Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրող Բժիշկ Յակոբ Ճեսուրեան

Հոկտեմբեր 27, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Բժիշկ Յակոբ Ճեսուրեան

Բժիշկ Յակոբ Ճեսուրեան մոնրէալաբնակ Արտեմիս եւ Վանին Ճեսուրեաններուն մեծ հօր եղբայրն էր:  Ծնած է Կեսարիա, 1884-ին: Անոր ծնողքը եղած են բարեկեցիկ եւ հանրածանօթ: Ունեցած է իրմէ մեծ եղբայր մը` Սեպուհ, եւ կրտսեր քոյր մը, որ մահացած է 1886-ին, 5-6 ամսու հասակին: Յակոբ կորսնցուցած է հայրն ու մայրը եւ մնացած է որբ:  Հակառակ որբանալուն, կրցած է աւարտել Թալասի Ամերիկեան բարձրագոյն վարժարանը, իր եղբօր` Սեպուհի նիւթական եւ բարոյական օժանդակութեամբ: Հետեւած է Այնթապի Կ. Թ. քոլեճի դասընթացքներուն եւ վկայուած է 1905-ին: Բժշկութիւն ուսանած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի բժշկական դպրոցին մէջ եւ աւարտած է 1911-ին: Վերադարձած է իր ծննդավայրը եւ Սեբաստիոյ նահանգին մէջ ծառայած է իբրեւ թաղապետական բժիշկ: 1912-ին, բժիշկ Յակոբի եղբայրը` Սեպուհ ամուսնացած է  Արտեմիս անունով կեսարիացի օրիորդի մը հետ: Անոնք բախտաւորուած են մանչ զաւակով մը` Վարուժան:

1915-ին բժիշկ Ճեսուրեան զինակոչուած է օսմանեան բանակ,  շուտով ձերբակալուած է եւ բանտարկուած` շինծու ծանր ամբաստանութիւններով: Ճշդուած է անոր զինուորական ատեան ներկայանալու թուականը: Մինչ այդ, Յակոբին երէց եղբայրը` Սեպուհ, դիմած է տեղւոյն հանրածանօթ վաճառական Կիրակոս Հաճընեանին,  որպէսզի  միջամտէ ատեանի բարձրաստիճան զինուորականներուն մօտ` Յակոբին ազատ արձակման համար: Կիրակոս Հաճընեան շատ սերտ յարաբերութիւն ունեցած է այդ զինուորականներուն հետ եւ յաջողած է կաշառքով ամէն հարց լուծել: Կիրակոս իր տան մէջ ճաշկերոյթի հրաւիրած է թուրք զինուորականները եւ լաւապէս կաշառած է բոլորը, անշուշտ Սեպուհին տրամադրած գումարներով: Յակոբին դատավարութիւնը տեղի ունեցած է քանի մը օր ետք եւ ան ազատ արձակուած է: Բժիշկ Յակոբ շարունակած է զինուորական ծառայութիւնը` զինուորական զանազան հիւանդանոցներու մէջ, իբրեւ բժիշկ եւ բժշկապետ: Հետագային ան հաստատուած է Պոլիս եւ աշխատած է հոն:

Այդ օրերուն Կեսարիոյ մէջ  տրուած է տարագրութեան ահազանգը: Սկիզբ առած է անուանի հայերու, մասնաւորապէս` մտաւորականներու, բժիշկներու եւ մեծահարուստներու ձերբակալութիւնը:  Սեպուհ եւ Արտեմիս, նախատեսելով իրենց հանդէպ գործուելիք ոճիրը, իրենց երկու տարեկան զաւակը` Վարուժանը փրկելու նպատակով, յանձնած զայն բարեկամ եւ վստահելի քիւրտ ընտանիքի մը: Սպասելին պատահած է. Սեպուհ եւ Արտեմիս սպաննուած են յաջորդ օրը, Կեսարիոյ մէջ: Ուրեմն Վարուժան մնացած է որբ եւ ապրած է քիւրտ ընտանիքին մօտ` վայելելով անոր հոգատարութիւնն ու  խնամատարութիւնը:

Բժիշկ Յակոբ, գտնուելով Պոլիս, անտեղեակ էր այդ իրադարձութիւններէն: Ան կը փորձէ նամակցիլ եղբօրը` Սեպուհին հետ, սակայն ապարդիւն:

Քիւրտ ընտանիքը կ՛իմանայ, որ Վարուժանին հօրեղբայրը` բժիշկ Յակոբ կը գտնուի Պոլիս եւ  կ՛աշխատի հոն: Անոնք կը գտնեն բժիշկին հետքը եւ կը գրեն անոր` տեղեկացնելով, որ թուրքերը սպաննած են Սեպուհը եւ Արտեմիսը, եւ թէ` անոնք, նախքան իրենց սպանութիւնը, Վարուժանը իրենց յանձնած են: Բժիշկ Յակոբ շնորհակալական նամակ մը կը գրէ քիւրտ ընտանիքին եւ որոշ գումար մը կը ղրկէ` փոխան իրենց հոգատարութեան, ու կը խնդրէ Վարուժանը պահել իրենց մօտ: Ան կը խոստանայ ամսական դրութեամբ որոշ գումարով մը գոհացնել զիրենք: Քանի մը ամիս ետք, քիւրտ ընտանիքը դարձեալ կը նամակցի բժիշկ Յակոբին հետ եւ աւելի մեծ գումար կը պահանջէ: Բժիշկ Յակոբ սիրով կը փոխանցէ պահանջուած գումարը:

Բժիշկ Յակոբ կը տեղեկանայ, որ Վարուժանին մօրաքոյրը` Նոյեմզար հանըմը, կեսարացի գաղթականներուն հետ հասած է Դամասկոս, հաստատուած է հոն ու ամուսնացած է հայ երիտասարդի մը հետ: Ան կը գտնէ Նոյեմզարին հետքը եւ կը նամակցի անոր հետ, կ՛իմացնէ, որ Վարուժանը քիւրտերուն քովէն որոշ կարգադրութեամբ պիտի ղրկուի Դամասկոս: Ուստի կը խնդրէ, որ Վարուժանը պահէ իր քով եւ կը վստահեցնէ, որ ինք մօտ ապագային պիտի հասնի Դամասկոս ու ստանձնէ Վարուժանը: Նոյեմզար սիրով կ՛ընդունի Յակոբին առաջարկը:

Վարուժան քիւրտ ընտանիքին մօտ կը մնայ մինչեւ 1918-ի վերջերը: Բժիշկ Յակոբ կը տեղեկանայ, որ Կեսարիա բնակող հայ ընտանիք մը Դամասկոս պիտի փոխադրուի: Ուստի ան կը նամակցի այս ընտանիքին հետ եւ կը համաձայնի, որ անոնք Վարուժանը քիւրտ ընտանիքէն ստանձնեն եւ իրենց հետ տանին Դամասկոս ու յանձնեն Նոյեմզարին: Ան այս կարգադրութեան մասին կը գրէ նաեւ քիւրտ ընտանիքին` ղրկելով նիւթական մեծ նուէր մը:  Այսպիսով, Վարուժան կը հասնի Դամասկոս, 5 տարեկան հասակին: Վարուժան կը վայելէ Նոյեմզարին եւ անոր ամուսինին  հոգատարութիւնը: Յակոբ ամէն ամիս որոշ գումար մը կը ղրկէ Նոյեմզարին`առ ի վարձատրութիւն: Վարուժան կը մեծնայ Նոյեմզարի մօտ եւ զայն կը ճանչայ իբրեւ մայր եւ ոչ թէ մօրաքոյր:

Վարուժան Դամասկոսի մէջ  կը յաճախէ հայկական դպրոց: Օր մը, դպրոցին մէջ, զբօսանքի պահուն, Վարուժանին ընկերները կը սկսին ապակեայ գնդիկներով խաղալ: Վարուժան, գնդիկ չունենալով,  չի մասնակցիր խաղին: Ուստի բոլորը կ՛որոշեն, որ իւրաքանչիւր աշակերտ յաջորդ օր երկու գնդիկ բերէ, որպէսզի բոլորը միասին կարենան խաղալ:  Վարուժան տուն կ՛երթայ եւ մօրը` Նոյեմզարին կը պատմէ ընկերներուն որոշումը, այսինքն կը պահանջէ երկու գնդիկ ունենալ: Նոյեմզար չի գոհացներ Վարուժանին պահանջը եւ  անարգական խօսքեր կ՛արտայայտէ: Վարուժան հոգեպէս կ՛ընկճուի, եւ երբ յաջորդ օրը դպրոց կ՛երթայ առանց գնդիկի, ընկերները կը մերժեն զինք մասնակից դարձնել խաղին: Անոնք  միաժամանակ կ՛իմացնեն Վարուժանին, որ Նոյեմզար իր մայրը չէ, այլ` մօրաքոյրը: Վարուժան վազելով  տուն կը վերադառնայ եւ զայրացած` կը վիճաբանի Նոյեմզարին հետ եւ կը յայտնէ, որ ինք գիտէ իրականութիւնը ու կ՛ըսէ. «Դուն մայրս չես, այլ մօրաքոյրս»: Նոյեմզար ջղայնացած կը հարուածէ Վարուժանը եւ կը վիրաւորէ անոր ճակատը: Հոս կը սկսին Վարուժանին դժուարութիւնները այդ տան մէջ:  Դամասկոս գտնուող կեսարացիներ տեղեակ կ՛ըլլան Վարուժանին հարցերուն: Անոնք կը գրեն բժիշկ Յակոբին եւ կ՛իմացնեն Վարուժանին դժուար պայմանները: Այս լուրը ստանալէ ետք, բժիշկ Յակոբ կ՛որոշէ անմիջապէս եւ վերջնականապէս ձգել Պոլիսը, երթալ Դամասկոս եւ ստանձնել Վարուժանը տիկին Նոյեմզարէն:

Մինչ այդ, բժիշկ Յակոբ Պոլսոյ մէջ կ՛ամուսնանայ եոզկաթցի Արաքսի Ղազարեանի հետ: Ամուսնութենէ առաջ, բժիշկ Յակոբ կ՛իմացնէ օրիորդ Արաքսիին, որ իր եղբօրը զաւակը` Վարուժանը որբ մնացած է եւ ինք ստանձնած է անոր հոգատարութիւնը,  ինչպէս նաեւ իրենց ամուսնութենէն ետք Վարուժանը պիտի ապրի իրենց ապագայ տան մէջ` իբրեւ զաւակ: Արաքսի  սիրայօժար կ՛ընդունի պայմանը, եւ կը կատարուի անոնց պսակադրութիւնը: Անոնց ամուսնութենէն քանի մը ամիս ետք, Արաքսիին ծնողքը, որ կ՛ապրէր Եոզկաթ, կը հաստատուի Հալէպ, ապա կը մեկնի Դամասկոս եւ բժիշկ Յակոբին յանձնարարութեամբ, Վարուժանը կը բերեն իրենց մօտ` Հալէպ:

Բժիշկ Յակոբ եւ Արաքսի 1925-ին կը ձգեն Պոլիսը եւ կը փոխադրուին Հալէպ: Անոնք կը ստանձնեն Վարուժանը Արաքսիին ծնողքէն: Վարուժան հօրեղբօրը հետ կ՛ապրի 1925-էն մինչեւ 1942, իբրեւ անոր մէկ զաւակը: Վարուժան մինչեւ իր երիտասարդ տարիքը բժիշկ Յակոբը կը ճանչնայ իբրեւ իր հայրը:

Բժիշկ Ճեսուրեան իր դարմանատունը կը հաստատէ Հալէպի Խանտէք թաղամասին մէջ եւ կը դառնայ սիրուած ու հանրածանօթ բժիշկ:

Բժիշկ Ճեսուրեան մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ հայ ժողովուրդի առողջապահական դաստիարակութեան եւ մասնաւորաբար` իգական սեռի: Եղած է յարգալից եւ ազնուական հայ բժիշկ մը: Եղած է շատ լուրջ, խոհեմ, ազնիւ, սակաւախօս, ազգասէր եւ ծառայասէր: Ան տարիներ շարունակ անվճար դարմանած է իրեն դիմող` նիւթապէս դժուար վիճակի մէջ եղող հայ հիւանդները:  Ամէն երեքշաբթի օրերը, բոլոր հիւանդները ընդունած է եւ դարմանած` անվճար, մինչեւ իր մահը:

Բժիշկ Յակոբ Ճեսուրեանի գործածած բժշկական գործիքներէն մաս մը

Բժիշկ Յակոբ եւ տիկին Արաքսի կը բախտաւորուին երկու մանչ զաւակներով`  Նուպար եւ Սեպուհ, որոնք Վարուժանին հետ կը յաճախեն Հալէպի ազգային Հայկազեան վարժարանը, ապա ֆրանսական  Թէր Սենթ քոլեճը: Վարուժան կը մեծնայ իբրեւ եղբայր անոնց հետ, եւ երեքը միասին երիտասարդ տարիքին կը նետուին առեւտրական ասպարէզ: Վարուժան հետագային ասպարէզ կ՛ընտրէ նկարչութիւնը եւ կը դառնայ հանրածանօթ նկարիչ Հալէպի մէջ:

Վարուժան Հալէպի մէջ կ՛ամուսնանայ օրիորդ Անի Խաչատուրեանի հետ, 1942-ին: Անոնք կը բախտաւորուին երկու աղջիկ զաւակներով` Արտեմիս եւ Վանին: Վարուժան 1965-ին ընտանեօք Քանատա կը փոխադրուի եւ կը հաստատուի Մոնրէալ:

Բժիշկ Յակոբ  Ճեսուրեան իր տիկնոջ, երկու զաւակներուն եւ տէր եւ տիկին Վարուժան Ճեսուրանի ընտանիքին հետ

Բժիշկ Ճեսուրեան եղած է Հալէպի ազգ. վարժարաններէն մէկուն հոգաբարձու եւ Գաւառական ժողովի ատենապետ, ինչպէս նաեւ Հալէպի Ազգային առաջնորդարանի դատաստանական խորհուրդի անդամ: Մահացած է Հալէպ, 1958-ին:

Երիտասարդ բժիշկ  Յակոբ Ճեսուրեան                                                                          Տարեց բժիշկ Յ. Ճեսուրեան

Բժիշկ Յակոբ Ճեսուրեանի մահէն ետք, տիկին Արաքսի շրջան մը կ՛ապրի իր զաւկին` Սեպուհին հետ, իսկ Սեպուհի ամուսնութենէն ետք, կ՛ապրի առանձին` Հալէպի Ազիզիէ թաղամասին մէջ:

Նուպար կը ձգէ Հալէպ քաղաքը եւ կը հաստատուի Նիւ Ճըրզի, 1956-ին, Սեպուհ եւս կը հաստատուի Նիւ Ճըրզի, 1965-ին:

Տիկին Արաքսի Ամերիկա կը գաղթէ Սեպուհի գաղթելէն երկու տարի ետք եւ կ՛ապրի Նիւ Ճըրզի: Ան յաճախ կ՛այցելէ Մոնրէալ եւ կը մնայ Վարուժան Ճեսուրեանի մօտ: Տիկին Արաքսի Մոնրէալ այցելութեան մը ընթացքին կը հիւանդանայ եւ կը մահանայ: Անոր թաղումը կը կատարուի Նիւ Ճըրզի:

Վարուժանին հայրը` Սեպուհ Ճեսուրեան, Կեսարիոյ մէջ ունեցած է գեղեցիկ արծաթեայ սաւաթապատ մտրակ մը: Ահաւասիկ այդ մտրակը եւ անոր մանրամասնութիւնները.

Մտրակը եւ անոր գլուխը

Այս մտրակը անյայտ պայմաններով մնացած է կեսարացի բժիշկ Բեմբէեանի մօտ: Հայոց ցեղասպանութենէն ետք, բժիշկ Բէմբէեան հաստատուած է Ամերիկա, հետը տանելով այդ գեղեցիկ մտրակը: Ան երկար տարիներ գուրգուրանքով  պահած է մտրակը եւ ուզած է զայն հասցնել Սեպուհ Ճեսուրեանի ժառանգորդներուն: Իմանալէ ետք, որ տիկին Արաքսի Ճեսուրեան հաստատուած է Նիւ Ճըրզի, մտրակը ուղարկած է անոր: Տիկին Արաքսին, Մոնրէալ այցելութեան ընթացքին, մտրակը յանձնած է Վարուժան Ճեսուրեանին, այսինքն` մտրակին իրաւատիրոջ: Ներկայիս մտրակը կը գտնուի Վարուժանին դստեր` Արտեմիս Մկրտիչեանի մօտ Մոնրէալ:

Մոնրէալ,  5 մայիս 2018

Աղբիւրներ

  1. Գապասագգալեան, Վանին, անձնական տեղեկութիւններ, Մոնրէալ, 15 օգոստոս 2018:
  2. Մկրտիչեան Արտեմիս, անձնական տեղեկութիւններ, Մոնրէալ, 15 օգոստոս 2018:
  3. Մկրտիչեան Արի, բժիշկ, անձնական տեղեկութիւններ, Մոնրէալ, 25 օգոստոս 2018:
Նախորդը

Անհետացած Քաղաքներ Կը Յայտնուին

Յաջորդը

«3+3» Ձեւաչափը Հարցականի Տակ

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?