Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յատու Ձեռնարկով Նշուեցաւ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ 60-Ամեակը. «Կիլիկեա Ասպետ» Շքանշանի Յանձնում Տիար Ծերոն Թիթիզեանի

Հոկտեմբեր 20, 2023
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 7 Հոկտեմբեր 2023-ի երեկոյեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 60-րդ ամեակին նուիրուած հանգանակային յատուկ ճաշկերոյթ, նախագահութեամբ՝ բարերար Տէր եւ Տիկին Մայք եւ Եւելինա Սարեանի, իրենց տան մէջ հիւրընկալութեամբ՝ բարերար եւ Ազգ. երեսփոխան Տէր  եւ Տիկին Ծերոն եւ Սոնա Թիթիզեաններու:

Ճաշկերոյթին ներկայ եղան Ազգ. վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ Տիկինը՝ Յասմիկ, հոգաբարձական կազմի անդամներ, պատկան մարմիններու, միութիւններու ներկայացուցիչներ, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հովանիին տակ գործող մարմիններու անդամներ, ինչպէս նաեւ Ազգ. Ֆերահեան Երկրդ. վարժարանի տնօրէնութիւնն ու Ուսումնական մարմինը, բարերարներ, բարեկամներ եւ հիւրեր:

Պատմական օր նկատելով պահը՝ բացման աղօթք կատարեց Հոգեւոր հովիւը եւ  բարի գալուստի խօսքով ողջունեց ներկաները, ապա Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Տիար Յովիկ Պետեւեան ներկայացուց սրտի խօսք եւ եկեղեցւոյ 60-ամեայ ծառայական երթին հակիրճ արժեւորումը կատարեց շրջանի հայութեան կեանքէն ներս:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր խօսքը թաթաւուն էր ջերմութեամբ. ողջունելէ ետք ներկաները ան շնորհաւորեց Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ 60-րդ տարեդարձը՝ աղօթելով եւ մաղթելով, որ «մեր կեանքէն ներս հոգեւոր նորոգութիւն, իմացական պայծառութիւն,  ֆիզիքական առողջութիւն եւ հաւատքի առաքելութիւնը մնայուն ներկայութիւն դառնան», ապա ան անդրադարձաւ հայութիւնն ու Հայաստանը յուզող ներկայ իրավիճակին եւ ցաւ յայտնեց, որ գրեթէ բոլոր մակարդակներու վրայ այսօր, հայութեան կեանքին մէջ, ծանօթ պատճառներով, կը տիրէ յուսահատութիւն, զոր յաղթահարելու համար Թորգոմ Եպիսկոպոս յորդորեց ներկաները ապաւինելու Աստուծոյ, այլեւ չբաւականանալ խօսելով, այլ՝ առաքեալին իսկ բառերով՝ «հաւատքը գործի վերածել», ճիշդ այնպէս, ինչպէս անցնող վեց տասնամեակներուն կատարեցին Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հիմնադիր եւ յաջորդող սերունդները, ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ այսօր նոյն առաքելութիւնը կը շարունակեն եկեղեցւոյ գմբեթին ներքոյ գործող պատասխանատու մարմիններ, անհատներ եւ բարերարներ՝ առ ի պայծառութիւն եւ զօրակցութիւն Հոգեւոր տան, շրջանի մէջ գործող Ազգ. վարժարաններուն, միութիւններուն եւ հայկական կեանքին: Ապա բարձր գնահատեզ Ազգ. բարերար Մայք եւ Եւելինա Սարեանը՝ Ազգ. Առաջնորդարանի ծրագիրներուն ի նպաստ ցուցաբերած աջակցութեան համար:

Հուսկ, Թորգոմ Եպիսկոպոս դրուատիքով անդրադարձաւ ճաշկերոյթի հիւրընկալ Թիթիզեան ամոլի ծառայական կեանքին՝ ազգին ու համայնքային կեանքի բարգաւաճման ի խնդիր եւ  դիտել տուաւ, որ իր խնդրանքով Կիլիկիոյ Գահակալ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Տիար Ծերոն Թիթիզեանի կը շնորհէ «Կիլիկեան Ասպետ» շքանշան:

Այս առիթով, Հայրապետական Կոնդակը ընթերցեց Տ. Ռազմիկ Աւ. Քահանան, մինչ  Առաջնորդ Սրբազանը Տիար Թիթիզեանի կուրծքը զարդարեց նշեալ շքանշանով եւ Տիկին Սոնային նուիրեց գնահատանքի յատուկ «ասեղ», որմէ ետք Սարեան ամոլին յանձնեց  Հոգաբարձութեան կողմէ պատրաստուած յատուկ յուշանուէր մը:

Այնուհետեւ շնորհակալական խօսքերով հանդէս եկան հիւրընկալ Տիկին Թիթիզեան (հայերէնով) եւ դուստրը՝ Թամար (անգլերէնով), իրենց երախտագիտութիւնն ու սրտագին շնորհակալութիւնները յայտնելով Վեհափառ Հայրապետին, Առաջնորդ Սրբազանին եւ բոլոր ներկաներուն:

https://www.facebook.com/photo.php?fbid=714352760730960&set=a.555135969985974&type=3

 

Նախորդը

Թարգմանչաց Տօնախմբութիւն Օրէնճ Քաունթիի Մէջ

Յաջորդը

Ինչո՞ւ Օդը Աւելի Պաղ Է Լերան Վրայ, Նոյնիսկ Երբ Արեւոտ Է

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Հոկտեմբեր 16, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Հոկտեմբեր 9, 2025
Դաշնակցութեան Հիմնադրութեան 135-Ամեակի Տօնակատարութիւն Քուէյթի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Դաշնակցութեան Հիմնադրութեան 135-Ամեակի Տօնակատարութիւն Քուէյթի Մէջ

Հոկտեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?