Համազգայինի Այնճարի «Պարոյր Սեւակ» Մասնաճիւղին
Կազմակերպութեամբ` Համազգայինի 95-Ամեակի Նշում
ՇԱՂԻԿ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ-ԽԻՒՏԱՎԵՐՏԵԱՆ
Մարդկային կեանքի ընթացքին, տարիներու թաւալումը, անձկալի տխրութիւն առթելու փոխարէն, յարմար պատեհութիւն պէտք է հանդիսանայ` քննելու անցածին արժէքը, պատահածներուն բերած նպաստը, փորձառութիւններու հարստութիւնն ու անոնցմէ բխող իրագործումները, որոշիչ դեր խաղացած մարդոց, գործօններու եւ կառոյցներու բացած կենսուղիներն ու անոնց ունեցած ազդեցութիւնը, ապրուած իւրաքանչիւր հանգրուանի եւ միջավայրի ներդրումը` անհատական ինքնութեան եւ հաւաքական պատկանելիութեան յոյժ կարեւոր մարզերէն ներս:
Յետադարձ ակնարկով մը, երբ կը փորձեմ պատկերացնել, թէ մանկութենէս մինչեւ չափահասութիւն ի՛նչ եղաւ, ի՛նչն էր կարեւորը, ի՛նչը` սխալը, ի՛նչն էր ջլատողը, ի՛նչը` խթանողը, գօտեպնդողը, պահող-պահպանողը եւ նպատակասլաց կեանքի մը ձգտումին առաջնորդողը, կ՛անդրադառնամ, որ ընտանեկան, դպրոցական թէ միութենական միջավայրերէս ներս ստեղծուած արժեհամակարգը առիթ կ’ընծայէր սահմանելու էականը, ազնուագոյնը, վեհ գաղափարը եւ արդար իտէալներու գերակայութիւնը: Եւ այս բոլորին մէջ որքա՜ն կարեւոր էր գերադասել համայնականը եւ հայուն հաւաքական կեանքը` իր եկեղեցիով, դպրոցով, մշակոյթով, կառոյցներով եւ կազմակերպութիւններով:
Այդ օրերէն ի վեր յիշողութեանս եւ գիտակցական աշխարհիս մէջ տիրական անուն եւ գործնական տեղ գրաւած է Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը: Ու կը յիշեմ, թէ ամէն անգամ որ «համազգային» բառը լսէի իր ածականի որոշիչ պաշտօնի գործածութեամբ` գոյականի մը քով դրուած եւ ոչ միութեան ակնարկող բնորոշումով մը, թարմատի ուղեղս մի՛շտ ալ վստահ էր, որ բառը միութեան մասին էր, որովհետեւ ես ուրիշ «համազգային» չէի գիտեր` բացի Անթիլիասի ՀՅԴ Աղբալեան ակումբէն ներս գործող Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղէն, որուն կազմակերպած գրական-գեղարուեստական երեկոներուն շրջանի հայութիւնը բազմաթիւ ներկայութիւն էր, եւ որուն հիմնած «Նանօր» երգչախումբին մաս կազմեր էի ծնողքիս մղումով, բայց որուն փորձերուն եւ ելոյթներուն մասնակցիլը այդ օրերու կեանքիս ամէնէն երջանիկ պահերն էին:
Հետագային, ոգեղէն ծանօթացման առընթեր, երբեմն ալ` աշխատանքային առնչուածութեամբ, ամբողջական ճանաչում ունեցայ Համազգայինի գործունէութիւնը համալրող զանազան կառոյցներուն եւ միաւորներուն հետ` «Լ. Շանթ» եւ «Աղբալեան» մշակութային կեդրոններուն, «Գուսան» երգչախումբին, պարարուեստի, թատրոնի, գեղարուեստի, երաժշտանոցի աշխատանքներուն, հայագիտական ամպիոնին, ճեմարանին, «Բագին»-ին, գիտաժողովներուն, ուսանողական ֆորումներուն, հրատարակութիւններուն, ցուցահանդէսներուն, ոգեկոչական ձեռնարկներուն` բոլորի՛ն եւ ամէնո՛ւն, որոնք հոգեհարազատ ներկայութիւն դարձան կեանքիս մէջ: Այս բոլորին արժէքին կը գիտակցիմ բծախնդրօրէն ու նաեւ կ՛ապրիմ արդար հպարտութիւն մը, որ Համազգայինը իր էութեամբ ճանչցած եմ կեանքիս առաջին տարիներէն իսկ եւ անոր լիիրաւ արժէքին անդրադարձած եմ` իբրեւ ընտանեկան դաստիարակութեանս որոշիչ սիւներէն մէկը, իբրեւ աճմանս եւ զարգացմանս ընկերակցող հարազատ միջավայր:
Այս բոլորը իբրեւ օրինակ` մէկ անհատի կեանքին ընդմէջէն արտացոլացող լուսատու եւ դաստիարակիչ նշանակութիւն ունեցող կառոյցի մը` Համազգայինի ունեցած դերին մասին: Վստահ եմ, որ ձեզմէ շատերը իրենց հոգիի, մտքի եւ ներիմացական աշխարհներուն մէջ կը պահեն արժէքաւոր մասնիկ մը, ոգեւորող շանթ մը այս միութեան երկարամեայ երախտաշատ աշխատանքէն եւ 95 տարիներու վրայ երկարող ու հաստատուած ինքնութենէ մը շատրուանուող մտքի եւ հոգիի կազմարար տարրերէն:
95-ամեայ այս միութեան համապարփակ գործունէութեան մասին հանգամանօրէն խօսիլը լուրջ եւ պատասխանատու աշխատանք է. բան մը, որուն յաւակնութիւնը երբեք չունիմ, եւ որուն լիիրաւ արժէքը կրնան ներկայացնել անոր գործունէութիւնը խորաթափանց վերլուծումի ենթարկած հեղինակաւոր ուսումնասիրողներ կամ մտաւորականներ միայն: Առաջնորդուելով մասնագիտութեանս` կրթութեան մարզի փաստահէն սկզբունքներով եւ տեսաբանական-կիրառական մօտեցումներով, կ՛ուզեմ անդրադառնալ Համազգայինի կրթական գործին բերած նպաստին, ինչպէս նաեւ անոր կողմէ ծաւալած մշակութային աշխատանքներու բարերար ազդեցութեան` հայ պատանիին եւ երիտասարդին առողջ կազմաւորման եւ անհատական ու հաւաքական ինքնութիւններու կուռ կայացումին վրայ:
Անհատի մը ինքնութեան կազմաւորումը իր ընթացքը կը մեկնարկէ պատանեկան հանգրուանին եւ իր լրումին կը հասնի երիտասարդութեան հասունացման տարիներուն: Այս շրջանին է, որ կրթական ու դաստիարակչական աշխատանքները, դպրոցին մատուցած ակադեմական համակարգը եւ ընդհանրապէս մշակութային փորձառութիւնները կ՛ընկերակցին անհատին ընկերային ինքնապատկերի փնտռտուքի փորձերուն, կը նպաստեն անոր սահմանումին եւ կը դառնան կարեւոր տարր մը` ինքզինք փնտռելու, ինքզինք ճանչնալու եւ ինքզինք կերտելու ճիգերուն օժանդակող:
Անհատին մէջ կազմաւորուող ինքնութեան յղացքը եւ անկէ մեկնած մտակառուցուածքը հիմնական շեշտադրում կը ստանան ուսման ու կրթութեան ընդմէջէն իւրացուած գիտութեամբ եւ մշակութային ճանաչողութեամբ: Ընկերային գիտութիւններու մարզէն ներս փաստուած է, որ առողջ ինքնութեան մը հիմնաքարը կը դրուի ընտանեկան, դպրոցական եւ միջավայրային կազմաւորումով, երբ անհատը կը զարգանայ, կը դաստիարակուի եւ արդիւնաւէտ կեանք վարելու հմտութիւններու կը տիրանայ:
Միջավայրային ազդեցութիւններու քննարկման ծիրին մէջ, տարբեր ժողովուրդներու սփիւռքներու պարտադիր իրավիճակը եւ նման կացութեան մէջ ստեղծուած կենսաձեւը, հետազօտողները մղած են ուսումնասիրելու ազգային ինքնութիւն եւ մշակոյթ փոխներգործօն կապին տարբեր երեսները: Արդիւնքները կը հաստատեն, որ սփիւռքներու բազմամշակոյթ իրականութիւնը կրնայ յարաբերաբար ապահով եւ նուազ կործանարար պայմաններ ունենալ միա՛յն այն պարագային, երբ տուեալ հաւաքականութեան անդամները իրենց կրթութեամբ ու դաստիարակութեամբ, իրենց մշակութային ժառանգութեան հետ սերտօրէն առնչուած են եւ իրենց ինքնութիւնը խարսխած են անոր վրայ: Այս ծիրէն ներս մշակութային արմատներու հետ ստեղծուած եւ ամրօրէն հիմնադրուած կապուածութիւնը կ՛օժանդակէ անհատին ունենալու ճշգրտօրէն գործող կողմնացոյց` կարենալ ազգայնօրէն ապրելու այլազանութեամբ յատկանշուող, բայց անով իսկ վտանգուած շրջապատի մը մէջ: Համաշխարհայնացման այս օրերուն ուրո՛յնը ունենալու, զայն պահելու եւ արժանապատիւ ձեւով վայելելու առաջադրանքը կրթական եւ մշակութային ոլորտներէն ներս ընտրուած եւ որդեգրուած քաղաքականութիւն եւ ռազմավարութիւն են շատ յաճախ:
Այս պարունակէն մեկնելով` վերադառնանք Համազգայինին եւ վերոնշեալ հաստատումները փորձենք առնչել իր առաքելութեան եւ գործունէութեան:
Անցեալի իր անունով` Հայ կրթական եւ հրատարակչական Համազգային ընկերութիւն, որուն սկզբնական նպատակն էր «Հայ ժողովուրդի կրթական մակարդակը բարձրացնել հայ լեզուով եւ հայ ոգիով»: Յետոյ, եւ մինչեւ օրս, նպատակը յստակ է եւ մեկին. «նոր սերունդին ընդհանուր կրթութեան կողքին, ջամբել հայեցի դաստիարակութիւն` փորձելով պահպանել ազգային գիտակցութիւնն ու մշակութային աւանդութիւնները, հայրենիքէն դուրս ապրող ժողովուրդի մնացորդացին մէջ»:
Այս նպատակներուն համահունչ եւ վերոնշեալ հետազօտութիւններու եզրայանգումներէն մեկնած` ի՞նչ նպատակադրեց իրագործել եւ շատ յաճախ իրագործեց Համազգայինը իր երկար ճանապարհորդութեան ընթացքին: Այս միութիւնը հայ անհատին համալրուած ինքնութեան կողմնորոշման նպաստեց` անոր ընծայելով ազգային եւ հոգե-ընկերային հաւասարակշռութիւն: Այս միութիւնը տարաւ անդուլ աշխատանք, նոր սերունդին ներկայացնելու եւ փոխանցելու ինքնութեան պահպանման բոլոր գործօնները` լեզու, մշակոյթ, պատմութիւն եւ Դատի իրազեկութիւն: Այս միութիւնը անհատական եւ հաւաքական կեանքի մէջ գործուն, յաջողակ եւ արդիւնաւէտ տարր դառնալու առիթներ եւ աղբիւրներ ստեղծեց. աւելի՛ն. ազգին հետ խորքային առնչուածութեան եւ անկէ բխող պատկանելիութեան առողջ եւ հաւասարակշիռ զգացում եւ աշխատանքային ճարտարութիւն խթանեց: Դպրոցներ հիմնեց, կեդրոններ կառուցեց, ուսման ու զարգացման համար անհրաժեշտ գիտելիք ու հմտութիւններ կազմաւորեց, ընկերային եւ մշակութային որակաւոր կեանքի մը նախադրեալները ուրուագծեց եւ զանոնք ձեռք բերելու առիթներ ընծայեց:
Եւ այս բոլորը հեշտօրէն իրագործելի չեղան: Ազգային գիտակցութեան խթանումը, հայկականութեան ամուր իրազեկութիւնը, պատկանելիութեան առողջ զգացումի թրծումը, իրական մտաւորականի կամ գաղափարապաշտ մարդու պատրաստութիւնը բարդ գործ են. սովորականէն եւ սովորամոլէն անդին անցնիլը խրթին աշխատանք է. լոզունգներէ հեռու մնալն ու ինքզինք մեքենայականօրէն վերարտադրելէ խուսափիլը դժուարին պարտականութիւն է: Աւելի՛ն. նորարարութիւններ ընդգրկել գործունէութեան մէջ` առանց աւանդականը եւ դասականը զոհելու, աշխարհին բացուիլ` առանց հայկականութենէ զիջելու, երիտասարդանալ` առանց անցեալի կուտակուած փորձը անտեսելու, դիւրաւ յաղթահարելի մարտահրաւէրներ չեղան: Սխալներ ու սայթաքումներ վստահաբար պատահեցան, բայց կար յարատեւող գործը, կար չթուլացող կամքը, կար սաւառնող ոգին, եւ հիմա կայ 95 տարիներու երախտարժան վաստակը, կայ մեր կեանքէն ներս Համազգայինի լիալիր ներկայութեան դերը, կան անտեղիտալի հաւատքը, անմար յոյսը եւ անդուլ գործը` նոր ամեակներու յաջողութիւններու առաջնորդող:
Կ՛ըսուի, որ տարեդարձները վերաքննութեան առիթ են եւ մեկնարկ` յառաջդիմութեան: Անհատի մը կամ հաւաքականութեան մը կեանքը յառաջընթաց կրնայ արձանագրել, վերակարգաւորուիլ եւ լիցքաւորուիլ միայն ա՛յն ատեն, երբ տուեալ տարրը կը գնահատէ յաջողութիւնները, կ՛արժեւորէ իրագործումները, կը հպարտանայ փայլուն գործունէութեամբ, բայց նաեւ ինքզինք կը քննէ, կ՛անդրադառնայ սխալներուն, վերատեսութեան կ՛ենթարկէ առաջնահերթութիւնները եւ որդեգրուած գործելաոճը, խիզախութիւն կը ցուցաբերէ բացթողումները բացայայտելու եւ յանուն բարելաւումի` անկեղծ հաւատք եւ աննկուն կամք ի գործ կը դնէ: Այս բոլորը իրագործելու համար պէտք է յղում կատարել մտքի եւ խղճի հաշուետուութեան, փորձառուներու եւ փորձագէտներու տեսակէտներուն, մասնագիտական վերլուծող եւ քննական մօտեցումներու, նախկին փորձերէն քաղուած ողջունելի, հպարտալի եւ ուսանելի դասերուն, բայց մանաւանդ` մեծերո՛ւն, անոնց անզուգական մտքին եւ գոյութենական արժէք ներկայացնող յորդոր-կոչերուն: Այս նպատակով, իբրեւ վերջաբան, մէջբերենք Լեւոն Շանթի հետեւեալ խօսքը. «Ով ջարդուած է, բնականաբար կը քաշուի մէջտեղէն, ով յոգնած է, կը նստի, բայց ատով ոչինչ չի փոխուիր: Քաշուողներուն տեղը կու գան նորերը, մէկ նստողին տեղը ոտքի կ՛ելլեն ուրիշները: Եւ եթէ այսօր մենք բոլորս ալ քաշուինք ասպարէզէն, վաղը հրապարակ կու գայ նոր սերունդը` հին դրօշակը բարձր պահած իր ձեռքին, որովհետեւ անիկա ալ ապրիլ պիտի ուզէ իր ազգային կեանքովը»:
Ականջալուր ըլլալով Շանթի թելադրանքին, բոլորս` իբրեւ Համազգայինի առաքելութեան հաւատացողներ, անոր աւանդին հաւատարիմ երդուեալներ եւ անոր գործունէութեան անխոնջ մասնակիցներ, ծրագրե՛նք ու գործենք այնպէս, որ ճիգերը, կամքերն ու ազնիւ գործի բարի կամեցողութիւնը չջարդուին, աշխատողները չյոգնին, նստողներուն տեղ մի՛շտ ոտքի ելլողներ ըլլան, որ անպայման եւ անյապաղ տեղ պատրաստուի նորի՛ն, նորերո՛ւն, եւ երբ ժամանակը գայ քաշուելու ասպարէզէն, նոր սերունդին յանձնուած դրօշակը չըլլայ հինցածը, այլ` հպարտալի հինը, եւ որ անոր ձեռքը տակաւի՛ն ունենայ ուժը զայն բա՛րձր պահելու. բայց ամէն բանէ առաջ եւ ամէն բանէ վեր, աշխատինք այնպէս, որ նոր սերունդը ուզէ, տենչայ, եւ վճռականօրէն որոշէ ապրիլ ազգայի՛ն կեանքով, Համազգայինի՛ ոգիով, համազգային տեսլականով: