Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սիամանթոյի Հետ` Գլուխ-Գլխի (Ծննդեան 145-Ամեակին Առիթով) -Ե.-

Սեպտեմբեր 12, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Քիչ Մը Կազդոյր Եւ… Սրտի Տրոփումներ

Լէյզենի բուժարանին մէջ կը շարունակուէր Սիամանթոյի դարմանումը: Վայրը լեռնային էր ու անտառապատ, գեղատեսիլ ու ծաղկառատ: Բանաստեղծը ի գործ կը դնէր իր ամբողջ կամքն ու ճիգը` վրայէն թօթափելու համար թոքախտի հետքերը: Ան բուժարանին մէջ տեւաբար բանտարկուած չէր մնար անշուշտ: Ամէն պատեհ առիթով կ՛ուղեւորուէր դէպի Լոզան ու Ժընեւ` ընկերներու եւ բարեկամներու հանդիպելու համար:

Այդ տարիներուն, իբրեւ բժշկականի ուսանող, Լոզան կը գտնուէր նաեւ բանաստեղծ Ռուբէն Սեւակ (Չիլինկիրեան), որ մօտէն ծանօթ էր Սիամանթոյի հիւանդութեան: Ահա թէ ի՛նչ կը գրէ այս մասին.

– Կամքի տարօրինակ ուժով մը, բժիշկներու պատուէրին անսալու համար, այդ ջղուտ ու անհանդարտ երիտասարդը ամբողջ երկու տարի, ամէ՛ն օր, ամէ՛ն ցերեկէ վերջ, երկար-երկար ժամերով, բաց օդին մէջ փռեց, անշարժացուց, քարացուց իր վտիտ մարմինը` արեւուն տակ անմահութեան համար հասունցող մոմիայի մը պէս…

Հնազանդ տղու մը նման առտու-իրիկուն կանոնաւորապէս չափեց իր ջերմութիւնը: Միայն թէ ամէն անգամ որ չափազանց բարձր էր ջերմաչափը, իսկոյն կը ցնցէր ու կ՛իջեցնէր զայն` ոտքերը ուժգին-ուժգին գետին զարնելով ու «պիտի ապրի՛մ, պիտի ապրի՛մ» պոռալով…

Ու շաբաթն անգամ մը, երբ ծանրութիւնը չափելու համար կը մօտենար ճակատագրական նժարին, չէր մոռնար կանխաւ քանի մը գիրք պահելու գրպաններուն մէջ` անոնց կշիռովը ինքզինք ու իր բժիշկը խաբելու համար… (տե՛ս «Չմեռնելու համար» յուշապատումը` «Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր» հատորէն):

Սիամանթօ, այսպէս, բաւական կազդուրուեցաւ: Կրնանք ըսել, որ յաջողեցաւ իրմէ հեռացնել մահուան ստոյգ վտանգը, զգալիօրէն ապաքինեցաւ, սակայն հիւանդութեան հետքերը ամբողջովին չանէացան: Նոյնիսկ տարիներ ետք, իր եղերական նահատակութեան նախօրէին, այդ հետքերը գլուխ կը ցցէին մերթ ընդ մերթ ու կը խանգարէին իր անդորրը:

Այս շրջանին է, որ բանաստեղծը ապրեցաւ իր կեանքին սիրային ապրումներէն առաջինը:

Հերոսուհին կը կոչուէր Սաթենիկ Ջաղէթեան: Թիֆլիսեցի էր ու հանրայայտ ընտանիքի մը դուստրը: Անոր եղբայրը` Գրիգոր Ջաղէթեան, տնտեսագէտ էր ու հետագային, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան տարիներուն (1919-20), պիտի վարէր ելեւմտից նախարարի պաշտօն (իր ստորագրութիւնը ամենայն յստակութեամբ կ՛երեւի հանրապետութեան թղթադրամներուն վրայ):

Սաթենիկ Թիֆլիսէն Լոզան եկած էր` տեղւոյն համալսարանը բժշկութիւն ուսանելու համար, այլ հայորդիներու նման:

Երբ Սիամանթօ 1904-ին Փարիզէն Զուիցերիա եկաւ բուժուելու, նախ հանդիպեցաւ Լոզան, ուր հայ ուսանողները գուրգուրանքով շրջապատեցին զինք: Անոնցմէ մէկն ալ Սաթենիկն էր, քչախօս ու աւանդապահ հայուհի մը:

Յաջորդող շաբաթներուն կամ ամիսներուն Սիամանթոյի հերթական հաւաքական հանդիպումները զուիցերաբնակ հայ ուսանողութեան հետ քանիցս դէմ յանդիման բերին զինք Սաթենիկին: Սիրոյ կայծ մը բռնկեցաւ երկուքին միջեւ…

Սիամանթօ, զուսպ ու պատուախնդիր, թէեւ զգալի դարձուց, որ անտարբեր չէր աղջկան նկատմամբ, սակայն մօտաւորապէս մէկուկէս տարի զգուշացաւ իր սէրը բացայայտօրէն յայտնելէ` միշտ յուսալով, որ շուտով կ՛ապաքինի ու միայն անկէ ետք իր սիրտը կը բանայ օրիորդին:

Յարաբերութիւնը շարունակուեցաւ այս կշռոյթով: Անոնք ունեցան բազմաթիւ տեսակցութիւններ` զգալի խանդաղատանքով: Նամակներ ու բացիկներ փոխանակեցին իրարու հետ (պատահած են օրեր, երբ Սիամանթօ օրական 2-3 բացիկ ղրկած է Սաթենիկին, նամակներ գրած է վարդագոյն թուղթի վրայ…): Երկուստեք ունեցան սրտի տրոփումներ եւ ապրեցան զգացական յուզիչ պահեր` ճիշդ այնպէս, ինչպէս ապրեր էին իրենցմէ 40 տարի առաջ տարաբախտ բանաստեղծ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանն ու ապագայ վիպագրուհի Սրբուհի Վահանեանը (Տիւսաբ): Ռուբէն Սեւակ վերը նշեալ իր արձակ գործին մէջ ակնարկութիւններ ունի նաեւ ա՛յս մասին:

Հայ-թաթարական կռիւներու բերումով` 1905-ի վերջերը, շատ մտահոգիչ լուրեր սկսան հասնիլ Կովկասէն: Ամէն կողմ` ցոյցեր, գործադուլ, սպանութիւններ: Նոյն օրերուն Պոլսէն հասաւ նաեւ Սիամանթոյի հօր անձնասպանութեան լուրը… Երկու սիրահարները չափազանց ընկճուած էին:

Սաթենիկ, Սիամանթոյի կարծիքն ալ առնելէ ետք, 1906 մարտին որոշեց Թիֆլիս վերադառնալ` պահ մը ընտանիքին միանալու, ապա սեպտեմբերի համալսարանական վերամուտին կրկին գալու մտադրութեամբ: Բայց այս երթը ճակատագրական պիտի ըլլար իրեն համար… Զայն ճամբու դրած ատեն Սիամանթօ ըսած էր արդէն. «Ժամանակը եւ տարածութիւնը զիս կը սարսափեցնեն»:

Սիամանթօ եւ օրդ. Ջաղէթեան, այնուամենայնիւ, շարունակեցին իրենց նամակագրական գաղտնի կապը Լէյզենէն Թիֆլիս եւ հակառակ ուղութեամբ:

Պարագաները այնպէս բերին ի վերջոյ, որ նամակագրական այս կապին իրազեկ դառնան Սաթենիկի ծնողքը: Անոնք յօժար չեղան, որ իրենց դուստրը իր կեանքը կապէ սանաթորիումներու մէջ դարմանուող հիւանդի մը հետ, փոյթ չէ, թէ անիկա տաղանդաւոր բանաստեղծ մը ըլլար…

Սաթենիկ, որուն առջեւ այլեւս կը փակուէին Լոզան վերադառնալու յոյսերն ու կարելիութիւնը, իբրեւ հակազդեցութիւն այս բոլորին` որոշեց Թաւրիզ (Պարսկաստան) անցնիլ ու նուիրուիլ ուսուցչութեան: Հո՛նկէ եւս նամակներ ու նուէրներ փոխանակեցին երկուստեք, բայց կարճ ատեն ետք վերջնականապէս լռեցին երկուքն ալ, որովհետեւ այս անպտուղ կապը դարձեր էր անյոյս ու ճնշիչ…

Սաթենիկ Ջաղէթեան աւելի ուշ ամուսնացաւ Նիկոլ Սարգսեան անուն մանկավարժի մը հետ ու ապրեցաւ Խորհ. Հայաստանի մէջ: Ամուսինը զոհ գնաց 1938-ի ստալինեան մաքրագործումներուն, իսկ իրենց միակ զաւակը զոհուեցաւ Բ. Աշխարհամարտի ճակատներուն վրայ…:

Դժբախտ Սաթենիկ հետագային գրեց իր յուշերը ու 60-ական թուականներուն զանոնք յանձնեց Երեւանի Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի արխիւին (գրականագէտ Գուրգէն Գասպարեան յետոյ զանոնք հրատարակեց «Գրականագիտական հանդէս»-ին մէջ): Հոն, ի միջի այլոց, երկարօրէն կը խօսի նաեւ Սիամանթոյի հետ ունեցած իր զգացական կապերուն մասին:

Երբ Կը Բոցկլտային Հոգեվարքի Եւ Յոյսի Ջահերը

Սիամանթոյի երրորդ քերթողագիրքը («Հայորդիներ»-ու անջատ շարքերը նկատի ունինք իբրեւ մէկ ամբողջութիւն) կոչուեցաւ «Հոգեվարքի եւ յոյսի ջահեր»: Անիկա հրատարակուեցաւ Փարիզ, 1907-ին:

Չօպանեանն էր դարձեալ, որ իր «Անահիտ»-ին մէջ խանդավառութեամբ արձագանգեց այս հատորին: Ան իր գրախօսականը կը սկսէր սա՛ տողերով.

«Եարճանեանի նոր հատորը, մինչեւ ցարդ իր հրատարակածներուն մէջ` ամէնէն հարուստը եւ բազմազանը, սահմանուած է փառաւոր ու յաւերժական կեանքի մը` իբր մեր ժամանակակից բանաստեղծութեան ամէնէն շքեղ, ամէնէն տոհմիկ եւ ամէնէն ուժեղ էջերէն մէկը»:

Շուրջ 30 բանաստեղծութիւններ մէկտեղուած էին հոս, գրուած` 1897-1907-ի տասնամեակի շրջանին: Ուրեմն, անտիպներու կողքին, կային վաղեմի քերթուածներ ալ («Ցաւերու ցաւէն» տետրէն), որոնք ինչ-ինչ պատճառներով չէին մտած նախորդ երկու գիրքերուն մէջ, սակայն հիմա վերամշակուելով` տեղ կը գտնէին այստեղ:

Այս հատորին համար նախաբան մը գրած էր գրագէտ Ռուբէն Զարդարեան, որ այդ շրջանին Ֆիլիփէ (Պուլկարիա) կը մնար ու այնտեղ կը խմբագրէր «Ռազմիկ» թերթը: Զարդարեան կը գնահատէր Սիամանթոյի արուեստը, սակայն տողերու արանքին կը զգացնէր, որ այնքան ալ դիւրին չէր այդ արուեստին ընկալումը: Ան կը գրէր.

«Ու վայելքը այս մեհենական քնարերգութեան` իր բարձրագոյն դաշնակութեամբն ու վսեմ մեղեդիներովը, սահմանուած չէ ո՛չ ամբոխին, ո՛չ հետեւակ ճաշակներուն եւ ո՛չ ալ ռամիկ ականջներու. անհրաժեշտ է հոգիով վանկ-վանկ հեգել այդ բարբառը` անոնց խրթնագիծ քանդակին իմաստն ըմբռնելու, անհրաժեշտ է մտքի հուժկու թեւ մը` թեւելու համար վսեմ երեւակայութեան այս սաւառնումին հետ»:

Նախ ըսենք, որ «Հոգեվարքի եւ յոյսի ջահեր»-ը կը պարունակէր քանի մը քերթուածներ, շուտով` հռչակուած ու ժողովրդային դարձած, որոնք առ այսօր կը զարդարեն հայերէնի մեր դպրոցական դասագիրքերը: Օրինակ` «Մահուան տեսիլք»-ը, «Ափ մը մոխիր` հայրենի տուն»-ը կամ «Ես երգելով կ՛ուզեմ մեռնիլ»-ը:

Հատորին խորագիրը մտածումի պէտք է առաջնորդէ մեզ: «Հոգեվարք» եւ «յոյս»:

«Հոգեվարք»-ը մահուան ամենամօտիկ պահն է, օրհա՜սը: Մինչդեռ «յոյս»-ը կեանքին կառչելու յենարանն է, պատուանդա՛նը: Այս երկու բառերը, ըստ էութեան, հակադիր վիճակներ են ու հակադրութիւնը կը վերաբերի Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի ճակատագրին: Սիամանթոյի սիրեցեալ հայրենիքը կը տուայտի հոգեվարքի եւ յոյսի միջեւ…

Բայց անմիջապէս ըսենք, որ «յոյս»-ը գրեթէ աննշան տեղ մը կը գրաւէ հատորին ընդհանուր մթնոլորտին մէջ: Տիրապետողը «հոգեվարք»-ն  է: Եւ այս պարագան շատ զարմանալի կը թուի մեզի` ընթեցողներուս, քանի որ Սիամանթօ մի՛շտ եւ տեւաբար ՅՈՅՍԻ շեփորահար մը հանդիսացած էր, մերժած էր անձնատուութիւնը: Մինչդեռ հիմա յուսաբեկութեան կամ յուսազրկութեան մատնուած ըլլալ կը թուի: Նոյնիսկ կրնանք մտածել, որ աւելի յարմար պիտի ըլլար գիրքը կոչել «Հոգեվարքի ջահեր»` հոնկէ զեղչելով «յոյս» բառը:

Հալէպ

(Շար. 5)

(Շար. 1)
(Շար. 2)
(Շար. 3)
(Շար. 4)

Նախորդը

Հայկական Ամերիկան

Յաջորդը

Համազգայինի Այնճարի «Պարոյր Սեւակ» Մասնաճիւղին Կազմակերպութեամբ` Համազգայինի 95-Ամեակի Նշում

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?