Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Թուրքիան Լարախաղաց` Պաղեստինի Տագնապին Մէջ
Թուրքիան ընդհանրապէս սերտ յարաբերութիւններ ունեցած է պաղեստինեան ու սուրիական հողեր գրաւած Իսրայէլի հետ: Հակառակ անոր որ մերժած է ՄԱԿ-ի 1947-ի տարածքներու բաժանումին առնչուող բանաձեւը, մէկ տարի ետք` 1948-ին պաշտօնապէս ճանչցած է Իսրայէլի գոյաւորումը: Ու թէեւ այդ յարաբերութիւնները վերջին երկու տասնամեակներուն ենթարկուած են լուրջ վերիվայրումներու, սակայն Թուրքիան երկար ժամանակի վրայ չէ խզած իր յարաբերութիւնները Իսրայէլի հետ: Արցախի դէմ Ազրպէյճանի մղած պատերազմին...




















