Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
ՀՀ Մարդասիրական Ականազերծման 12-րդ Խումբը Հալէպի Հանտարաթ Շրջանին Մէջ Տեղական Իշխանութիւններուն Յանձնեց 135 Հազար Քառ. Մ Ականազերծուած Տարածք
Հալէպի մէջ ՀՀ մարդասիրական ականազերծման հերթական 12-րդ խումբի աշխատանքը կեդրոնացած էր Հալէպի հիւսիս-արեւելքը գտնուող Հանտարաթ բանակավայրին մէջ:
Հայրենի սակրաւորներու կողմէ 2023-ի մարտէն օգոստոս ամիսներուն իրականացած ականազերծման աշխատանքէն ետք մաքրուած տարածքը յանձնուեցաւ Հալէպի տեղական իշխանութեան: Այս բովանդակութեամբ յանձնումի եւ ստանձնումի գիրեր ստորագրուեցան:
Մարդասիրական խումբի պատասխանատու գնդապետ Արկադի Տօնոյեան տեղեկացուց, որ շուրջ 135 հազար քառ. մ ականազերծուած տարածքէն յայտնաբերուած է 77 միաւոր չպայթած զինամթերք, որ հայ սակրաւորներու եւ սուրիացի իրենց գործընկերներու համատեղ աշխատանքով ոչնչացուած է:
Այս առիթով սակրաւորներու 12-րդ խումբէն անդամներ իրենց մասնագիտական պարտականութիւններն ու վերադասի կողմէ առաջադրուած խնդիրները ժամանակին եւ ճշդութեամբ կատարելու, ինչպէս նաեւ աշխուժ գործունէութիւն ծաւալելու համար պատուոյ գիրեր ստացան, իսկ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի հրամանագրով Արմէն Ռուբէնի Օհանեանը պարգեւատրուեցաւ «Վ. Սարգսեան» մետալով:
Գնդապետ Տօնոյեանի համաձայն, ականազերծման աշխատանքներու ընթացքին ոչ մէկ պատահար արձանագրուած է, իսկ 2019 թուականէն սկսեալ ՀՀ մարդասիրական ականազերծման խումբերը Հալէպ նահանգի մէջ արդէն աւելի քան 1.400.000 քառ. մ ականապատուած տարածք ականազերծած ու յանձնած են տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն:
Գնդապետին խօսքով, Հալէպի մէջ մարդասիրական խումբին աշխատանքները շարունակական բնոյթ պիտի կրեն ու մասնագիտական նոյն հմտութեամբ պիտի ընթանան:
Միացեալ Նահանգներ
ՀՅԴ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու ԿԿ-ի Եւ Ուղեկից Միութիւններու Հանդիպումը Լոս Անճելըսի ՀՀ Աւագ Հիւպատոս Դոկտ. Կարէն Իսրայէլեանի Հետ
6 սեպտեմբերին, ՀՀ Լոս Անճելըսի հիւպատոսարանի պաշտօնական հրաւէրով` ուղղուած ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին եւ իր ուղեկից ու գործընկեր միութիւններուն, յիշեալ կառոյցներու ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան նորանշանակ աւագ հիւպատոս դոկտ. Կարէն Իսրայէլեանի եւ իրեն ընկերակցող հիւպատոսարանի անձնակազմին հետ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին` ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեան, Հարմիկ Պաղտասարեան, Վիքի Մարաշլեան, Նազելի Խոդաբախշ, Սթիւ Տէտէեան, Լիւսի Պետրոսեան եւ Պարոյր Յակոբեան: Հիւպատոսի անձնակազմէն ներկայ էր Նազելի Համբարձումեան: Հայ երիտասարդաց դաշնակցութիւնը, առ ի բողոք Հայաստանի իշխանութեանց որդեգրած ազգադաւ քաղաքականութեան, կը բացակայէր այս հանդիպումէն, եւ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչին ձեռամբ յանձնուած նամակով մը գրաւոր կերպով կը բաժնեկցէր իր մտահոգութիւնները նորանշանակ աւագ հիւպատոսին հետ: Փոխադարձ ծանօթացումէ եւ իւրաքանչիւր միաւորի աշխատանքի ծիրին ու ծաւալին ներկայացումէն ետք, խօսակցութիւնները ծաւալեցան վարչապետ Փաշինեանի որդեգրած ապազգային ու ազգավնաս գործունէութեան մասին, ինչպէս նաեւ` Ազրպէյճանի հայակործան ու ցեղասպան քաղաքականութեան, արցախահայութեան ճգնաժամին, բազմաթիւ սփիւռքահայերու Հայաստան մուտքի արգիլման, մեր ուժերուն ջլատման, սփիւռքի յանձնակատարի պառակտիչ ընթացքին, Հայաստան-Արցախ-սփիւռք կապերուն թուլացման, եւ որոշակի գաղութային ու այլ տագնապներու շուրջ:
Հիւպատոսը աւելի քան քսանամեակ մը ծառայած ըլլալով սփիւռքեան կարեւոր երկիրներու ՀՀ դիւանագիտութեան անձնակազմերէն ներս եւ քաջածանօթ ըլլալով ՀՅԴ-ի ճանապարհին ու հանգանակին, ինչպէս նաեւ` ներկայի բազմաթիւ թէժ տագնապներուն, յաջողութիւն մաղթեց բոլորին ջանքերուն` ի ծառայութիւն հայրենիքին ու հայութեան: Շեշտը դրուեցաւ սփիւռքի կարողականութենէն աւելիով օգտուելուն, սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւնները օգտաշատ ու նպատակասլաց դարձնելուն եւ բազմաչարչար հայ ժողովուրդի իրաւունքները վերահաստատելուն վրայ:
Պատուիրակութիւնը յաջողութիւն մաղթեց նորանշանակ դոկտ. Իսրաէլեանին ԱՄՆ-ի այս հայահոծ նահանգին մէջ` հայ ազգի բարօրութեան համար դիւանագիտութեան ծիրով իր տրամադրած ծառայութեան մէջ: Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ նաեւ պաշտօնական յուշագիր մը յանձնուեցաւ հիւպատոսին: Յուշագիրին մէջ խստօրէն դատապարտուած էր թշնամի Ազրպէյճանի կողմէ գործադրուող Բերձորի միջանցքի ապօրինի փակումն ու Արցախի անմարդկային շրջափակումը, եւ ՀՅԴ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Կեդրոնական կոմիտէին անունով հիւպատոսին ուշադրութեան յանձնուած էին կարգ մը կէտեր, ինչպէս 22 մայիսին ՀՀ վարչապետը յայտարարութեամբ մը Արցախը ճանչցած էր Ազրպէյճանի կազմին մէջ, որ ո՛չ միայն անընդունելի է, այլեւ հիմնական պատճառն է, որ Արցախը ներկայիս կը գտնուի շրջափակուած վիճակի մէջ, հետեւաբար կը պահանջէին ՀՀ վարչապետին անյապաղ հրաժարումը, որպէսզի մեր ժողովուրդը կարենայ կազմել նոր իշխանութիւն, որ իր կարգին ատակ ըլլայ առաջին` սպասարկելու Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան եւ համայն հայութեան ազգային շահերուն, երկրորդ` փրկելու պետութիւնը կործանումի բացայայտ վտանգէն:
Արցախահայութեան Զօրակցութեան Հաւաք
2 սեպտեմբերին Քալիֆորնիոյ Կլենտէյլ քաղաքի «Արցախ» փողոցին մէջ տեղի ունեցաւ արցախահայութեան զօրակցութեան հանրահաւաք:
Սոյն նախաձեռնութիւնը ծառայեց որպէս Արեւմտեան Ամերիկայի հայութեան անմնացորդ աջակցութեան վկայութիւն` Արցախի ժողովուրդին եւ վճռական ուղերձ յղեց նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին, որ պէտք է դադրեցնէ երկրորդ հայկական ցեղասպանութիւնը Ազրպէյճանի կողմէ: Հանրահաւաքը նաեւ միասնութեան, տոկունութեան եւ վճռակամութեան դրսեւորում էր: Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսական Ճուտի Չու, որ Քոնկրեսի մէջ հայկական հարցերու հաւատարիմ ջատագովն է, իր անսասան աջակցութիւնը յայտնեց Արցախի ժողովուրդին` ընդգծելով Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչման կարեւորութիւնը եւ կոչ ուղղեց շարունակական ջանքեր գործադրել` ապահովելու հակամարտութեան խաղաղ եւ արդարացի լուծումը:
Քալիֆորնիոյ նահանգային ծերակուտական Պորտանտինօ արձագանգեց դէպքերուն` ընդգծելով միջազգային հանրութեան կողմէ Արցախի ժողովուրդին եւ անոր ինքնորոշման ձգտումը ճանչնալու անհրաժեշտութիւնը: Ան խոստացաւ շարունակել իր աշխատանքը պետական մակարդակով` Արցախի հիմնահարցի վերաբերեալ իրազեկուածութեան բարձրացման ուղղութեամբ:
Լոս Անճելըսի նախկին դատախազ Մայք Ֆոյեր շեշտեց արդարադատութեան եւ հաշուետուութեան կարեւորութիւնը` կոչ ուղղելով պատասխանատուութեան ենթարկել Արցախի մէջ տեղի ունեցած վայրագութիւններու մեղաւորները եւ ընդգծելով, որ արդարութիւնը տեւական խաղաղութեան էական բաղադրիչն է:
Կլենտէյլի Քաղաքային խորհուրդի անդամ Էլեն Ասատուրեան վերահաստատեց քաղաքի յանձնառութիւնը` աջակցելու ամերիկահայ համայնքին եւ արցախեան հակամարտութեան մասին իրազեկութեան բարձրացման ուղղուած ջանքերուն: Ան խրախուսեց տեղական ներգրաւուածութիւնը եւ գործօն մասնակցութիւնը:
Քոնկրեսական Շիֆի գրասենեակի ներկայացուցիչը փոխանցեց քոնկրեսականին անսասան աջակցութիւնը Հայկական հարցին եւ անոր յանձնառութիւնը` պաշտպանելու արցախեան հիմնահարցի արդարացի լուծումը:
Արեւմտեան շրջանի Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան ներկայացուցիչը ներկաներուն յղեց իր պատգամը:
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու ՀՅԴ-ի անունով ելոյթ ունեցաւ Կարօ Մատէնլեան: Ան նկատել տուաւ, որ անցեալին մենք յաջողած ենք, երբ միասնական եւ վճռական եղած ենք մեր առաքելութեան մէջ` յաղթահարելու Թուրքիոյ եւ ազրպէյճանա-թաթարական բռնակալութիւնը եւ չարիքը, որ նոյնպէս կը շարունակեն նաեւ այսօր: Ան ցաւով շեշտեց, որ գերագոյն ողբերգութիւնը ոչ միայն Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ իրականացուող դաժանութիւնը եւ ճնշումն է, այլ` բարի մարդոց լռութիւնը, որ թոյլ կու տայ անոնց շարունակելու` զիրենք դարձնելով մեղսակիցներ:
Ան շեշտեց, որ մեր առաջնահերթութիւնը Արցախն է եւ վտանգուած 120 հազար անձերու անմեղ կեանքը: Պէտք է անմիջապէս դադրեցնենք արիւնահոսութիւնը եւ պէտք է բանանք կեանքի ճանապարհը: Աւարտին տեղի ունեցաւ քայլարշաւ` Կլենտէյլի փողոցներուն մէջ:
ՀԵԴ–ի Կազմակերպած Հաւաքը` Ուաշինկթընի Մէջ
1 սեպտեմբերին, Ուաշինկթընի Սպիտակ տան կից, Լաֆայէթ հրապարակին շուրջ, ներկայութեամբ շուրջ չորս հարիւր երիտասարդներու, տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց առ ի զօրակցութիւն Արցախի:
ՀԵԴ-ի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արենի Մարկոսեան շեշտեց, որ Արցախը պէտք չէ դադրի մեր առաջնահերթութիւնը ըլլալէ, եւ պայքարը պէտք է շարունակենք առանց յուսահատելու:
Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Անի Չաղլասեան իր խօսքին մէջ մերժեց Սպիտակ տան այն մօտեցումը, թէ ներկայ դաժան պայմաններուն տակ կարելի է խաղաղութեան համաձայնագիր կնքել Ազրպէյճանի բռնապետ Ալիեւի հետ, եւ կոչ ուղղեց նախագահ Պայտընի` մօտէն հետեւելու ստեղծուած կացութեան, որպէսզի ցեղասպանութիւն մը եւս չպատահի:
Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակի ներկայացուցիչ Արամ Համբարեան, իր կարգին, ահազանգ հնչեցուց, որ անտրամաբանական է Ազրպէյճանի նման բռնապետական պետութեան մը զինումը շարունակելու` Ուաշինկթընի կեցուածքը: Ան շեշտեց, որ Ազրպէյճանին արդիական եւ յատկապէս արձակազէններու յատուկ հրացաններ տրամադրելու ծրագիրները պէտք է կասեցուին, որովհետեւ անոնք վստահաբար կրնան գործածուիլ ամերիկահայերու հետ ազգականական կապեր ունեցող Արցախի եւ Հայաստանի հայերուն դէմ: Համազգայինի Արեւելեան ԱՄՆ-ի Շրջանային վարչութեան անդամ դոկտ. Ալին Պաղտասարեան շեշտը դրաւ երեսուն հազար մանուկներու դժնդակ կացութեան վրայ, որոնք յաւելեալ սնունդի կարիք ունին:
ՀՕՄ-ի ներկայացուցիչ Քարին Շամլեանի շեշտադրումն ալ ապագայի սերունդին կը վերաբերէր: Ան խօսեցաւ մանկամսուրներու մասին, որոնք դժուար պայմաններու մէջ կը շարունակեն գործել:
ՀԵԴ-ի ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ալեք Սողոմոնեան, իր կարգին, խօսք առնելով` շեշտեց, որ Ուաշինկթըն պէտք է հրաժարի Ազրպէյճանին արդիական յատուկ հրացաններ տրամադրելու ծրագրէն:
Աւարտին տեղի ունեցաւ Տէրունական աղօթք` մասնակցութեամբ երեք յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներուն:
Ցեղասպանագէտ Փրոֆ. Վահագն Տատրեանի Մահուան 4-րդ Տարելիցի Նշում` Պոլսահայ Միութեան Մէջ
13 օգոստոսին Պոլսահայ միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ յուշ-երեկոյ եւ հոգեհանգիստ` հանգուցեալ ցեղասպանագէտ փրոֆ. Վահագն Տատրեանի մահուան չորրորդ տարելիցին առթիւ:
Բացման խօսքը արտասանեց կրթական մշակ Ռոզալին Մատոյեան, որ հրաւիրեց ներկաները վայրկեան մը յոտնկայս յարգանքի տուրք մատուցելու հանգուցեալ փրոֆ. Տատրեանի յիշատակին, ապա ան հրաւիրեց հոգեւորականաց դասը` հոգեհանգստեան պաշտօն կատարելու եւ օրհնելու յիշատակի համար պատրաստուած հրուշակը եւ խաղողը, տրուած ըլլալով, որ այդ օր կը զուգադիպէր Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին:
«Էսքիճեան» թանգարանի տնօրէնուհի Մեկի Մանկասարեան-Կոշին ելոյթ ունենալով` խօսեցաւ փրոֆ. Տատրեանի հետ իր ծանօթութեան մասին` անդրադառնալով Տատրեանի արխիւներու պաշտօնական սեփականատէրը ըլլալուն եւ փրոֆ. Աքչամի ղեկավարութեամբ 13 տարիներ ետք զանոնք վերջնական ձեւի բերելուն:
Երկրորդ զեկուցողը` փրոֆ. Թաներ Աքչամ, յայտարարեց, որ իսկապէս գանձ է այն, ինչ որ ունինք Տատրեանէն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Կոշինին` իր ցուցաբերած օգնութեան եւ հայագիտութեան մէջ անոր ունեցած աւանդին համար: Աքչամ շեշտեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւնը մեծապէս յառաջդիմած է շնորհիւ` վաղ ռահվիրաներու տասնամեակներ տեւած անխոնջ ջանքերուն: Ան հաստատեց, որ այս պահուն Վահագն Տատրեանի անուան մրցանակով փրոֆ. Մայքըլ Պէյզլըրի պարգեւատրումը աւելի իմաստալից կը դառնայ, եւ Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւնը կը թեւակոխէ նոր փուլ, աւելցնելով, որ փրոֆ. Պէյզլըր այս մարզին ամէնէն նշանաւոր ներկայացուցիչներէն է:
Երրորդ բանախօսն էր դատաւոր Զաւէն Սինանեան, որ ներկայացուց մեծարուող փրոֆ. Պէյզլըրը, կարդաց անոր կենսագրութիւնը եւ ձեռքբերումները` յայտնելով, որ Պէյզլըր թալանուած հայկական արուեստի գործերու վերադարձը ապահովելու ջանքերուն յառաջամարտիկն է: Ապա ան հրաւիրեց փրոֆ. Պէյզլըրը` ստանալու իր մրցանակը: Միութեան գործադիր յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Մուրատ Քէօշքէր յայտարարեց, որ մեծ հաճոյքով «2023-ի Ցեղասպանութեան գիտնական մրցանակ»-ը կը շնորհուի ականաւոր ցեղասպանագէտ փրոֆ. Մայքըլ Պէյզլըրին` Ողջակիզման եւ մարդու իրաւունքներու ուսումնասիրութեան ոլորտին մէջ իր կատարած աշխատանքին համար: Աւարտին շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ մեծարեալը, որ շեշտեց, թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ոչ միայն զանգուածային սպանդ էր, այլ` զանգուածային գողութիւն, աւելցնելով, որ հայկական թալանուած արուեստն է, որ զինք հետաքրքրած է:
Նշենք, որ Նիւ Եորքի մէջ մահացած փրոֆ. Վահագն Տատրեանի աճիւնը տեղափոխուած է Հայաստանի Հանրապետութիւն:
Յունաստան
Հայկական Պարախումբը Հմայեց Յոյն Հասարակութիւնը
23-27 օգոստոսին Հայաստանի պետական ««Բարեկամութիւն» պարախումբը, Աղրինիօ քաղաքապետարանէն միջազգային ժողովրդային պարերու փառատօնին մասնակցելու հրաւէր ստացած ըլլալով, Յունաստան գտնուեցաւ եւ ներկայացուց հայկական ժողովրդական պարերու շարան մը:
Աղրինիոյի քաղաքապետարանի հրաւէրով 300 պարողներ 10 երկիրներէ իրենց մասնակցութիւնը բերին փառատօնին` միացնելով իրենց մշակոյթները երգի եւ պարի ընդմէջէն:
Փառատօնի ընթացքին Հայաստանի պարախումբը շատ լաւ ներկայացում ունեցաւ եւ արժանավայել ձեւով ներկայացուց Հայաստանի մշակոյթը յոյն ժողովուրդին: Յայտնենք, որ Աղրինիօ մեկնելէն առաջ պարախումբի անդամները եւ պատասխանատուները այցելեցին Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին եւ մօտէն ծանօթացան յունահայ գաղութի կարգ մը երեսներուն:
Լեհաստան
Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոսութեան Հիմնադրման 655-Ամեակին Նուիրուած Տօնակատարութիւն
3 սեպտեմբերին Լեհաստանի մէջ Հայ առաքելական ս. եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոսութեան հիմնադրման 655-ամեակի տօնակատարութեան ծիրէն ներս Քրաքովի Վաւելի մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Տիեզերական աղօթք:
Վատիկանի մէջ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Խաժակ արք. Պարսամեան իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ Լեհաստանի մէջ հայերու ներկայութիւնը գրեթէ 800 տարուան երկար պատմութիւն ունի: Անոնք ողջունուեցան լեհ ժողովուրդին կողմէ եւ ընդելուզուեցան հասարակութեան մէջ` նպաստելով Լեհաստանի տնտեսական, քաղաքական եւ մշակութային կեանքին: Ան աղօթեց, որ ինչպէս անցեալին, ներկայիս եւս անոնք պահպանեն իրենց ինքնութիւնը` միանալով լեհական հասարակութեան, միաժամանակ նպաստելով այս պատմական, բայց նաեւ ժամանակակից եւրոպական երկրի ընկերային եւ տնտեսական կեանքին:
Քրաքովի մետրոպոլիտ Մարեկ արք. Ետրաշեւսկին իր խօսքին մէջ մասնաւորապէս նշեց, որ Քազիմիր Մեծի իշխանութեան ժամանակ վերջինս հանդիպած է հայերուն ու անոնց եկեղեցին եւ ողջունելով` հնարաւորութիւն տուած է զարգացնելու իրենց ինքնութիւնը` տալով տարբեր արտօնութիւններ եւ ճանչնալով Հայ եկեղեցւոյ առանձնայատկութիւնը: Ետրաշեւսկին հաստատեց, որ ժամանակի ընթացքին հայկական համայնքները կրցած են ազատօրէն զարգանալ, ունենալ իրենց սեփական ինքնակառավարումը եւ կը կառավարուէին սովորութային իրաւունքով, աւելցնելով, որ հայերը ներկայ էին Լեհաստանի բազմաթիւ քաղաքներու մէջ, որոնք աչքի կ՛իյնային արեւելեան լեզուներու իմացութեամբ, եւ անոնց շնորհիւ լեհերն իրենց այլ կերպ հասկցան եւ ներկայացան այլ ազգերու, իսկ շատ մը արեւելեան տարրեր արմատաւորուեցան լեհական մշակոյթին մէջ:
Լեհաստանի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդ Մարկոս եպս. Յովհաննիսեան հաստատեց, որ աստուածային սիրոյ նոյն ակունքէն բխող արժէքներով կերտուած են հայ եւ լեհ քրիստոնեայ ժողովուրդներուն մշակոյթները, որոնք որքան ալ տարբեր ըլլան, հասկնալի ու հարազատ են իրարու:
Արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում` Քազիմիր Մեծ թագաւորի շիրիմին վրայ: