Յաջող ղեկավարի յատկութիւններէն մէկն է նուիրումը, որ նախ եւ առաջ կը պահանջէ զոհողութիւն անձնական վայելքէ, հանգստութենէ, սեփական շահէ եւ գերազանց պարագաներուն` նոյնիսկ կեանքէ: Այս մօտեցումով, ղեկավարը ամենայն հաւատարմութեամբ ու գիտակցութեամբ իր ուսերուն վրայ կը կրէ ծանր պատասխանատութիւն, ազգի ու հայրենիքի անշահախնդիր ծառայութիւն` գործնապէս միացնելով իշխողի ու իշխուողի շահերը եւ բաժնեկցելով նոյն բախտն ու ճակատագիրը` լաւ թէ վատ: Մեր պատմութեան մէջ շատ եղած են անձնուէր ղեկավարները, անոնց շարքին կը դասուի նաեւ այս յօդուածին հերոսը` Փառանձեմ Սիւնին, որուն ինքնազոհութեան արարքը դասաւանդելի օրինակ է իւրաքանչիւր հայ ղեկավարի:
Թուականն է 368, հայ-պարսկական յարաբերութիւններու սուր լարուածութեան ժամանակ: Հայոց գահակալ Արշակ Բ. Արշակունին դաւադրաբար կ՛առեւանգուի եւ ապա կը բանտարկուի Պարսկաստանի Անյուշ բերդին մէջ, իսկ անոր գործակից սպարապետ Վասակ Մամիկոնեանը մորթազերծ ըլլալով կը սպաննուի` Սասանեան Շապուհ Բ. արքայի հրամանով: Վերջինս ծրագրած էր Արշակունեաց թագաւորութեան քաղաքական եւ ռազմական պետերը վերացնելով լայնածաւալ արշաւանքի սկսիլ անտիրական մնացած Հայաստանի դէմ եւ վերջ դնել հայոց պետականութեան:
Սասանեան հաւանական ներխուժումի, ներքին խռովութիւններու վտանգի, անմիաբան կղերականներու ու նախարարներու դիմաց եւ ընդհանուր անկայուն կացութեան մէջ, Փառանձեմ թագուհին իր ամուսնոյն բացակայութեան կը ստանձնէ հայոց թագաւորութիւնը պահպանելու ծանր պաշտօնակատարութիւնը: Անմիջապէս, Շապուհ Բ.-ի զօրքերը, հայ ենթակայ իշխաններու գլխաւորութեամբ, կ՛անցնին լայնածաւալ յարձակումի: Տեսնելով կռուի անհաւասար պայմանները, թագուհին կ՛որոշէ հայոց գահին հաւատարիմ փոքրաթիւ բանակին հետ ապաստանիլ Արտագերս ամրոցին մէջ եւ պաշտպանել հայոց իշխանութիւնը` միաժամանակ յուսալով, որ հռոմէացիներէն աջակցութիւն հասնի:
Ամրոցը շուտով կը պաշարուի, բայց, հակառակ ամէն տեսակի կատաղի փորձերուն, չ՛իյնար, այնուհանդերձ անոր անկումը անխուսափելի էր, ինչ որ լաւ գիտէր Փառանձեմ, այդ պատճառով ալ ան հակայարձակումով ժամանակաւորապէս ճեղք կը ստեղծէ շրջապատող զօրքին մէջ եւ այդ ճեղքին միջոցով իր պատանի որդին` գահաժառանգ Պապը կ՛ուղարկէ Հռոմէական կայսրութիւն` թէ՛ անոր կեանքը փրկելու, թէ՛ Արշակունեաց արքայական տան շարունակութիւնը ապահովելու, եւ ամէնէն կարեւորը` հռոմէացիներուն հետ բանակցելու համար անմիջական աջակցութեան շուրջ:
Ամիսներ շարունակ գաղտնի մուտքերով պաշարուած ամրոց կ՛այցելէին դեսպաններ ու սուրհանդակներ` յանձնելու եւ ստանձնելու համար մօր եւ անոր որդւոյն մէկզմէկու յղած նամակները: Պապ իշխան կը յորդորէր մօրը ամուր մնալ եւ շարունակել պայքարը` հաստատելով, որ շուտով պիտի հասնին հռոմէական զօրքերը: 13 ամսուան դիմադրութենէ ետք, հայկական զօրքը, որուն մէջ արդէն տարածուած էր սովն ու համաճարակը, կը թուլնայ, եւ այն ժամանակ միայն, յուսալքուած թագուհին խնայելով իր հետեւորդներուն կեանքը, ինքզինք կը յանձնէ թշնամիին` վերջ դնելով տարիէ մը աւելի երկարած կռիւին: Հուսկ, ան կը բերուի Պարսկաստան, վայրագօրէն կը չարչարուի ու կը վարկաբեկուի մինչեւ մահ: Տարիներ ետք, 371-ին, Ձիրաւի եւ Գանձակի (Ատրպատականի) մարտերուն, Փառանձեմի որդին` Պապ թագաւոր եւ Վասակ սպարապետի որդին` Մուշեղ Մամիկոնեան միասնաբար կը լուծեն իրենց ծնողներուն վրէժը` զանազան յաղթանակներ արձանագրելով Սասանեաններուն դէմ եւ վերջապէս ստիպելով Շապուհ Բ.-ը հաշտութեան համաձայնութիւն կնքելու:
Այստեղ մենք մեզի հարց կու տանք, թէ Փառանձեմ թագուհին չէ՞ր կրնար փրկել իր կեանքը, եթէ հրաժարէր թագաւորութիւնը պաշտպանելու պարտականութենէն կամ նոյնիսկ Արտագերս բերդի կռիւին ժամանակ մէկ տարիէն աւելի տեւած դիմադրութիւնը չցուցաբերէր: Չէ՞ր կրնար իր կնոջական հանգամանքը օգտագործել եւ զիջիլ այդ ժամանակուան տղամարդկային բացառիկ վայելքներէն մէկը` ղեկը: Չէ՞ր կրնար դաւանափոխ ըլլալ, թէկուզ ձեւական, եւ ընդունիլ Սասանեան գերակայութիւնը: Կրնա՛ր, բայց այդ արարքը պարզապէս պատուախնդիր ղեկավարի վայել չէր: Ան ընտրեց հաւատարիմ մնալ իր դաւանանքին, ազգին, ամուսնոյն եւ առաջնորդի պատասխանատուութիւններուն, ընդունեց ամէնէն թանկ զոհողութիւնը մատուցել` անփոխարինելի կեանքը, եւ այդպէս ալ ան անմահացաւ ու յաւերժացաւ հայոց փառաւոր պատմութեան մէջ:
Իսկ հիմա, չհամեմատենք այսօրուան մեր «ջոջերը» անցեալի մեծերուն հետ, բայց պարզ հարց մը ուղղենք անոնց: «Երբ պատահի եւ անձնական շահդ խաչաձեւուի հաւաքականին հետ, ո՞ր մէկը կ՛ընտրես, ո՞ր մէկ վնասին աւելի ընդունակ ես` անձի՞դ, թէ՞ ազգիդ»:



