Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. 1918-ին Ստեղծուած Ազրպէյճանը Հազարաւոր Տարիներու Հայկական Հողերը Իրը Կը Նկատէ, Այնպէս` Ինչպէս 1948-ին Ստեղծուած Իսրայէլը Հազարաւոր Տարիներու Պաղեստինը Իրը Կը Նկատէ – Պաղեստինցիներուն Արդար ու Նախանձելի Պոռթկումը. Իսրայէլ` Հայաստանի Արցախի ու Լիբանանի Չարիքներուն Ստոյգ Մեղսակիցը

Հոկտեմբեր 17, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Իսրայէլի կատարեալ ամբարտաւան վարչապետ Նեթանիահուն եւ Իսրայէլը ուղղակի՛ մեղադրող` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ամպիոնէն ցոյց տուած իր քարտէսները: Ստորեւ կը ներկայացնեմ այս նիւթով եղբօրս հետ զրոյցին եզրակացութիւնը:

1.- Սկսինք Լիբանանի վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի դաժան սպանութեան դէպքէն:

Իսրայէլի կողմէ հրահրուած եւ մասնակցած, Լիբանանի 15 տարի տեւած քաղաքացիական պատերազմէն ետք, վարչապետ Հարիրի 1992-ին մեծ ծրագիրներով ստանձնեց երկրին վարչապետի պաշտօնը: Հարիրին Լիբանանը պիտի վերածէր արաբական աշխարհին` Ծոցի երկիրներուն աշխարհի հետ կապը` դուռ-պատուհանը եւ դրամատունը: Ի՞նչ էին Հարիրիի գլխաւոր ծրագիրները.

1. Վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութիւնը: 2. Ամերիկեան հովանաւորութեամբ, Պէյրութը փոխարինող, այսպէս կոչուած, «Աբրահամ համաձայնութեան» բեռնատար ուղիները Հայֆայի նաւահանգիստէն դէպի Ռիատ, Պահրէյն, Տուպայ եւ Օման` մայրուղի եւ երկաթուղի, որ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն Նեթանիահու կարմիր հաստ գրիչով Հայֆայէն Տուպայ նոր ուղիին ծրագիրը յայտնեց ու գծեց:

Ա.- Ընդլայնել ու արդիականացնել օդակայանը, որ կատարուեցաւ:

Բ.- Երկրին հաղորդակցութեան` հեռաձայն, բջիջային, համացանց եւ այլն,  զարգացնել, որ կատարուեցաւ:

Գ.- Նաւահանգիստը ընդլայնել, որպէսզի ծառայէ արաբական աշխարհին: Այս ալ եղաւ:

Դ.- Պէյրութ-Դամասկոս Համաարաբական արագ մայրուղիի կառուցում (1), որպէսզի ընդլայնուած նաւահանգիստէն դէպի Միջին Արեւելքի արաբական աշխարհը բեռներ փոխադրէ: Չնչին մաս մը իրականացաւ:

Համաձայնագիրը ստորագրուեցաւ 30 մայիս 2003-ին, սակայն տակաւին չգործադրուեցաւ, քանի որ այս բոլոր ծրագիրներուն մղիչ ուժը` Ռաֆիք Հարիրին, 14 փետրուար 2005-ին դաժանօրէն սպաննուեցաւ, շատ հաւանաբար` Իսրայէլի կողմէ, որպէսզի Լիբանանը երբեք արաբական աշխարհին նաւահանգիստն ու տնտեսական կեդրոնը չդառնայ, ՔԱՆԻ ՈՐ ԻՍՐԱՅԷԼ Ի՛ՆՔ Կ՛ՈՒԶԷ ԱՅԴ ԴԵՐԸ ՎԵՐՑՆԵԼ… Փաստը Նեթանիահուի քարտէսով ելոյթները ՄԱԿ-ի ամպիոնէն, եւ Ամերիկայի ճնշումով, Արաբական ծոցի կարգ մը երկիրներուն «բնականոն» յարաբերութիւնը Իսրայէլի հետ, վերջինը` տակաւին անաւարտ մնացած Սէուտական Արաբիոյ հետ «հաշտութիւնը»:

Յատկանշական է, որ լիբանանեան Դիմադրութիւնը` Հըզպալլան, ինչպէս այլ առիթներով ալ, գաղտնազերծած էր իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքի մը տեսախցիկին կեդրոնին հետ կապը, որ ցոյց կու տար սարքին հետապնդումը Ռաֆիք Հարիրիի ինքնաշարժին ուղեւորութիւններուն, ներառեալ` պայթումին վայրը (2): Թէեւ ստեղծուեցաւ միջազգային ծիծաղելի ու զզուելի ատեան մը, որ քանի մը անգամ կեղծեց ամբողջ եղելութիւնը, սխալ անձեր ապահովութեան 4 պետերը, գրեթէ 4 տարի բանտարկեց, ապա ազատ արձակեց եւ այլն… Եւ երկիրը մտցուց աւելի խոր պառակտումի մէջ:

3. Պէյրութի շուրջ 5 քմ երկարութեամբ նաւահանգիստին հսկայ բեռնարկղներ փոխադրող, նկարին մէջ` 8000 (մինչեւ 24 հազար) բեռնարկղ, նաւերու բաժինը:  4.- Շրջապատէն կղզիացած երկիր` Իսրայէլի չափին համեմատ 3 քմ երկայնք ունեցող Հայֆայի հսկայ նաւահանգիստէն մաս մը, որ կառուցուած է Պէյրութի փոխարէն` արաբական աշխարհին սպասարկելու համար:

Ոճիրներու պարագային, երբ ոճրագործին փնտռտուքը կը կատարուի, հիմնական հարցումը կ՛ըլլայ, թէ ո՞վ կ՛օգտուի տուեալ ոճիրէն: Այս պարագային մի՛այն թշնամի Իսրայէլը օգտուեցաւ, ուրեմն… Շատ հաւանաբար ինք գործադրեց Հարիրիի ոճիրը:

2.- Իսրայէլ մէկ հրթիռով գործադրեց իր ծրագիրը, կործանելով Պէյրութի նաւահանգիստն ու Լիբանանի արդէն տարտամ տնտեսութիւնը, որ նաեւ փտածութեան համընթաց հետեւանք էր:

Նեթանիահու 27 սեպտեմբեր 2018-ին ՄԱԿ-ի ամպիոնէն ցոյց տուաւ (նկար 5)` իբր թէ Պէյրութի մէջ լիբանանեան Դիմադրութեան` Հըզպալլային պատկանող զինամթերքի շտեմարաններ, մէկը` Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ, եւ սպառնաց:

Յաջորդ օրը Հըզպալլան տեղական եւ օտար լրատուամիջոցները հրաւիրեց այդ վայրերը, ուր որեւէ զինամթերք չկար: Իսկ նաւահանգիստի շտեմարանը Հըզպալլային հետ որեւէ կապ չունէր: Այնտեղ ամբարուած էր խորհրդաւոր նաւէ մը 6-7 տարիներ առաջ գրաւուած շուրջ 2700 թոն սաստիկ վտանգաւոր, պայթուցիկ ամոնիա-բորակատ (ammonium nitrate NH4NO3)` իբրեւ պարարտացուցիչ գործածուող նիւթը, որուն աղբիւրն ու նաւուն տէրն ալ չյստակացաւ. մերթ Վրաստան, մերթ Ռումանիա… Այս` ոճրային անփոյթ տնօրինումով մը, այդքան երկար ժամանակ պահ դրուած էր թիւ 12 շտեմարանին մէջ, կարծէք` սպասելով աղէտի մը:

5. Նեթանիահու 27 սեպտեմբեր 2018-ին ՄԱԿ-ի ամպիոնէն ցոյց կու տայ իբր թէ Հըզպալլայի պատկանող զինամթերքի շտեմարանները եւ կը սպառնայ: Յաջորդ օրը Հըզպալլան լրատուամիջոցները հրաւիրեց այդ վայրերը, ուր որեւէ զինամթերք չկար: Իսկ նաւահանգիստի շտեմարանը Հըզպալլային հետ որեւէ կապ չունէր:  6.- Իսրայէլի կողմէ կատարուած Պէյրութի նաւահանգիստին ահաւոր պայթումը` 4 օգոստոս 2020-ին: Նեթանիահու սպառնաց եւ գործադրեց:

Իսրայէլի վարչապետին ՄԱԿ-ի բեմէն կատարած սպառնալիքը 4 օգոստոս 2020-ին գործադրուեցաւ: Ռազմական օդանաւէն արձակուած հրթիռի մը միջոցով պայթեցուց այդ շտեմարանը` կորիզային փոքր ռումբի համազօր ուժգնութեամբ, որ խլեց 200-է աւելի զոհեր եւ շուրջ 7000 վիրաւորներ եւ` մեծ թիւով առանց ապահով բնակարանի ժողովուրդ, պատճառելով հսկայական նիւթական վնասներ, շուրջ` 15 միլիառ տոլար, մինչեւ 15 քմ շառաւիղով: Պայթումին զուգահեռ, շատեր լսեցին պատերազմական օդանաւի մը ձայնը, որ ես ալ լսեցի եւ կը վկայեմ: Իսրայէլ գրեթէ ամէն օր կը բռնաբարէ Լիբանանի օդային տարածքը, քանի որ Արեւմուտքին կողմէ Լիբանանին արդիական հակաօդային պաշտպանութեան զինատեսակներ ունենալը արգիլուած է…

Հեռատեսիլի պաստառէն լսեցինք նախագահ Աունի կոչը Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնին` խնդրելով պայթումին վերաբերող արբանեակային լուսանկարներ տրամադրել, սակայն կոչը անպատասխան մնաց, այնպէս` ինչպէս Հարիրիի պայթումին վերաբերեալ որեւէ արբանեակային նկար չտրամադրուեցաւ… որպէսզի ծածկեն բուն ոճրագործին` Իսրայէլի ինքնութիւնը:

3.- Տեսնելով իր օգնութեամբ դաշնակից Ազրպէյճանին «յաջողութիւնը» քարտէսէն ջնջելու Արցախը` Իսրայէլ ՄԱԿ-ի բեմէն քարտէսի վրայ ջնջեց Պաղեստինն ու Կազան (նկար 7):

7.- Նեթանիահու ՄԱԿ-ի ամպիոնէն ցոյց կու տայ Միջին Արեւելքի իր քարտէսը, ուր Պաղեստինն ու Կազան գոյութիւն չունին եւ մաս կը կազմեն 1948-ի Իսրայէլին: 8. «Նոր Միջին Արեւելք» խորագիրով այլ քարտէս մը հանելով Նեթանիահու կարմիր հաստ մատիտով կը գծէ Արաբական ծոցէն Իսրայէլ` Հայֆա նաւահանգիստ եւ անկէ դէպի Եւրոպա ուղին` բուռն ծափահարութեան արժանանալով…

Իսրայէլեան առաջատար «Հաարեց» օրաթերթն իսկ յատուկ խմբագրականով մը անդրադարձաւ` «Իսրայէլի մատնահետքերը կը գտնուին ամբողջ Լեռնային Ղարաբաղի ցեղային մաքրագործումին վրայ» խորագիրով (3): Այնպէս` ինչպէս Իսրայէլ շուրջ 15 տարի շրջափակուած կը պահէ 2 միլիոն բնակիչով Կազան եւ անդադար ռմբակոծելով երկրամասը` կը կործանէ շէնքեր, խաղաղ բնակիչներ կը սպաննէ Արեւմուտքին լռելեայն քաջալերանքով: Ազրպէյճան օգտուեցաւ իր դաշնակից ու զինամթերք մատակարարող Իսրայէլի փորձառութենէն ու 9 ամիս Արցախը շրջափակելէ ետք յարձակեցաւ Հայաստանի այս դաւաճան վարչախումբին կողմէ լքուած ու թշնամիին յանձնուած Արցախին վրայ` ցեղասպանութիւն գործադրելով:

4.- Արցախի եւ Կազայի զուգահեռները եւ պաղեստինեան դիմադրութեան պոռթկումը:

Կազայի ինքնապաշտպանական Դիմադրութիւնը` Համաս եւ այլք, ականատես եղան Իսրայէլի օգնութեամբ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի «բնաջնջումին» ու քարտէսներու վրայէն անոր ջնջումին, որ աշխարհի կողմէ շատ դիւրութեամբ ընդունուեցաւ: Ապա նաեւ` նոյն օրերուն ՄԱԿ-ի բեմէն Իսրայէլի վարչապետին ներկայացուցած քարտէսը, ուր Կազան ու Պաղեստինը ջնջուած էին ու` երկա՜ր ծափահարութիւններ խլած (նկար 7 եւ 8):

Կանխարգելիչ քայլով մը, նաեւ, պաշտպանելու համար իսլամութեան երկրորդ սրբութիւն` Երուսաղէմի Աքսա մզկիթը, որ քանիցս սրբապղծուեցաւ Իսրայէլի կողմէ, Դիմադրութիւնը 7 հոկտեմբեր 2023-ին ճեղքեց ցամաքային, օդային ու ծովային շրջափակումը եւ յարձակեցաւ զիրենք դաժանօրէն բանտարկող ու յարատեւ սպաննող, ջարդող Իսրայէլի վրայ: Շատ բնական պոռթկում մըն է այս, որ անակնկալի ու շփոթի մատնեց մեծ հռչակ շահած «անպարտելի», ահաբեկչական պետութիւն Իսրայէլը, Միացեալ Նահանգներուն անվերապահ հովանաւորութիւնը վայելող այս դաժան ու ցեղասպան երկիրը, որուն զոհը դարձաւ արաբական աշխարհը, նաեւ` Հայաստանն ու Արցախը: Իսրայէլի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը ծագումով հրեայ, երկքաղաքացի ներգաղթողներ են, մինչ բոլոր պաղեստինցիները հողամասին բնիկ ժողովուրդն են:

9.- Իրանի դէպի Միջերկրական ծով ցամաքային ուղիները` Իրաքի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի վրայով:

5.- Ցամաքային ռազմավարական մայրուղիներու պատերազմներ:

Այժմու վայրագ աշխարհաքաղաքականութիւնը, որ Բ. Աշխարհամարտէն ետք Միացեալ Նահանգները կը կիրարկեն ամէնուրեք ուղղակիօրէն, կամ Իսրայէլի, Թուրքիոյ եւ Ուքրանիոյ նման երկիրներու միջոցով, անհրաժեշտ կը դարձնեն ապահովել ցամաքային ապրանքներու ցամաքային փոխադրութիւնները: Հզօր պետութիւններ Չինաստանը, Հնդկաստանն ու Իրանը կարիքը ունին այլընտրանքային ուղիներու, քանի որ Հորմուզի նեղուցը կամ Սուէզի ջրանցքը կրնան որեւէ պահու փակուիլ նաւեր ընկղմելով այնտեղ, պարտադրելով ծովային ուղին չափազանց երկարել` Եւրոպա հասնելու համար ամբողջ Ափրիկէի շուրջը դառնալով:

Տարօրինակ է, որ իր ժողովուրդէն գաղտնի, անարգելով ու անտեսելով Հայաստանի սահմանադրութիւնը, մէկ անձի կողմէ, վարչապետին ստորագրութիւնը բաւարար կը համարուի հազարաւոր տարիներու մեր հայրենիքը յանձնելու թշնամիին:

Արցախով ապահով Հայաստանը պիտի ապահովէր Հիւսիս-հարաւ մայրուղին (4)` Իրանի, Հնդկաստանի եւ Չինաստանի համար, քանի որ Ազրպէյճանի կամ Թուրքիոյ մէջէն անցքերը վստահելի ուղիներ չեն, անոնք կ՛ենթարկուին Ամերիկայի կամ թուրանական ճնշումներուն: Այս է պատճառներէն մէկը, որ Զանգեզուրի միջանցքը ստեղծելով` Իրանն ու Հնդկաստանը պիտի կտրուին դէպի Սեւ ծով ուղիէն: Այժմ այս հարցին շուրջ կը կեդրոնանայ Հայաստանը առեւանգած եւ թշնամիին հողեր նուիրող դաւադիր վարչախումբին ազգակործան յաջորդ քայլերէն մէկը, որ ՈՐԵՒԷ ՄԻՋՈՑՈՎ պէտք է կասեցուի:

9 հոկտեմբեր 2023
haroutchekijian.wordpress.com 

 

  1. https://opecfund.org/operations/list/pan-arab-highway-project
  2. https://www.military.com/defensetech/2010/08/10/hezbollah-claims-it-hacked-israeli-drone-video-feeds
  3. https://www.aztagdaily.com/archives/594474
  4. https://www.aztagdaily.com/archives/590700
Նախորդը

Խմբագրական «Ալիք»-ի. Ոչնչացուող Ժառանգութիւն. Արցախ (Մշակոյթի Օրուան Առիթով)

Յաջորդը

Նոր «Թարգմանիչներու» Սպասումով

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?