Ստորեւ կու տանք ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի պատգամը` ուղղուած ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէին կազմակերպած` ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին երկարամեայ ներկայացուցիչ Հրայր Մարուխեանի ծննդեան 95-ամեակին եւ մահուան 25-ամեակին նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկին ընթացքին:
Հետեւողական քաղաքականութեամբ եւ բծախնդիր ջանքերով Արցախը թշնամիին յանձնելու շինծու տրամաբանութեամբ Արցախը Հայաստան չէ վարքագիծի ստեղծած ողբերգութենէն ետք, ընդհանուր հիասթափութեան մէջ է համայն հայութիւնը:
Ու եթէ կան մարդիկ, եւ կան դժբախտաբար, որոնք յանուն փայլուն ապագայի, բարօր կեանքի, տնտեսական աճի կամ սուտ խաղաղութեան խոստումներով կամ այդ խոստումները տարածելով կը հաւատան տակաւին, ու կը փորձեն հաւատացնել, որ այլ ելք չկար ու չկայ Արցախը պահելու եւ վաղը, ոչ շատ ուշ, Հայաստանը չկորսնցնելու, ապա մենք կրնանք ըսել, որ գէթ նման զանգուածի մը անունով չենք կրնար արձանագրել, որ համայն հայութիւնը հիասթափուած է: Այդ մարդիկ իրենց հասկացողութեամբ թող շարունակեն ապրիլ ուրախ երգ ու պարով, երջանիկ:
Բայց վստահաբար, առանց երկմտանքի, անվարան կը բարձրաձայնենք, որ ազգային առողջ մտածողութեան տէր, հայու ապրում ունեցող ոեւէ անձ, քաղաքական ուժ կամ այլատեսակ խմբաւորում եւ միաւոր, մտաւորականութիւն թէ քաղաքական գործիչ, մարտունակ երիտասարդութիւն եւ ընդհանրական հաւաքականութիւն անպայմանօրէն հիասթափուած են:
Խնդիրը այսօր հիասթափութեան վարկածը փաստելը չէ, ո՛չ ալ անոր չափը ճշդելը: Ախտորոշումը կատարելէ ետք, այդ հիասթափութիւնը յաղթահարելով, մեր համայն ազգէն վտանգը հեռացնելու, եւ ազատ, անկախ ու ամբողջական Հայաստանի թիրախին հասնելու հրամայականն է, որ կը դրուի մեր դիմաց այսօր:
Ու ճիշդ հայկական այս ճգնաժամին ու վաղը անպայմանօրէն յաղթելու թիրախին հասնելու խաչմերուկին վրայ է, որ այսօր հաւաքուած ենք յիշելու ընկ. Հրայր Մարուխեանը, ոչ իբրեւ անձ միայն կամ ղեկավար, այլ իբրեւ գաղափարական, քաղաքական, կազմակերպական, տեսիլք ունեցող ու կրնկակոխ կերպով այդ տեսիլքի իրականացման համար ձգտող, պայքարող, արարող յեղափոխական մտածողութիւնը, համբերատար բայց հաստատակամ նախապատրաստողը եւ հաւաքական կամքով անկարելին կարելի դարձնելու բազուկը միացնող դաշնակցական ընկերը:
Անտարակոյս, ոչ միայն ՀՅ Դաշնակցութեան 130 եւ աւելի տարիներու պատմութեան, այլ նաեւ հայ ժողովուրդի պատմութեան վերջին հարիւրամեակին մէջ անվիճելի դրոշմ ունեցած է Հրայր Մարուխեան, որ 1963-էն 1994 գործած է իբրեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ 1972 ապրիլէն մինչեւ 1994 յուլիս վարած է Դաշնակցութեան գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչի պաշտօնը, այլեւ ծառայութիւնը:
Յատկացուած ժամանակը չի ներեր տուեալ հատուածի ներհայկական թէ միջազգային քաղաքական հոլովոյթին ու խայտաբղէտ կացութիւններուն, փոփոխութիւններուն, անակնկալներուն թէ տագնապներուն ներկայացումը կատարել: Բայց յստակօրէն կարելի է հաստատել, որ նման ժամանակաշրջանի մը մէջ Դաշնակցութեան մէջ ղեկավար դիրքի վրայ գտնուիլը ինչքա՛ն լուրջ, ծանր ու պատասխանատու բեռ է, որ ընկ. Հրայր իր սերնդակիցներուն հետ իբրեւ քաղցր լուծ շալկեց:
Ընկ. Մարուխեան, ուսումով ճարտարապետ, սեփական յաջող ասպարէզի տէր, բարօր կեանք ունեցող անձնաւորութիւն մըն էր, որ ամէն կարելիութիւն ունէր մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ յարգուած մարդ ըլլալու, առաջին կարգերու վրայ բազմելու, անուշ խօսքերով եւ քիչ մը նուիրատուութեամբ համակրանք վաստկելու ու այդպէս երբեմն լուսարձակներու տակ, երբեմն լուսանցքի վրայ իր ազգային մարդու գործը շարունակելու:
Բայց Հրայր Մարուխեան այդ չէր:
Ձգտում ունէր, երազ ունէր, գործ ունէր, կամք ունէր, բազուկ ունէր, անհատական կեանքէն անդին հաւաքական ես հզօրացնելու կիրք եւ հեւք ունէր: Եւ մեր ժողովուրդի տագնապալի ու դժնդակ պայմաններուն մէջ երբ հրաւիրուեցաւ գործի, արիաբար ստանձնեց գործը եւ համայն հայութեան Դատին ի սպաս դրաւ ամէն ինչ:
Ան ընդոծին յատկութիւններով օժտուած դաշնակցականն էր, որուն երակներուն մէջ կը հոսէին ՀՅԴ-ի հիմնադիրներէն սկսեալ մինչեւ Քեռիի, Արամի, Նժդեհի, Ռուբէնի, Դրոյի, Թեհլիրեանի եւ միւս բոլոր ֆետայիներու արիւնէն, մտքէն, հոգիէն, խոյանքէն, նահատակուելու պատրաստուածութենէն կաթիլներ:
Ու եթէ երբեք մենք յաճախ հանդիսութիւններով կը նշենք մեր ժողովուրդին համար իրենց լաւագոյնը եւ առաւելագոյնը զոհաբերած դաշնակցական մեր ընկերներու յիշատակը, սովորական տարելիցի, մոմավառութեան կամ փառաբանանքի առիթներ ստեղծելու կամ քարոզչական ձեռնարկ կազմակերպելու փնտռտուքն ու ներկայութեան փաստ արձանագրելու հեւքով չէ, որ կ՛առաջնորդուինք : Կ՛ընենք, որովհետեւ բացակայութիւնը կամ նօսրացումը կը զգանք անոնց անձին ու նուիրաբերումին ընդմէջէն ճառագայթող արժէքներուն, սկզբունքներուն եւ հաւատքին:
Հրայր Մարուխեանի անձին առաջին բնորոշումը.- գաղափարապաշտութիւն: Պատանի շարքերէն, Դաշնակցութեան հնոցին մէջ թրծուած գաղափարապաշտ հաւատաւորն էր ան: Յաճախ կը կրկնէր, որ առանց գաղափարի, առանց գաղափարի մը հանդէպ հաւատքի ու այդ գաղափարի տարածման, ոչ մէկ գործ, ոչ մէկ հաւաքական աշխատանք, ոչ մէկ հաւաքական երազ կրնայ իրականանալ: Գաղափարն է հիմը մեր կուսակցութեան, առանց որուն կը վերածուինք նոյն ձեւով մտածող մարդոց, որոնք առաջին իսկ խոչընդոտին կը բաժնուին, կը հեռանան ու կը մոլորին: Մեզ բոլորս միացնողը գաղափարն է: Այս էր ընկերոջ ամբողջ կեանքի հիմնական փիլիսոփայութիւնը:
Ու իր հաւատքին երկրորդ նախադրեալը` կազմակերպական ուժեղութիւնն էր եւ այդ կազմակերպութեան մէջ անձնական եսը ոտնակոխելով հաւաքական մենքը յառաջացնելու հաւատքն ու նուիրուածութիւնը: Դարձեալ ինք կը կրկնէր, որ առանց կազմակերպութեան եւ կազմակերպուածութեան գաղափարապաշտ մարդոց հաւաքը կրնայ վերածուիլ վիճաբանական ծիսակատարութեան կամ եւրոպական քաֆէի մէջ, խմիչքի սեղանի վրայ խօսակցութեան:
Երրորդ բնորոշիչ գիծը ընկ. Հրայրի դաշնակցական մարդուն գործն էր, գլխագիր Գործը: Գործ ստեղծելու, գործ հետապնդելու, գործով գաղափարն ու կազմակերպուածութիւնը ի սպաս մեր հաւաքական Դատին դնելու վճռականութիւնը ունէր ան: Առանց գործի մնացեալը ժամավաճառութիւն էր: Իրեն համար ժամանակը արեան չափ սուղ էր, եւ որեւէ քննարկում, ժողով կամ վէճ ամուլ կը նկատէր, երբ ատկէ գործ չէր ծներ, կամ ստանձնուած աշխատանքի մը արդիւնքը չէր տեսներ:
Գաղափար, կազմակերպութիւն եւ գործ եռանկիւնին մէջ, յեղափոխական մտածելակերպը, անկարելին մերժելու եւ զայն կարելի դարձնելու, անկոխ դաշտերէն անցնելու, անխորտակելի պատերը քանդելու, սովորամոլութենէն դուրս ելլելու, սեփական հանգիստը խանգարելու, թշնամիէն չվախնալու, թշնամին վախցնելու եւ հարուածելու մտածելակերպ, որ իր ամբողջ կեանքին ու արարման ընթացքին շարունակեց մնալ իր կէտ նպատակը, ցանեց սերմերը, արգասիքը հաւաքեց ու զայն նուիրեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան միջոցով հայ ժողովուրդին, Հայաստանին, Արցախին ու սփիւռքին:
Ու ինչքան դիպուկ է աւելի քան 30 տարի առաջ իր մէկ արտայայտութիւնը, երբ կ՛ըսէր.
«Պատմական փորձով` յեղափոխական գործը ու անոր ռազմավարական էութիւնը ժողովուրդէ ժողովուրդ, միջավայրէ միջավայր, պատմաշրջան եւ ընդհանրապէս կեանքի պայմաններու համաձայն կը ստեղծէ տուեալ ժամանակաշրջանի յատուկ փիլիսոփայութիւնը եւ կը սահմանէ օրինաչափութիւններ, որոնց դիպուկ ընկալումը կը հանդիսանայ յեղափոխական գործին յաջողութեան գրաւականը: Վիտոշի Բազէին հետքերով է, որ կը փորձենք հունաւորել մեր ներկայ խորհրդածութիւններու ընթացքը: Խորապէս կը հաւատանք, որ յարատեւ կռիւի, ինչպէս նաեւ` երկար շունչի վրայ նախապատրաստութեան շրջան մը բոլորելէ ետք, հայ ժողովուրդը քայլ առ քայլ` Արցախներ նուաճելու ճամբով ի վերջոյ պիտի հասնի իր հիմնանպատակին, Հայ դատի ամբողջակա՛ն նուաճումին: Մինչ այդ, անհրաժեշտ է ըմբռնել ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՄՈՄԵՆՏ-ի թելադրանքին էութիւնը եւ լծուիլ Հայաստանը ըստ ամենայնի հզօրացնելու կենսամղիչ գործին: Պէտք է տեւաբար յիշել, որ այսօրուան ուժեղ Հայաստանը հիմնակառոյցն է վաղուան ա՛լ աւելի հզօր եւ իր տեսակարար կշռով բարձր` միացեալ եւ ըստ ամենայնի ազատ Հայաստանին:
Վերոյիշեալ մարտահրաւէրին պատուով դուրս գալը ազգային մեծ եւ անյետաձգելի պարտականութիւն պէտք է նկատենք, եւ հետեւաբար իւրաքանչիւր հայ, սփիւռքի մէջ թէ այլուր, պէտք է առաջնորդուի ամէն ինչ Հայաստանի յառաջդիմութեան ու Հայաստանի հզօրացման համար ազգակերտ նշանաբանով»:
Եւ վստահաբար ու հակառակ այսօրուան նուաստացուցիչ պարտութեան, Հայաստանի իշխանաւորներուն յանձնուողականութեան, եթէ մեզի հետ ըլլար ընկեր Հրայր, պիտի կրկնէր նոյն տողերը, աւելի հաւատքով, աւելի համոզումով եւ վճռականութեան բուռն պահանջով եւ պիտի դարձեալ ըսէր.
«Յեղափոխութիւն բառի բառարանային իմաստը բոլորովին տարբեր է անոր քաղաքական եւ ընկերային կեանքին մէջ ունեցած իմաստէն: Մեզի համար յեղափոխականը այն անձը չէ, որ ամէն օր ցոյցեր եւ գործադուլներ կ՛ընէ եւ, իր ձայնը լսելի դարձնելու համար, բիրտ միջոցներու կը դիմէ: Ասիկա կեղծ յեղափոխականն է: Մեզի համար իսկական յեղափոխականը ա՛յն անձն է, որ իսկապէս իւրացուցած է յեղափոխութեան ոգին, որ իր հոգւոյն մէջ յեղափոխական է: Բարոյապէս պէտք է պատրաստ ըլլայ յարմար պահուն եւ յարմար միջոցներով գործելու համար, այլ ոչ թէ որեւէ ձեւով եւ որեւէ ատեն»:
Խորապէս հաւատացողն էր համահայկական ուժին: Բառացի կերպով կը նողկար տեղայնական հոգեվիճակներէ: Ծնած էր ու մինչեւ 1964 ապրած Իրան, ապա Լիբանան եւ 1975-էն ետք Յունաստան, այցելած աշխարհով մէկ տարտղնուած հայկական գաղութներ, շաղուած իւրաքանչիւր շրջանի կեանքին, մտածողութեան ու գործելակերպին, քաջածանօթ արեւմտեան մտածողութեան եւ արդարօրէն հասած էր իր խօսքերով հետեւեալ համոզումին.
«Մեր ներքին տկարութիւնը, ներառեալ` տեղայնական, ինչպէս նաեւ հատուածական մտայնութիւնը կ՛օգտագործուին մեր Դատին հակադրուած ուժերուն կողմէ: Հայ դատը թաղելու համար, արտաքին ճակատի վրայ աշխատող բոլոր ուժերու ռազմավարութեան մաս կը կազմէ` սփիւռքի հայութեան հաւաքական ուժը ջլատելու ծրագիրը: Ազգովին պէտք է չէզոքացնենք այդ դաւադրութիւնը` յաղթահարելով այն բոլոր դժուարութիւնները, որոնք մեր դէմ կը ծառանան, եւ որոնք, մեր պահանջատիրական պայքարի ճամբուն վրայ` այնքան կարեւոր ու կենսական հայութեան ուժը կը տկարացնեն: Եւ այս բոլորը` իբրեւ Հայ դատի համար վերսկսուած յարատեւ կռուի յաջողութեան գրաւական, իբրեւ գալոց սերունդներու ճամբան դէպի հողահաւաքով եւ հայահաւաքով ամբողջացած` ազատ, անկախ եւ ընկերվարական Հայաստան»:
Գաղափարի, կազմակերպութեան, գործի ու համահայկական մտածելակերպի արմատաւորումին մէջ ընկ. Հրայր Մարուխեան բացառիկ դեր կը տեսնէր երիտասարդութեան մէջ:
Պատրաստուած, ամէն իմաստով մարզուած, արդի աշխարհին ծանօթ, արդիականացումն ու մասնագիտական մօտեցումով առաջնորդուող երիտասարդութիւն, որուն այնքան կարիքը ունէր եւ ունի մեր ժողովուրդը ամէնուրեք: Ան ՀՅԴ-ի երազներու իրականացման եւ այդ երազները հայութեան ուժին եւ հպարտութեան ի սպաս դնելու իր հեւքին մէջ իր հաւատքը արտայայտելով, միաժամանակ հարց կու տար.
«Չեմ կրնար մէկ առ մէկ թուել երիտասարդութեան սպասող գործերը: Երիտասարդութիւնը շատ բան ունի ընելիք: Նախ` ես հարցում մը պիտի ուղղէի երիտասարդութեան: Ան պատրա՞ստ է իր ամբողջ կեանքի տեւողութեան իր յանձնառութիւններուն տէր կանգնելու եւ, եթէ ոչ ամբողջովին, գէթ մեծաւ մասամբ զոհելու իր հաճոյքները: Երիտասարդութիւնը պատրա՞ստ է Հայ դատին նուիրուելու առանց – եւ կրկնեմ` առանց – որեւէ նախապայմանի, եւ առանց որեւէ գնահատանքի սպասելու: Եթէ այո՛, ուրեմն հարցը լուծուած է. երիտասարդութիւնը աշխատանք ունի՛ ընելիք, սակայն անիկա ամէն բանէ առաջ այս հարցումներուն պարտի պատասխանել»:
Արցախի ազատութեան ու Հայաստանի եւ հայութեան համար անոր ունեցած բանալի դերակատարութեան եւ հայութեան անվտանգութիւնը ապահովող գլխաւոր ուժի աղբիւրը ըլլալու հինէն եկած դաշնակցական մտածողութիւնը իր արեամբ թարգմանութիւնը ունեցաւ արցախեան 1988-ի պոռթկումով եւ ազատագրական պայքարով:
Ու ըսած էր օրին.
«Հայ իրականութեան համար, օրուան անմիջական հարցը Արցախի դատն է: Հայ ժողովուրդի համահայկական եւ յարատեւ ճիգերը յատկապէս մերօրեայ պայմաններուն մէջ կարեւոր դեր պիտի խաղան Արցախի դատի բարւոք կարգադրութեան մէջ: Արցախը Հայաստանին վերամիացնելու պայքարի եղելոյթին մէջ ներհայկական տեսակէտէ սկզբունքային տարակարծութեանց ոչ մէկ պատճառ գոյութեան իրաւունք ունի»:
Ու դեռ այլ առիթով ընկ. Հրայր Մարուխեան կարծէք այսօրը նախատեսելով կ՛ըսէր.
«Հայաստանի Հանրապետութեան որեւէ իշխանութիւն, որպէսզի կարողանայ սփիւռքը իրապէս ոտքի հանել, պէտք է որ հրաժարուի հին ոճից: Մի ոճ, որ 1920-1988 թուականներին սփիւռքում որեւէ տեղ չհասաւ եւ միայն ծառայեց ներքին պառակտումների սերմանմանը: Այդ ոճը սխալ էր երէկ, սխալ է այսօր, սխալ պիտի լինի վաղը:
ՀՅ Դաշնակցութեան բոլոր շարքայինների համար Արցախի դատը մահու-կենաց հարց է ընկալւում:
Արցախի գծով երկերես կարեկցանքի իրականութեան դիմաց պէտք չէ թուլութիւն ցուցաբերել, պէտք է շարունակել պայքարը: Պայքարող ժողովուրդն է, որ յարատեւ կռուի ճամբով ի վերջոյ նուաճում է իր իրաւունքները»:
Կարելի է երկար, շատ երկար խօսիլ ընկ. Հրայր Մարուխեանի մասին: Բայց խօսքը երբ գործին չի միանար, կը ցնդի օդին մէջ: Ընկ. Հրայրի սկզբունքները, գաղափարները, հաւատամքը, դաշնակցականի բազուկով ամրագրուած իրականութիւն են:
Ու փաստօրէն, յետադարձ ակնարկով կրնանք ճակատաբաց ըսել, որ ընկ. Հրայր Մարուխեան իր խօսքը միացուց գործին եւ ամենայն պարզութեամբ եղաւ հո՛ն, ուր հայութիւնը իր կուսակցութեան կարիքը ունէր:
Կազմաւորումը ստացաւ Իրանի մէջ եւ ոչինչ խնայեց հոն:
Աշխատելով իր գործակիցներուն հետ ՀՅԴ-ի վրայէն թօթափեց անցեալէն մնացած ու երբեմն յամեցող հաշտուողական տրամաբանութիւնը եւ Դաշնակցութիւնը բարձրացուց պայմաններու բերումով գաղութներու հայապահպանումի դերակատարութիւնը վերցուցած կուսակցութենէ դէպի համահայկական տեսլականին մօտեցնող աւելի աշխուժ կազմակերպութեան, հայապահպանումէն քաղաքականացում, Հայ դատի հետապնդման նոր գործելակերպ, Ցեղասպանութեան ճանաչումի գործընթաց, յեղափոխականացում հոգիով ու գործով եւ հակաթուրք պայքար:
Գաղափարի ուժին հաւատացող եւ զայն որեւէ կազմակերպութեան ու գործի սկզբնաղբիւրը նկատող ընկ. Հրայր, վերականգնեց ՀՅԴ-ի գաղափարական էութիւնը: Միջազգային քաղաքական իրադրութեանց հետեւանք կիրարկուող թաքթիքան երբեմն տեղի տուած էր Դաշնակցութեան գաղափարաբանութեան ընկերվարական հիմքին, հետեւաբար անհրաժեշտ էր վերակենդանացնել, բիւրեղացնել գաղափարական մտածողութիւնը: Եօթանասունականներուն սկսած եւ մինչեւ 1981-ի Ընդհանուր ժողովը շարունակուող գործընթացէ մը ետք, վերամշակուեցաւ ՀՅԴ Ծրագիրը` զայն վերածելով ապրող գաղափարի, ծաւալող մտածողութեան եւ խորացող հաւատքի: Ընկ. Հրայր Մարուխեան ամէն տեղ էր` քննելով, խորհրդածելով, բացատրելով, թիւր մեկնաբանութիւնները սրբագրելով: Գաղութէ գաղութ, շրջանէ շրջան, երիտասարդական ու ուսանողական շրջանակներու մէջ, ամէնուրեք: Իրեն համար ՀՅԴ-ի գաղափարական ուժը տարբեր ընկերվարութեան գաղափարն է: Եւ յստակ կերպով տալով Դաշնակցութեան դաւանած ընկերվարութեան սահմանումը` ան կ՛ըսէ.
«Դաշնակցութիւնը սոցիալիստական կուսակցութիւն է, սակայն նրա դաւանած սոցիալիզմը ամենեւին նման չէ հրապարակի վրայ գտնուող զանազան, կաղապարուած, դոգմատիկ յարմարեցուած սոցիալիզմի տարատեսակներին, այլ նա հաշուառելով հայ ժողովրդի առարկայական ու ենթակայական պայմանները, սոցիալիզմի յառաջդիմական ու համամարդկային արժէք ներկայացնող սկզբունքները, յարմարեցրել է հայ ժողովրդի ու Հայաստանի իւրայատուկ պայմաններին, ինչ որ նշանակում է, որ Դաշնակցութեան սոցիալիզմը միանգամայն տարբերւում է ոչ միայն խորհրդային սոցիալիզմից կամ պոլշեւիզմից, այլ նոյնիսկ եւրոպական սոցիալ-դեմոկրատներից»:
Մեզ շրջապատող տարբեր ուժերը` երիտասարդութիւն, մասնագիտացած գործելակերպ, համահայկական մտածողութեան շեշտաւորում, երիտասարդական-ուսանողական միութիւններու կազմակերպումով եւ մշակութային, բարեսիրական եւ մարզական կառոյցներու հաստատումով ան ՀՅ Դաշնակցութեան տուաւ նոր ու արդիական տարածք:
Լիբանանը կարիքը ունէր ընկ. Հրայր Մարուխեանի եւ իր նմաններու ներկայութեան: Ու ներկայ էր հոս, մեզի հետ, ժողովներու ընթացքին թէ ակումբներու մէջ, ինքնապաշտպանութեան դիրքերը պահող մեր տղոց կողքին: Նախապատրաստելէ մինչեւ գործնականացում, անզիջող պահանջկոտութեամբ ընկ. Հրայրի տիպարը գործեց, մնաց տիրապետող:
Անկարելին մերժող եւ պատերը քանդելու վճռականութեամբ, անհաւատալի հաւատքով գործեց, ու մղեց երիտասարդութիւնն ու մեր ժողովուրդի հաւատաւոր զանգուածները ընդունելի եւ մինչ այդ երկիւղ յառաջացնող ձեւերէն դուրս, քանդելու կաշկանդումի շղթաները, ոտնակոխելու վախը եւ լռութեան պատը քանդելու հայ ժողովուրդի իրաւունքներու վերահաստատման ի խնդիր:
Քաղաքական կարողութիւններով եւ յատկութիւններով օժտուած, Հրայր Մարուխեան կրցաւ Հայ դատի ըմբռնողութիւնը տարածել արեւմտեան աշխարհի որոշումի մայրաքաղաքներուն մէջ, չվարանելով բախել մինչեւ այդ փակ մնացած դռները, հանդիպիլ նախագահներու թէ վարչապետներու հետ:
Իր գործակիցներուն հետ համախորհուրդ եւ շրջանցելով համայնավար խորհրդային իշխանութիւններուն հետ գաղափարական, քաղաքական, աշխարհահայեացքային տարբերութիւնները, պահելով Դաշնակցութեան սկզբունքային անզիջողութիւնը, յանուն Հայաստանի եւ հայութեան կրցաւ հաւասարէ հաւասար երկխօսութիւն յառաջացնել:
Պոռթկաց Արցախը: Արցախի պոռթկումով դէպի միացեալ Հայաստանի վախճանական նպատակի նախաքայլ առնուեցաւ: Հոն էր ընկ. Հրայր Մարուխեանի ղեկավարած Դաշնակցութիւնը:
Անկախացաւ Հայաստանը: Շատ արագ կերպով Դաշնակցութիւնը հասաւ Հայաստան: Յայտարարուեցաւ ՀՅԴ-ի վերընձիւղումը: Եւ հոն էր Հրայր Մարուխեան` իբրեւ ղեկավար, մարտնչո՛ղ ղեկավար:
Եւ որովհետեւ Հրայր Մարուխեան կը ներկայացնէր Դաշնակցութեան կամքը, հարուածը ստացաւ Դաշնակցութիւնը Հրայր Մարուխեանի ճամբով: Հայրենիքի համար կեանքի գնով զոհուելու երդումը տուած Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովը կասեցուեցաւ Երեւանի մէջ ու նոյն այդ արեան գնով զոհուելու երդումը տուած եւ հազարաւոր դաշնակցականներու երդումը առած ընկ. Մարուխեան աքսորուեցաւ հայրենիքէն, վերադարձը արգիլուեցաւ եւ հակառակ Երեւանի մէջ բնակութիւն հաստատած ըլլալու իրողութեան, բազմիցս մերժուեցան քաղաքացիութեան իր դիմումները:
Ու պիտի յիշենք բոլորս, որ Հրայր Մարուխեան Հայաստանի, Հայաստանի պետականութեան հանդէպ իր հաւատքին ու ի գին ամէն ինչի զայն պաշտպանելու իր համոզումով ու գործելաոճով, բարձրացաւ օդանաւ, ենթարկուելով Լեւոն Տէր Պետրոսեանի որոշումին, մերժելով որեւէ տեսակի ընդդիմութիւն կամ ընդյատակեայ գործունէութիւն հակառակ իր շրջապատի պահանջքին: Մեկնեցաւ Երեւանէն, Հայաստանն ու Արցախը իրեն հետ տանելով, միշտ վճռական` ետ վերադառնալու:
Աւաղ սակայն, դառն ճակատագիրը չարտօնեց իրեն վերադառնալ ու տեսնել Արցախի բանակի զօրահանդէսը կամ Երեւանի մէջ անկախութեան տօներու տողանցքները:
Կա՛մ պիտի վերադառնար,
կա՛մ` վերադարձուէր:
Հակառակ արտաքսումին, ան ամէն օր մնաց Հայաստան ու ապրեցաւ Հայաստանով:
Արգիլուեցաւ ՀՅԴ-ի գործունէութիւնը, ինկաւ արգիլողը, մնաց Դաշնակցութիւնը:
Ֆիզիքապէս մեկնեցաւ Հրայր Մարուխեան, 1998 դեկտեմբեր 21-ին, իր մարմինը վերադարձաւ Հայաստան:
Ո՛չ աքսորէն առաջ, ո՛չ աքսորի ընթացքին կամ անկէ ետք, Հրայր Մարուխեանի միտքը, հոգին ու սիրտը չլքեցին Արցախն ու Հայաստանը:
Ընկ. Հրայր Մարուխեանը Թոխմախի իր դամբարանէն, Արցախի մէջ ու Եռաբլուրի անհանգիստ նահատակները թէ Պուրճ Համուտի մէջ այսօր իրենց ոսկորները եռացող նահատակները մեզի` ողջերուս, տակաւին հաւատացող զանգուածին, զէնքի եւ յեղափոխութեան ուժին ու գաղափարին հաւատացող հայուն ունին մէկ ու միակ պատգամ,
Պատգամ` Քրիստափորէն եկած յարատեւ կռիւի, Պատգամ Ակնունիէն եկած դէպի երկիրի,
Պատգամ ձեր ճամբով ընկ. Հրայր Մարուխեան համահայկական զարթօնքի,
Պատգամ համահայկական բոլոր ազգային ուժերու դիմադրութեան:
Դարձեալ ազատագրելու Արցախը:
Ազատագրելու Հայաստանը` Հայաստանի եւ հայութեան խորթ մտայնութենէն եւ ազգաքանդ գործելակերպէն:
Այո՛, սիրելի՛ ընկեր, այսօր կարիքը ունինք քեզի եւ քեզի նման ընկերներու, որպէսզի ներկայի այս դաժան ու ճգնաժամային օրերուն, ըլլանք մեր կողքին, Դաշնակցութեան այսօրուան պատասխանատուներուն կողքին:
Այս գործնապէս կարելի չէ:
Կեանքի օրէնքն է այս:
Շատեր կու գան, կը գործեն ու կ՛երթան:
Քիչեր միայն իրենց դրոշմը կը ձգեն:
Ընկ. Հրայր Մարուխեան այն անկրկնելի դէմքերէն էր, որ անկիւնադարձ ստեղծեց մեր պատմութեան մէջ: Ու իր կենսափորձը կը մնայ միշտ կենդանի մեր մօտ:
Այս վատ օրերուն, յիշենք իր խօսքը` «պինդ մնացէ՛ք»: