Յօդուածներ

Մահացաւ Դեղագործ  Գէորգ Գէորգեանը 1945-2023

Մահացաւ Դեղագործ Գէորգ Գէորգեանը 1945-2023

11 հոկտեմբեր 2023-ին մահացաւ Գէորգ Գէորգեանը, որ որդին էր բնակ երուսաղէմացի Յակոբ Գէորգեանի եւ Արցախեան արմատներով Վարդուհի Թոմայեան-Գէորգեանի: Ծնած էր 1945 նոյեմբերին, Հայֆա, Պաղեստին: 1948-ին ծնողաց հետ Պէյրութ ապաստանած էին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եւ քաղաքի Ս. Նշան ազգային վարժարաններուն մէջ: 1955-ին ընդունուած է ՀԲԸՄ-ի Յովակիմեան-Մանուկեան մանչերու երկրորդական վարժարանը: Դպրոցին մէջ եղած է գործօն աշակերտ: Վարած է...

Երկիր.  Աղաւնոյին Եւ Բերձորին

Դիմատետրային Առօրեայ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Կար ժամանակ, երբ հաճոյքով կը բանայի հաղորդակցութեան այս բեմը նոր սակայն հիմա ... Դիմատետրի շատ անծանօթ «ընկեր» մը կայ, որ ամէն օր բարի լոյս մը կամ Քրիստոսի մէկ ծաղկաւոր խօսքը կը ղրկէ: Ուրիշ մը, որ Պատգամաբերիս վրայ կը գրէ, որ կը յիշէ զիս Լիբանանէն, թէ ծովափին ֆրանսերէն վէպ կը կարդայի եւ մարոնի աղջիկները կու գային հետս շատախօսելու (անգլերէն`...

Մանկութիւն Չունեցող Մանուկներ

«Դրախտին Անունը Արցախ Է»

ԼՈՌԻ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Իւրաքանչիւր հողակոյտ սուրբ Եռաբլուրին կը գրկէր վիրաւոր մարմինը` քաջազուն զինուորի: Մարմին, որ դարձաւ վահան, երբ չտեսաւ այլ պաշտպան իր հայրենիքին: Մարմին` խիզախ հայ հերոսի, որ գունատ, ցաւոտ ու տկարացած վիճակով` Սիրտն ու հոգին սնուցանեց ընտանիքին կարօտով: Թաղուած բանակին արտացոլած կիրքը պաղ հողը կը տաքցնէր այդ խճողուած բարձունքին: Իւրաքանչիւրը ուխտած էր հաւատարիմ մնալ իր նպատակին ու ընկերոջը կեանքին: Բանակը...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Արցախցիները Սփիւռքահայեր Պէտք Չէ Դառնան Արցախցիներուն բռնի տեղահանութեան առաջին իսկ օրէն աշխարհի տարբեր ծայրերէն Հայաստան եկան ՀՕՄ-ի տարբեր կառոյցներու պատասխանատուներ, ատենապետեր եւ Գորիսի մէջ սկսան բռնի տեղահանուած արցախահայերուն մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերել: Այս օրերուն անոնք կը շարունակեն Հայաստանի մէջ իրենց գործունէութիւնը ծաւալել` համագործակցելով Արցախի ՀՕՄ-ականներուն հետ եւ օգնութիւն ցուցաբերելով ո՛չ միայն մայրաքաղաքի ՀՕՄ-ի գրասենեակին, այլ` մարզերուն մէջ եւս: ՀՕՄ-ի...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Շամախի` Երբեմնի Հայաշատ Բարգաւաճ Քաղաք

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Շամախի` Երբեմնի Հայաշատ Բարգաւաճ Քաղաք

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հայեր եւ գլխաւորաբար արցախցիք հնագոյն դարերէն սերտ յարաբերութիւն ունեցած են Աղուանքի հետ, եւ պատմութեան ընթացքին աստիճանաբար տարածուելով, գլխաւորաբար Շամախիի, Գէոքչայի, Ջաւադի, Լենքորանի, Շաքիի, Զաքաթալայի, Դերդենդի, Ղուբայի եւ Պաքուի մէջ կեդրոնացած են: Աղուանքի հայութեան գլխաւոր կեդրոնը եղած է Շամախի քաղաքը: * * * Շամախի տարածուած է Կովկասեան լեռնապարի հարաւ-արեւելեան լանջերու ստորոտը, Սուրբ Սահակ (Փիրսահաթ) եւ Զագալաւա գետերու միախառնման վայրին...

Սթափելու Ժամանակը

Ապահովութիւնն Ու Արդարութիւնը Երկուորեակներ Են

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Իսրայէլ կը շարունակէ ռմբակոծել Կազան, պատժելով Համաս կազմակերպութիւնը: Իրողապէս պատժուողները Կազայի աւելի քան երկու միլիոն բնակիչներն են, որոնք Համասի կատարած յանդուգն գործողութեան գինը կը վճարեն: Ռուսիա, զբաղած ուքրանական պատերազմով, գրեթէ լուռ է, արաբները մատնուած են անկարողութեան, իսկ Արեւմուտքը կը յայտարարէ, որ Իսրայէլ իրաւունք ունի ինքնապաշտպանութեան դիմելու: Իսրայէլ ոչ միայն սպառնալիքով կը խօսի իր դրացի երկիրներուն հետ, այլեւ կը...

Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Հրաչեայ Աճառեանի Անուան Լեզուի Հիմնարկի Տնօրէնի Պաշտօնին Վերընտրուեցաւ Վիքթոր Կատվալեանը

Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Հրաչեայ Աճառեանի Անուան Լեզուի Հիմնարկի Տնօրէնի Պաշտօնին Վերընտրուեցաւ Վիքթոր Կատվալեանը

18 հոկտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահութեան նիստին Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկի տնօրէնի պաշտօնին միաձայն վերընտրուեցաւ Վիքթոր Կատվալեանը: Վիկտոր Կատվալեանը ծնած է 1961 թուականին, Գեղարքունիքի մարզի Սարուխան գիւղը: 1984 թուականին աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքը: 1984-1987 թուականներուն ուսանած է Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկի ասպիրանտուրային մէջ,...

Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը

Երեւանեան Օրագրութիւն

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Շատերու նման, ես ալ այս տարի Երեւան եկայ,  սակայն այս անգամ` երկար, շաբաթներու համրանքով: Պտոյտ, այցելութիւններ, բարեկամ, հին ու նոր ընկեր, ծանօթ, աշակերտ: Հարց չէ: Ու ամէն անգամուան նման, եւ աւելին, կարօտիս կողքին, ունէի սքանչացում մը, որ անպարտելի վկան էր հիացմունքիս: Այսպէս, ամէն օր եւ ամէն առիթով կը ժպտէի` Արարատին, արեւուն, ժամանակին, կեանքին, երիտասարդներուն: Երջանիկ էի: Ամէն օր,...

Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ

Ամէն Բան Վերջացած Չէ՛, Արցախի Ազատ, Անկախ Հանրապետութիւնը Առ Այժմ Չկայ, Սակայն Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը Իրողապէս Գոյութիւն Ունի, Այնպէս, Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւնը: Կը Մնայ Արցախի Կարգավիճակին Հարցը Ինքնորոշման Իրաւունքի Հիման Վրայ

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Խորհրդային Միութեան առաջին տարիներուն Ստալինին գործած բազում ոճիրներէն էր` Լեռնային Ղարաբաղը 7 յուլիս 1923-ին եւ Նախիջեւանը 9 փետրուար 1924-ին իբրեւ ինքնավար մարզ եւ հանրապետութիւն յանձնելը 1918-ին ստեղծուած Ազրպէյճանի վարչական հոգատարութեան: Ո՛չ տարածքային ամբողջականութեան, Ո՛չ ալ Ազրպէյճանին մասն են անոնք: Խորհրդային Միութեան փլուզումին յաջորդ օրը եւ ցարդ Նախիջեւանը կը մնայ նոյն կարգավիճակին մէջ: Բայց Արցախը` ոչ: Ինչո՞ւ: Քանի որ,...

Գետ-Գիտութեան. Բանալիներու Եւ Կղպանքներու Անցեալը

Գետ-Գիտութեան. Բանալիներու Եւ Կղպանքներու Անցեալը

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ Բանալիները իւրահատուկ եւ յաճախ թերագնահատուած նշանակութիւն ունին մեր առօրեայ կեանքին մէջ: Անոնք այն համեստ, բայց կարեւոր գործիքներն են, որոնք կ՛ապահովեն մուտք, ապահովութիւն եւ վերահսկողութիւն մեզի համար ամէնէն կարեւոր տարածքներուն եւ սեփականութիւններուն նկատմամբ: Մեր տուներու, մեքենաներու եւ աշխատատեղերու բանալիներէն մինչեւ թուային բանալիներ, որոնք կը պաշտպանեն մեր զգայուն տեղեկատուութիւնը այլաշխարհի մէջ, այս փոքր, յաճախ աննկատ առարկաները առանցքային դեր խաղացած են...

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ

Հաղորդագրութիւն` ՀՕՄ-ի Համահայկական 73-րդ Պատգամաւորական Ժողովի

Հայ օգնութեան միութեան Համահայկական 73-րդ պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցաւ 16-20 հոկտեմբեր 2023-ին, Հայաստան: Ժողովին մասնակցեցան միութեան 12 շրջաններէն 11-էն 41 պատգամաւորներ, 10 պատգամաւորներ` 10 մեկուսիներէ, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ընթացաւարտ կազմը` 11 անդամներ, 11 հիւրեր` Արցախէն եւ շրջաններէն, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեան եւ Համազգայինի ներկայացուցիչներ (փոխն ի փոխ)` Արտաշէս Շահպազեան եւ Տիգրան Պապիկեան, 66 ունկնդիրներ եւ 5 անձնակազմ: Պատգամաւորական ժողովը...

Սլաք.  Մերժե՛լ Օտարին Աղէտաբեր Ստեպղինները

Սլաք. Մերժե՛լ Օտարին Աղէտաբեր Ստեպղինները

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Մարդս պէտք է զարմանալու անսահման կարողութեամբ օժտուած ըլլայ` իմաստ գտնելու համար Հայաստանի այսօրուան իշխանապետին ու կողքին քալողներուն (նա՛եւ սփիւռքի մէջ) խօսքերուն եւ գործերուն մէջ: Անսպառ զարմանքէն բնականաբար բաժին կ՛ելլէ` անոնց խօսքերուն եւ գործերուն շռայլուած մեկնաբանութիւններուն, որոնք ճիգ կ՛ընեն կրկին ու կրկին զանգուածին աչքերն ու միտքերը բանալու, ցոյց տալու, թէ Հայաստանը վերջին տարիներուն կը վազէ դէպի իրողական անէացում, թէ՛...

Ազրպէյճանական հակահայ արշաւը թրքական ժխտողականութեան ենթահողին վրայ. Լատինական Ամերիկայի պարագան

Համաս-Իսրայէլ Երրորդ Պատերազմը Եւ Անոր «Դասեր»-ուն Զգուշաւոր Մօտենալու Անհրաժեշտութիւնը

ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Պաղեստինեան Համաս կազմակերպութեան «Աքսայի ջրհեղեղ» ռազմա-ահաբեկչական գործողութեան շոքէն յետոյ, ուշադրութեան կեդրոնին է Իսրայէլի պատասխանը: Այսինքն` տարածաշրջանէն իր ուժերու ետ քաշումէն տասնութ տարի յետոյ երրորդ ներխուժումը, որ արդէն բնութագրուած է իբրեւ «պատերազմ»: Յիշեցման կարգով` առաջինը, «հալած կապար» գործողութիւն, տեղի ունեցաւ 2009-ին եւ տեւեց 15 օր, երկրորդը, «Պաշտպանիչ եզր» գործողութիւն, 2014-ին եւ տեւեց 19 օր: Իսրայէլեան հակադարձութիւնը բուռն ռմբակոծումներու...

«Նոազ Արք» Ցուցասրահի Հիմնադրութեան Քսանամեակի Առիթով.  «Արուեստը Կեանքի Հրաւէր Է», «Ազդակ»-ին Ըսաւ, Արուեստաբան Դոկտ. Մովսէս Հերկելեան

Այվազովսկին` Լոյսի Երգիչը (ԻԴ.) Ծովը, Քրտուհին Եւ Ես

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ Օտեսայէն Պոլիս նաւուն վրայ, 1977, յունիս Երբ արդէն Սեւ ծովու բացերն էինք, սկսայ անհամբեր դառնալ, որովհետեւ յոյս ունէի, որ պիտի կարողանամ վերապրիլ այն «պահերը», որոնցմով կլանուած կը թուէի ըլլալ նախնադարեան բնոյթի երազներուս ընթացքին, ուր կը լողայի, կը թռչէի ու  նոյնիսկ կը սաւառնէի անծայրածիր ջուրերուն վրայ, ուր հակառակ անոր որ երբեմն կը հանդիպէի նաեւ ալեկոծ փոթորիկներու, սակայն կ՛արթննայի փրկուած,...

Մտորում` Դիպուածէն, Տեղեկութենէն  Եւ Յուզումէն Տարբեր Ալիքներու Վրայ.  Այս Է Մեր Ճակատագիրը: Դիմանալ Է Պէտք: Յետո՞յ…

Մորմոքը Խօսքի Եւ Գիրքերու Մէջ Չէ, Այլ` Մեր Ապրած Ներկայի

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Մեր պատմութիւնը կրկին ահեղ-աւերող հեղեղ է, որ գալիք սերունդները պիտի ոգեկոչեն, ինչպէս մենք այդ ըրած ենք եւ կ՛ընենք` յիշելով 1915, Ախթամար, Վան, Մուշ, Սասուն, Ատանա, Սիս, Կարս, Գետաշէն... Ցաւի եւ կորուստի բանաստեղծական փառաբանանք եւ աղմուկ: Անոնք վերականգնումի գերանձնական միահամուռ յանձնառութիւն չեն: Գալիք սերունդները հինը պիտի մոռնան, նոր անուններով  նոր խոցի յիշատակներ պիտի երգեն: Նոր անունները` Շուշի, Բերձոր, Հատրութ,...

Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան Հիմնարկի Տնօրէնի Պաշտօնին Վերընտրուեցաւ Ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեան

Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան Հիմնարկի Տնօրէնի Պաշտօնին Վերընտրուեցաւ Ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեան

18 հոկտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահութեան նիստին Հայաստանի Հանրապետութեան Պատմութեան հիմնարկի տնօրէնի պաշտօնին միաձայն վերընտրուեցաւ ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեան: Աշոտ Մելքոնեանը ծնած է 1961 թուականին` Ախալքալաք քաղաքին մէջ: 1977-1982 թուականներուն ուսանած է Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքին մէջ: 1982-1985 թուականներուն եղած է Երեւանի պետական համալսարանի Հայոց պատմութԵան ամպիոնի ասպիրանտ: 1989 թուականին պաշտպանած է թեկնածուական, 2002 թուականին` դոկտորական ատենախօսութիւններ: Աշոտ...

Հայաստանի Ազգային Գրադարան.  Աւօ Գաթրճեան Ներկայացուց «Հայոց Ցեղասպանութեան Ազդեցութիւնը Երգ-Երաժշտութեան Վրայ» Նիւթով Դասախօսութիւնը

Հայաստանի Ազգային Գրադարան. Աւօ Գաթրճեան Ներկայացուց «Հայոց Ցեղասպանութեան Ազդեցութիւնը Երգ-Երաժշտութեան Վրայ» Նիւթով Դասախօսութիւնը

Հայոց ցեղասպանութեան նիւթով հազարաւոր ուսումնասիրութիւններ գրուած են, յուշարձաններ կանգնեցուած, քանդակներ եւ նկարներ ստեղծուած են, վէպեր եւ գեղարուեստական այլ ստեղծագործութիւններ գրուած, ժապաւէններ նկարուած, երգեր հիւսուած: Հայաստանի ազգային գրադարանը կազմակերպած էր հանրային դասախօսութիւն մը, որուն բանախօսը` սուրիահայ ճանչցուած լրագրող, բանասիրական եւ պատմա-քաղաքական ուսումնասիրութիւններու հեղինակ Աւօ Գաթրճեան ներկայացուց իր «Հայոց ցեղասպանութեան ազդեցութիւնը երգ-երաժշտութեան վրայ» ուսումնասիրութիւնը: Ստուարածաւալ գիրքը կ՛ընդգրկէ ընդարձակ տեղեկութիւններ 19-րդ դարավերջէն մինչեւ...

Ընկերային Արդարութեան Հրամայականը

Քաղաքական Կամքի Բախտորոշ Վայրկեանը

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Արցախը չկայ: Ան խլուած է ոչ միայն մեր հայրենիքի հողային ամբողջականութենէն, այլեւ (այլ մանաւա՛նդ) մեր էութենէն: Այսօր խոցուած ենք ազգովին եւ կ՛ապրինք ջարդուած խղճմտանքով: Եւ հետեւաբար այսօր է ժամը հարց տալու, թէ գործօններէն ո՞րն է այն վճռորոշ գործօնը, որ ներկայ կացութեան մէջ կրնայ կասեցնել եւ ետ շրջել մեր կեանքի գահավէժը եւ մեզ վերստին դնել  (թէկուզ այս ուշ ժամուն)...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Տարբեր Հարթակ, Տարբեր Ուղղութիւն

Հոկտեմբեր 15-ին Ազրպէյճանի բռնապետ Իլհամ Ալիեւ այցելեց Ստեփանակերտ եւ արցախեան այլ բռնագրաւեալ շրջաններ, ուր հերթաբար կատարեց ազրպէյճանական դրօշակի եւ զինանշանի ծածանում-տեղադրում: Անշուշտ ոտնակոխելով Արցախի դրօշը` ան շարունակեց իր յարձակողական եւ պատերազմական մթնոլորտ ստեղծող` սպառնալի յորդորները: Ստեփանակերտէն հեռու, շատ տարբեր հարթակի վրայ, Եւրոպական խորհրդարանի մայրաքաղաք Սթրազպուրկի մէջ, բեմ բարձրացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը եւ կարդաց իր ճառը: Մէկը բեմ բարձրացաւ զինուորական զգեստով...

Խմբագրական «Հորիզոն»-ի. Հայոց Արեւելից Կողմանց Ամրոցի Խորտակումէն Ետք` Զգաստանալու Պահը

Խմբագրական «Հորիզոն»-ի. Հայոց Արեւելից Կողմանց Ամրոցի Խորտակումէն Ետք` Զգաստանալու Պահը

«Զօրք եւ ազգ, զօրք եւ պետութիւն, զօրք ու հայրենիք` պէտք է կազմեն մի ներդաշնակ ամբողջութիւն» ՄԻՔԱՅԷԼ ՎԱՐԱՆԴԵԱՆ 1991 թուականի սեպտեմբեր 2-ին հռչակուած Արցախի անկախութեան հռչակումէն 32 տարի ետք, այսօր խորտակուած է Հայոց արեւելից կողմանց դարպասապահ ամրոցը` Արցախը: Հայոց ցեղասպանութենէն 108 տարի ետք, ականատեսներն ենք արցախահայութեան ցեղասպանական բռնագաղթին: Արցախը դարերու ընթացքին անվկանդ դիմակայած է արաբական, մոնկոլական, սելճուքեան, պարսկական, թրքական թշնամական յարձակումները,...

Page 230 of 1111 1 … 229 230 231 … 1,111

Արխիւներ