Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեանի Գիրքերու Ներկայացում Թորոնթոյի Մէջ
ԱՐՇՕ ԶԱՔԱՐԵԱՆ Թորոնթօ կը գտնուէր «Ազդակ» օրաթերթի վերստուգող սրբագրիչ Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեան, որ հեղինակն է «Կեանքի պատուհանէն» եւ «Սոֆիա» գիրքերուն: Մեր տրամադրութեան տակ ունինք նաեւ իր հօր` Միսաք Սիսեռեանի քերթուածներու գիրքը` «Անաւարտ պահեր» խորագիրով: Դժուար էր ամրան արձակուրդներուն եւ կարճ ժամանակի մը մէջ պատրաստել հեղինակ Սիրուն-Սիսեռեան Հաճէթեանի գործերուն ներկայացումը: Իսկապէս մենք` Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի «Յ. Մանուկեան» գրադարանի, գրատարածի եւ գրասէրներու յանձնախումբերու...




















