Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Մուշեղ Գալշոյեանի 90-Ամեակին Առիթով «Էտիթ Փրինթ»-ը Լոյս Ընծայեց «Ձորի Միրոն» Գիրքը
Արձակագիր, լրագրող Մուշեղ Գալշոյեանի ծննդեան 90-ամեակին առիթով «Էտիթ փրինթ» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայեց «Ձորի Միրոն» գիրքը, որուն մէջ ընդգրկուած են «Ձորի Միրոն» վիպակը, «Մարութայ սարի ամպերը» պատմուածաշարը եւ «Ագռաւաքար» էսսէներու, ակնարկներու շարքը:
Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին հրատարակչութեան գլխաւոր խմբագիր, գիրքի կազմող եւ հրատարակութեան պատրաստող Դաւիթ Սամուէլեան նշեց, որ Գալշոյեան կոտրեց շատ ու շատ կարծրատիպեր եւ իր հերոսները չտարաւ գիտակցական մահուան:
«Անոնք անվախ, զուրկ մարդկային խղճուկութենէ, իրենց կամքով եւ մտքով ազատ մարդիկ են եւ պայքարեցան ապրելու, արարելու, «Ցեղի կրակը» վառ պահելու համար: Գալշոյեանի հերոսները անվախ են, ժամանակի հոսանքին հակառակ լողացող, անգամ` ժամանակէն դուրս, ազնիւ եւ առնական, իրենց հոգիին երազը չկորսնցուցած մարդիկ են: Անոնք Երկրին մէջ ձգած են իրենց երիտասարդութիւնը, յիշողութիւնը եւ արեան կանչով հասած են Արաքսէն այս կողմ ու տակաւին չեն հաշտուած աշխարհին հետ. անոնք նաեւ հարց կու տան աշխարհին` ինչո՞ւ…», ըսաւ Սամուէլեան ու աւելցուց` աւաղ, որ Գալշոյեանի ստեղծագործութիւնները այժմէական են:
Յայտնենք, որ գիրքի յառաջաբանի հեղինակն է Սիրանուշ Գալշոյեանը, իսկ գիրքը կազմած եւ հրատարակութեան պատրաստած է Դաւիթ Սամուէլեանը, շապիկի ձեւաւորումը` Արաբօ Սարգսեան, սրբագրիչը` Մարգարիտ Արիստակէսեան: Նշենք նաեւ, որ գիրքին մէջ պահպանուած են հեղինակային կէտադրութիւնը եւ ուղղագրութիւնը:
Գեղանկարիչ Յակոբ Յակոբեանի Բնաւորութիւնն ու Ապրումները Արտացոլացին «Հոգիի Հայելի» Յոբելենական Ցուցահանդէսին
Հայաստանի ժողովրդական նկարիչ Յակոբ Յակոբեանի 100-ամեակին նուիրուած «Հոգիի հայելի» ցուցահանդէսին ընդգրկուեցան անուանի արուեստագէտին մօտաւորապէս 100 գեղանկարչական եւ կրաֆիքական գործեր, քանդակներ` ստեղծուած կեանքի տարբեր փուլերուն մէջ: Առաջին հայեացքէն պարզ, հողեղէն գոյներով ստեղծագործութիւնները կ՛արտացոլացնեն` հեղինակին մտահոգութիւնները, տրամադրութիւնը, բնաւորութիւնն ու աշխարհընկալումը:
Ցուցադրութիւնը, որուն բացումը կատարուեցաւ հոկտեմբեր 11-ին, կազմակերպուեցաւ ժամանակագրական յաջորդականութեան եւ բնաբաններու բազմազանութեան սկզբունքով: Ցուցահանդէսին ներկայացուած են նաեւ թէ՛ հեղինակին ստեղծագործական շրջաններու լաւագոյն գործերը, թէ՛ անցումային փուլերու աշխատանքները:
Ցուցահանդէսը համադրող Մարգարիտա Խաչատրեան ընդգծեց, որ ներկայացուած են ստեղծագործութիւններ` Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի, ժամանակակից արուեստի թանգարանի, ինչպէս նաեւ անձնական հաւաքածոներէն, սակայն առիւծի բաժինը նկարիչի ընտանիքինն է, որովհետեւ հաւաքածոյէն աւելի քան 70 աշխատանք ընդգրկուած է ցուցահանդէսին մէջ:
«Ժամանակագրական որոշ խախտումներ կան` ցուցադրական լուծումները աւելի շեշտադրելու նպատակով: Օրինակ` մանըքեններու սրահին մէջ խտացուցած ենք հեղինակին 1970-ականներէն մինչեւ 2000-ականները ստեղծուած աշխատանքները, որոնց մէջ մանըքեններ են, քոսթիւմներ եւ այլն», նշեց համադրողը:
Ցուցահանդէսի առանցքային ստեղծագործութիւնը «Մարդը եւ բոյսը» կտաւն է, որ նկարիչին անցումային շրջանի աշխատանքներէն է. Յակոբեան զայն սկսած է Եգիպտոսի մէջ եւ աւարտած` Հայաստան: «Կտաւին մէջ կծկուած մարդու կերպարն է, անոր տառապանքը, որուն զուգահեռ մենք կը տեսնենք ափերու մէջ ծլարձակած բոյսի կտորը, որ կեանքի սկիզբն է, կը խորհրդանշէ շարունակութիւն», յայտնեց Մարգարիտա Խաչատրեան:
Անդրադառնալով ցուցասրահներու մէջ ներկայացուած քանդակներուն` համադրողը յիշեցուց, որ Յակոբ Յակոբեան քանդակին անդրադարձած է յառաջացած տարիքին եւ առիթով մը ըսած է, որ եթէ երկար չապրէր, հաւանաբար քանդակին կարգը չէր հասներ: «Ան ըսաւ` չէր գար ժամանակը, չէր հասուննար այն պահը, որ ինքը տեղափոխուէր եռաչափ տարածութիւն: Աքցաններէն, հարթաշուրթերէն եւ այլ գործիքներէն Յակոբեանը քանդակներ կը ստեղծէր` շունչ հաղորդելով անշունչ առարկաներուն», նշեց Մարգարիտա Խաչատրեան:
Ցուցադրութիւնը կազմակերպուեցաւ պատկերասրահի չորս սրահներու մէջ: Սրահներէն մէկուն մէջ ցուցադրուեցան մանըքեններ, հագուստներ պատկերող գործեր, միւս սրահին մէջ` տարբեր տարիներու ստեղծուած անշունչ բնութիւն, անհատներու պատկերներ, յաջորդ սրահին մէջ` բնանկարներ, որոնք ծնած են մինչեւ 1970-ական թուականները, մէկ այլ սրահներուն մէջ ալ` եգիպտական շրջանի աշխատանքներ:
Հանգուցեալ նկարիչին կինը` Մարի Յակոբեանը, որ պայծառ հայեացքով հետեւեցաւ ցուցասրահներու մէջ տիրող անցուդարձին, բոլոր յարաբերութիւններուն մէջ կարեւոր նկատեց սէրը, որովհետեւ սէրը մարդ արարածին մեծ ուժ կը պարգեւէ:
Ան թանկ կը համարէ հեղինակին բոլոր աշխատանքները: «Եթէ տասը երեխայ ունենաս, մէկը միւսին պէս չ՛ըլլար, եւ դուն իւրովի կը սիրես տասն ալ: Ստեղծագործութիւնները ծնած են տարբեր զգացական պահերու, տարբեր ապրումներու ընթացքին: Ես բոլոր նկարներու ստեղծման ժամանակ ներկայ գտնուած եմ: Մենք շատ երիտասարդ էինք, երբ ամուսնացանք ու միասին երկար ապրեցանք, եւ ինծի համար հարազատ են բոլոր գործերը: Ես կը սիրեմ Յակոբ Յակոբեանին արուեստը, բարձր կը գնահատեմ զայն ո՛չ թէ իբրեւ անոր կինը, այլ` իբրեւ անհատ եւ արուեստասէր: Ան բացառիկ մարդ էր, ազնիւ, մաքուր, հայրենասէր, իր ժողովուրդին մասին անընդհատ մտածող ու անոր համար տառապող», պատմեց Մարի Յակոբեան:
Երկրին մէջ տիրող իրավիճակէն մեկնելով` ցուցահանդէսին բացումը քանի մը անգամ յետաձգուեցաւ, սակայն պատկերասրահի տնօրէն Մարինա Յակոբեանի խոր համոզումով` մշակոյթը, արուեստը այն լծակներն են, որոնցմով կարելի է զարթօնք ապրիլ, կանգնիլ, պայքարիլ ու յաղթանակ կերտել:
«Յակոբեան 20-րդ դարու երկրորդ կիսուն, 21-րդ դարասկիզբին առանցքային արուեստագէտներէն է, եւ պատահական չէ, որ ցուցադրութեան գլխաւոր նկարը` «Մարդը եւ բոյսը», իր աշխատանքն է, որովհետեւ անիկա շատ արդիական է նաեւ այսօր: Այստեղ ե՛ւ մարդը, ե՛ւ բոյսը կը խորհրդանշեն մարդու եւ բնութեան, մարդու եւ կեանքի փոխյարաբերութիւնները: Կը կարծեմ` բոլորս մեծագոյն պատասխանատուութիւն պէտք է ստանձնենք մեր եւ շրջակայ աշխարհի, մեր եւ բնութեան, մեր եւ այլ մարդոց հետ փոխյարաբերութիւնները ճիշդ կառուցելու գործին մէջ», շեշտեց Յակոբեան` շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր աջակիցներուն:
Ցուցահանդէսի բացման ներկայ էր նաեւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Ալֆրետ Քոչարեանը: Ցուցադրութեան կազմակերպումը նախարարութեան կեդրոնական ձեռնարկներէն մէկը կը համարուի: Անոր խօսքով, նախարարութեան դերը կարեւոր է մեծերուն` նպաստելու համար անոնց աշխատանքներուն հանրահռչակման: «Օգտուելով առիթէն` կը փափաքիմ նշել, որ այս օրերուն «Սարերում» որմնանկարը, որ կը պատկանի Յակոբ Յակոբեանի վրձինին, կը գտնուէր Գիւմրիի թատրոններէն մէկուն մէջ, սակայն` ո՛չ բարենպաստ պայմաններու մէջ: Արուեստի այս կտորը շուտով կը տեղափոխուի Գիւմրիի դպրոցներէն մէկուն սրահը, ուր աւելի բարենպաստ պայմաններ կան», ըսաւ ան ու աւելցուց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը նախարարութեան միջոցով ներդրում կը կատարէ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ենթակայութեամբ գործող թանգարաններու մէջ, որոնց շնորհիւ արդէն կ՛աշխատին Հայաստանի ազգային պատկերասրահի վերելակները, որոնք երկար տարիներ չէին փոխուած, եւս 250 միլիոն դրամ կը տրամադրուի պատկերասրահի վերանորոգման:
Հաղորդենք, որ «Հոգիի հայելի» ցուցադրութիւնը իրականացուեցաւ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի նախաձեռնութեամբ եւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան` Յակոբ Յակոբեանի ընտանիքին աջակցութեամբ:
Յակոբ Յակոբեանի արուեստի ձեւաւորման ակունքներուն մէջ կան կեանքի անձնական ընկալումները: Ստեղծագործական երկար տարիներու ընթացքին նկարիչը մնայուն յուզած է մարդու բնաբանը, կեանքի տարբեր փուլերու մէջ կենցաղային կամ այլաբանական կողմերէն անոր ներկայացնելու կերպը: Ան փնտռած է նաեւ այլ ուղիներ` ազատագրուած երկչափ հարթութենէ, անշունչը շնչաւոր դարձնել:
Յակոբ Յակոբեան կրցած է գեղարուեստական միջավայր ներմուծել ուրոյն գունամտածողութիւն, ոճական ու գեղագիտական սկզբունքներ, որոնք ընդունուած եւ հաստատուած են` իբրեւ այլընտրանքային մտածողութեան դրսեւորում, ձեւաւորելով իւրօրինակ պատկերային մտածողութիւն:
Նախկին Լիբանանահայ Աշխարհահռչակ Ջութակահար Արա Մալիքեանի Երեւանեան Նուագահանդէսներուն Հասոյթը Պիտի Տրամադրուի Բռնի Տեղահանուած Արցախահայութեան Աջակցութեան
Հայաստանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով, 14-15 հոկտեմբերին Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ հայրենի նուագահանդէսով հանրութեան ներկայացաւ նախկին լիբանանահայ աշխարհահռչակ ջութակահար Արա Մալիքեան:
Նախքան նուագահանդէսները` Մալիքեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Շատ յուզուած եւ ուրախ եմ, որ Հայաստան կը գտնուիմ: Հայերս դժուար ժամանակներ կ՛ապրինք: Մտածեցի յետաձգել նուագահանդէսները, սակայն որոշեցի կատարել եւ հասոյթը տրամադրել Արցախէն բռնի տեղահանուած մեր ժողովուրդին աջակցութեան»:
Ա. Մալիքեան շարունակեց ու ըսաւ. «Հայաստան շատ եկած եմ, երկիրը լաւ կը ճանչնամ, սակայն այցելելը այլ բան է, նուագահանդէսով հայրենի հանրութեան ներկայանալը` ուրիշ բան: Խումբս ու ես սրտով ու հոգիով պիտի կատարենք ամէն ինչ, որպէսզի լաւ ժամանակ անցընենք միասին»:
Ա. Մալիքեան իր երաժիշտներու խումբով` դաշնակահար Իւան «մելոն» Լուիսի, քոնթրապասահար Իւան Ռուիս Մաչատոյի, թմբկահար Կէորուիս Փիքոյ Միլանի, կիթառահար Տայեան Ապատի հետ նուագեց հայ ականաւոր երգահաններու` Կոմիտասի, Արամ Խաչատրեանի, Առնօ Բաբաջանեանի, Տիգրան Մանսուրեանի յօրինումներէն: Մալիքեանի հարուստ նուագացանկը ընդգրկեց նաեւ տարբեր դարաշրջաններու երգահաններու բազմասեռ ստեղծագործութիւններ` պարոքքոյէն մինչեւ ժամանակակից երաժշտութիւն: Երգացանկին մէջ առանձնայատուկ տեղ գրաւեց հայ ժողովրդական եւ դասական երաժշտարուեստը: Ուսումնասիրելով եւ սերտելով Մերձաւոր Արեւելքի, կեդրոնական Եւրոպայի, Արժանթինի եւ Սպանիոյ երաժշտական մշակոյթը` ջութակահարը ստեղծած է իր ուրոյն կատարողական ոճը, որ ներկայացուց հայրենի հանդիսատեսին մեծ խանդավառութեամբ ու մանաւանդ յուզումով:
Հաղորդենք, որ Մալիքեանի նուագահանդէսները Երեւանի մէջ նախաձեռնած ու իրականացուցած է «Թի. Էմ. փրոտաքշըն» ընկերութիւնը, որուն նախագահը` Թովմաս Մարտիրոսեան, տեղեկացուց, որ Արա Մալիքեան իր աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնեց բռնի տեղահանուած արցախահայութեան եւ նուագահանդէսներուն հասոյթը նուիրեց ի նպաստ անոնց: Այս մասին մանրամասնութեամբ պիտի ներկայացուի յառաջիկային:
«Արցախ Կարպետ»-ը Վաճառքի Հանած Է Ստեփանակերտի Գորգագործարանէն Փրկուած Միակ Գորգը` Բռնի Տեղահանուած Արցախահայութեան Օգնելու Համար
Ձեռագործ գորգերու արտադրութեամբ զբաղող «Արցախ կարպետ» ընկերութիւնը, որ 2020 թուականէն ի վեր կորսնցուցած է Արցախի մէջ հիմնած իր հինգ արտադրամասերը եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան խորհրդանիշը համարուող բացառիկ գորգեր, վաճառքի հանած է Ստեփանակերտի գորգագործարանէն փրկուած միակ գորգը` Արցախէն բռնի տեղահանուած մօտաւորապէս 30 ընտանիքներու օգնութիւն տրամադրելու նպատակով: Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին «Ղարաբաղ կարպետ» (Արցախ կարպետ) ընկերութեան տնօրէն Սեւակ Խաչատրեան տեղեկացուց, որ վերջին պատերազմէն ետք արցախեան աւանդական ձեռագործ «Թագ գորգ»-ը իր նախաձեռնութեամբ «Արցախ կարպետ» ընկերութեան Ստեփանակերտի գորգագործարանէն փրկած եւ Երեւան հասցուցած է Ստեփանակերտէն իր ընտանիքին հետ տեղահանուած երիտասարդ մը:
«Մեր ընկերութիւնը խորհրդանշական գինով գնած է այդ գորգը եւ այժմ պիտի վաճառենք զայն, որպէսզի հասոյթը տրամադրենք տեղահանուած ընտանիքներու առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու ձեռքբերման համար: Վաճառքի նախնական գինը 1 միլիոն դրամ է», ըսաւ Խաչատրեան` նշելով, որ ընկերութեան աշխատակիցները այս ընթացքին կամաւորական աշխատանքներով զբաղած են եւ արդէն իսկ հարիւրաւոր տեղահանուած ընտանիքներու օգնութեան փաթեթներ հասցուցած են:
Խաչատրեան չփափաքեցաւ խօսիլ պատերազմի եւ Արցախի հայաթափման պատճառով ընկերութեան կրած վնասներուն մասին` շեշտելով, որ ներկայիս Արցախէն տեղահանուած շատ արտադրողներ կան, որոնց վիճակը անհամեմատ աւելի վատ է, եւ որոնք շատ աւելի մեծ կորուստներ կրած են, քան` իրենք:
Նշենք, որ «Ղարաբաղ կարպետ» ընկերութիւնը հիմնուած է 2013 թուականին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ: Ընկերութիւնը, նախքան 2020 թուականի պատերազմը, գորգագործական արտադրամասեր ունէր Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի, Շուշիի, Հադրութի, Բերձորի եւ Ճարտար գիւղին մէջ: 2023 թուականի պատերազմէն ետք, երբ Արցախը ամբողջութեամբ անցաւ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ, ընկերութեան Ստեփանակերտի եւ Ճարտարի արտադրամասերը եւս դադրեցուցին իրենց գործունէութիւնը, որուն պատճառով հարիւրաւոր գորգագործներ զրկուեցան աշխատանքէ եւ բռնի տեղահանուեցան Հայաստան:
Լեռնային Ղարաբաղէն Բռնի Տեղահանուած 12 Հազար 169 Երեխայ Ընդգրկուեցաւ Հայաստանեան Կրթական Հաստատութիւններու Մէջ
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան տրամադրած տուեալներուն համաձայն, հոկտեմբեր 10-ի դրութեամբ Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած 12 հազար 169 երեխայ իր կրթութիւնը սկսաւ շարունակելու հայաստանեան կրթական հաստատութիւններու մէջ: Այս մասին «Հումանիտար կեդրոն»-ին մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց Հայաստանի վարչապետի մամլոյ քարտուղար Նազելի Բաղդասարեանը:
«Երեւանի մէջ կրթութիւն կը ստանայ 3 հազար 839 երեխայ, Կոտայքի մարզի մէջ` 2124, Արարատի` 1710, Արմաւիրի` 1045, Լոռիի` 702, Գեղարքունիքի` 586, Արագածոտնիի` 564, Սիւնիքի` 504, Շիրակի` 486, Տաւուշի` 364, Վայոց ձորի` 243 երեխայ», հաղորդեց Բաղդասարեան: