Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Մամուլին Դերն Ու Առաքելութիւնը (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առիթով)

Հոկտեմբեր 20, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

Իբրեւ ընկերային էակ, մարդ արարածը իր անհատական թէ հաւաքական կեանքին մէջ, իր ֆիզիքական սնունդէն զատ, կարիքը ունի նաեւ բանաւոր սնունդի` տեղեկութեան, իր ներկային կամ ապագային հետ աղերս ունեցող անցուդարձերուն հաղորդակից դառնալու անհրաժեշտութեան: Այս կարիքին գոհացում տուող ամէնէն կարեւոր գործօններէն մէկն է մամուլը:

Ճիշդ է, որ ներկայիս տեղեկատուութեան ազդեցիկ միջոցներ կան, ինչպէս օրինակ` ձայնասփիւռը, հեռատեսիլը, համակարգիչը եւ այլն, բայց այդ բոլորը չեն կրնար փոխարինել մամուլին դերակատարութիւնը:

1794-ին, երբ Յարութիւն քհնյ. Շմաւոնեան Մատրասի մէջ հրատարակեց առաջին հայ թերթը` «Ազդարար»-ը, դարաւոր հայ մշակոյթին վրայ բացուեցաւ փառքի նոր պսակ մը – ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԸ:

Հայ մամուլը անփոխարինելի դեր մը ունեցաւ ազգապահպանման ճակատագրական գործին մէջ: Ան լրատուութեան մեկնաբանութիւններու եւ տեսակէտներու արտայայտութեան միջոց ըլլալէ զատ, ունեցաւ յաւելեալ եւ կենսական դեր մը` հայ ժողովուրդի զաւակներուն մէջ արթնցնելու եւ վառ պահելու ինքնուրոյն մշակոյթի գիտակցութիւնը:

Հայ մամուլը պատմական բախտորոշ ծառայութիւն մը մատուցեց եւ դեռ կը շարունակէ մատուցել, իբրեւ հանրային կարծիք կերտող, գաղութէ գաղութ կապ հաստատող, ազգային կենսունակութիւն եւ ստեղծարար գործունէութիւն արտադրող ազդու միջոց:

Տարասփիւռ հայութեան համար հայ մամուլը միութեան օղակ մը եղած է, եւ դեռ կը շարունակէ ըլլալ: Ան ոգեղէն հոյակապ կամուրջ մը եղած է միջգաղութային եւ համահայկական միատարրութիւն ստեղծելու եւ հայութեան զանազան հատուածները հիմնական հարցերու շուրջ միաւորելու աշխատանքին մէջ:

Կար ժամանակ, երբ հայ մամուլը բազմերես եւ բազմակողմանի հանգամանք ունէր: Ներկայիս պարագան նոյնը չէ: Մեր օրերուն հայ մամուլին դերը որոշապէս փոխուած է: Այսօր տեղական-առօրեայ տեղեկատուութիւնը այլեւս հայ մամուլին գործը չէ: Լրատուութեան այլ գործօններ (ձայնասփիւռ, հեռատեսիլ, համակարգիչ) շատ աւելի արագ եւ ազդու կերպով կը կատարեն այդ դերը: Հայ մամուլը միայն սահմանափակ իմաստով կը լրացնէ հայկական տեղեկատուութեան պահանջը:

Արդ, ի՞նչ է մերօրեայ հայ մամուլին դերն ու առաքելութիւնը: Հայ մամուլը հայ եկեղեցւոյ, դպրոցին, ակումբին եւ կազմակերպութեան կողքին, ազգային հաստատութիւն մըն է եւ մեր ազգային պայքարի առաջին գիծի վրայ իր կարեւոր դերը ունի: Ան հանրային կրթարան մըն է համահայկական մտածողութիւն ջամբելու: Ան հանդիսարանն է մեր ազգային մտահոգութիւններուն, նպատակներուն, երազներուն, ուրախութեանց եւ ցաւերուն: Ան մեր ազգային կեանքը մեզի վերահասու դարձնող միջոցն է:

Հայ մամուլը գաղափարներու կազմաւորման հնոց մըն է, հանրային կարծիքի արտայայտիչ, մշակոյթի գիտակցութիւն արթնցնող եւ վառ պահող հզօր ազդակ մը:

Հայ մամուլը նաեւ սքանչելի միջոց մըն է հայ լեզուի գործածութեան եւ տարածման վսեմ գործին մէջ: Ան ոչ միայն մեր գրականութիւնը կը ճոխացնէ, այլ նաեւ թեւ կու տայ հայ միտքին, ոգիին ու հայ իմացական եւ հոգեկան բոլոր արտայայտութիւններուն:

Հայ մամուլը տասնամեակներ շարունակ նեցուկ եղած է Հայ դատին: Ան միշտ առաջին գիծի վրայ գտնուած է Հայ դատի նուիրական առաքելութեան ճանապարհին վրայ: Ան յաճախ աշխատած է եւ դեռ կ՛աշխատի ճանչցնել մեր պահանջատիրութեան անհրաժեշտութիւնը հայ ժողովուրդի զաւակներուն:

Հայ մամուլը միշտ ջանացած է մեր ազգային հպարտութիւնը արթնցնել հայ մարդոց հոգիներուն մէջ, որպէսզի անոնք հայու հպարտութիւնը պտտցնեն իրենց հետ` այս մոլորակի վրայ ուր որ գտնուին:

Հայ մամուլը միշտ ջատագով եղած է հայրենիքին, այն հաւատքով, որ հայրենիքը ամրակուռ կռուանն է հայ ժողովուրդի գոյատեւման եւ յառաջդիմութեան:

Հայ մամուլը, իբրեւ մէկ գործօն մասնիկը հայ մշակոյթին, միշտ շեփորած է հայ մշակոյթը, իբրեւ կենսական ազդակ հայ ինքնութիւնը վառ պահելու` հայ մարդուն միտքին, սիրտին եւ հոգիին մէջ:

Յիշելէ ետք հայ մամուլին առաքելութիւնը եւ անփոխարինելի ծառայութիւնը, պէտք է յիշել, թէ հայ թերթերը գրեթէ ամէնուրեք տնտեսական տագնապներու եւ հանրային անբաւարար ընկալումի սահմանուած հաստատութիւններ են: Պիւտճէական անհաւասարակշռութեան հետեւանքով անոնք նիւթատնտեսական անբաւարարութենէ կը տագնապին: Այսօր, հայապահպանման միջնաբերդ նկատուող հայ մամուլը անձկագին մտահոգութիւններու առարկայ է: Դժբախտաբար, շատ վայրերու մէջ հայախօս զանգուածներ հայերէն չեն կարդար:

Մեծ թիւով հայերու կը հանդիպինք, քիչ մը ամէն տեղ, որոնք շատ լաւ հայերէն կրնան կարդալ, բայց ինչ-ինչ պատճաոներով, որեւէ հայերէն թերթի չեն բաժանորդագրուիր: Ինչպէ՞ս կարելի է հայ ազգային կեանքին մաս կազմել եւ հայ թերթի մը չկապուիլ…

Հայ մամուլին կատարած այսքան մեծ զոհողութեանց փոխարէն արդեօք աւելո՞րդ է ակնկալել մեր ժողովուրդէն, որ բաժանորդագրուին հայ թերթին, քաջալերեն զայն նիւթապէս եւ բարոյապէս, որպէսզի ան ալ իր հերթին կարենայ շարունակել իր կարեւոր դերն ու առաքելութիւնը:

 

 

Նախորդը

Գեղեցկութիւն Առեղծուած Բնութեան Մէջ

Յաջորդը

Ճինիշեան Հաստատութիւնը Ծառայութեան Պատնէշին Վրայ. Յիշատակի Եւ Աղօթքի Օր

RelatedPosts

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
Կոչ
Անդրադարձ

Ցաւակցագիր

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?