Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Արցախցիները Սփիւռքահայեր Պէտք Չէ Դառնան
Արցախցիներուն բռնի տեղահանութեան առաջին իսկ օրէն աշխարհի տարբեր ծայրերէն Հայաստան եկան ՀՕՄ-ի տարբեր կառոյցներու պատասխանատուներ, ատենապետեր եւ Գորիսի մէջ սկսան բռնի տեղահանուած արցախահայերուն մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերել: Այս օրերուն անոնք կը շարունակեն Հայաստանի մէջ իրենց գործունէութիւնը ծաւալել` համագործակցելով Արցախի ՀՕՄ-ականներուն հետ եւ օգնութիւն ցուցաբերելով ո՛չ միայն մայրաքաղաքի ՀՕՄ-ի գրասենեակին, այլ` մարզերուն մէջ եւս:
ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութան ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեան ցաւով արձանագրեց, որ Արցախէն բռնագաղթածները կը գտնուին հոգեկան շատ ծանր վիճակի մէջ, եւ ժամանակ ու հոգեբանական աջակցութիւն անհրաժեշտ են, որպէսզի անոնք դուրս գան այդ հոգեվիճակէն: Իսկ մինչ այդ` ՀՕՄ-ի գրասենեակները ներկայացող մարդիկ կ՛արձանագրուին, կը փոխանցեն իրենց կարիքները եւ կը ստանան համապատասխան օժանդակութիւն:
«Առաջնահերթ դրութեամբ պէտք է լուծենք անոնց կեցութեան, առաջին կենսական հարցերը, յետոյ անցնինք հոգեբանական աջակցութեան, աւելի խորքային լուծումներ գտնելու անոնց հարցերուն». «Սփիւռքի ձայն»-ի եթերին ըսաւ Վիքի Մարաշլեան, որ պատասխանատուութեան տակ գտնուող Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու թեւը արդէն հանգանակած է 150 հազար ամերիկեան տոլար: Ան համոզուած է, որ պիտի գայ այն օրը, երբ բոլոր արցախցիները պիտի վերադառնան իրենց տուները. «Իսկ մենք ամէն ինչ պիտի ընենք, որպէսզի անոնք չհեռանան նաեւ Հայաստանէն, մնան այստեղ, չհամալրեն սփիւռքահայերուն շարքերը: Իրենք չեն ուզեր հեռանալ, բայց չհեռանալու համար անհրաժեշտ պայմաններ պէտք են: Մենք` սփիւռքը, Հայաստանը, պէտք է ամէն ինչ ընենք, որպէսզի արցախահայերը մնան Հայաստան»:
Համազգայինի Պատասխանատուները Այցելեցին Գիւմրիի Մէջ Գործող Չորս Դպրոցներ
Հոկտեմբեր 18-ին Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան, Գիւմրիի գրասենեակի պատասխանատու Արա Նախշքարեան, Համազգայինի Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Հերմինէ Աւագեան եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան գործավար Տօնիկ Տօնապետեան այցելեցին Գիւմրիի մէջ գործող չորս դպրոցներ:
Համազգայնականները հանդիպեցան տնօրէններուն հետ, ծանօթացան Արցախէն բռնի տեղահանուած դպրոցականներու հարցերուն: Անոնք նաեւ համեստ նուէրներ փոխանցեցին եւ հաղորդեցին, որ նոյնանման այցելութիւնները շարունակական պիտի ըլլան:
Համազգայինը` Արցախի Դպրոցականներուն Կողքին
Համազգայինի Արցախի գրասենեակը կը շարունակէ իր աշխատանքները Արցախի դպրոցականներուն հետ:
Մասիս քաղաքին մէջ արդէն իսկ սկսած են 9-12-րդ դասարանի աշակերտներու համար հայոց լեզուի գիտելիքներու ամրապնդման ուղղուած անվճար դասընթացքները, որոնք պիտի օգնեն աշակերտներուն ամրապնդել գիտելիքները եւ պատրաստուիլ դպրոցական ու համալսարանական քննութիւններուն:
Հաղորդենք, որ դասընթացքները կը վարէ փորձառու մասնագէտ Նայրա Սարգսեանը:
Համազգայինի Արցախի գրասենեակէն տեղեկացուցին, որ ծրագրին վերաբերեալ յաջորդ հանդիպումը պիտի կայանայ հոկտեմբեր 25-ին, ժամը 16:00-ին: Իսկ այն արցախցի դպրոցականը, որ կը փափաքի այս ծրագրին միանալ եւ մանրամասնութիւններուն ծանօթանալ, կրնայ զանգահարել 093407535 հեռախօսահամարին: Մնացած են սահմանափակ տեղեր:
Անոնք նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեցին Մասիս քաղաքի ՀՅԴ գրասենեակին` մեծ սիրով ընդառաջումին ու գրասենեակի տարածքը դասընթացքներու համար տրամադրումին:
Տարահանուեցան Արցախի Պատմական Երկրագիտական Թանգարանի, Ստեփանակերտի Պատկերասրահի Հաւաքածոները
Եթէ 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ պետութիւնը ոչ մէկ միջոցի չձեռնարկեց փրկելու իր մշակութային ժառանգութիւնը, այս անգամ պատկան մարմինները բաւականին աշխուժ աշխատեցան: Այս մասին «Ալֆա նիւզ»-ի ուղիղ եթերի ժամանակ ըսաւ Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախկին նախարար Սերգէյ Շահուերդեանը:
«Տարհանուեցան Արցախի պատմական երկրագիտական թանգարանի եւ Ստեփանակերտի պատկերասրահի հաւաքածոները: Հակարիի կամուրջին վրայ այդ ինքնաշարժները եւս թալանուեցան Ազրպէյճանի սահմանապահներուն կողմէ», ցաւով նկատեց Շահուերդեան ու նշեց, որ այդ հաւաքածոները հիմնականօրէն կրցան տեղափոխել Հայաստան:
Ան խորհուրդ տուաւ, որ մեր հարցերը մենք մեզի փորձենք լուծել, որովհետեւ աՍիկա մեր պատմութիւնն ու ցաւն է.
«Մեծ հարց դարձաւ մշակութային ժառանգութեան պահպանութիւնը, որ մնաց Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ միօրեայ պատերազմին իբրեւ հետեւանք: Մենք չենք խօսիր միայն պատմական մշակութային կառոյցներու մասին: Այս հարցը բաղկացած է երկու մասէ` մէկը անշարժ մշակութային ժառանգութիւնն է, երկրորդը շարժական մշակութային ժառանգութիւնը, օրինակ` թանգարանային հաւաքածոները, արուեստի գործերը: Այս ուղղութեամբ 2020 թուականի պատերազմէն ետք քանի մը հանրային գործիչներ ստեղծեցին Մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան հանրային խորհուրդ կազմակերպութիւնը», նշեց Շահուերդեան:
Նախկին նախարարը փոխանցեց, որ 1050-էն աւելի արուեստի գործեր մնացին Շուշիի, պետական եւ մասնաւոր թանգարաններու մէջ: Մենք ունեցանք 17 թանգարանային հաւաքածոներ, որոնց մէջ կը ներառուին նաեւ պատկերասրահներու մէջ պահուող արուեստի գործերը:
Այս Տարի «Բացայայտիր Հայաստանը Երկնքից» Օդագնացութեան Միջազգային Փառատօնը Հիւրընկալեց Արցախէն Բռնի Տեղահանուած Երեխաները
Հայաստանի մէջ կը շարունակուի «Բացայայտիր Հայաստանը երկնքից» օդագնացութեան միջազգային փառատօնը, որ այս տարի հիւրընկալեց նաեւ Արցախէն բռնի տեղահանուած երեխաները: Օդապարիկով թռաւ նաեւ արդէն բոլորին յայտնի 13-ամեայ Գոռը, որ մօտաւորապէս 55 ժամ ինքնաշարժը վարելով ընտանիքը հասցուցած էր Հայաստան:
Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Արցախի Խնապատ գիւղը ծնած Գոռ Խաչատրեան ըսաւ, որ շատ ոգեւորուած է. «Առաջին անգամն է, որ օդապարիկ պիտի նստիմ, ուստի քիչ մը կը վախնամ»:
Նշենք, որ օդագնացութեան միջազգային փառատօնին մասնակցելու համար «Ֆլայ Արնա» օդանաւային ընկերութիւնը հրաւիրած էր Գոռը:
«Սքայպոլ» օդանաւային ընկերութեան տնօրէն Նայիրի Բարսեղեան ընդգծեց, որ փառատօնը բաղկացած է 2 փուլերէ` ցուցադրական եւ մարզական: Ցուցադրական փուլը իր մէջ կը ներառէ օդապարիկներու ազատ թռիչքներ Երեւանի, Գառնիի, Ապարանի օդային տարածքներուն վրայ: Ան ընդգծեց, որ ցուցադրական թռիչքներու ժամանակ ներգրաւած են նաեւ Արցախէն բռնի տեղահանուած երեխաներ:
«Այս տարի մեր փառատօնի ծիրին մէջ որոշեցինք, որ պիտի մասնակցին եւ օդապարիկով պիտի թռչին նաեւ 6-12 տարեկան Արցախէն բռնի տեղահանուած երեխաներ», ըսաւ ան:
Փառատօնին մեկնարկը տրուեցաւ Երեւանէն, իսկ այս տարի փառատօնին մասնակցեցան մինչեւ 20 օդապարիկներ` Հայաստանէն, Պրազիլէն, Պուլկարիայէն, Գերմանիայէն, Լեհաստանէն, Ճափոնէն, Մեծն Բրիտանիայէն, Ռուսիայէն եւ Վրաստանէն:
«Բացայայտիր Հայաստանը երկնքից» օդագնացութեան փառատօնը արդէն 5-րդ անգամն է, որ կը կայանայ: Առաջին փառատօնը տեղի ունեցաւ 2017 թուականին: Նայիրի Բարսեղեան նշեց, որ նպատակադրած են փառատօնը դարձնել ամէնամեայ` ամէն տարի իրականացնելով եւ ծաւալը ընդլայնելով:
Վերջերս Լոյս Տեսաւ Սօս Սարգսեանի Նուիրուած «Նահապետ» Խորագիրով Ժողովածուն
«Սօս Սարգսեան» հիմնադրամին, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան, «Առաջին հիփոթեքային ընկերութեան» հովանաւորութեամբ, Երեւանի «Լուսակն» հրատարակչութենէն լոյս ընծայուեցաւ Խորհրդային Միութեան ժողովրդական արուեստագէտ Սօս Սարգսեանի նուիրուած «Նահապետ» ժողովածուն:
Գիրքը կազմեց եւ խմբագրեց Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Սերգէյ Առաքելեան:
«Նահապետ»-ը կը բովանդակէ Սօս Սարգսեանի մասին հայ եւ օտար անուանի գործիչներու, արուեստագէտներու, լրագրողներու վերլուծական յօդուածներ, կարծիքներ, հարցազրոյցներ, վաւերագիրներ եւ այլն:
«Տաթեւեր»-ը Ներառուած Է World Travel Awards 2023-ի «Աշխարհի Յառաջատար Ճոպանուղի» Մրցանակի Թեկնածու
«Տաթեւեր» ճոպանուղին կրկին առաջադրուած է զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ World Travel Awards 2023 միջազգային հեղինակաւոր մրցոյթի` «2023 թուականի աշխարհի յառաջատար ճոպանուղի» անուանակարգին մէջ: Նախագիծը արդէն յաղթած է այս անուանակարգը 2021-ին: Այժմ անիկա կը մրցի Պոլիվիոյ, Պրազիլի, Վիեթնամի, Քանատայի, Նոր Զելանտիոյ, Ամերիկայի եւ Հարաւային Ափրիկէի ճոպանուղիներուն հետ:
«Տաթեւեր» ճոպանուղին աշխարհի ամէնէն երկար մարդատար ճոպանուղին է եւ արձանագրուած է «Կինես»-ի մրցանիշներու գիրքին մէջ ո՛չ միայն իր երկարութեան պատճառով, որ 5752 մեթր է, այլ` իբրեւ աշխարհի մէջ այս ծաւալի միակ կառոյցը, որ կառուցուած է ընդամէնը 10 ամսուան ընթացքին:
16 հոկտեմբեր 2023-ին «Տաթեւեր» ճոպանուղին նշեց իր գործունէութեան 13-րդ տարեդարձը: Ճոպանուղիէն օգտուած է աւելի քան մէկ միլիոն 300 հազար մարդ: Անոր շնորհիւ Հայաստանի մէջ իւրաքանչիւր հինգերորդ զբօսաշրջիկ կ՛այցելէ Տաթեւ: «Տաթեւեր» ծրագիրը իրականացուած է Ռուբէն Վարդանեանի եւ Վերոնիքա Զոնապենտի կողմէ սկսած «Տաթեւի վերածնունդ» ծրագրի շրջանակներուն մէջ: Ճոպանուղին շահոյթ չհետապնդող նախագիծ է, որմէ ստացուած ամբողջ հասոյթը կ՛ուղղուի Տաթեւի վանքի վերականգնման եւ համայնքներու զարգացման: Ճոպանուղին կը կառավարուի Impulse Business Management ընկերութեան կողմէ:
«Տաթեւեր» ճոպանուղիի օգտին քուէարկելու համար անհրաժեշտ է`
1.- Այցելել կայքէջը,
2.- Արձանագրուիլ ելեկտրոնային հասցէով,
3.- Հաստատել ստացուած ելեկտրոնային հաղորդագրութիւնը,
4.- Սեղմել Vote Now կոճակը,
5.- Ընտրել World բաժինը,
6.- Ընտրել 60-րդ տողը` World’s Leading Cable Car Ride 2023,\
7.- Քուէարկել Wings of Tatev, Armenia-ի օգուտին:
Հաղորդենք, որ քուէարկութեան վերջնաժամկէտը նոյեմբեր 17-ն է:
Արցախէն Բռնի Տեղահանուածներու Ընտանիքներուն Մէջ 72 Երեխայ Ծնած Է
Արցախէն բռնի տեղահանուածներու ընտանիքներուն մէջ 72 երեխայ ծնած է: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց Հայաստանի առողջապահութեան փոխնախարար Արմէն Նազարեանը:
Նախարարը մանրամասնեց, որ` «Երեխաներէն 37–ն ծնած են Երեւան, իսկ 35-ը` մարզերուն մէջ»:
Ան նաեւ աւելցուց, որ առողջապահութեան նախարարութեան առողջութեան առաջնային պահպանման օղակներուն մէջ ցայսօր արձանագրուած են 38 հազար 102 անձինք:
Յովհաննէս Թումանեանի Անուան Պետական Տիկնիկային Թատրոնին Շնորհուեցաւ «Ազգային» Կարգավիճակ
Հայաստանի կառավարութեան որոշումով Երեւանի Յովհաննէս Թումանեանի անուան պետական տիկնիկային թատրոնին շնորհուեցաւ «Ազգային» կարգավիճակ:
Հիմնաւորման համաձայն, Երեւանի Յովհաննէս Թումանեանի անուան պետական տիկնիկային թատրոնը հանդիսացաւ Հայաստանի մշակութային առաջատար թատերախումբերէն մէկը, որ իր գործունէութեամբ նպաստեց տիկնիկային արուեստի եւ գեղագիտական դաստիրակութեան զարգացման:
Աւելի քան ութսուն տարուան գործունէութեան ընթացքին թատրոնը հայ երեխաներուն համար ներկայացուց տիկնիկային արուեստը` նպաստելով անոր տարածման: Թատրոնին մէջ մնայուն ներկայացուած են հայ եւ համաշխարհային գրականութեան լաւագոյն ստեղծագործութիւնները: Իր գործունէութեան ընթացքին թատրոնին մէջ բեմադրուած է աւելի քան 435 ներկայացում, որուն ներկայ եղած է աւելի քան 5 միլիոն հանդիսատես:
Թատրոնը հանդիսատեսին կը ներկայանայ տիկնիկային արուեստի բոլոր տեսակներով` ձեռնոցային, խամաճիկային, ձողիկաւոր, փլանշեթային, տանտամարեսկոներ, մամոլենգեներ, մանըքեններ, ստուերային տիկնիկներ: Թատրոնի աշխուժ խաղացանկին մէջ ներկայ պահուն կայ աւելի քան 40 ներկայացում: