Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Գէորգ Կէրկէրեան

Հոկտեմբեր 20, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համադրեց` ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Բժիշկ Գէորգ Կէրկէրեան

Բժիշկ Գէորգ Կէրկէրեան ծնած է Կիւրին, 1907-ի մայիսին: Անոր ծնողները եղած են Յարութիւն Ն. Կէրկէրեան եւ Թերեզ Թերճանեան, որոնց ընտանիքները մեծ եւ լաւ անուն ունեցած են Կիւրինի ազգային, ընկերային եւ առեւտրական կեանքին մէջ: Գէորգ իր ծնողներուն 14 զաւակներէն միակ վերապրողը եղած է: Իբրեւ որբ, վայելած է հօրեղբօրորդի Նազարէթ Ս. Կէրկէրեանի հայրական գուրգուրանքն ու հոգածութիւնը եւ ըստ այնմ ան կրցած է հետեւիլ երկրորդական եւ համալսարանական ուսումի:

Ան նախնական ուսումը ստացած է Պէյրութի Ազգային Ուզունեան  նախակրթարանը եւ Ատանայի Յիսուսեանց «Սեն Փոլ» քոլեճը: Կիլիկիոյ պարպումին կը վերադառնայ Պէյրութ եւ կը յաճախէ Ֆրերներու Սաքրը Քէօր քոլեճը: Եղած է քոլեճին յաջողակ ուսանողներէն մէկը: Քոլեճին վեց տարուան դասընթացքը վերջացուցած է 4 տարուան ընթացքին եւ յաջողած է Ֆրանսական բժշկական բաժանմունքի մուտքի քննութեան:

Ուսանողական փայլուն արդիւնքներ կ՛ունենայ եւ կ՛արժանանայ քանի մը պատուոյ մրցանակներու: Յաջորդաբար համապատասխան քննութիւններէ ետք կը նշանակուի «Օթէլ Տիէօ» հիւանդանոցի Extern, Interne եւ Chef de clinique պատասխանատու պաշտօններուն: Կը մասնագիտանայ քիթ-կոկորդ-ականջ-աչք հիւանդութիւններու վիրաբուժութեան մէջ, ապա կ՛ընդունուի Սաքրը Քէօր հիւանդանոց` իբրեւ օգնական մասնագէտ բժիշկ, եւ կը վայելէ De Peyrelongue du Negrier-ի նման հռչակաւոր մասնագէտներու հոգածութիւնը: 1941-ին կը ստանձնէ նոյն հիւանդանոցին մասնագէտ բժշկապետի պատասխանատու պաշտօնը, որ հմտօրէն կը վարէ երկար տարիներ:

1947-48-ին, բժիշկ Գէորգ Կէրկէրեան կը մեկնի Փարիզ եւ վեց ամիսներու ընթացքին կը կատարելագործէ իր մասնագիտութիւնը:

Բժիշկ Գէորգ Կէրկէրեան եղած է իր մասնագիտութեան ճիւղի ֆրանսական եւ միջազգային գիտական միութիւններու անդամ: Մասնակցած է գիտական միջազգային համագումարներու: Առ ի գնահատանք իր բեղուն գործունէութեան, իբրեւ օտար բացառաբար կ՛արժանանայ «Օ. Առ. Էլ.» գիտական միութեան պատուոյ անդամի տիտղոսին, որ իր տեսակին մէջ առաջինը եղած է ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ:

Ան արժանացած է լիբանանեան կառավարութեան Մայրիներու Ասպետի կարգի շքանշանին` երկար տարիներ Լիբանանի առողջապահական զարգացումին իր մատուցած ծառայութիւններուն համար: Ունեցած է զգալի ազգային գործունէութիւն, եղած է ատենապետ Հայ կաթողիկէ  երիտասարդաց միութեան եւ անդամ:

Բժիշկ Գէորգ Կէրկէրեան անդամ եղած է Լիբանանահայ Բժշկական միութեան, հիմնադրութեան օրէն ի վեր: Սատարած է միութեան վերելքին` գիտական, տնտեսական եւ սահմանադրական մարզերուն մէջ: Վարած է միութեան ատենապետութիւնը երկար տարիներ: Ան իրականացուցած է միութեան ճանաչումը` լիբանանեան պետութեան կողմէ: Իր երազը եղած է իրականացնել հայկական հիւանդանոցի մը հաստատումը Պէյրութի մէջ:

Բժիշկ Գէորգ Կէրկէրեան մահացած է Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին:

Մոնրէալ, 18 մարտ 2023

 

ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ

  1. Մինասեան Պետրոս, «Պատմագիրք Կիւրինի», Պէյրութ, 1974:
  2. Հարպոյեան, բժիշկ Կարպիս, անձնական ծանօթութիւն որպէս գործակից բժիշկ:
  3. «Երիտասարդ հայ» պարբերաթերթ, «Հայկական հիւանդանոց – տոքթ. Գէորգ Կէրկէրեան կը Խօսի», Պէյրութ, Լիբանան, 30 սեպտեմբեր 1972:
  4. «Ազդակ» օրաթերթ, «Լիբանանահայ բժշկական միութեան տարեկան ընդհանուր ժողովը», 2 փետրուար 2013:
  5. «Ազդակ» օրաթերթ, «Տոքթ. Գ. Կէրկէրեան Եւրոպա մեկնեցաւ», 9 հոկտեմբեր 2012:
Նախորդը

«Հայկ Նագգաշեան» Գրական Հիմնադրամի 6- րդ Ամէնամեայ Մրցանակաբաշխութիւնը

Յաջորդը

Արցախի Կորուստէն Ետք Փաշինեան Պէտք Է Չեղեալ Յայտարարէ 2020-ի Համաձայնագիրը

RelatedPosts

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ծառը
Անդրադարձ

Յուշդ… Երբեք Չի՛ Մահանար…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?