Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ – Գաղութ

Հոկտեմբեր 19, 2023
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Բողոքի Ցոյցեր Առ Ի Զօրակցութիւն Արցախին

Սպանիա

Կազմակերպութեամբ «Եւրոպացիները յանուն Արցախի» նախաձեռնութեան, 5 հոկտեմբերին  Սպանիոյ Կրանատա քաղաքին մէջ կազմակերպուեցաւ բողոքի ցոյց` իբրեւ աջակցութիւն Արցախի ժողովուրդին: Ցոյցին նպատակն էր իրազեկ դարձնել մարդկութեան դէմ Ազրպէյճանի յանցագործութիւնները, դատապարտել Եւրոպական Միութեան մեղսակցութիւնը Ազրպէյճանի կազմակերպած ցեղային  զտումներուն եւ կոչ ուղղել միջազգային անյապաղ միջամտութեան` դադրեցնելու Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութիւնը:

Հանրահաւաքը տեղի ունեցաւ Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթնաժողովի ժամանակ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի հանդիպման ժամանակ:

Ցոյցի կազմակերպիչներէն Տիրան Կիլիկեան ներկայացուց ցուցարարներուն պահանջները`  կարեւոր նկատելով Ազրպէյճանը իր ցեղասպան քաղաքականութեան համար պատասխանատուութեան ենթարկելու կոչը:

«Եւրոպացիները յանուն Արցախի» նախաձեռնութեան համակարգող Գասպար Կարապետեան ընդգծեց հայկական միասնութեան կարեւորութիւնը` ի պաշտպանութիւն Արցախի: Ան կոչ ուղղեց հայ համայնքին միասնաբար բռունցք դառնալու յանուն Արցախի:

Կրանատայի հաւաքը ուղերձ յղեց եւրոպական ղեկավարութեան` պահանջելով անյապաղ միջոցներու ձեռնարկել ազրպէյճանական շարունակուող ցեղասպանական քաղաքականութեան դէմ:

Ռումանիա

9 հոկտեմբերին Պուքրէշի մէջ Ռումանիոյ կառավարութեան շէնքին դիմաց տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց` կազմակերպութեամբ Ռումանիոյ հայոց թեմին եւ Ռումանիոյ հայոց միութեան:

Ռումանիոյ հայոց թեմի առաջնորդը դատապարտեց Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուած գործողութիւնները` զանոնք որակելով երկրորդ ցեղասպանութիւն, եւ կոչ ուղղեց ռումանական կառավարութեան` առաւել եւս շրջահայեաց ըլլալու իր արտաքին քաղաքականութեան մէջ, որովհետեւ անընդունելի է Արցախի մէջ տիրող ներկայ ցեղասպանական գործողութիւններուն ժամանակ հանդիպում ունենալ վայրագ երկրի խորհրդարանի նախագահին հետ: Սրբազանը յոյս յայտնեց, որ պայքարը պիտի շարունակուի,  եւ օր մը անպայման հայը պիտի վերադառնայ Արցախ: Նշենք, որ Ռումանիոյ առաջնորդը պաշտօնական նամակներ յղած էր Ռումանիոյ նախագահին, վարչապետին, Ծերակոյտի նախագահին, Պատգամաւորներու պալատի նախագահին, արտաքին գործոց նախարարին եւ Ռումանիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքին, իսկ 29 սեպտեմբերին մեկնած էր Հայաստան եւ այցելած Սիւնիքի, Վայոց Ձորի եւ Լոռիի մարզերը, նաեւ Վայք, Մասիս, Երեւան եւ անձամբ հանդիպած էր Արցախէն  բռնի տեղահանուած հայութեան հետ, ծանօթացած էր անոնց խնդիրներուն եւ ստեղծուած մարդկային աղէտին:

Ցոյցի ընթացքին հանդէս եկան Ռումանիոյ հայոց միութեան նախագահ Վարուժան Ոսկանեան եւ Ռումանիոյ խորհրդարանին մէջ ազգային փոքրամասնութիւններու խումբի ղեկավար Վարուժան Փամբուկճեան, որոնք յայտարարեցին, որ շարք մը հանդիպումներ ունեցած են Ռումանիոյ նախագահին, արտաքին գործոց նախարարին եւ այլ պատասխանատու կառոյցներու ղեկավարներուն հետ` պահանջելով չեղեալ նկատել ազրպէյճանական պատուիրակութեան այցը, մարդկային օգնութիւն տրամադրել բռնի տեղահանուած արցախահայերուն, անմիջապէս քայլերու ձեռնարկել Արցախի մէջ մշակութային ցեղասպանութիւնը կանխելու համար` պահանջելով Եւրոպական Միութեան կողմէ յստակ երաշխիքներ:  Հանդիպումներուն հիմամբ Ռումանիոյ նախագահը արդէն չեղեալ նկատած է հանդիպումը ազրպէյճանական պատուիրակութեան հետ, իսկ Ռումանիա արդէն մարդասիրական օգնութեան առաջին խմբակը ուղարկած է Հայաստան:

Պատմաբան, Ռումանիոյ խորհրդարանի Հայաստան-Ռումանիա բարեկամական խումբի նախագահ, պատգամաւոր Դանիէլ Գէորգէն խօսեցաւ հայ եւ ռումանացի ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան մասին, ինչպէս նաեւ իբրեւ առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդ հայերու ստեղծած քրիստոնէական ու մշակութային հսկայածաւալ ժառանգութեան մասին, որ այս պահուն վտանգուած է Արցախի մէջ: Ան իր աջակցութիւնը յայտնեց հայ ժողովուրդին` ողջունելով Եւրոպական խորհրդարանի դատապարտող բանաձեւի ընդունման փաստը, կոչ ուղղելով միջազգային հանրութեան թոյլ չտալու հայ ժողովուրդի պատմական յիշողութեան ջնջումը:

Պատմաբան Ատրիան Նիկուլեսկու իր խօսքին մէջ նշեց, որ Ազրպէյճանի իրականացուցած գործողութիւնները Արցախի մէջ որեւէ հիմնաւորում կամ արդարացում չունին, իսկ վայրագ երկրի խորհրդարանի նախագահի այցելութիւնը Եւրոպա` Ռումանիա, որեւէ ձեւով ընդունելի չէ եւ չի դրուիր ժողովրդավարութեան եւրոպական չափանիշներու մէջ, եւ առաջարկեց դիմել Պուքրեշի քաղաքային իշխանութիւններուն` պահանջելով վերցնել քաղաքի այգիներէն մէկուն մէջ տեղադրուած Ալիեւի հօր` Հայտար Ալիեւի արձանը:

Ելոյթներ ունեցան նաեւ երիտասարդաց կառոյցի պատասխանատուներ Վահէ Յովակիմեան եւ Հրանդ Ջաղինեան, որոնք ներկաներուն կոչ ուղղեցին, որ յոյսով նային  ապագային, որովհետեւ երիտասարդները մեր պայքարի շարունակողներն ու ջահակիրները պէտք է ըլլան:

Միացեալ Նահանգներ

 Առաջնորդ Սրբազան Հայրը` Նորթ Անտովըրի Մէջ

1 հոկտեմբերին Վարագայ Սուրբ Խաչ տօնին առիթով, Նորթ Անտովըրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան պատարագեց եւ կիսասարկաւագ ձեռնադրեց Զարեհ Պլպուլեանը: Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ շեշտեց Սուրբ Խաչի եւ ծառայութեան միջեւ ներքին կապը, որ քրիստոնէական կեանքի առանցքը կը կազմէ: Անդրադառնալով արցախեան հայրենիքի ներկայ դժնդակ իրականութեան, որ քսանմէկերորդ դարու ցեղասպանութեան համազօր է, ան շեշտեց մեր հաւատքին մէջ անյողդողդ մնալու կարեւորութիւնը Սուրբ Խաչէն ճառագայթող յոյսով, որ կ՛առաջնորդէ ինքնակենսաւորման եւ գերագոյն յաղթանակի:

Ձեռնադրութենէն ետք, սրբազանը ընթերցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի կոնդակը, որով ծաղկեայ փիլոն կրելու իշխանութիւն կը շնորհուէր եկեղեցւոյ հովիւ Ստեփան քհնյ. Պալճեանին, իր քահանայական 15-ամեայ ծառայութեան առ ի գնահատում: Սրբազան հայրը դրուատեց հայ եկեղեցւոյ հանդէպ քահանայ հօր ունեցած սէրն ու նուիրումը, որոնք ժառանգած է իր հօրմէն` Անդրանիկ ա. քհնյ. Պալճեանէն:

Պատարագի աւարտին նշուեցաւ եկեղեցւոյ օծման 53-րդ տարեդարձը: Հոգաբարձութեան ատենապետ Յովսէփ Ալմասեան ներկայացուց եկեղեցւոյ տարեկան գործունէութիւնը եւ այս առիթով շնորհաւորեց նաեւ Ստեփան քհնյ. Պալճեանի 15-ամեայ ծառայութիւնը համայնքին մէջ: Ազգային առաջնորդարանի պատուոյ գնահատագիր ստացաւ Փոլ Տէմուրճեան: Ապա քահանայ հայրը ուրախութիւն յայտնեց եկեղեցւոյ յարաճուն զարգացման համար:  Առաջնորդ սրբազանը կրկին շնորհաւորեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը եւ բարձրօրէն գնահատեց ծխականներուն անվերապահ աջակցութիւնը:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Միշիկընի Մէջ

8 հոկտեմբերին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան մատուցեց Ս. պատարագ, որուն ընթացքին դպիր ձեռնադրեց հետեւեալ 12 պարման-պարմանուհիներ` Սարին Շէրպէթճեան, Սերժ Շէրպէթճեան, Ճոզեֆ Կարապետեան, Վարդան Կարապետեան, Լոռի Գէորգեան, Նարեկ Գէորգեան, Հայկ Նազարէկեան, Ճէյքոպ Շլեչըր, Լուքաս Շլեչըր, Ալեքսան Թոփուզեան, Ցոլին Զուլքիեւսկի եւ Վիգէն Զուլքիեւսկի եւ կիսասարկաւագութեան աստիճան շնորհեց Ալեքսանդր Քուրքէչեանին եւ Պերճ Վարդանեանին:

Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ ուրախութիւն յայտնեց, թէ այս ձեռնադրութիւնները կը զուգադիպէին նախորդ օր նշուած Քրիստոսի 72 աշակերտներու տօնին եւ կը հանդիսանային իբրեւ հաւատքի աշխուժացման շօշափելի նշան: Ան շեշտեց այն իրողութիւնը, թէ առաքեալ կամ աշակերտ, դպիր կամ կիսասարկաւագ եւ կամ հոգեւոր աստիճանի ոեւէ անձ, իր կոչումը կ՛արդարացնէ զՔրիստոս ցոլացնելով  եւ իր կեանքին մէջէն սփռելով Անոր աւետած լոյս հաւատքը, յոյսը եւ սէրը, որոնց այնքան կարիքը ունի արդի ընկերութիւնը, որ կը տուայտի անորոշութեան մոլար ուղիներէ ընթանալով:

Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ սրահին մէջ նշուեցան եկեղեցւոյ 61-րդ եւ համայնքին 91-րդ տարեդարձները: Եկեղեցւոյ հովիւ Հրանդ քհնյ. Գէորգեան շնորհակալութիւն յայտնեց եկեղեցւոյ բոլոր մարմիններուն եւ ծխականներուն գործակցութեան համար` յիշելով նորոգ ձեռնադրեալ կիսասարկաւագներուն հաւատարմութիւնը եկեղեցւոյ հանդէպ: Սրբազան հայրը բարձրօրէն գնահատեց Հրանդ քհնյ. Գէորգեանի ձեռներէցութիւնը, որով հոգաբարձութեան եւ յարակից մարմիններու եւ քոյր կազմակերպութեանց անսակարկ զօրակցութեամբ եկեղեցւոյ եւ սրահին ամբողջական վերանորոգումը յաջողցուցած էին անցնող տարեշրջանին: Նաեւ դրուատեց երիտասարդութիւնը, յատկապէս համալսարանական երիտասարդները համայնքին կապելու ձգտող ծրագիրները:

Քանատա

Եպիսկոպոսական Սուրբ Եւ Անմահ Պատարագ Եւ  Լանջախաչի Շնորհում

1 հոկտեմբերին Լաւալի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, Լաւալի «Պոն Փասթէօր» եկեղեցւոյ մէջ Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան մատուցեց Ս. պատարագ:

Պատարագի ընթացքին Յակոբ վրդ. Եագուպեան ընթերցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին սրբատառ կոնդակը, որուն մէջ վեհափառը Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հովիւ Յակոբ քհնյ. Գեադայեանին կը շնորհէ  լանջախաչ կրելու իշխանութիւն:

Լանջախաչի տուչութենէն ետք, առաջնորդ սրբազանը ուղղեց իր պատգամը: Ան ըսաւ, որ Ս. Գէորգ եւ բոլոր սուրբերը ոչ միայն խաչը ունեցան իրենց հետ, այլեւ խաչը փնտռեցին, գտան, ճանչցան, խաչեալին հաւատքով զինուած` խաչեալին չարչարանքներուն բաժնեկից դարձան: Սրբազանը շնորհաւորեց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը եւ գնահատանքի խօսք ուղղեց եկեղեցւոյ հովիւին, նաեւ մեծ ընտանիքին:

 

 

Նախորդը

Կերակուրի Մը Պատմութիւնը

Յաջորդը

Բացառիկ Գրական Հանդիպում` Հանրաճանաչ Գրող Ալեքսանտր Նաժժարի Հետ. Բացում Մեսրոպեան Վարժարանի 85-Ամեակի Ձեռնարկներուն

RelatedPosts

Պաթոն Ռուժի Հայութիւնը Նշեց Հաճնոյ Հերոսամարտի 105-Ամեակը
Գաղութէ Գաղութ

Պաթոն Ռուժի Հայութիւնը Նշեց Հաճնոյ Հերոսամարտի 105-Ամեակը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպեցաւ Քանատայի Վարչապետ Մարք Քառնիի Հետ
Գաղութէ Գաղութ

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպեցաւ Քանատայի Վարչապետ Մարք Քառնիի Հետ

Հոկտեմբեր 23, 2025
Գաղութէ – Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Հոկտեմբեր 23, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?