Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեանի Գիրքերու Ներկայացում Թորոնթոյի Մէջ

October 21, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՇՕ ԶԱՔԱՐԵԱՆ

Թորոնթօ կը գտնուէր «Ազդակ» օրաթերթի վերստուգող սրբագրիչ Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեան, որ հեղինակն է «Կեանքի պատուհանէն» եւ «Սոֆիա» գիրքերուն: Մեր տրամադրութեան տակ ունինք նաեւ իր հօր` Միսաք Սիսեռեանի քերթուածներու գիրքը` «Անաւարտ պահեր» խորագիրով:

Դժուար էր ամրան արձակուրդներուն եւ կարճ ժամանակի մը մէջ պատրաստել հեղինակ Սիրուն-Սիսեռեան Հաճէթեանի գործերուն ներկայացումը: Իսկապէս մենք` Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի «Յ. Մանուկեան» գրադարանի, գրատարածի եւ գրասէրներու յանձնախումբերու պատասխանատուներս մտահոգ էինք, որովհետեւ նախ ժամանակը կարճ էր յայտարարութիւններ պատրաստելու եւ բաժնելու, ապա երիտասարդ ընթերցողներ գտնելու, ինչպէս նաեւ` յարմար օր եւ ժամ գտնելու մեր Թորոնթոյի կեդրոնին կեանքին մէջ:

Օրը եւ ժամը փոխեցինք երեք անգամ, չգտանք երիտասարդ ընթերցողներ, բայց մեծ էր մեր հրճուանքը, երբ գրադարանի երեք սեղանները միացնելով յաջողեցանք մտերմիկ մթնոլորտի մէջ իրականացնել վերոնշեալ երեք գիրքերուն անդրադարձները, որոնք տեղի ունեցան 26 յուլիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին:

Ձեռնարկը սկսանք իրարու ծանօթանալով, ապա Արշօ Զաքարեան ներկայացուց Միսաք Սիսեռեանի (Միսաք Ուլնեցի) գրչանունով կենսագրականը եւ «Անաւարտ պահեր» գիրքի 42 քերթուածներու հաւաքածոն, որ 1919-էն 1932 տարիներուն գրի առնուած է: Հեղինակը ծնած է Զէյթուն, կրած է իր սիրելիները առյաւէտ կորսնցնելու ողբերգութիւնը: Այդ մեծապէս ազդած է իր վրայ: Ահաւոր եւ անվերադարձ մարդկային կորուստները, իրեն տուած են անսահման ուժ եւ կորով, որ տէր ըլլայ որբերուն, հայոց լեզուն դասաւանդէ, գրէ, ստեղծագործէ, ուսումնասիրէ եւ դաստիարակէ ամբողջ սերունդ մը: Ունեցած է երեք տղաներ եւ չորս աղջիկներ: Իր ամէնէն կրտսերը` Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեանը մեզի հետ է այսօր, նշեց Զաքարեան:

Միսաք Սիսեռեան 1924-1925 ուրիշ երկու ուսուցիչներու հետ կազմած եւ խմբագրած է պատկերազարդ օրացոյցներ, որոնք մեծ արժէք կը ներկայացնեն հալէպահայ կեանքին մէջ: 1926-էն 1928 թուականներուն Միս Եփփէի որբանոցի տնօրէնութիւնը ստանձնած է, ապա 1928-էն 1932 եղած է Տէր Զօրի Ազգային վարժարանի տնօրէնը եւ դպրապետը: Հոն կը հաւաքէ Հայոց ցեղասպանութենէն անապատին մէջ մնացած գանկեր եւ ոսկորներ, զորս կ՛ամփոփէ եկեղեցւոյ խորանին տակ: Անհամար նամակներ կ՛ուղարկէ բարերար մը գտնելու համար, որպէսզի այդ մատուռը վերածէ եկեղեցւոյ: Եգիպտահայ Բարսեղ Պալըքճեան կը պատասխանէ, եւ անոր շնորհիւ Տէր Զօրը կ՛ունենայ իր Ազգային նահատակաց վարժարանը, եկեղեցին եւ Ապրիլ 24-ի ուխտատեղին:

1932-էն 1953 թուականներուն դասաւանդած է Հալէպի Ազգային Հայկազեան եւ Կիւլպէնկեան վարժարաններուն մէջ: Աշխատակցած է Հալէպի «Արեւելք», Պէյրութի «Ազդակ», Գահիրէի «Յուսաբեր» եւ «Արեւ», Փարիզի «Յառաջ» եւ Պոսթընի «Հայրենիք» թերթերուն, 1954-ին կը կնքէ իր մահկանացուն:

Գրած է Զէյթունի ամբողջական պատմութիւնը, որ 1996-ին իր զաւկին` տոքթ. Սեպուհ Սիսեռեանին միջոցով հրատարակուեցաւ: Այս գործը խիստ կարեւոր է թէ՛ մեր Դատին եւ թէ՛ մեր տոհմիկ կեանքին առումով:

Երուանդ Քասունի Միսաք Սիսեռեանի ոճին մասին գրած է հետեւեալը. «Միսաք Ուլնեցիի բանաստեղծութիւնները, որոնք Մեծարենցի, Զարիֆեանի եւ Թէքէեանի շունչը կը կրեն, յայտնապէս ինքնատիպ են իրենց ստեղծագործական պատկերներով, լեռնաշխարհի զաւակի գիտակցութեամբ, արդարութեան աղաչանքով, յոյսին կառչած մնալու որոշումով, բայց եւ անաւարտ պահերու կարծր իրականութեան դէմ նահանջելու վախով»:

Սակայն Միսաք Սիսեռեան իբրեւ ուսուցիչ, թարգման, ազգային մարդ, տնօրէն, թղթակից անկարելին ըրած է, որպէսզի կեանքերը եւ երազները անաւարտ չմնան եւ հասնին իրենց լրումին:

Զաքարեան կ՛ընթերցէ «Գարնան օրեր, անվերադարձ օրեր» քերթուածը: Յաջորդ ներկայացումը Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեանին «Սոֆիա»-ն էր: Գիրքին հերոսուհին ծնունդով պոնտացի յոյն է, բայց կեանքով հայ մայր: Այս գիրքը յունարէնի թարգմանուած է եւ բացառիկ յաջողութիւն գտած է Յունաստանի մէջ: Մանաւանդ որ շատ քիչ գիրքեր կան գրուած յունարէնով պոնտացի յոյներու ցեղասպանութեան մասին:

«Սոֆիա»-ն վերապրող է, կրած է ահարկու ցեղասպանութեան հարուածները: Տարիներով եղած է անպաշտպան եւ գուրգուրանքի կարօտ: Մեծապէս շնորհակալ ենք հեղինակին, որ նուիրած, գրած եւ վերապրած է իր մօր կեանքը, զգացած է հոգւոյն ծարաւը, կանչը եւ վիշտը», դիտել տուաւ Զաքարեան եւ աւելցուց. «Սոֆիան արտաքինով եղած է գեղեցիկ, եւ մենք` ընթերցողներս, կը գտնենք զինք ներքինով ալ գեղեցիկ, յարմարող, համեստ, առաքինի եւ խելացի: Կարելի չէ չյուզուիլ, չզգացուիլ, չապրիլ եւ չհպարտանալ «Սոֆիա»-ով: Մեծ գնահատանք հեղինակին, որ մեզի ծանօթացուց Սոֆիա»-ն:

«Շատ գողտրիկ գրութիւններով սովորական տնային անցուդարձերով պատմութիւն մըն է, սակայն հեղինակը անոր ընդմէջէն աշխարհ մը կը ներկայացնէ: Իւրաքանչիւր վերապրողի կեանք արդէն ինքնին վէպ մըն է, նոյնիսկ, երբ մատղաշ տարիքին եղած են պատահարները: Բռնութեամբ կրօնափոխ ըլլալը ընդվզումի դուռ կը բանայ: «Հազիւ վերջացած նամազի պահը, ան պատրուակով մը կը հեռանար անոնց մօտէն եւ քովի սենեակը մտնելով կը խաչակնքէր երեսը», հեղինակին խօսքը մէջբերելով կը նշէ Զաքարեան: Սոֆիան մեծ դժուարութիւններով հասած է Հալէպ, բայց յաճախ ալ յոյն ըլլալուն համար հանդիպած է զանազան խտրականութիւններու հայկական շրջանակին մէջ: Իսկ երբ հայ ամուսին ունեցած է, ան ալ ուսուցիչ եւ տնօրէն, պայման էր հայերէն խօսիլը, կարդալը եւ գրելը: Զօրաւոր կամքով եւ յարատեւութեամբ յաղթահարած է դժուարութիւնները: Արդէն ամուսինը այրի էր երեք տղայ զաւակներով: Հակառակ որ Սոֆիան ինքը դեռ շատ երիտասարդ էր, տէր կ՛ըլլայ անոնց, հարազատ մօր մը պէս կը հոգայ, կը գուրգուրայ եւ կը պաշտպանէ: Իր կարգին կ՛ունենայ վեց աղջիկ զաւակներ, առաջին երկուքը կը մահանան, իսկ միւս չորսը կ՛ըլլան պատուաբեր զաւակներ:

1928-1932 Տէր Զօրի իրենց կեանքը կ՛ըլլայ սաստիկ դժուար: 1932-ին կը վերադառնան Հալէպ: Սոֆիային օրերը կը սկսէին առաւօտեան ժամը 5:00-էն մինչեւ ուշ գիշեր: Շատ անուշ պատմութիւններ կան, ինչպէս` «Ոսկի ապարանջանը», «Օգնութեան սնտուկը», «Կաշիէ դրամապանակը», «Մամային բժիշկը»:

Այս գիրքը ամէնէն յարգի դափնեպսակն է, ամէնէն թանկագին գոհարը եւ ամէնէն կայուն տապանաքարը: Միսաքին եւ Սոֆիային հոգիները կը խայտան: Խունկ ու մոմ իրենց հոգիներուն:

Զաքարեան ընթերցեց «Օգնութեան սնտուկ»-ի երկրորդ մասը: Երրորդ գիրքը` «Կեանքի պատուհանէն», դարձեալ Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեանի հեղինակութեամբ, ամփոփ կենսագրական մըն է իր մասին… Ծնած է Հալէպ, յաճախած է Հայկազեան վարժարան, ապա Քարէն Եփփէ ճեմարանը, ուր նաեւ հայոց լեզուի ուսուցիչ եղած է: 1997-էն ի վեր հաստատուած է Լիբանան եւ «Ազդակ» օրաթերթի վերստուգող սրբագրիչն է: Սկսած է գրել պատանեկան օրերէն «Ծիլեր» դպրոցական պարբերաթերթին մէջ, ապա «Սփիւռք», «Գարուն», «Գանձասար», «Ազդակ» թերթերուն մէջ: «Կեանքի պատուհանէն» եւ «Սոֆիա» գիրքերը շատ դրական անդրադարձներ ունեցած են: Հեղինակը, իբրեւ վերապրողներու ամէնէն կրտսեր զաւակը, յաջողած է իր ծնողքին տառապալից կեանքին արձագանգը ըլլալ: Նաեւ իր սիրելի ծննդավայրի ապրելակերպը, մտածելակերպը եւ ֆիզիքական արտացոլումը ըրած է նկարագիրներուն, վայրերուն եւ բարքերուն միջոցով:  Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեան ազգի բազկերակին վրայ դրած է գրիչը քառասունչորս օրուան պատերազմի օրերուն: Կարդա՛լ «Ազգ մը ամբողջ»-ը:

Շատ կարեւոր է «Ազդակ»-ի եւ ընդհանրապէս հայ մամուլին դերը մեր սփիւռքեան իրականութեան մէջ: Հեղինակի մտքերէն կը ներկայացնենք ազդեցիկ մէջբերումներ. «Մեր թերթերը թող մտնեն ամէն օճախէ ներս ու կենսական հոգեւոր սնունդ եւ աւիւն տան հայուն… հայ թերթը օրհնութիւն մըն է մեր ազգի զաւակներուն համար», «հոն, ուր զէնքը կը տկարանայ, խօսքն է, որ կ՛իշխէ»: Ան իր պաշտելի հօրմէն սորված է եւ հասկցած թերթին արժէքն ու անհրաժեշտութիւնը: Հեղինակը նաեւ անդրադարձած է հայ ուսուցիչին դերին իր «Յասմիկը» գրութեամբ: Բոլորս ալ հայ լեզուն վայելած ենք եւ սորված Յասմիկի նման ուսուցիչներու միջոցով: Նաեւ մեր ուսուցիչները, երբ հանգստեան կոչուին, չդառնան մոռցուած էակներ: Յասմիկները ջերմութիւն, զոհողութիւն, եռանդ եւ գիտութիւն տուած են իրենց աշակերտներուն:

Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեան կը սկսի պարզ կարծեցեալ նիւթով մը, օրինակ` «Արա Գեղեցիկ» կամ «Հիւսիսայինի վրայ» իր` Հայաստան այցելութեան առիթով, բայց իր բոլոր գրութիւններուն մէջ կան հարցականներ, վերլուծումներ եւ ազգը տառապեցնող թեմաներ:

Իր գրութիւններուն մէջ շատ իմաստուն խոհեր կան, օրինակ` «Ուրեմն պէտք չէ յուսահատիլ, երբ առիթ մը կը զլացուի քեզի, քանի որ հեռու չէ, որ ուրիշ առիթներ ներկայանան եւ փոխարինեն բացը», «Ամէն ժամանակաշրջան իր յատուկ բոյրն ու համը ունի, որ կարելի չէ փոխարինել»: «Դժուար պայմանները կ՛ազնուացնեն անձը, կը զարնեն փորձաքարի ու կու տան գիտակցութեան հասունութիւն, ընկալելու ամէն դժուար գործ, ամէն անկարելին կ՛ընեն կարելի»: «Այո՛, պահակ մըն է Ապու Իսկանտարը, բայց իր արժէքով որպէս մարդ, շատ բարձր է: Մաքուր նկարագիր, ճշդապահութիւն, խղճամիտ ծառայութիւն: Ես միշտ կը յիշէի այն առածը, որ կ՛ըսէ` լաւ ձին իր կերը կը շատցնէ»:

Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեանի ոճը յստակ, դիւրըմբռնելի եւ դիւրընթերցելի է: «Կեանքի պատուհանէն»-ը ճիշդ խորագիրն է, երբ նայինք պատուհանէն դուրս ինչեր կը տեսնենք, իսկ երբ պատուհանէն ներս կը նայինք դերակատարները եւ թեման կը փոխուին:

Զաքարեան կը մաղթէ հեղինակին, որ գրիչը ըլլայ միշտ բեղուն, ունենայ մտքի պայծառութիւն, որպէսզի արձագանգէ եւ վերլուծէ սփիւռքի հայ կեանքը: Այս առիթով Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեանին «Գլաձոր» մասնաճիւղին անունով կը նուիրուի տոհմիկ գիրք մը, որ ձօնուած է Սուրիոյ գաղութին եւ կը կրէ «Հիւրընկալ Սուրիան, հայաշունչ Հալէպը» խորագիրը: Հրատարակութիւնն է Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղին:

Հեղինակը կը հրաւիրուի, որ ներկաներուն կարդայ «Զոյգ մը տատրակներ» գրութիւնը, զոր մեծ ապրումով կը կարդայ, ապա ան կը յայտնէ իր յատուկ շնորհակալութիւնը Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղին այս յատուկ երեկոյին համար: Ներկաներէն տոքթ. Ժան Պէպէճեան կ՛արտայայտուի, որ ընթերցողը «Սոֆիա»-ի կերպարին հետ կը նոյնանայ, իսկ ուրիշներ զայն կը կարդան մէկ շունչով: Գիրքերը անմիջապէս կը սպառին:

Թէյի եւ կարկանդակի շուրջ գիրքերու մակագրութիւններ եւ անպաշտօն ու մտերմիկ հանդիպումները կը շարունակուին:

«Թորոնթոհայ»

Նախորդը

Ինչո՞ւ Օդը Աւելի Պաղ Է Լերան Վրայ, Նոյնիսկ Երբ Արեւոտ Է

Յաջորդը

Խմբագրական «Հորիզոն»-ի. Հայոց Արեւելից Կողմանց Ամրոցի Խորտակումէն Ետք` Զգաստանալու Պահը

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.