Յօդուածներ

Արցախի Հարցով Պայտընի Անգործութիւնը Կը Հիասթափեցնէ Ամերիկահայերը

Արցախի Հարցով Պայտընի Անգործութիւնը Կը Հիասթափեցնէ Ամերիկահայերը

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ Արդարացի բազմաթիւ բողոքներ կան Արցախի կորուստի հարցով Ռուսիոյ խայտառակ դերակատարութեան եւ Հայաստանի սահմանները պաշտպանելու վերաբերեալ ցուցաբերած անգործութեան մասին: Այսուամենայնիւ, շատ դժգոհութիւններ կան նաեւ միջազգային հանրութեան դէմ, այդ շարքին`  Միացեալ Նահանգներու  անտարբերութեան, կապուած Արցախի եւ Հայաստանի դէմ Ազրպէյճանի ի գործ դրած յարձակապաշտ վերաբերումին: 30 տարի շարունակ Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) Մինսքի խումբը,...

Հասնիլ Եռաբլուր Դրօշազարդ,  Պեղել Նայիլ Մեր Մէջ Ու Անդին

Հասնիլ Եռաբլուր Դրօշազարդ, Պեղել Նայիլ Մեր Մէջ Ու Անդին

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Քաղաքներ կը դրօշազարդուին յաղթանակի եւ տօնական հպարտութեան առիթներով: Օգոստոս էր: Երեւանեան արեւին տակ հանրային փոխադրութեան կառքը բարձրացանք Կոմիտաս պողոտայէն: Անցանք բազմամբոխ փողոցներէ եւ հրապարակներէ եւ վերջապէս, ժամ տեւած ճամբորդութենէ ետք, միջօրէին, հասանք  տիւ եւ գիշեր, ամառ եւ ձմեռ դրօշազարդուած Եռաբլուր: Մեր դիմաց էր կապարային լոյսի տակ հեւացող մատուռը, որուն առջեւ փռուած էին մարմարեայ անտառացած շիրիմներ, որոնց գլխավերեւը կային...

Ձօն՝ Դպրեվանքի Հիմնադրութեան 90 ամեակին.   Խորհէ Եւ Մտիր

Մտորումներ Դպրեվանքի Նոր Տարեշրջանի Շեմին

ՆԱՐԵԿ ՔՀՆՅ. ԹՐԹՌԵԱՆ Երեսուն տարի առաջ` հոկտեմբեր 1993-ին, դարձայ դպրեվանքի սան: Որոշ իմաստով դպրեվանք յաճախելու որոշումս պատահական էր: Այդ ամառ յաջողած էի Պրէօվէի պետական քննութեան, սակայն մեր դպրոցը որոշեց 10-րդ դասարան չբանալ, որովհետեւ յաջողածներուս թիւը բաւարար չէր, եւ մեզմէ շատեր պէտք եղած նիշերը չունէինք: Ծնողքս միջոց չունէր զիս ուրիշ տեղ դպրոց ուղարկելու, սակայն մէջս ուսման փափաքը չէր յագեցած: Գուրգէնին խանութը...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Նշմար. Ալիեւ Խաբեր Է Փաշինեանը, Փաշինեանն Ալ` Հայութիւնը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Լեւոն Փաշալեանի «Հին զգեստը» պատմուածքին մէջ կայ մօտաւորապէս սա տողը. Չըսեմ ըսի, բայց չ՛ըլլար... Կրնանք ըսել, որ վարչապետ կոչեցեալ Նիկոլ Փաշինեանի իւրաքանչիւր հրապարակային «փայլատակում»-էն ետք, բանիմաց հայը այդ տողը կ՛ուզէ ձեւով մը փոխ առնել, այսինքն, պահ մը կը մտածէ, թէ արդեօք կ՛արժէ՞ գնահատականներ ընել անմտութիւնը կրկին ու կրկին ապացուցող արտայայտութիւններուն մասին, յետոյ կը հրաժարի, որովհետեւ գիտէ, որ իմաստակութեան...

Անդրադարձ.  Սփիւռքահայ Կեանքեր` Ինչպէս Որ Տեսայ  (Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանին Նոր Գիրքը)

Չըրչիլի Օրինակը Եւ Ընդդիմութեան Մոլորանքը

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ Ուինսթըն Չըրչիլ իր ժամանակի միջազգային պատմութիւնը իր անունով դրոշմած  էր եւ  ամբողջ աշխարհի հիացմունքին արժանացած` հռչակուելով քսաներորդ դարու մեծ յաղթականը, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի ժողովրդավարութեան փրկիչը: Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի ամբողջ տեւողութեան անոր  ցուցաբերած վճռականութիւնն ու պատմակշիռ յաջողութիւնները բաւարար էին, որ իր անունին հետ նաեւ իր երկրին` Բրիտանիոյ հմայքը տարածուէր աշխարհով մէկ եւ ան նկատուէր քաղաքականութեան մէջ անգերազանցելի եւ իր...

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.   Այլընտրանքը Դաւաճանուած Հայաստանի Կործանումն Է

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Այլընտրանքը Դաւաճանուած Հայաստանի Կործանումն Է

2023 թ. սեպտեմբերի 19-ին, ցերեկուայ ժամը 1:00-ին, ազրպէյճանական զինուժը լայնածաւալ  յարձակում սկսեց Արցախի դէմ` կիրառելով մեծաթիւ ծանր զինատեսակներ, հրետանի եւ օդուժ: Հերթական պատերազմը Ազրպէյճանի իշխանութիւնները պաշտօնապէս ներկայացրին որպէս հակաահաբեկչական գործողութիւն: Նոյն օրուայ երեկոյեան, մօտաւորապէս նոյն ժամանակ, երբ ռազմական գործողութիւնները խիստ նուազել էին, իսկ թշնամուն չէր յաջողուել, բացի մի քանի պահակակէտերի գրաւումից, լուրջ առաջխաղացում արձանագրել, ազրպէյճանական կողմը յայտարարեց, թէ հնարաւոր է...

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի Այս Տարուան Իններոդ Թիւը

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի Այս Տարուան Իններոդ Թիւը

Լոյս տեսաւ «Դրօշակ»-ի այս տարուան սեպտեմբերի թիւը, որ կարելի է կարդալ համացանցին մէջ: Հայ ժողովուրդի եւ, մասնաւորապէս, Արցախի ու արցախահայութեան նորօրեայ մեծագոյն ողբերգութեան նիւթին նուիրուած պաշտօնաթերթի «Առաջնորդող»-ը: Անի Մելքոնեանը անդրադարձած է Արցախի նորագոյն պատմութեան` յատկապէս անկախացման գործընթացի շրջանէն մինչեւ մեր օրերը: Նշուած երկու յօդուածներուն մէջ ալ կը շեշտուի այն միտքը, որ հայ ժողովուրդի եւ հայոց պետականութեան ու հայրենիքի փրկութիւնը անմիջականօրէն...

Յայտարարութիւններ ( 2 Յունիս 2023)

Ստացուած Գիրքեր «Մեծ Մօրս Կեանքի Ճանապարհը. Սիմա Տիւքէնճեան-Քիւսպէկեանի Յուշերը» (Հեղինակ` Սեդօ Քիւսպէկեան)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Պէյրութի մէջ 2023-ին լոյս տեսաւ «Մեծ մօրս կեանքի ճանապարհը. Սիմա Տիւքէնճեան-Քիւսպէկեանի յուշերը» գիրքը. բաղկացած` 96 էջերէ: Հեղինակ` Սեդօ Քիւսպէկեան: Գնահատագիրին մէջ Վարուժան արքեպիսկոպոս Հերլեկեան կ՛ըսէ, որ օրինակելի եւ մեծապէս գնահատելի աշխատանքի մը արգասիքն է այս գրքոյկը, որ կը ցոլացնէ թոռնիկին հոգածու եւ սերտ կապը մամիկին հետ: Այս եւ նման նախաձեռնութիւններ վարակիչ պէտք է դառնան Այնճար հայաւանին մէջ, որպէսզի...

ՎԱԽ

ՎԱԽ

ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ Ջուրի մեծ հեծանիւը վախ կ՛ազդէր, բայց եւ կը գրաւէր. ինչո՞վ. կ՛երեւի`  նորութեամբ, չէր փորձած: Հեծանիւը վարող երիտասարդը զգաց իր տատամսիլը, միաժամանակ առաւ հոտը իր հմայուած վիճակին. վաւերական յաճախորդ: - Ե՛լ,- ըսաւ համարձակութեամբ: - Որքա՞ն է: - Քառորդ ժամը 13$: Ե՛լ: - Ո՛չ: - Կը վախնա՞ս: - Չեմ վախնար, ամուսինս... - Ի՛նքն ալ թող գայ: Ամուսինը չեկաւ, եւ ինք,...

Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը

Եւ Արցախը Կրկին Դարձաւ… Ղարաբաղ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Եւ Արցախը կրկին դարձաւ Ղարաբաղ... Իրողութիւն մը` վշտալի եւ անհաւատալի, նոյնքան ալ` հաւատալի եւ իրական: *** Այս օրերուն դարձեալ պատմութիւնը խառնած է իր էջերը, եւ իր չար պարը սկսած է պարել մեր հողերուն վրայ` սկսելով Արցախէն, հասնելով մինչեւ Հայաստանի Հանրապետութիւն: Պար մը` ե՛ւ անմարդկային-դժոխային ե՛ւ մահացու-ողբերգական: Ու այս մէկուն իբրեւ հարազատ արդիւնք` աշխարհով մէկ տարածուեցաւ լուրը, աւելի ճիշդ`...

Վկայութիւններ` Համազգայինի 95-Ամեակին Առիթով

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով. Ազգային Արժէքային Համակարգի Վերականգնման Նոր Շարժումի Մը Անհրաժեշտութիւնը

Թարգմանչաց տօնը յուշարար օրն է` տարուան ընթացքին ամէն օր ապրելու տօնին խորհուրդով եւ պատգամներով: Հայոց գիրերու գիւտն ու Աստուածաշունչի անդրանիկ թարգմանութիւնը մեկնարկը հանդիսացան հայ դպրութեան եւ ամէնէն կարեւորը` Թարգմանչաց շարժումին: Շարժում մը, որուն նպատակն էր հայացնել հայ ժողովուրդի դարաւոր հոգեմտաւոր ժառանգութիւնը եւ լեզուն դարձնել հայապահպանման հիմնական կռուանը: Շարժում մը, որուն հիմքերը հետագային հանդիսացան պետականութեան պահպանումն ու ազգին գոյատեւումը: Շարժում մը,...

Մինակ Չես

Դպրեվանեան Մաղթանք

ԱՌԱՔԵԼ ԱԲՂ. ԳԱՏԵՀՃԵԱՆ (Ձօն` Ա՛Յն Սրբազան Յարկին` Դպրեվանքին, Ուր Հասակ Առի Թէ՛ Մտապէս, Թէ՛ Հոգեպէս Եւ Թէ՛ Ֆիզիքապէս) Աստուածային պարգեւ աննման, Ուր ամէն հայ կը զգայ ինչպէս իր տան: Բաբախող սիրտն ես Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին, Ուր կը պատրաստուին սերունդներ թանկագին: Գորովազեղ մայր ես դուն, Մեր կողքին ես ցերեկ թէ իրիկուն: Դուռն ես երկինքի արքայութեան, Յաճախողիդ ցոյց կու տաս ճամբան: Եղար...

Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը

Հոկտեմբեր` Մշակոյթի Ամիս. Մտորումներ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Չեմ յիշեր` ո՞ր տարին էր, երբ քաղաքական եւ զանազան հարցերու կողքին, այդ օրերու իր երկրին նախագահին գլխաւորութեամբ կազմակերպուած ֆրանսախօս երկիրներու համագումարը, իբրեւ մեծ մտահոգութիւն եւ ահազանգ, օրակարգի գլխաւոր նիւթը դարձուցած էր երկրէն ներս ֆրանսերէն` նուազ գործածութեան հարցը: Լեզուին ՆԱՀԱՆՋԸ: Ապա, իբրեւ լուրջ եւ նոյնքան ալ մտահոգիչ ու տագնապալի հարց, օրուան կառավարութիւնը պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայաններէն, նաեւ երկրի լայնածաւալ...

Առաքինի Մայրը (Մայրերու Օրուան Առիթով)

Հայ Նշանագրերու Անզուգական Դերը (Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ Ամէն տարի երկու հանդիսաւոր առիթներով տարասփիւռ հայութիւնը կ՛ոգեկոչէ յիշատակը գրի եւ մշակոյթի իր տիտաններուն, որոնց կը պարտինք հայ գիրի եւ մշակոյթին գոյատեւումը: Արդարեւ, ամէն տարի Հոգեգալստեան չորրորդ Կիրակիին յաջորդող առաջին հինգշաբթին` Հայ գիրի օր է, «Տօն Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետացն Մերոց Սահակայ եւ Մեսրոպայ»: Իսկ Խաչվերացի երրորդ կիրակիին յաջորդող առաջին շաբաթը Հայ մշակոյթի օր է` նուիրուած...

Տօն Սրբոց Թարգմանչաց

Տօն Սրբոց Թարգմանչաց

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հայ ժողովուրդի ազգային եւ եկեղեցական տօներէն է Սուրբ Թարգմանչաց տօնը, որ կը նշուի Խաչվերացի չորրորդ կիրակիին յաջորդող շաբաթ օրը: Թարգմանչաց տօնը կը խորհրդանշէ հայերէն գիրերու գիւտը, Աստուածաշունչի հայերէն առաջին թարգմանութիւնը, Թարգմանչաց շարժումը եւ հայ դպրութեան սկզբնաւորումը: Հայ եկեղեցին Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետացն մերոց անուան տակ կը տօնէ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի եւ անոր աշակերտներուն` Եղիշէի, Մովսէս Խորենացիի եւ Դաւիթ Անյաղթի,...

Բանաստեղծին, Որ Փառաւորեց Հայ Գրականութիւնը Եւ Աստուած Փառաւորուեցաւ Իրմով

«Բագին»-ի Վաթսունամեակ

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ Ինքը` բագինն է, որ աշխարհի չորս ծագերէն շրջանակած է իր քուրմերն ու քրմուհիները վաթսուն տարիներէ ի վեր: Իսկ անոնք գիրով ու բանով, երկիւղածութեամբ կամ աներկիւղ, դասական կամ փորձառական ծէսերով, մայրենիի հոգատարութեամբ, ձայնի ելեւէջներով, ոճային յանդգնութիւններով, իմաստասիրութեան խաւերով, քննադատութեան ակնոցներով եւ հրաշագործ մականներով, շարան-շարան ձայներգութեամբ «զոհ»-ին տուած են կեանք, մարմին եւ արիւն. բարձրացուցած կամ սուզած են խորհրդաւորի ծալքերուն: Արարած...

Իր Իրաւութեան Հաւատարիմ Մարգար Շարապխանեան

Իր Իրաւութեան Հաւատարիմ Մարգար Շարապխանեան

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Օգոստոսին Մարգար Շարապխանեան` անուսադիր Հայը, կատարեց իր վերջին ճամբորդութիւնը եւ գնաց Աշտարակ, հոն թաղուեցաւ, յաւերժութիւնը ապրելու համար նախահայրերու կողքին: Ոչ ոքի տուրք տալու համար կը գրեմ սրտի այս խօսքը: Քիչ կը խօսինք ազգային իրաւութեան մասին, քանի որ զանազան բնոյթի «հանգամանաւոր»-ները պէտք չէ վշտացնել: Անոնք ամէն տեղ են` Ֆրանսայի կապուտակ ծովափը, Մոնաքօ, Պեւըրլի Հիլզ, Մանհաթանի երկինք շոյող աշտարակներուն գագաթը,...

Պարոն Մարգար Շարապխանեանը` Անզուգական Տնօրէնն Ու Մենտորը

Պարոն Մարգար Շարապխանեանը` Անզուգական Տնօրէնն Ու Մենտորը

ՐԱՖՖԻ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ Արցախի ճգնաժամային օրերուն, երբ կը պատրաստուէինք նշել Հայաստանի եւ Արցախի զոյգ անկախութիւնները վարժարանէն ներս, երկու օր անքուն կը մտածէի, թէ ի՛նչ պատգամ պիտի տամ մեր աշակերտութեան, երբ մղոններ հեռու Արցախը կը յանձնուի ոսոխին  եւ Հայաստան պատանդ առնուած է դաւաճաններու ձեռքը: Յիշեցի իմ աշակերտական օրերս, երբ հանգուցեալ պարոն Մարգար հանդէս կու գար մեր աշակերտական առաւօտեան հաւաքներուն, երբ միասնաբար կ՛աղօթէինք...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Կազա. Բազկի Ուժը Աջակից Կ՛ապահովէ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Ազերիական մատնահետքեր՝ Արցախ Իսրայէլեան մատնահետքեր՝ Կազա Իսրայէլի վրայ Կազայէն արձակուած պաղեստինեան լայնածիր յարձակումը թեւակոխած է չորրորդ օրը, խլած է միջազգային քաղաքական բեմի եւ մամուլի գրեթէ բոլոր լուսարձակները, մէկդի հրած է Ուքրանիան, Հայաստանը, նաեւ` այլ «շրջանային տագնապներ», ալ ի՞նչ խօսք` բնական աղէտներու ու գաղթականներու թղթածրարներուն մասին: Աշխարհը վայրկեանը վայրկեանին քայլ կը պահէ դէպքերու սլացքին հետ: Լիբանանէն եւ դէպի Լիբանան...

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Կարապետ Պասմաճեան

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Կարապետ Պասմաճեան

Համադրեց` ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Դեղագործ Կարապետ Պասմաճեան Դեղագործ Կարապետ Պասմաճեան ծնած է Պոլիս, 1864ին: Աւարտած է Պոլսոյ դեղագործական ուսումնարանը եւ Փարիզի համալսարանի պատմաբանասիրական դպրոցը: Հմտացած է արեւելեան ժողովուրդներու, լեզուներու, պատմութեան եւ բանասիրութեան մէջ, երկար ժամանակ շրջած է արեւելքի երկիրները: Պոլսոյ մէջ ձերբակալուած է քաղաքական շարժառիթով եւ ապա` ազատ արձակուած: Ապա փոխադրուած է Փարիզ եւ հաստատուած է հոն: 1890-ի սկիզբէն վերջնականապէս...

Page 232 of 1111 1 … 231 232 233 … 1,111

Արխիւներ