Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դիմադրող Հակահոսանքի Ձեւաւորման Արժէքային Հիմքերը

Սեպտեմբեր 12, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅՈՎՍԷՓ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
Երիտասարդական Հարցերու Պատասխանատու

Ճգնաժամային օրեր կ՛ապրի հայութիւնը, արցախահայութեան կը սպառնայ ցեղասպանութեան վտանգ, Հայաստանի ազգադաւ իշխանութիւնները մոլեգնաբար կը կործանեն հայկական պետականութիւնը եւ ազգային ինքնութեան հիմնասիւները: Իշխող վարչախումբը միտումնաւոր կերպով պարտուողականութիւն, անտարբերութիւն, պառակտուածութիւն եւ անզօրութիւն կը տարածէ հայութեան լայն խաւերուն մէջ: Հայ ժողովուրդը բնաջնջել ուզող թշնամիներուն հետ խաղաղ յարաբերութիւններ հաստատելու անիրատեսական քաղաքականութեան անուան տակ Հայաստանը թրքական վիլայէթի վերածելու առաջին քայլերը կ՛առնուին:

Արտաքին մակարդակի վրայ միայնա՛կ կը դիմագրաւենք աշխարհաքաղաքական փոթորկալից պայմանները` առանց իրական դաշնակիցներու: Տարածաշրջանի մնացեալ պետութիւնները բնականաբար կը հետապնդեն բացառապէս իրենց շահերը, իսկ Հայաստանի կառավարութիւնը կը դիմէ այնպիսի քայլերու, որոնք կը մեկուսացնեն Հայաստանը` որպէս պետութիւն, եւ զինք կը դարձնեն օտար ուժերու շահերուն սպասարկող ենթակայի:

Այս կացութեան մէջ ազգի առողջ ուժերը ճարահատ կը թուին ըլլալ, անոնք առ այսօր չեն յաջողիր համախմբելու հայութիւնը փրկութեան ծրագրի մը եւ անոր համապատասխան ղեկավարութեան մը շուրջ: Անորոշութիւնը համատարած երեւոյթի վերածուած է, եւ նոյնիսկ կրնայ թուիլ, թէ չարակամ ուժերը կ՛ուղղուին դէպի յաղթանակ` առանց հզօր դիմադրութեան բախելու:

Այսպիսի օրհասական օրերուն հասած ենք այն հանգրուանին, որ ելքեր գտնելու եւ ծրագիրներ իրագործելու համար անհրաժեշտ է որդեգրել յստակ ուղենիշներ եւ տածել հետեւեալ արժէքներն ու դարձնել սկզբունքներ:

– Հաւատք: Հայութեան լայն խաւերու եւ նոյնիսկ որոշ ղեկավարութեանց մօտ կորսուած է կարծես հաւատքը, այն համոզումը, որ կարելի՛ է դուրս գալ այս դաժան փակուղիէն եւ պահպանել Արցախը հայկական, ազատագրել Հադրութն ու Շուշին եւ գրաւեալ հայրենի միւս հողերը ու ազգային հիմքերու վրայ կերտել հայրենի պետականութիւն: Ո՛չ, ամէն ինչ կորսուած չէ՛, հայ ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին ապրած է նման օրհասական օրեր եւ կրցած է պատուով դուրս գալ. լիզպոնեան խենթերու ինքնավստահութիւնն ու հաւատքն է, որոնք անհրաժեշտ են մեզի այս օրերուն: Յատկապէս հայ երիտասարդութիւնը պէտք է յստակ գիտնայ` յուսահատութիւնը մահացու մեղք է եւ թաւալգլոր սկիզբն է բոլոր ձախողութիւններուն:

– Յեղափոխականութիւն: Ազգային գործով զբաղող ղեկավարութենէն եւ շարքային միութենական երիտասարդէն կը պահանջուին յանդուգն ու համարձակ քայլեր: Յեղափոխական մօտեցումը չի նշանակեր արկածախնդրութիւն, այլ ներկայ պայմանները նկատի առնելով` կ՛ենթադրէ այնպիսի՛ ծրագիրներ, որոնք կը խառնեն խաղաքարտերը եւ հայութիւնը կը վերածեն ինքնուրոյն դերակատարի: Նոր խնդիրներու հնաոճ վերլուծումները, նախկին գործելակերպերու ընդօրինակութիւնը, քննական մտքի բացակայութիւնը կրնան ակամայ պահպանողական գործելաոճի, ճակատագրական սխալներու եւ կամ ապարդիւն ամլութեան մղել: Յեղափոխական միտքը եւ գործելաոճը անհրաժեշտութիւն են`  շրջելու համար այս իրավիճակը:

– Զոհողութեան գիտակցութիւն: Մեր հայրենիքը մշտական յարձակումի ենթակայ է, դիմադրելն ու գրաւուածը ազատագրելը, առանց զոհողութեան, անկարելի է: Անշուշտ դժուար է ընդունիլ այս իրականութիւնը, Հայաստանի իշխանութիւնները ամբոխավարական ձեւով ճիշդ հակառակ քարոզչութիւնը կը տանին. հանգիստ եւ խաղաղ կեղծ ապագայի մը մասին խօսելով` կը ջանան ջլատել ազգի պայքարող ոգին: Քաղքենիացած եւ «անտարբերութեան» քնացնող արբեցութեան հոգեվիճակէն պէ՛տք է անյապաղ դուրս գալ եւ ազգովին պատրաստ ըլլալ յարատեւ կռուի եւ այդ ճամբուն վրայ զոհողութիւններ կատարելու: Մարտունակ, քաջ ու հայրենիքի համար զոհողութեան պատրաստ հայու տիպարը պէտք է վերակենդանացնել:

– Գործ: Ներկայ պայմաններուն մէջ տագնապիլը բաւարար չէ՛, վերլուծելը եւ սխալները մատնանշելը` նոյնպէ՛ս:

Դիմատետրի գրառումներ եւ ճառեր արտասանելը ազդեցութիւն ունենալու ուժ չունի: Պէտք է բոլորս համոզուինք, որ չկան հրաշք լուծումներ, այլ ծրագրուած, հետեւողական, տքնաջան եւ անշահախնդիր իսկական գործն է, որ պիտի առաջնորդէ մեզ դէպի արժանապատիւ ապագայ: Գործ` անխտիր ամէ՛ն ոլորտի մէջ, որպէսզի ունենանք հզօր բանակ, գիտակից հայութիւն, մարտունակ երիտասարդութիւն, ամուր սահմաններ, կազմակերպուած սփիւռք, միջազգային նեցուկ մեր պահանջներուն եւ… մեր ազգային իտէալները կենսագործենք: Հայութեան ներկայ իրավիճակը կը յատկանշուի չափազանց քննադատութիւններու` խօսքի տարափի ժամանակաշրջան մը ըլլալով, մինչդեռ հակառա՛կը կը պահանջուի բոլորէս` աշխատանք: Ընելիքները շատ են եւ ակներեւ, չսպասենք մէկս միւսին, նախաձեռնե՛նք եւ իրագործե՛նք:

– Միասնականութիւն: Օգոստոս ամսուն  Արցախի մէջ տեղի ունեցած ներքին անկայունութեան դրսեւորումները ցոյց կու տան միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը` ներքին ամրութեան ի խնդիր. միասնականութիւնը կը պահանջէ յարգանք բոլորին նկատմամբ, այլ կարծիքներու ընդունում եւ որոշ փոխզիջումներ` առողջ ուժերու միջեւ:

Միասնականութիւնը հնարաւոր է առո՛ղջ ուժերու միջեւ միայն: Արցախը յանձնողներու և Արցախը հայկական պահելու համար պայքարող ուժերու միջեւ միասնականութիւնն անկարելի է եւ կ՛արժեզրկէ ազգային միասնութեան գաղափարն ամբողջութեամբ:

Երկարաժամկէտ առումով, վերը նշուած ուղենիշները եւ պայքարելու կամքն ու վճռականութիւնն են, որոնք կը ստեղծեն տնտեսական ու զինուորական հնարաւորութիւններ եւ ժամանակաւոր պարտութիւններու էջերը կը դարձնեն մշտական յաղթանակներու:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան երիտասարդութիւնն իր բազմահազար անդամներու ամէնօրեայ պայքարով կը ջանայ մարմնացնել այս սկզբունքները, վկայ` Արցախի, Հայաստանի ու յատկապէս Սիւնիքի եւ սփիւռքի տարածքին ծաւալած իր բազմաբնոյթ ծրագիրները, իր անդամներու մուտքի արգելումը հայրենիք, երիտասարդ ընկերներու դէմ կատարուած բռնաճնշումներն ու բանտարկութիւնները, վկայ` 44-օրեայ պատերազմին նահատակուած դաշնակցական երիտասարդները…

Մեր իրականութենէն ելլելով, շրջելու համար հայութեան այս իրավիճակը, անկմանը դիմակայող հակահոսանք յառաջացնելու համար հայ երիտասարդութեան համախմբումը վերոնշեալ արժէքներուն շուրջ կը հանդիսանայ առաջնահերթ հրամայական:

«Դրօշակ» թիւ 8, 2023

Նախորդը

Ծրագրենք Ու Գործենք Այնպէս, Որ Նոր Սերունդը Տենչայ Եւ Որոշէ Ապրիլ Ազգային Կեանքով, Համազգայինի Ոգիով, Համազգային Տեսլականով

Յաջորդը

Լաւ Օրերու Սպասումով

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?