ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
10 նոյեմբեր 2020-ին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին համաձայնագիր ստորագրեցին արցախեան պատերազմի զինադադարի վերաբերեալ:
Զինադադարը սովորաբար կը նշանակէ, որ պատերազմող կողմերը կը դադրեցնեն մարտերը` կանգ առնելով իրենց զբաղեցուցած դիրքերուն վրայ: Տարօրինակ է, բայց 2020-ի զինադադարի համաձայնագիրի պարագային, Հայաստան Ազրպէյճանին յանձնեց մեծ հողատարածքներ, ուր ոչ մէկ ազրպէյճանցի զինուոր ոտք դրած էր, օրինակ` Աղտամի, Քարվաճառի եւ Լաչինի շրջանները, բայց ոչ միջանցքը:
Ուստի, 2020-ի համաձայնագիրը աւելի շատ անձնատուութիւն էր Հայաստանի համար, քան զինադադար: Ահա` ատոր հետեւանքով յառաջացած հարցերը.
1.- Փաշինեան Ազրպէյճանի հետ զինադադարի համաձայնագիրը կնքելու պատճառ չունէր, քանի որ պատերազմը ոչ թէ Հայաստանի, այլ Ազրպէյճանի եւ Արցախի միջեւ էր: Ո՛չ Հայաստան, ո՛չ ալ Ազրպէյճան պատերազմ յայտարարած էին միմեանց դէմ:
2.- Փաշինեան լիազoրութիւն չունէր Ազրպէյճանին յանձնելու այն տարածքները, որոնք կը պատկանէին ոչ թէ Հայաստանի, այլ` Արցախի:
3.- 2020-ի համաձայնագիրով ժամկէտներ սահմանուած էին Հայաստանի, բայց ոչ Ազրպէյճանի համար` իրականացնելու տարբեր պարտաւորութիւններ, օրինակ` տարածքներու տարհանում եւ ռազմագերիներու փոխանակում: Հայաստանի կառավարութիւնը անխոհեմաբար անմիջապէս յանձնեց բոլոր ազրպէյճանցի գերիները, մինչդեռ Ազրպէյճան ազատ արձակեց միայն փոքրաթիւ հայ գերիներ: Երեք տարի անց, տասնեակ հայ բանտարկեալներ կը շարունակեն տանջուիլ Պաքուի բանտերուն մէջ: Փաշինեան ոչ միայն ջանք չի գործադրեր այդ բանտարկեալները վերադարձնելու համար, այլեւ նոյնիսկ չի խօսիր անոնց մասին:
4.- 2020-ի համաձայնագիրով Լաչինի միջանցքը` Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճամբան, 12 դեկտեմբեր 2022-ին բռնի ուժով եւ անօրինական կերպով գրաւուեցաւ Ազրպէյճանի կողմէ, թէեւ զայն պէտք է վերահսկէին ռուս խաղաղապահները:
5.- 2020-ի համաձայնագիրը պարտաւորեցուցած է, որ «պէտք է ապաշրջափակուին շրջանի բոլոր տնտեսական եւ երթուղային կապերը»: Ասիկա կը նշանակէ, որ ե՛ւ Հայաստան, ե՛ւ Ազրպէյճան պիտի կարենան անցնիլ միմեանց տարածքներով: Փաշինեան պատրաստակամութիւն յայտնեց թոյլ տալ ազրպէյճանցիներուն, որ Հայաստանի տարածքով Ազրպէյճանի արեւելեան հատուածէն անցնին դէպի Նախիջեւան, բայց երբեք չնշեց, որ նման մօտեցում մը պիտի ըլլայ փոխադարձ: Հակառակ 2020-ի համաձայնագիրին` Ազրպէյճան կը պահանջէր ոչ թէ պարզապէս անցում, այլ «միջանցք», ինչ որ կը նշանակէ, որ Հայաստանով անցնող ճամբան պիտի պատկանի Ազրպէյճանի: Ալիեւ ոչ մէկ անգամ նշեց, որ ինքնիր հերթին թոյլ կու տայ հայերուն` հատել Ազրպէյճանի սահմանը: Իրավիճակը աւելի սրելով` Թուրքիա կեղծօրէն կը պահանջէ, որ Հայաստան ընդունի «Զանգեզուրի միջանցքը», նախքան որ համաձայնի բանալ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանը:
6.- Փաշինեան բազմիցս խօսած է Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու իր ծրագիրին մասին: Նման խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու կարիք չկայ, քանի որ Հայաստան չէր պատերազմեր Ազրպէյճանի դէմ: Խաղաղութեան պայմանագիրներ կը կնքուին պատերազմող կողմերու միջեւ: Ազրպէյճան կը պատերազմէր ոչ թէ Հայաստանի, այլ Արցախի դէմ:
7.- Հակառակ 2020-ի համաձայնագիրին, որով ռուս խաղաղապահները Արցախի մէջ պիտի մնային մինչեւ 2025, Ազրպէյճան խախտեց այդ դրոյթը` անցեալ ամիս ներխուժելով եւ բռնագրաւելով Արցախի մնացած մասը` անոր 120 հազար բնակիչներուն ստիպելով փախչիլ Հայաստան:
8.- 2023 սեպտեմբերին, Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի բռնագրաւումը անիմաստ կը դարձնէ ռուս խաղաղապահներու դերակատարութիւնը, ինչ որ կը նշանակէ, որ ռուս զինուորները պէտք է լքեն այն, որ այժմ ազրպէյճանական տարածք կը նկատուի:
9.- Թէեւ կան հիմնաւոր պատճառներ` մեղադրելու Ռուսիան արցախահայութեան պաշտպանութեան հարցով իր անգործութեան համար, նոյնքան հիմնաւոր պատճառ կայ` մեղադրելու Փաշինեանը անոր համար, որ ան Արցախը ճանչցած է իբրեւ Ազրպէյճանի մաս: Հասկնալի է, որ հակառակ Հայաստանի հետ Ռուսիոյ դաշինքին, հաշուի առնելով անոր մասնակցութիւնը ուքրանական պատերազմին, նախագահ Փութին որոշած է, որ Թուրքիա (ՕԹԱՆ-ի միակ անդամը, որ պատժամիջոցներ չէ կիրարկած Ռուսիոյ դէմ) եւ անոր կրտսեր եղբայր Ազրպէյճանը շատ աւելի կարեւոր են Ռուսիոյ ազգային շահերուն համար, քան Հայաստան կամ Արցախ: Մինչդեռ Արեւմուտքն ալ Հայաստանին օգնութիւն չէ ցուցաբերած` զուտ սատարող յայտարարութիւններ ընելով եւ որեւէ գործողութեան չձեռնարկելով:
10.- 2020-ի պատերազմէն ետք, երբ ազրպէյճանական բանակը մտաւ եւ բռնագրաւեց Հայաստանի արեւելեան տարածքը, Փաշինեան ոչ միայն ջանք չգործադրեց թշնամին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն դուրս շպրտելու համար, այլեւ նոյնիսկ չի խօսիր հոն Ազրպէյճանի անօրինական ներկայութեան մասին:
11.- Փաշինեանի սխալներուն երկար ցուցակը կը ներառէ իր ընդունումը, որ Հայաստանի ներսը խորհրդային ժամանակաշրջանի ազրպէյճանական բնակեցուած ներգաւառները (enclaves) կը հանդիսանան Ազրպէյճանի մաս: Պատճառ չկար, որ Փաշինեան Ազրպէյճանին առաջարկէր այդ ներգաւառները, մանաւանդ որ Ալիեւ նման պահանջ չէր ներկայացուցած:
12.- Փաշինեան միակողմանի ճանչցած է Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը` առանց Ալիեւի կողմէ որեւէ փոխադարձ ճանաչման:
Հաշուի առնելով վերոնշեալ 12 կարեւորագոյն հարցերուն մէջ Փաշինեանի սխալ վերաբերումը, անոր մերժումը` հրաժարական տալու եւ իր աթոռը իրաւասու ղեկավարի մը յանձնելու, անոր միայն կը մնայ 2020-ի համաձայնագիրը անվաւեր ճանչնալ, քանի որ Ազրպէյճան խախտած է ատոր դրոյթներուն մեծ մասը:
Փաշինեան պէտք է հրաժարի Ալիեւի հետ բանակցութիւններու սեղանին նստելէ, այնքան ատեն որ վերջինս ազատ չէ արձակած բոլոր հայ ռազմագերիները եւ իր զօրքերը դուրս չէ բերած Հայաստանի տարածքէն: Ալիեւը նախ պէտք է յարգէ իր նախկին պարտաւորութիւնները, նախքան որ հայերը վստահին իրեն` թէ պիտի կատարէ ապագայ համաձայնութիւնները:
Բարեբախտաբար, 2020-ի համաձայնագիրը դիւրութեամբ կարելի է չեղեալ նկատել, քանի որ անիկա չէ վաւերացուած Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ խորհրդարաններուն կողմէ իբրեւ միջազգային դաշնագիր: Զայն պարզապէս ստորագրած է Փաշինեան` առանց մէկու մը հետ խորհրդակցելու: Հայաստանի յաջորդ ղեկավարը պաշտօնավարման առաջին իսկ օրը պէտք է չեղեալ նկատէ 2020-ի համաձայնագիրը:
Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
https://www.thecaliforniacourier.com/


