Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Ամերիկան

Սեպտեմբեր 12, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ

Չորս դիս Երեւանեան պլպլակ կը փնտռեմ…

«Կլենտէլում» ենք, իւրաքանչիւր քայլափոխ հայերէն կը բուրէ… կարգ մը փողոցներու անունները, վաճառատուներու հայերէն ցուցանակները, սրճարաններու եւ ճաշարաններու կերակրատեսակները, անցորդներու զրոյցը, թանկարժէք ինքնաշարժներու շրջագայութիւնն ու սեւազգեստ  երիտասարդներու պոռչտուքները:

Հանրայայտ վաճառանիշով հանրախանութներու ոչ միայն յաճախորդները, այլեւ վաճառողներն ու սպասարկողները ջախջախիչ մեծամասնութեամբ արեւելահայերէն կը խօսին:

Արտագաղթը, այլ խօսքով` հայրենաթափումի աւազանը հոս է ու կը շարունակուի:

Միջոցներ կը հնարուին երկրի օրէնքներու ճեղքերէն օգտուելու. վերջինը մեքսիքական սահմանի վրայ հաստատուած իրաւաբանական գրասենեակներն են, որոնք ճանապարհ կը հարթեն դէպի Լոս Անճելըս:

Անտունիներու հայրենիքն է Քալիֆորնիան: Ասիական, արեւելեան Եւրոպայի, ափրիկեան եւ հարաւամերիկեան ցամաքամասերու ընչազուրկներու երազած դրախտավայրը:

Աւելի քան երեսուն միլիոն բնակչութիւն ունեցող նահանգ մըն է: Ազատ տնտեսութեան բարիքներէն օգտուողներու աշխարհը: Հոս խորհրդային մուրճի հարուածներու եւ կովկասեան սալին վրայ թրծուած մեր հայրենակիցը, գերանդիի նման, կը հնձէ թացն ու չորը:

Հայաստանէն դուրս մեծագոյն գաղութը այստեղ է ներկայիս, նմանութեան եզրեր կարելի է գտնել  Հալէպի Նոր Գիւղի ու Լիբանանի Պուրճ Համուտի եւ Կլենտէյլի միջեւ: Այնտեղ էին Ցեղասպանութեան բեկորները` Այնթապէն, Քիլիսէն, Մարաշէն, Ատանայէն, Սիսէն, Հաճընէն, Զէյթունէն եւ բազմատասնեակ գաւառներէ եկուորները: Հոս ջախջախիչ մեծամասնութիւնը հայրենիքէն արտագաղթածներն են, որոնց կողքին կան` թրքահայեր, պարսկահայեր, լիբանանահայեր, սուրիահայեր, եգիպտահայեր, իրաքահայեր… հայեր ու հայեր:

Սփիւռքահայութեան եռանկիւն յենարանը` եկեղեցի, դպրոց եւ ակումբ: Բազմագոյն` ինչպէս ամէն տեղ, սակայն բազմաշերտ ու երբեմն տխուր իրավիճակ կը պարզէ:

Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին շուտով պիտի բոլորէ իր բաժանման դարադարձը: Էջմիածնական եւ կիլիկեան թեմական յոբելիար կառոյցներու կողքին, երրորդ եկեղեցիի մը ծնունդի երկունքին գոյժը կ՛իմացուի: Կարգալոյծ հռչակուած եւ կարգաթող  հոգեւորականներու խումբ մը արդէն իսկ եկեղեցի մը վարձած են: Այս ծնունդէն յառաջացած կառոյցը իր շուրջ հաւատացեալներ պիտի կարենա՞յ համախմբել… Հարցում մը, որուն պատասխանը դժուար է կռահել: Ապակեդրոն այս կղերականները երրորդ ղեկ մը կը հաստատեն Լուսաւորչի կանթեղին ներքեւ:

Էջմիածնական աթոռանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց մայր եկեղեցին Պըրպենքի իր շքեղ կառոյցին մէջ, Վարդավառի տաղաւար տօնին  բազմահարիւր հաւատացեալներու կիրակնօրեայ ս. պատարագի ներկայութիւնը փայլք տուած էր` շրջափակին մէջ մանուկներու յատուկ ջուրի խաղերու աշխարհի մը հաստատումով:

Նոյնքան ժողովուրդ կը համախմբուի կիլիկեան թեմի Ս. Աստուածածին եկեղեցին, Կլենտէյլի շրջանը: Այստեղ կառոյցը հայկական եկեղեցական ճարտարապետութեան շքեղութիւնը չունի, սակայն անթիլիասական պատարագը նոր աշխարհի տարածքին իր տեսակին մէջ իւրայատուկ է, երկու գահակալներու անուններու յիշատակումով:

Քրիստոնէական հաւատքի բարերարութեան սկզբունքը` «Մէկ ձեռքիդ տուածը միւսը չտեսնէ», յեղաշրջուած է, եկեղեցւոյ պատերը բարերարներու անունները կրող ցուցանակներէն բացի` մուտքին սրբանկարներու շարքին տեղադրուած են իշխանական նուիրատուութիւն կատարողներուն պատկերները:

«Եկեղեցին հայկական հայ հոգիին եւ մարմնոյն զրահանդերձն է փայլուն»: Անմահանուն Թէքէեանի այս զգեստը ներկայ դարուն կ՛ուզեմ փոխ առնել եւ զրահանդէսը որպէս զգեստ ընդունիլ հայրենիքէն եւ Միջին Արեւելքի հայաբոյր գաղութներէն դուրս, այսպէս կոչուած, յառաջադէմ երկիրներու մէջ գործող հայ դպրոցին որպէս տարազ:

Հարիւրամեակ մը ամբողջ հայ դպրոցը մեսրոպեան գիւտի ուսուցման, հայապահպանման ու հայեցի դաստիարակութեան առաքելութենէն անդին այսօր համաշխարհայնացման մարտադաշտի մէջ ամրոցի դեր կը կատարէ:

Կ՛ապրիմ եւրոպական ոստանի մը մէջ, ուր ստորեւ գրած տողերս զիս կը դասեն հակամարդկային եւ ցեղապաշտ: Սակայն մեզի համար ցնցիչ է, երբ բնութեան ամենագեղեցիկ երեւոյթը եւ խաղաղութեան ծիրանի գօտիի գոյները որպէս դրօշակ ընդունուած` կը բաժնուի մանուկներուն, միասեռականներու յատուկ տօնահանդէսներուն եւ երբեմն ալ` հանրախանութներուն մէջ:

Համաշխարհայնացման ու ընտանեկան սրբութիւններու ոտնահարման ընթացքն է: Ամենակալին ստեղծագործութեան ու հաստատած մարդկային բնութեան դէմ առնուած քայլերը կը ցնցեն  հայ ծնողը, ան այսօր իր հոգեհատորներուն ապաստանը կը տեսնէ հայ դպրոցին մէջ:

Ամերիկեան Արեւմտեան ափի կիլիկեան թեմի երիտասարդ առաջնորդը իր առաքելութեան առաջնահերթութիւնը նկատած է դպրոցաշինութիւնը եւ ցարդ գոյութիւն ունեցող կրթարաններու ընդարձակումը: Հմայուած մտիկ կ՛ընեմ կորովի Թորգոմ սրբազանը, որ իր տարիքին կրկնակի իմաստութեամբ կը պատմէ իր ծրագիրներուն մասին: Բարերարներու որոնումը եւ շինարարական ծրագիրները: Ցաւով կը յայտնէ, որ այս վերամուտին տակաւին հինգ հարիւր հայ աշակերտներ հերթի կը սպասեն:

Անդին` կ՛իմանամ, որ կրթական ու բարեսիրական առաքելութեան սկզբունքով հիմնուած հայկական կազմակերպութիւններու կրթարաններ կը փակուին նոյն շրջաններուն մէջ:

Ապրուստի նիւթական պայմաններու վրայ բարդուած դպրոցական թոշակի բեռը իր ծանրութեամբ թեթեւ կը կշռէ գիտակից հայ ծնողքի ուսերուն:

Սուրիական տագնապի բերումով այստեղ գաղթած կրթական մշակներու ասպարէզը պատրաստ է այս փուլին: Անկասկած այսքան հեռատես ծրագիրներ մշակող միտքերը հեռանկարը ունին ուսուցչական ասպարէզը ընդունող հայորդիներու հոգածութեան եւ արհեստավարժութեան պատրաստութեան ծրագիրներ մշակելու:

Հայ դպրոցին ապագայի հանդէպ լաւատեսութիւնը ոգեւորութիւն կ՛առթէ իւրաքանչիւր հայու մօտ:

Յատկանշական էր այցելութիւնս  հայոց պատմութեան մեծագոյն վրիժառու բազուկին` Սողոմոն Թեհլիրեանի գերեզմանը եւ օրին Դիմատետրի էջիս վրայ գրեցի. «Այս յուշակոթողը ուխտավայր կամ ներշնչարան է հեռաւոր Ֆրեզնոյի մէջ, Քալիֆորնիոյ կեդրոնը: Այստեղ գալու են շրջանի մեր բոլոր ընկերները անխտիր, ձեռք ձեռքի տալու եւ ուս ուսի երդուելու` ԹԵՀԼԻՐԵԱՆԻ ճամբան հարթելու եւ անոր աւանդը պահելու»:

Ի վերջոյ համերաշխութիւնը եւ համախոհութիւնը պիտի ըլլան փրկութեան ճանապարհը:

Բազմաթիւ եւ այլազան շրջաններու մէջ հաստատուած ակումբներուն մէջ շաբաթական դրութեամբ ընթրիքի եւ ժամանցի հանդիպումները իրարու կը մօտեցնեն գաղափարակից ընկերները` իրենց տարակարծութիւններով հանդերձ:

Գիտակից եւ յանձնառու երիտասարդութիւն մը վարդահեղեղ արշալոյսի մը ոտնաձայնը կու տայ: Լոս Անճելըսի նման մեծ քաղաքի մը ճեպուղին փակող ներուժն է անիկա` Արցախի պաշարման բողոքի որպէս արտայայտութիւն: Այս երիտասարդութիւնը գաղութի ղեկը ստանձնելու առիթ կ՛ունենայ տակաւին:

Մեր կազմակերպութիւնները կը գործեն եռանդով, միջոցներու հեռաւորութիւնը եւ երթեւեկի համար վատնուած ժամերը անտեսելով` քով քովի կու գան, առցանց ժողովի դրութիւնը մասամբ թեթեւցուցած է այս տաժանակիր աշխատանքը:

ՀՕՄ-ը` իր առաքելութեան գիտակից, ամէն տեղ է: Համազգայինը հսկայ պատրաստութեամբ պիտի տօնէ հայ մշակոյթի ջահակիր այս մեծ կազմակերպութեան իննսունհինգամեակը` նոր հեռանկարներով դէպի հարիւրամեայ յոբելեան:

ՀՄԸՄ-ի տարեկան  տօնահանդէսը ունի եռօրեայ ընթացք, որ կ՛աւարտի  տողանցքի աւանդութեամբ` զիրար միացնելով տարակարծութիւններն ու հարցերը: Արեւելքէն աւանդ հասած այս ձեռնարկը պատիւ է իւրաքանչիւր հայու, որ ակնատեսը կ՛ըլլայ այս շքերթին:

Տնտեսական կացութիւնը ընդհանրապէս ընդունելի է, երբեմն ոմանք գնահատելի թռիչքներ ունին: Ի վերջոյ, ճարտար աշխատասէր արթնամիտ հայն է, որ կ՛աշխատի ու կը յաջողի:

Ազգային մեծագոյն հիմնահարցը մերձեցման նշաններ կու տայ այստեղ: Արեւելահայերու եւ արեւմտահայերու առօրեայ շփումը, խօսակցական լեզուի մօտեցումի ընթացքով մը, հայախօսութիւնը տեղ-տեղ նոր տարազ կը ստանայ: Հանդիպեցայ մեքսիքացի բանուորի մը, որ սահուն հայերէն կը խօսէր, ան երկար տարիներ հայ վարպետի մը մօտ աշխատած էր:

Տագնապալից երկրագունդի, աշխարհասփիւռ հայութեան վախճանական նպատակը հայրենիքն է: Ափսոս սակայն, որ մեր ժողովուրդին մէջ հանգստաւէտ պայմաններու որոնման եւ բարօր կեանքի տեսիլքը գերակշիռ է: Հակառակը հաստատողները եւ գործադրողները փոքրամասնութիւն են դժբախտաբար, այս պայմաններու մէջ կ՛աճի ու կը բարգաւաճի հայկական Ամերիկան:

Հալէպ

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (11 Սեպտեմբեր 2023)

Յաջորդը

Սիամանթոյի Հետ` Գլուխ-Գլխի (Ծննդեան 145-Ամեակին Առիթով) -Ե.-

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?