը:

Այս տողերուն նպատակը պատմութեան վերաքաղը ընել չէ, այլ` յիշատակել այն, որ Ռուսական կայսրութիւնը այդ շրջանին, ամբողջ 19-րդ դարու երկայնքին, շարունակած էր իր ծաւալումի քաղաքականութիւնը: Մեզ անմիջականօրէն շահագրգռող գօտիին` Կովկասի մէջ, ան նախ ճակատած է Պարսկաստանի հետ, հասած է մինչեւ Արաքսի հովիտ, ապա շարժած էր դէպի արեւմուտք եւ յառաջխաղացքներ արձանագրած էր ի հեճուկս Օսմանեան կայսրութեան: Իւրաքանչիւր ճակատումէ ետք համաձայնութիւններ գոյացած էին, Հայաստանն ալ դարձած էր սակարկութեան նիւթ: Ռուսական յառաջխաղացք` նշանակած էր օսմանեան լուծէն դուրս գալու յոյսի բարձրացում, նահանջները եղած էին աղէտալի, դուռ բացած էին ջարդերու, հալածանքներու սաստկացման եւ զանգուածային գաղթերու:

Ուշագրաւ տարիներ էին 1877-78 տարիները: Թուրքերուն դէմ ռուսական յառաջխաղացքը նախընթացներէն աւելի՛ յուսատու եղած էր Մոսկուայի դիտանկիւնէն, հետեւաբար նաեւ անգամ մը եւս բարձրացուցած էր հայութեան երազներուն առաստաղը: Պատերազմին հաշուեփակը ընելու համար Սան Սթեֆանօ գացող ռուսական պատուիրակութիւնը աւելի՛ նպաստաւոր դիրքէ կը ներկայանար եւ, Հայկական հարցին շրջագիծին մէջ, խաղաքարտեր ձեռք կը բերէր ընդդէմ Թուրքիոյ: Պարտուած Թուրքիան կ՛ընդունէր բարեկարգումներ իրականացնել` հայերու իրաւունքներու հաստատման իմաստով, իսկ չկատարելու պարագային Ռուսիա իրաւունք պիտի ունենար հաշիւ պահանջելու եւ ի հարկին` միջամտելու:

Թուրքիոյ ետին կանգնող եւ ցարական Ռուսիոյ մրցակից Արեւմուտքին համար նման յառաջխաղացք կը նշանակէր կարմիր գիծի հատում: Եւ ահա ջուրերը խառնուեցան, եւ քանի մը ամիս ետք Պերլինի մէջ կազմակերպուեցաւ աւելի՛ «հեղինակաւոր» ժողով մը, որուն մասնակիցներուն թիւը աւելցաւ: Այդպէ՛ս էր, որ 16-րդ յօդուածը վերափոխուեցաւ 61-րդի, հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցը գրեթէ նոյնը մնաց, այսինքն Թուրքիա խոստացաւ բարեկարգումներ կատարել, իսկ չկատարելու պարագային պէտք էր հաշիւ տար Պերլինի սեղանին մասնակցող բոլոր հզօրներուն, հաւասարապէս` արեւմուտքցիներուն եւ Ռուսիոյ:

Սա քաղաքական բառերով թարգմանուեցաւ իբրեւ ռուսական ազդեցութիւնը մկրատելու, հակակշռելու եւ ետ մղելու քայլ: Մեր հարցերուն դիտանկիւնէն, հետեւանքները ծանօթ են: Թրքական բռնութիւններն ու հալածանքները, ջարդերը շարունակուեցան, Արեւմուտքէն ո՛չ ոք հաշիւ պահանջեց, Ռուսիան ալ, իր դիմաց գտնելով Թուրքիոյ ետին կանգնող կայսերական ուժերը, չհամարձակեցաւ խօսիլ Սան Սթեֆանոյի մէջ իր ձեռք բերած` հաշիւ պահանջողի կարգավիճակին մասին: Եւ պատմութեան անիւը թաւալեցաւ:

Արդեօք այդ օրերուն ալ կայի՞ն ռուսամէտ-հակառուս հոսանքներ…

***

Այսօր, Սան Սթեֆանոյէն մէկ ու կէս դար ետք, հաւանաբար անիմաստ է հարց դնել, թէ ի՛նչ ընթացք պիտի առնէր պատմութեան անիւը, եթէ հաստատ մնային Սան Սթեֆանոյի որոշումներն ու 16-րդ յօդուածը: Սակայն աւելորդ չ’ըլլար մասնակի զուգահեռներ տեսնել ցարական եւ խորհրդային Ռուսիոյ ժառանգորդ (նոյն կայսերական հեռանկարները հետապնդող) այսօրուան Ռուսիոյ եւ Արեւմուտքի հակամարտութեան միջեւ, ուր «Եւրոպայի հիւանդ մարդ» Թուրքիոյ վերապահուած է նմանօրինակ դերակատարութիւն, անկախ անկէ, թէ հանրապետական Թուրքիան ռազմական եւ այլ գետիններու վրայ ինչպիսի՞ բարելաւումի ենթարկած է ինքզինք, եւ այդ բարելաւումներուն մէջ ի՞նչ բաժին ունեցած են եւ ունին ՕԹԱՆ-ի ընկերները, նաեւ… Ռուսիա:

Մէկ խօսքով, հին, դարաւոր խաղը կը խաղցուի նոր խաղաքարտերով, սեղանին շուրջ նստողները որոշ փոփոխութիւններու ենթարկուած են, իսկ մենք` Հայաստանի մէջ, մասնաւորաբար` Արցախի տագնապին վերջին տարիներու վերիվայրումներուն դիմաց,  տարուած ենք ռուսասիրութեան-ռուսատեացութեան, Արեւմուտքին յարելու-չյարելու ոլորապտոյտի՛ն մէջ, որ արդէն վերածուած է յորձանուտի:

***

Սան Սթեֆանոյի մէջ խաղաքարտեր շահած Ռուսիան սիրայօժար չհրաժարեցաւ որոշ առաւելութենէն, այլ իր դիմաց գտաւ արեւմտեան ուժերու ամբողջ հզօրանքը: Ռուսիա լոկ Հայաստանի ու հայութեան շահերուն դիտանկիւնէն չէր հասած Կովկաս ու թափանցած` Թուրքիոյ արեւելեան գօտին, հետեւաբար անոր արձանագրած քաղաքական ու ռազմական նահանջները մնացին «քաղաքական մեծ խաղ»-ի բովանդակութեան մէջ, ծանրագոյն հարուածը իջաւ հայութեան ճիտին:

«Քաղաքական մեծ խաղը» այսօր ալ կը կրկնուի (ինչպէս որ բազմիցս կրկնուած է 1988-էն ետք), թէեւ անոր կը տրուի տարբեր անուններ, կիզակէտերը կը տեղափոխուին Կովկասէն մինչեւ Կեդրոնական Ասիա, Ափրիկէ, Ուքրանիա-Եւրոպա եւ այլուր: Տարբերութիւնը այն է, որ հայ քաղաքական միտքը աւելի՛ իրազեկ է պատմութեան, քիչ մը աւելի լաւ կը կարդայ հզօրներու միջեւ մրցակցութեան գիրքը, սակայն իշխանութեան մակարդակին վրայ, փոխանակ դասարան փոխելու եւ նախակրթարանէ երկրորդական ու համալսարան հասնելու, կը նախընտրէ մանկապարտէզ վերադառնալ: Հետեւանքը այն կ՛ըլլայ, որ պատմական հետեւանքներուն, մինչեւ իսկ վերահաս նոր ցեղասպանութեան մը վտանգին ստեղծման ՄԱՍՆԱԿԻՑ կը դառնայ:

***

Հայաստանի իշխանութեան որդեգրած կորստաբեր ընթացքը թօթափած է թզենիի վերջին տերեւն ալ: Արցախի հողերուն մեծ մասին կորուստը, Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալը, Հայաստանէն հողերու կորուստն ու սահմանամերձ «կղզեակներու» յանձնումի «գիւտերը», մինչեւ իսկ Հայաստանի տարածքին շուրջ սակարկութիւնները եւ սահմաններու ճշդումը թշնամիէն մուրալու հրաշալի՜ «դիւանագիտութիւնը» փաստերու լեռներ կազմած են, որ այս իշխանութիւնը խորքին մէջ երբեք ալ շահագրգռուած չէ, թէ Հայաստանը ի վերջոյ ի՛նչ տարածքով կրնայ մնալ (եթէ թշնամին ընդունի ատեն մը բան մը ձգել դրածոներուն): Եւ հրապարակ կը նետուին Հայաստանի «քատասթրի թուղթ» ունենալ-չունենալով «տեսութիւնները», թիւեր կը յիշուին տարածքին մասին, իբր թէ միայն այդ ըլլար Հայաստանը:

… 1982-ին Լիբանան կը գտնուէր «քաղաքացիական պատերազմ»-ի ծանրագոյն փուլերէն մէկուն մէջ: Իսրայէլ, որ 70-ականներու վերջերէն սկսեալ իրողական տիրապետութիւն հաստատած էր երկրի հարաւային մէկ գօտիին վրայ, լայնածիր յարձակում շղթայազերծեց ու գրաւեց երկրին գրեթէ կէսը, մտաւ Պէյրութ: Այդ օրհասական պայմաններուն մէջ էր, որ օրուան նախագահին պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանը կը մօտենար աւարտին: Խորհրդարանը հարկադրուեցաւ տարապայման, չըլլալի՛ք կացութեան մէջ ընտրել նոր նախագահ մը, որ կը կոչուէր Պաշիր Ժըմայել:

Երիտասարդ եւ յստակօրէն կողմ եղող Ժըմայել իր անուան դիմաց արձանագրեց նշանաւոր խօսք մը: Ան յայտարարեց, որ Լիբանանի հողային տարածքը 10.452 քառ. քմ է, անկէ ափ մը հող զիջելու պատրաստ չէ: Աշխարհագրութեան գիրքերուն մէջ մինչ այդ ընդունուած էր, որ երկրին տարածքը 10.400 քառ. քմ է:

Տարբերութի՞ւնը. միայն 52 քառ. քմ (Ազրպէյճանի 2020-էն ասդին որքա՞ն հող գրաւած է կամ նուէր պիտի ստանայ Հայաստանէն` յստակ չէ):

Նախագահական աթոռին հասնելէ առաջ Պեշիր Ժըմայել ռմբային ահաբեկչութեան մը զոհ գնաց: Ան ունէր սիրողներ, համակիրներ, նաեւ` ատողներ, սուր կերպով հակադրուողներ: Այդ բոլորը օրին էին, չեն մոռցուած, սակայն իր խօսքը միայն իր օրին չմնաց. Լիբանանի ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՏԱՐԱԾՔԸ ճանչնալու եւ ճանչցնել տալու կամքը, իրողութիւնը: Հայաստանի նման փոքր, տկար ու կռուախնձոր Լիբանանը յաջողած է պահպանել իր հողերուն ամբողջականութիւնը, ծանր զոհաբերութիւններով դիմադրած է բազմաթիւ ոտնձգութիւններու եւ յարձակումներու: Հոն կան մարդիկ` պետական առաջնորդներ (անկախ իրենց անասելի խաղքութիւններէն), որոնք տրամադիր չեն սակարկելու հայրենիքին ամբողջականութիւնը, պատրաստ են պաշտպանելու 10.452 քառ. քիլոմեթրը:

Սեպտեմբեր 2023

Նախորդը

Զախարովա. «Հայաստանի Ղեկավարութիւնն Է, Որ Ճանչցած Է Լեռնային Ղարաբաղի Նկատմամբ Ազրպէյճանի Իրաւունքները. Հայաստանի Ժողովուրդին Որոշելիքն Է, Թէ Ինչպէ՛ս Ատոր Կ՛արձագանգէ»

Յաջորդը

Սիամանթոյի Հետ` Գլուխ-Գլխի (Ծննդեան 145-Ամեակին Առիթով) – Զ. –

RelatedPosts

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
Կոչ
Անդրադարձ

Ցաւակցագիր

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?