Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մենք Եւ Այս Աշխարհը

Սեպտեմբեր 11, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Մենք եւ այս աշխարհը: Բայց անպայման… ՄԵ՛ՆՔ:

Անկեղծօրէն յաճախ այս մասին երկար կը մտածեմ: Անոր համար այսօր պահանջը զգացի արտայայտուելու: Մտահոգ հայու մը համար լուրջ վախի ստուեր մըն է այս մէկը, որ կարծես սկսած է նշմարելի դառնալ ամէն տեղ: Չեմ փորձեր, ոչ ալ կը ցանկամ գրիչս լալկան վազքի մը մէջ նետել: Նաեւ չեմ գիտեր` ինչպէ՞ս յանկարծ ներքին ձայն մը կը սկսի յուշելու ինծի ու առաջնորդելու մտածումներս:

Որովհետեւ… նպատակը սրտիս մօտ է. մենք, որ հաւասար է` սփիւռք, հայրենիք եւ անպայման`  Արցախ: Ճակատագրական երեք թեւերը մեր ժողովուրդին: Իրարու ծանօթ եւ երբեմն ալ անծանօթ: Բայց մենք անծանօթներ չէինք: Թէեւ տարբեր ճակատներու վրայ կ՛աշխատէինք, թերեւս` առանց վերահասու ըլլալու, որ եթէ մենք մեր ժողովուրդին կը ծառայէինք, պէտք էր գիտնայինք, որ մեր ժողովուրդը մէկ է, չի կրնար երկու կամ երեք ըլլալ:

Վերջ ի վերջոյ բոլորս ալ հայեր ենք եւ բոլորս ալ կոչուած ենք միասին կերտելու մեր կեանքը, մեր ժողովուրդի միակ հայրենիքն ու անոր ապագան: Մեր հարցերը պարտաւորենք լուծել առանց անցեալի միջամտութեան: Մերկ լոյսի տակ: Առանց լալու կամ տրտնջալու: Առանց աւելորդ ցուցապաշտութեան: Առանց խաբելու եւ խաբուելու: Առանց անցեալի եւ ներկայի, հին ու նոր սխալները կրկնելու: Առանց զիրար վիրաւորելու եւ անարգելու: Համբերութեամբ, յարգանքով եւ տրամաբանութեամբ եւ համախորհուրդ լրջութեամբ:

Բայց հարց է, թէ այս բոլորը ո՞ր «զէնքերով» կարելի պիտի ըլլայ իրականացնել: Ի՞նչ հոգեկան կարողութիւններով եւ միջոցներով: Ո՞վ մեր սխալները «շտկելու» պիտի նախաձեռնէ: Ո՞ւր: Ինչպէ՞ս: Ե՞րբ: Ուստի եւ անպայման… վերջապէս բոլորս ալ իջնելու ենք իրական աշխարհ, ազատուած ուրուականներէն, լայն ու գիտակից ուշադրութեամբ եւ հանգիստ ու դրական սրտով ու մօտեցումով: Յաճախ բոլորս ալ կը հպարտանանք, որ հարուստ մշակոյթ ժառանգած ժողովուրդ ենք:

Կ՛ուզէի, որ մենք ալ` իբրեւ հայեր, այս աշխարհի վրայ ազգովին բոլոր մեծ ու փոքր, բայց` ազգերու կամ պետութիւններու նման, մեր երկրի անկախութեան տէրը դառնայինք, գուրգուրոտ մնայինք, չարտագաղթէինք, հողին կապուած ապրէինք, հայրենի երկիրը շէնցնէինք, ազգային ոգիով լեցուն միասին ապրէինք` աւանդով եւ իմաստաւորուած:

Է՛հ, ի՞նչ ընենք… ուզենք թէ ոչ… սփիւռք կ՛ապրինք: Մարդուս հոգին այս օտարութեան մէջ կրնայ հատնիլ: Գիտենք… Որովհետեւ լաւատեղեակ ենք, որ հոգին եթէ անգործ ու անզգայ մնայ, ժանգ կը կապէ, ու այդ նոյն ժանգը կրնայ զինք փճացնել: Եւ արդեօ՞ք հոգիի այդ ժանգը սրբելու համար ինչե՜ր պէտք է մտածենք կամ գործադրենք: Ընենք: Կատարենք: Այս մէկը չենք գիտեր: Կամ գիտենք… սակայն չգիտնալ կը ձեւանանք:

Ահա՛ մեծագոյն մտահոգութիւններէն մէկը: Կարեւորագոյններէն` էականը, եթէ կ՛ուզէք:

Քանի մը տասնամեակներէ ի վեր Արցախի, հայրենիքի եւ սփիւռքներու տարածքներուն հայութիւնը կ՛ապրի վիճակ մը, որ դժուար է մէկ բառով բնորոշել: Տագնա՞պ անուանել զայն, թէ՞  ուրիշ «բան»: Չեմ գիտեր: Լճացո՞ւմ, թէ՞ զանազան ծանօթ եւ անծանօթ վիճակներու խառնուրդ: Դուք ճշդեցէ՛ք:

Որովհետեւ այն աշխարհը, ուր բոլորս ալ կ՛ապրինք, մեր աչքերուն առջեւ ամէն օր կը փոխուի: Եւ աւելի՛ն. տակաւին ներկայ համաշխարհային նիւթական, տնտեսական եւ քաղաքական մեծ ու փոքր տագնապներուն մէջ հայութեան դիրքն ու վիճակը բնորոշելն ալ դժուար է, որովհետեւ դժուար է բնորոշել ներկայ աշխարհի այս անօրինակ իրավիճակը:

Ամէն օր նոր տագնապներ, նոր արժէքներ, նոր սովորութիւններ մուտք գործած են եւ տակաւին կը գործեն մեր ամէնօրեայ կեանքէն ներս, ու մենք լիովին կամ կէս-կատար զանոնք ընկալելէ ետք սկսած ենք, կամայ թէ ակամայ, պատրուակներ փնտռել եւ համոզել մենք զմեզ:

Պայմանները փոխուած են` ըսինք: Բայց եւ այնպէս տխուր է իրականութիւնը եւ իրմէ ծնունդ առած պատկերը:

Կը հաւատամ, որ ամէն ինչ վարժութիւն է, եւ վարժութենէն կը ծնի համակերպումը:

Մեր կարգին, մենք, որ հաստատուած ենք Ամերիկա եւ, գիտակցաբար թէ ոչ, ու մեզի հետ բերած ենք մեր գիտցած եւ չգիտցած նախկին հին ու նոր կանոններն ու սովորութիւնները, մեր սէրերն ու ատելութիւնները, մեր գիտակից եւ անգիտակից որոշումները, աւանդութիւններն ու մեր ստեղծած օրէնքները, որոնք շատ յաճախ բորբոսած են, հինցած կամ կարկտնուած եւ կամ ալ այլեւս անգործնական դարձած են:

Ճիշդ կամ սխալ, սփիւռքի տարածքին շատ մը գաղութներէ ներս զանազան ինքնարդարացումներով շատեր հաշտուած ու համակերպած կ՛ապրին ու անզգալաբար արդէն իսկ համաշխարհայնացման հետեւանքներուն ստրուկը դարձած են եւ չեն կրցած զանոնք պատշաճեցնել մեր իրականութեան: Ըսի՛, որ փոխուած են ժամանակները եւ իրենց հետ փոխուած են նաեւ ապրելու եւ գոյատեւելու մեր պայմանները: Ու երբեք քաջութիւնը չենք ունեցած ըսելու, թէ  ժամանակէն առաջ նախ մենք ենք, որ փոխուած ենք, մեծով ու պզտիկով:

Պարզ իրականութիւն է, որ ազգովին կը գտնուինք նորագոյն պատմութեան ճակատագրական փուլի մը սեմին:

Ու նորութիւն մը չէ… բազմացած են մեր ազգային գոյութեան սպառնացող վտանգները, որոնք ձեւով մը մեզ բազմաշերտ դարձուցած են եւ մեր ամէնօրեայ հեւքին մաս կը կազմեն արդէն:

Բայց անկախ այս բոլորէն, կը հաւատամ նաեւ, որ ներկայ այս ընդհանրական տառապանքը ամրացուցած է մեր ժողովուրդին գոյութեան պայքարը:

«Որքան ալ հոսանքը ուժգին ըլլայ, այնքան թիավարողին ճիգը հզօր կ՛ըլլայ», ըսած են մեր մեծերը: Ու ճիշդ են:

Փա՛ստ: Նայեցէ՛ք մէյ մը ձեր չորս կողմը: Բայց միեւնոյն ատեն մի՛մոռնաք, որ քննադատութիւնը կը սկսի ինքնաքննադատութեամբ:

Ուրե՞մն…

bedig43@aol.com

 

Նախորդը

Սամուէլ Շահրամանեան Ընտրուեցաւ Արցախի Նախագահ

Յաջորդը

Ղարաբաղը Ականատեսի Վկայութեամբ` Անցեալ Դարի Երկրորդ Կէսին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?