Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ասիկա Մահագրութիւն Չէ… Այլ Սրտի Խօ՜սք

Հոկտեմբեր 28, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ      

Արդէն երկու շաբաթէ ի վեր, Արցախի  անկումին սահմռկեցուցիչ իրողութեան կողքին, Իսրայէլ- Համաս, հրեայ-պաղեստինեան ահարկու կոտորածներու ծաւալումը, այս բոլորին վրայ ալ ամէնէն մօտիկ գրչեղբօրս եւ, ինչու չէ, կրտսեր եղբօրս` Երուանդին երկրորդ կաթուածին գոյժը պիտի զգետնէր զիս: Կ՛երեւակայէի անոր զգայազիրկ մարմինը հիւանդանոցի մը սառն մթնոլորտին մէջ. անգիտակ երկարած է, զաւակներուն ու իր սիրելիներուն գորովալից, ջերմ ու գուրգուրոտ հոգածութեան տակ կը գալարուի` ահաւոր զգացումներով վարակելով աշխարհով մէկ ցրուած ազգ ու բարեկամութեան ցաւատանջ սրտերը… Բացի ընտանիքիս անդամներու մահուան ցաւալի առիթներով ապրած անչափելի վիշտէս, կեանքիս մէջ երբեք այսպիսի զգետնող, հոգի ու սիրտ բզքտող զգացումով չէի տառապած… Դեռ մինչեւ այս պահս անհաւատալի կը թուի կոշմարի նման հոգիիս ծանրացող այս գոյժը, սիրելի անձի մը, որ գրչակից մը ըլլալու կողքին տասնամեակներու ընթացքին նաեւ կրտսեր եղբայր մը եղած է` այն օրէն, երբ Լիբանանի մէջ Սիմոն Սիմոնեանին հրատարակած «Սփիւռք» գրական թերթի շրջափակին մէջ, ծանօթացայ գրական խմբակի ամէնէն երիտասարդ ու խոստմնալից անդամներէն մէկուն` Երուանդ Գոչունեանին:

Առաջին օրէն իսկ տաքսիրտ այս տղան դրական տպաւորութիւն գործեց վրաս, իբրեւ  ընկերասէր, մարդամօտ բնաւորութեամբ փայլատակող տաղանդաւոր ապագայ գրող ու հայրենապաշտ անհատ:

Լիբանանեան եղբայրասպան կռիւները զինք ալ Միացեալ Նահանգներ նետեցին: Արդարեւ,  Յարութիւն Պէրպէրեանի, Լեւոն Գասպարեանի, Վեհանոյշ Թէքեանի, Խոսրով Ասոյեանի, Մարկօ Քիւփէլեանին,  ու միւսներուն նման իմ ընտանիքս ալ, Սիէրրա Լէոնէն ծայր տուած եղբայրասպան կռիւներէն խոյս տալով, խօսքը մէկ ըրածի պէս, միասին Միացեալ Նահանգներ հաստատուեցանք: Գոչունեաններուն եւ Գուբելեաններուն միջեւ ընկերական ջերմ յարաբերութիւն մը զարգացաւ: Գրեթէ ամէն առիթով կը հանդիպէինք: Երուանդը Հրանդ Սիմոնեանի կողքին կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ Սիմոն Սիմոնեանը Լոս Անճելըս հրաւիրելու գործին մէջ: Նոր գործերս առաջին ընթերցողը կ՛ըլլար ան ու իր անկեղծ կարծիքը կու տար, առանց վերէն առաքուածի հովեր առնելու:

Առիթով մըն ալ Երուանդին հետեւեալ յայտարարութեան ականջալուր եղայ. «Երբ հայ գրականութիւնը Վարուժաններ ու Չարենցներ տուած է, ես ո՞վ եմ, որ անոնց ուղիին  հետեւիմ…»:

Յուզումս ու հիասթափութիւնս չկրցայ զսպել կրտսեր գրչեղբօրս նիհիլիստական յայտարարութեան դիմաց: Գրականութեան մէջ մեծի պզտիկի հարց չէր կրնար ըլլալ… Ամէն ոք, իր ուժերուն ներած չափով, իր համեստ ներդրումը պիտի բերէր ստեղծագործութեան մեր հաւաքական ճիգերուն: Տիեզերքի մէջ ոչ մէկ հաւաքականութիւն միայն Վարուժաններ ու Չարենցներ ծնած է… տղայ ճա՜ն:

– Ո՜վ ըսաւ, որ եթէ շարունակէիր գրել, դուն ալ փոքր Չարենց մը պիտի չդառնայիր, յարգելով չափանիշերը:

Կեանքը մէկ ծայրէն միւսը ողբերգութիւն ու կատակերգութիւն է, յարափոփոխ  պահեր ընդգրկելով իր մէջ, նայած ենթակային ի՛նչ աստղի տակ ծնած ըլլալու իրողութեան: Այդքան ալ ցայտուն, այնքան ալ ցցուն համեստութիւն քիչ մը շատ էր սփիւռքահայ երիտասարդ ու խոստումնալից գրողի մը համար: Համեստօրէն դրուած, եթէ սեպենք, որ այս գրողն ալ ջլատիչ նոյն մտածելակերպին զոհ երթար, ո՜վ հայ գրականութեան պիտի տար անոր ափրիկեան ու ամերիկեան ենթահողով գործերը: Գրականութիւնը մրցարշաւ չէ, այլ ստեղծագործելու աստուածատուր կոչում ու պարգեւ:

Ականջ չտալով գրչեղբայրներու թախանձանքին, ան անաղմուկ, թարգմանչական գործին լծուեցաւ: Եւ սա ալ աւելցնեմ, որ հայ մտաւորականութեան շարքերուն մէջ հանդիպած եմ քիչերու, որոնք Գոչունեանին զսպուածութիւնը ցոյց տային, իրենց շուրջ օրն ի բուն բամբասող ու ոտնձգութիւններ սարքող անարիւն գրողներու սադրանքներուն դիմաց:

Գնա՜, աղբարի՛կ, գնա՜… Այդ քու շեշտուած համեստութեամբդ տիեզերքը գրկէ:

Կեանքի մէջ ամէն ինչ սկիզբ ու վերջ ունի, որոնց շարքին` նաեւ մարդուս կեանքը: Բայց, սիրելի՛ Երուանդ, պէտք չէ աճապարէիր- արդեօք քիչ մը կանուխ չէ՞ր մեկնումդ…

Հողը թեթեւ գայ վրադ գրչակից կրտսեր եղբայր…

19 հոկտեմբեր 2023
Ռիչմոնտ-Վիրճինիա


Ո՞Վ Է Ե. ԳՈՉՈՒՆԵԱՆ

Ստորեւ` Գոչունեան Երուանդին կենսագրական գիծերը:

Ծնած է Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ, 1950 թուականի յունիս 3-ին: Հօր անունը` Կարապետ: Մօրը` Թշխուն: Քոյրը` Էլմաստ: Եղբայրը` Գալուստ: Այնճար կը հաստատուին անոնք մինչեւ տասը տարիքը թեւակոխելը: Ապա բարձրագոյն ուսումը կը ստանայ Հայկազեան քոլեճին մէջ, զոր աւարտելէ ետք կը զբաղի ուսուցչութեամբ: Կ՛ամուսնանայ Կրէյսին հետ, եւ 1975-ին կը հաստատուին Միացեալ Նահանգներ, ուր կը բախտաւորուին զոյգ մը տաղանդաւոր զաւակներով` Թոտ եւ Թարա:

Երկար տարիներ որպէս տնօրէն կը գործէ ան Պլու Գրոս (Blue Cross) ընկերութեան մէջ: Աւելորդ է ըսել, թէ անոր նախասիրութիւնը գիր- գրականութիւնը եղած է: Թոշակի անցնելէ ետք թարգմանչութեամբ զբաղած է:

2014 թուականին իր առաջին կաթուածը կ՛ունենայ: Չտեսնուած քաջութեամբ կը քաշկռտէ կեանքը` շրջապատէն քողարկելով իր ցաւերը: Սակայն վերջին երկու ամիսները ճակատագրական եղան: Ամբողջ օրը կը գալարուէր ցաւերու մէջ: Կը փոխադրուի հիւանդանոց, ուր երկու շաբաթ ետք սրտի ուժգին տագնապով օգոստոս 14-ին հոգին կ՛աւանդէ:

___________________________________________________________________

ԵՐՈՒԱՆԴ ՔՈՉՈՒՆԵԱՆԻՆ

Ինչպէս չյիշել ժպիտդ սիրուն,
Քահքահդ բարձր եւ տրոփիւն,
Եղար իտէալ մեզ` մանուկներուս
Նախքան գիրերուն ծանօթանալնուս:

Ծնար ինքնատիպ գրականասէր,
Սիրեցիր միայն գրադարաններ
Սնունդդ եղաւ գրել կարդալը,
Իսկ հարստութիւնդ` բազում գիրքերդ:

Լոյսի ճառագայթ տուիր ինքզինքիդ,
Ներշնչանք եղար քու շրջապատիդ
Իսկ գիշերները մինչեւ առաւօտ
Տառեր պարեցին աչքիդ դէմ աղօտ:

Առանց տեսնելու քեզ հայր կոչեցինք
Երբ հանդիպեցանք, հոգուդ փարեցինք
Հպարտութենէն արցունքոտեցինք,
«Դուն մեր հօբարն ես» ամէնուն ըսինք:

Ամէն ինչի մէջ սկզբունք դրիր,
Հաւատարմօրէն զայն գործադրեցիր,
Քու բացած էջդ դժուար է փակել
Մենք կը շարունակենք ջանքով առաւել:

Դուն յաւերժ կ՛ապրիս մեր սրտերուն մէջ,
Յիշատակներուն, երազներուն մէջ
Դէմքդ գամուած է մեր աչքերուն մէջ,
Կը հետեւիս մեզ մեր ներկային մէջ:

ՆԱՆՈՐ ԳՈՉՈՒՆԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ

 

 

 

Նախորդը

Սփիւռքացմանաղէտը Հայ Ազգի Քաղաքական Օրակարգ Չէ, Ոչ Ոք Կը Պայքարի Անոր Դէմ

Յաջորդը

«Յաւերժ Մեր Սրտերուն Մէջ. Արինին Նուիրական Յիշատակը»

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?