Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Երեւանի Պետական Համալսարանի Արեւելագիտութեան Բաժինին Մէջ Բացուեցաւ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան Լսարան
Երեւանի պետական համալսարանի արեւելագիտութեան բաժինին մէջ բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան լսարանին, ուր ուսանողները կարելիութիւն պիտի ունենան խորապէս ծանօթանալու Սուրիոյ մշակոյթին:
Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպանութիւնը, Սուրիոյ մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ, մօտ 100 գիրք նուիրեց լսարանին:
Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Նորա Արիսեան կարեւոր համարեց այսպիսի լսարանի մը բացումը: Անոր համոզումով, ասիկա գործակցութեան կարեւոր դրսեւորում է Սուրիոյ եւ Հայաստանի միջեւ:
«Մեր կարծիքով, լսարանը պէտք է դառնայ կարեւոր հարթակ` կրթական, լեզուական, մշակութային յարաբերութիւնները աւելի զարգացնելու համար», յայտնեց դեսպանը:
Արիսեան ընդգծեց, որ լսարանը ոչ միայն ուսանողներու, այլեւ դասախօսներու համար անհրաժեշտ հարթակ պիտի ըլլայ:
«Այստեղ դասախօսութիւնները պիտի ընթանան ներգործուն ձեւաչափով: Տեղի պիտի ունենան նաեւ առցանց դասեր, որոնք պիտի մատուցեն Սուրիոյ մեր մասնագէտները` լեզուաբանները, պատմաբանները, գրողները եւ ուրիշներ: Ասիկա կրնայ նաեւ հարթակ ըլլալ դասախօսներու համար` աւելի լաւ ճանչնալու Սուրիոյ մշակոյթը եւ պատմութիւնը»:
Համալսարանի նախագահ Յովհաննէս Յովհաննիսեան դիտել տուաւ, որ ԵՊՀ-ի մէջ տարբեր ազգերու մշակոյթը, լեզուն եւ պատմութիւնը ներկայացնելու աւանդոյթ կայ:
«Մենք կը սորվեցնենք երկրագիտութիւն, որպէսզի ուսանողը աւարտելէն ետք կարենայ ամբողջական պատկերացում կազմել տուեալ երկրի մշակոյթին մասին, եւ լսարաններու բացումը այդ շրջագիծին մէջ կը դիտարկենք», ըսաւ Յովհաննիսեան: Անոր խօսքով, լսարանի բացումը երկու երկիրներու դարաւոր բարեկամութեան վկայութիւնն է:
ԵՊՀ արեւելագիտութեան բաժինի տնօրէն Ռուբէն Մելքոնեան յայտնեց, որ արեւելագիտութեան բաժինի հիմնադրութենէն ի վեր Սուրիա տէ ֆաքթօ ներկայ եղած է, ի դէմս նոր լսարանին` Սուրիան այսուհետեւ տէ ժիւրէ ներկայ է արեւելագիտութեան բաժինի մէջ:
«Աշխարհի տարածքին հայ-սուրիական յարաբերութիւնները օրինակելի են, եւ այդ բարի կամեցողութիւնը կը սկսի ուսանողական նստարանէն: Վստահ եմ, որ այս լսարանէն դուրս պիտի գան նոր դեսպաններ, նոր մասնագէտներ, որոնք պիտի շարունակեն ամրապնդել հայ-սուրիական յարաբերութիւնները», յայտնեց Մելքոնեան:
Լսարանը յառաջիկային պիտի համալրուի գերժամանակակից smartboard-ով, որ համալսարանին ներդրումը պիտի դառնայ սրահի աշխուժացման ընթացքին:
Ազրպէյճանական Կողմը Ոչնչացուցած Է Արցախեան Առաջին Պատերազմին Աւետարանոցի Նահատակուած Քաջորդիներուն Նուիրուած Յուշարձանը
2023 թուականի յուլիս 20-ին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ բռնագրաւուած Շուշի քաղաք ուղեւորուելու ընթացքին այցելեց նաեւ բռնագրաւուած Ասկերանի շրջանի Աւետարանոց (Չանախչի) գիւղ:
Դատելով ազրպէյճանական լրատուականներու կողմէ տարածուող տեսանիւթէն` Իլհամ Ալիեւ Աւետարանոց գիւղի բարձր կէտէն դիտած է շրջակայքը իրականացուող շինարարական աշխատանքները: Իբրեւ դիտակէտ` ընտրուած է գիւղի հարաւարեւելեան կողմը գտնուող հրուանդանը, ուր կը գտնուի Կուսանաց անապատը: Այս մասին գրած է Արցախի մշակութային ժառանգութեան մշտադիտարկում իրականացնող monumentwatch.org կայքը:
Նշենք, որ Աւետարանոց գիւղը Արցախի Վարանդայի մելիքութեան կեդրոնն էր, իսկ վանքը` Վարանդայի տիրակալներ Մելիք-Շահնազարեաններու սրբավայրն ու տապանատունը:
Խորհրդային տարիներուն Աւետարանոցի Կուսանաց անապատի տարածքին տեղադրուած էր Բ. Համաշխարհային պատերազմին զոհուած համագիւղացիներուն յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանը: 2013 թուականին վանքի տարածքը բարեկարգուելով` վերանորոգուած է եկեղեցին, տապանատունը: 2013 թուականին տարածքին մէջ տեղադրուած է նաեւ արցախեան առաջին պատերազմին նահատակուած Աւետարանոցի քաջորդիներուն նուիրուած յուշարձանը:
2020 թուականի հոկտեմբեր 27-ին գիւղը անցաւ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ: Տակաւին 2021 թուականի հոկտեմբեր 7-ին տեսանիւթ տարածուեցաւ, որուն մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս ազրպէյճանցի զինուորականները կը պղծեն եկեղեցւոյ եւ տապանատան տարածքը:
2021-2022 թուականներուն ազրպէյճանցիներուն կողմէ նկարահանուած որոշ տեսանիւթերէն յստակօրէն կ՛երեւի, որ ազրպէյճանական կողմը վնասած է յուշարձանը, գրութիւններով պատած` Բ. Համաշխարհային պատերազմի զոհերու յիշատակին կանգնեցուած յուշարձանը: Ասիկա կատարուած է 2021-2022 թուականներու միջակայքին, որովհետեւ 2020 եւ որոշ չափով 2021 թուականներուն նկարահանուած տեսանիւթերուն մէջ կոթողին վրայ տակաւին գրութիւններ չկան: Այս ամէնը կատարուած է գիւղին մէջ եւ անոր շրջակայքը տեղակայուած ազրպէյճանցի զինուորականներուն կողմէ: Տեսանիւթերուն մէջ խօսող, մեկնաբանութիւններ գրող մարդիկ եւս ազրպէյճանցի զինուորականներ են:
2020-2022 թուականներուն ներբեռնուած տեսանիւթերէն կ՛երեւի, որ կանգուն է նաեւ 2013 թուականին արցախեան առաջին պատերազմին զոհուած Աւետարանոց գիւղի հերոսներու յիշատակին կանգնեցուած յուշարձանը: Տեսանիւթերուն մէջ թէեւ յուշարձանը մօտիկէն նկարահանուած չէ, սակայն տարածքի տեսարանները ցուցադրող հատուածներուն մէջ անիկա կ՛երեւի: Աւետարանոց գիւղի հերոսներու յիշատակին կանգնեցուած յուշարձանը տեսանելի էր նաեւ 2023 թուականի ապրիլ 23-ին ազրպէյճանցի օգտատիրոջ մը կողմէ տեղադրուած տեսանիւթին մէջ: Ստոյգ պէտք է ըսել, թէ ե՞րբ նկարահանուած է տեսանիւթը, բարդ է, սակայն անիկա համացանցին մէջ յայտնուած է 2023 թուականի ապրիլին: Տեսանիւթին մէջ յատկապէս ուշադրութիւն կը գրաւէ օգտատէրերէն մէկուն մեկնաբանութիւն-հարցադրումը, թէ ինչո՞ւ տակաւին չեն քանդած խաչի արձանը: Ցաւօք, համացանցին մէջ չկան աւելի նոր տեսանիւթեր կամ լուսանկարներ, ուր կ՛երեւի յուշարձանը: Հարկ կը համարենք նշել, որ առհասարակ այսպիսի բնոյթի բազմաթիւ տեսանիւթեր հրապարակուած են ազրպէյճանական Եութիւպի էջին մէջ, որուն տեսանիւթերուն զգալի մասը կը ներկայացնեն ազրպէյճանցի զինուորականներու վայրագութիւնները Արցախի բռնագրաւուած շրջաններուն մէջ:
Տեսանիւթէն կ՛երեւի, որ Ալիեւ քալած է վանքի տարածքին, սակայն տեսանիւթը այնպէս նկարահանուած է, որ երեւի միայն հրուանդանի հատուածը: Տարածքը դիտելու համար վերջինս կանգնած է համեմատաբար լայն հարթակի վրայ: Տեսանիւթէն ակնյայտ է, որ ազրպէյճանական կողմը ոչնչացուցած է արցախեան առաջին պատերազմին նահատակուած Աւետարանոցի բնակիչներու յիշատակին կանգնեցուած յուշարձանը:
Ազրպէյճանական կողմէն կատարուած պաշտօնական նկարահանումները այնպէս մը կատարուած են, որ չեն երեւիր անգամ Կուսանաց վանքի շինութիւնները: Շեշտը դրուած է Ազրպէյճանի նախագահի քալելուն եւ տեսարանը դիտելուն նկարներուն վրայ: Նկատի առնելով պաշտօնական ազրպէյճանական քարոզչութիւնը եւ վերջին տարիներու քաղաքականութիւնը, ըստ որուն, նման յուշարձանները կը համարուին Ազրպէյճանի համար «բռնագրաւումի» խորհրդանիշ, հաւանական կը թուի, որ Իլհամ Ալիեւի այցելութեան առիթով յուշարձանը պարզապէս ոչնչացուցած են: Դժուար թէ Ազրպէյճանի նախագահը կանգնէր, քալէր կամ որեւէ բան ընէր այսպիսի տեսակի յուշարձանի մը մօտ: Միւս կողմէ ալ, եթէ անիկա պէտք էր պահպանուէր քարոզչական նպատակով, ապա վստահաբար Ալիեւ, որ շատ կը սիրէ ցուցադրական ելոյթներ ունենալ, անպայման անիկա կ՛օգտագործէր իր խօսքերուն մէջ:
Նկատի առնելով այս փաստերը` կրնանք ենթադրել, որ 2023 թուականին, թերեւս` աւելի վաղ, յուշարձանը ոչնչացուած է: Այսպիսի դէպքերը 2020 թուականէն ետք բաւականին շատ են, ազրպէյճանական կողմը անգամ չի թաքցներ նոյնիսկ այդ մէկը: Ըսուածին լաւագոյն ապացոյցը 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմի աւարտէն անմիջապէս ետք` 2020 թուականի դեկտեմբեր 4-ին, ռուսական «Քոմերսանթ» լրատուականի լրագրող Կիրիլ Կրիվոշէեւի հրապարակած ընդարձակ յօդուածը կը բովանդակէր բռնագրաւուած Թալիշ եւ Մատաղիս բնակավայրերէն լրատուութիւն, ուր ազրպէյճանցիները ուղիղ խոստովանած են, թէ ի՛նչ ճակատագիր կը սպասուի բոլոր յուշարձաններուն:
Այս բնոյթի յուշարձանները Արցախի հայութեան ինքնապաշտպանութեան, սեփական հայրենիքին մէջ ապրելու համար մղուած պայքարի խորհրդանիշներն են, ուստի պաշտօնական Ազրպէյճանի տեսանկիւնէն, այդ յուշարձանները պէտք է չըլլան: Աւերումներու, պղծումներու փաստերը կը բացուին աստիճանաբար` յաճախ պատահական կատարուած տեսանիւթերէն եւ լուսանկարներէն:
Այսպիսով, Ազրպէյճան կը շարունակէ հայկական հետքերու ոչնչացումը Արցախի գրաւեալ շրջաններուն մէջ: Բռնագրաւուած Հադրութի տարածքին ազրպէյճանական կողմը կ՛իրականացնէ մեծածաւալ ճանապարհաշինարարական, ռազմական բնոյթ կրող ամրաշինական աշխատանքներ, որոնք կը վտանգեն Հադրութի շրջանի բազմաթիւ յուշարձաններ, որոնց մասին բարձրաձայնուած է բազմաթիւ անգամ:
Կ՛ուզենք յիշեցնել, որ «Զինուած բախումներու պարագային մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան մասին» հռչակագիրի առաջին արձանագրութեան, գրաւեալ տարածքներուն մէջ արգիլուած է ոչնչացնել մշակութային կամ հոգեւոր արժէքները: Լա Հէյի 1999 թուականի երկրորդ արձանագրութիւնը կը վերահաստատէ այս պահանջը եւ այդպիսի արարքը, ըստ 15-րդ յօդուածին, կ՛որակուի իբրեւ միջազգային յանցագործութիւն: Մշակութային արժէքներու ոչնչացման գործողութիւնները կ՛արգիլուին նաեւ Ժընեւի 1949 թուականի օգոստոս 12-ի պատերազմէն տուժածներու պաշտպանութեան, պատերազմի օրէնքներու եւ սովորոյթներու վերաբերեալ միջազգային չորս հռչակագիրներու եւ արձանագրութիւններու, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի համապատասխան բանաձեւերու եւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան համաձայնագիրներու կողմէ»:
Արցախի Գ. Նարեկացիի Անուան Համալսարանին Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Վարդան Յակոբեանի Անունը Կրող Գրադարանին
Ստեփանակերտի Գրիգոր Նարեկացիի անուան համալսարանին մէջ համալսարանի նախագահ, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Վարդան Յակոբեանի անունով գրադարան բացուեցաւ: Ձեռնարկին մասնակիցները, նախքան գրադարանի բացումը, լռութեան վայրկեանով եւ ծաղիկներ խոնարհելով յարգեցին Վարդան Յակոբեանի եւ արցախեան գոյապայքարի նահատակներու յիշատակը:
Գրիգոր Նարեկացիի անուան համալսարանի դասախօս, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Զ. Բալայեան ողջունելով ներկաները` նշեց, որ հայ ժողովուրդի պանծալի զաւակներէն Վարդան Յակոբեանի վարքը կը նմանեցնէ Սահակ Բագրատունի մարզպանի` աշխարհի բոլոր ծայրերուն հայերուն մասին ցանկացած մասունք, գիրք հաւաքելու եւ գրադարան ստեղծելու հրամանին հետ, որովհետեւ Վ. Յակոբեան եւս ազգի նուիրեալ է եւ իր եռանդը, տաղանդը, քաղաքական պահուածքը, բարոյական կերպարը ամբողջացուցած եւ նուիրած է Արցախ աշխարհին:
Զ. Բալայեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ Վ. Յակոբեան դառնացած էր իր կեանքի վերջին օրերուն. դառնացած էր աշխարհէն, դաւաճաններէն, մատնիչներէն, անմիաբաններէն, որուն հետեւանքը եղաւ անոր անժամանակ մահը:
Գ. Նարեկացիի անուան համալսարանի նախագահ, իրաւաբանական գիտութիւններու թեկնածու, Արցախի վաստակաւոր իրաւաբան Սեւակ Յակոբեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ որոշած են Ստեփանակերտի Գ. Նարեկացիի անուան համալսարանի գրադարանը անուանակոչել Վարդան Յակոբեանի անունով:
«Նկատի առնելով, որ գրադարանը նախապէս կրած էր ակադեմիկոս Սերգէյ Սարինեանի անունը, որ սերտ յարաբերութիւններ ունէր ինչպէս Վ. Յակոբեանի, այնպէս ալ Գ. Նարեկացիի անուան համալսարանին հետ, որոշած ենք համալսարանի գիտական նիստերու դահլիճը անուանակոչել Սերգէյ Սարինեանի անունով», հաղորդեց համալսարանի նախագահը:
Ձեռնարկին ներկաներուն օրհնութեան խօսք արտասանեց Ներսէս քհնյ. Ասրեան: Ան նշեց. «Այս եւս առիթ մըն է Վարդան Յակոբեանի, անոր կատարած գործին մեծութիւնը վերյիշելու եւ անոր հոգիին հանգստութեան համար: Որեւէ համալսարան չէ միտուած գիտելիք տալու մարդուն, այլ կարելիութիւն տալու մարդուն` գիտելիք ստանալու, եւ անոր ամէնէն կարեւոր բաղադրիչներից մէկը տուեալ կրթօճախին գրադարանն է, ուր ուսանողը կրնայ ստանալ զինք հետաքրքրող գիտելիքներուն պաշարը»:
Գ. Նարեկացիի անուան համալսարանի որակի ապահովման կեդրոնի տնօրէն, դոցենտ Ամալիա Գրիգորեանի խօսքով, Վարդան Յակոբեանին համար գիրքի հետ հաղորդակցիլը ուրիշ արարողութիւն էր:
«Ան երեւոյթ էր ո՛չ միայն գիրք գրելու, այլեւ կարդալու եւ կազմելու առումով: Ան իր կեանքի ընթացքին ստեղծած է եզակի գրադարան, եւ պատահական չէ, որ այս գրադարանին մէջ կը գտնուին բոլոր ժամանակներու լաւագոյն 100 գիրքերը: Այս գրադարանին մէջ կը գտնուին այն գիրքերը, որոնք մէկ օրինակ են ամբողջ Արցախի եւ Հայաստանի մէջ», ըսաւ Ա. Գրիգորեան:
Ամալիա Գրիգորեան նաեւ նշեց, որ Վ. Յակոբեան ամէն ինչ նուիրումով եւ արուեստով կ՛ընէր:
«Վ. Յակոբեան բացառիկ ընթերցող էր: Ան կը կարդար անյագ կլանուած, բայց` շատ գրագէտ: Գրիչը ձեռքին` մնայուն կ՛ընդգծէր այն տողը, այն բառը, որ իրեն համար կարեւոր էր, եւ անով ճաշակ ու մտածողութիւն կը ձեւաւորէր հետագայ ընթերցողներուն համար», ըսաւ Ա. Գրիգորեան:
Գ. Նարեկացիի անուան համալսարանի իրաւագիտութեան ամպիոնի վարիչ, Արցախի վաստակաւոր իրաւաբան Վ. Յովսէփեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ տակաւին խորհրդային ժամանակներէն գիրք կարդալը հեղինակութիւն եղած է, իսկ գիրք ընթերցողը` հեղինակաւոր մարդ:
«Մենք պէտք է ուսանողներուն մէջ սէր սերմանենք գիրքին հանդէպ, որպէսզի մնայուն կապի մէջ ըլլան գրադարանին հետ: Այս գրադարանէն, որ ստեղծուած է Վ. Յակոբեանի անձնական գրադարանի հիմքին վրայ, ոեւէ մէկը կրնայ օգտուիլ եւ անհրաժեշտ ու կարեւոր տեղեկատուութիւն ստանալ», ըսաւ Վ. Յովսէփեան:
Ձեռնարկին ընթացքին Գ. Նարեկացիի անուան համալսարանի ուսանողները ներկայացուցին Վ. Յակոբեանի բանաստեղծութիւնները:
Հայաստանի Պատմութեան Թանգարանին Մէջ Վերաբացուեցաւ Եւ Հանրութեան Ներկայացուեցաւ «Քրիստոնեայ Հայաստան. 4-9-րդ Դարեր» Խորագրով Ցուցադրութիւնը
Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ վերաբացուեցաւ եւ հանրութեան ներկայացուեցաւ հայ ճարտարապետութեան 300-է աւելի ինքնատիպ նմուշներ` «Քրիստոնեայ Հայաստան. 4-9-րդ դարեր» խորագրով ցուցասրահներու մնայուն ցուցադրութիւնը, որ կ՛ընդգրկէ 4-9-րդ դարերու հայկական ինքնատիպ մշակոյթը:
Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի տնօրէն Դաւիթ Պօղոսեան նշեց, որ ցուցասրահներուն մէջ ներկայացուած են թանգարանի հաւաքածոներուն մէջ պահուող հայ ճարտարապետութեան ամէնէն իւրօրինակ յուշարձաններուն` Դուինի, Քասաղի, Զուարթնոցի քանդակազարդ նմուշները, վաղ քրիստոնէութեան խորհրդանիշներ համարուող հաւասարաթեւ եւ ծաղկած խաչերը, ինչպէս նաեւ` քառանիստ կոթողները:
«Սեպտեմբեր 9-ին կը լրանայ Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին 104 ամեակը, եւ ամէն տարի մենք կը փորձենք այս խորհրդանշական օրուան հետ կապուած մշակութային կարեւոր նորութիւն ներկայացնել մեր հանրութեան: Այս տարի առանձնայատուկ էր բացումը այս ցուցասրահներուն, ուր ճշդուած բնաբաններով եւ ժամանակագրական համալիրի ձեւով ներկայացուած են 300-է աւելի նմուշներ, որոնցմէ մօտաւորապէս կէսը կը ցուցադրուի առաջին անգամ: Այս ցուցադրութեան շնորհիւ կարելիութիւն կայ բացայայտելու նշուած ժամանակաշրջանի հոգեւոր, նիւթական եւ մշակութային ժառանգութեան տարբեր կողմերը: Շատ ուրախ ենք, որ այս տարի արդէն կարելիութիւն կայ այսքան մեծ ցուցադրական տարածք ներկայացնել մեր հանրութեան: Ցուցադրութեան շնորհիւ բաց է հզօր պատմական ժամանակաշրջան մը, որ կ՛ընդգրկէ մեզմէ աւելի քան մէկ միլիոն տարի առաջուան նմուշներէն մինչեւ արդէն 10-րդ դար, եւ արդէն ժամանակաւոր ցուցասրահին մէջ` նաեւ 11-16-րդ դարերու մասունքային կոթողներ», ըսաւ Դաւիթ Պօղոսեան:
Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի հնագիտութեան բաժինի գիտական աշխատող Արմինէ Զոհրապեան նշեց, որ ցուցադրութեան մէջ տեղ գտած են միջնադարու աշխարհիկ կեանքն ու կենցաղը ներկայացնող խեցեղէն եւ շքեղ ապակեայ իրեր, աշխուժ առեւտրական կապերու մասին վկայող դրամներ, երկրագործութիւնը ներկայացնող զարգացած ոռոգման համակարգեր եւ ժամանակի ամէնէն խորհրդաւոր արհեստներէն մէկը` ալքիմիան, ներկայացնող նմուշներ:
Մնայուն ցուցադրութեան զուգահեռ, սեպտեմբեր 8-ին Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ նաեւ «Գլուխ գործոցներ միջնադարեան Հայաստանից» խորագրով ժամանակաւոր ցուցադրութեան, ուր տեղ գտած են միջնադարեան Հայաստանի 11-16-րդ դարերու մշակոյթի շարք մը ինքնատիպ դրսեւորումներ` ներկայացուած այդ ժամանակաշրջանի խաչքարային արուեստի նմուշներով (Հին Ջուղայի գերեզմանատան 16-րդ դ. խաչքարը), բարձրաքանդակներով, եկեղեցւոյ քար» մանրակերտներով, փայտագործութեան եւ մետաղագործութեան գլուխ գործոցներով (Մշոյ Ս. Առաքելոց վանքի 1136 թուական փայտէ դուռը, Հաղարծինի վանքէն գտնուած կաթսան):
Նոյն օրը, մնայուն ցուցադրութեան զուգահեռ, կը բացուի «Գլուխ գործոցներ միջնադարեան Հայաստանից» խորագրով ժամանակաւոր ցուցադրութիւնը: