Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Նոր Որակ Եւ Նոր Հորիզոններ Ունենալը Անհրաժետշութիւն Է, Սաներու Ֆոնտը` Յաջողութեան Գրաւական, Եւ Արցախը` Կիզակէտ» Հաստատեց Շանթ Յարութիւնեան

Հոկտեմբեր 25, 2023
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներու
Վերամուտին Առիթով Հարցազրոյց

Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու վերամուտին առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան ատենապետ Շանթ Յարութիւնեանին հետ` ներկայացնելու դպրոցներուն առաքելութիւնը, անցնող տարեշրջանին իրագործումները, վերամուտի մթնոլորտը, թուային պատկերը եւ նոր ծրագիրները:

«Ա.».- Առաջին հերթին` ինչպէ՞ս կ՛արժեւորէք Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու անցնող տարեշրջանի գործունէութիւնը Լիբանանի տիրող տագնապալի պայմաններուն եւ բազմատեսակ դժուարութիւններուն դիմաց:

Շ. Յ.- Հակառակ Լիբանանի կացութեան ու տագնապներուն, ինչպէս նաեւ շարունակուող անորոշ վիճակին, անցնող տարիներուն Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցները շարունակած են իրենց առաքելութիւնը եւ ամբողջացուցած են կրթական ծրագիրներն ու կատարած` ամավերջի հանդէսները, եւ ունեցած ենք «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճէն ու «Թորոս Ռոսլին կերպարուեստի դպրոցէն շրջանաւարտներ: Կարեւոր իրագործում էր Լիբանանի մշակոյթի նախարարութեան հետ յուշագիրի ստորագրութիւնը, որուն ճամբով Համազգայինի վկայականը պիտի ունենայ Լիբանանի մշակոյթի նախարարութեան կողմէ վաւերացում, որ Համազգայինին համար նոր ու պարտաւորեցնող կացութիւն է` որակը պահելու ու զարգացնելու, իսկ շրջանաւարտներուն համար` ապագայի ուսման նոր հորիզոններ բանալու ուղի: Պէտք է շեշտել, որ Գեղարուեստի դպրոցներուն երթը ապահովուեցաւ շնորհիւ սաներու ֆոնտին ի նպաստ հանգանակուած օժանդակութիւններուն, ինչպէս նաեւ` ծնողաց յանձնախումբի հասութաբեր ձեռնարկներուն:

«Ա.»- Մշակութային ժառանգութեան պահպանման մէջ որքա՞ն կարեւոր դեր ունին Գեղարուեստի դպրոցները:

Շ. Յ.- Գեղարուեստի դպրոցներու աշակերտները հայ մշակութային ժառանգութեան պահպանողներն են: Այս դպրոցները հայակերտման կեդրոններ են, որոնք, արուեստագիտութեան կողքին կ՛արմատաւորեն հայկական ինքնութիւնը, որպէսզի ապագային դառնան մշակութային գործիչներ, որոնք բարձրագոյն ուսումով եւ միութենական ծառայութեամբ պիտի ապահովեն աշխատանքին շարունակականութիւնը:

«Ա.»- Արդէն իսկ Համազգայինի զոյգ կեդրոնները` Պուրճ Համուտի «Լեւոն Շանթ» եւ Մըզհերի «Ժ. եւ Ց. Խաչատուրեան» կեդրոններուն մէջ վերամուտի մթնոլորտ է, եւ դպրոցներէն սկսան լսուիլ ու երեւիլ երաժշտական ձայները, ոտքերու շարժումները, բեմական կեցուածքները եւ վրձիններու շարժումները: Ի՞նչ ընթացք ունեցաւ վերամուտը:

Շ. Յ.- Այո՛, ամրան ընթացքին Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային ժողովէն ետք սկսան կրթական ծրագիրները վերանայելու, ուսուցչական կազմերը վերադասաւորելու, գեղարուեստի պատասխանատուներու համաձայնագիրները պատրաստելու եւ կեդրոնները վերապատրաստելու աշխատանքները: «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» կեդրոնը նաեւ բարեզարդման ընթացքի մէջ է: Վերամուտը կատարուեցաւ առանց հիմնական խոչընդոտներուն եւ դժուարութիւններու: Ամէն օր զոյգ կեդրոններուն մէջ դասարանները կը գործեն, իսկ ուրբաթ եւ շաբաթ օրերուն մթնոլորտը իրապէս ոգեւորիչ է:

 «Ա.»- Համազգայինի գեղարուստի դպրոցներու աշակերտութեան թիւը, անձնակազմը եւ կամաւորները… Ի՞նչ կարգով կ՛ընթանայ այս բոլոր աշխատանքներուն համակարգումը:

Շ. Յ.- Արդէն իսկ ունինք շուրջ 700 արձանագրութիւն: Մինչեւ նոյեմբերի աւարտ տակաւին նոր արձանագրուողներ կ՛ունենանք, ու թիւը յաւելում կ՛արձանագրէ: Դպրոցները կը գործեն 43 ուսուցիչներով, 6 գեղարուեստական ղեկավարներով եւ 6 անդամներէ բաղկացած անձնակազմով, որուն մաս կը կազմեն վարչական եւ կրթական տնօրէնները: Ուսուցիչներու եւ անձնակազմի կողքին, կան մեծ թիւով կամաւորներ, որոնք յանձնախումբերուն մէջ ընդգրկուելով եւ աշխատանքներուն մասնակից դառնալով` մեծ ներդրում կ՛ունենան: Իւրաքանչիւր դպրոց ունի իր վարիչը, որուն պարտականութիւնն է ծրագիրի գործնականացումը: Կրթական աշխատանքները կը համակարգէ կրթական տնօրէն Գէորգ Քէշիշեանը, իսկ վարչական տնօրէնն է Մարալ Հարպոյեանը: Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան դերն է հսկել աշխատանքներուն, լուծումներ գտնել խնդիրներուն եւ նոր տեսակի առաջարկներով զարգացնել դպրոցները` համադրաբար Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հետ: Խնամակալութիւնը այս տարեշրջանին իւրաքանչիւր դպրոցի համար նշանակեց թեքնիք յանձնախումբ մը, որուն մաս կը կազմեն փորձառութիւն ունեցող անհատներ, որոնց գործն է խորհրդակցութիւն եւ օժանդակութիւն կատարել կրթական ծրագիրի գործադրութեան ճիգերուն մէջ:

«Ա.»- Նիւթականը կը մնայ գլխաւոր դժուարութիւններէն մէկը: Մեր բարերարները մասնակից կը դառնա՞ն դպրոցներու բեռը նուազեցնելու համար: Վճարելու դժուարութիւններ ունեցող ծնողներու զօրակցական ծրագիրը ի՞նչ կացութեան մէջ է:

Շ. Յ.- Նոր որակ ստանալու եւ նոր հորիզոններ ունենալու համար բնականաբար պէտք է ունենալ համապատասխան նիւթական գումար, որուն ապահովման համար կը դիմենք մեր բարերարներուն եւ Համազգայինի առաքելութեան հաւատացողներուն: Մենք այս տարեշրջանի համար նաեւ կը շարունակենք սաներու ֆոնտի ծրագիրը: Մեր ակնկալիքն է, որ հայորդիները իրենց աջակցութիւնը բերեն` իրենց ներդրումը կատարելով մշակոյթի զարգացման ու պահպանման գործին մէջ: Իսկ նիւթական դժուարութիւններ ունեցող ծնողներու վերաբերեալ խնամակալութիւնը կրթանպաստի յատկացումներ կը կատարէ համապատասխան կարգով: Այս փուլին կը կատարուին դիմումնագիրներու քննութիւնները, որոնցմէ ետք կը ճշդուին յատկացումները: Յայտնենք, որ կրթաթոշակները որոշ տրամաբանական բարձրացում մը ունեցան` Լիբանանի ներկայ կացութեան եւ ծախսերուն հիման վրայ, եւ նշեալ յաւելումները տակաւին նուազ են Լիբանանի մէջ գործող մշակութային այլ դպրոցներէն: Վստահաբար այս պայմաններուն մէջ ուսուցիչներու աշխատավարձը եւս յաւելում ունեցաւ:

 «Ա.»- Կրնա՞ք ներկայացնել Գեղարուեստի դպրոցներու 2023-2024 տարեշրջանին նորութիւնները` կրթական եւ կազմակերպական առումով:

Շ. Յ.- Կրթական եւ կազմակերպական նորութիւններ կան, որոնք կը միտին մեր աշխատանքներուն նոր թափ տալ եւ զարգացում ապահովել: Մեր ծրագիրին մէջ, տարիներու դադարէ ետք, ուղղորդեցինք հայ մշակոյթի պատմութեան նիւթերու դասաւանդումը եւ հայկական նիւթերով ելոյթներ կատարելու անհրաժեշտութիւնը: Երկրորդ` մենք առաւել եւս կատարողական եւ գործնական աշխատանք կատարելու ուղղութիւնը տուինք կրթական պատասխանատուներուն: Աշակերտը, դասարանային աշխատանքներու եւ հանդէսներու կողքին, առաւել եւս գործնական մասնակցութիւն պիտի ունենայ ելոյթներով եւ կամ այցելութիւններով, նաեւ` հանդիպումներ ունենալով արուեստագէտներու հետ: Այս բոլորը նպատակ ունին աշակերտութեան ծանօթացնել մեր մշակութային արժեհամակարգը: 5-7 տարեկան աշակերտները այս տարեշրջանին պիտի ունենան նախապատրաստական ծրագիր մը, որուն հիմնական նպատակն է նիւթին ընդհանուր ծանօթացում կատարել, նկատի առնելով, որ այս աշակերտներուն ֆիզիքական կարողութիւնը չի ներեր, որ լաւապէս տիրապետեն գործիքին: Իսկ 4-5 տարեկան փոքրերուն համար յատուկ դասարաններ ստեղծուած են` շաբաթական մէկ պահուան ընթացքին երաժշտական գործիքներու եւ արուեստներու ծանօթացում կատարելու համար: Այստեղ շեշտակի հետաքրքրութիւն կայ երգի ու գործիքներու հանդէպ:

«Ա.»- Վերջապէս, Արցախի եւ արցախահայութեան համար յատուկ ծրագիր գոյութիւն ունի՞: Կը մտածէ՞ք տարուան ընթաքին յատուկ նախաձեռնութիւններով ներկայացնել վիճակն ու արտայայտել զօրակցութիւն` արուեստին ճամբով:

Շ. Յ.- Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան հետ առցանց հանդիպումէ մը ետք, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը կը շեշտէ, որ կառոյցի բոլոր ծրագիրներն ու աշխատանքները պէտք է առնչուին արցախահայութեան, եւ Արցախը պէտք է դառնայ կիզակէտ: Գեղարուեստի դպրոցները հետեւելով այս ուղիին` յառաջիկայ ելոյթներուն ու հանդէսներուն մէջ միշտ ալ Արցախը տիրական ներկայութիւն պիտի դառնայ:

«Ա.»- Վերջին խօսք…

Շ. Յ.- Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ` ուսուցիչներուն, գեղարուեստի ղեկավարներուն, բաժինի վարիչներուն, անձնակազմին եւ ծնողներուն, որոնք կը վստահին Համազգայինի առաքելութեան: Կոչ կ՛ուղղենք մեր ծնողներուն` միանալու Գեղարուեստի դպրոցներուն, որպէսզի հայկական միջավայրին մէջ իրենց զաւակները ստանան գեղարուեստի կրթութիւն:

Նախորդը

Ռաուտայի Ս. Ներսէս Շնորհալի Մատրան Անուանակոչութիւն

Յաջորդը

Ըմբշամարտ. Մանուէլ Խնձրցեան Հասաւ Աւարտականին

RelatedPosts

«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան
Հարցազրոյց

«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան

Յունիս 24, 2025
«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան
Հարցազրոյց

«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան

Յունիս 20, 2025
«Պուրճ Համուտի Մէջ Սորվեցայ Մարդասիրութիւնն Ու Ազգասիրութիւնը, Իսկ Մեր Առաքելութեան Նպատակը Բոլորին Ծառայելն Է»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Տոքթոր Վաչէ Վասիլեան
Հարցազրոյց

«Պուրճ Համուտի Մէջ Սորվեցայ Մարդասիրութիւնն Ու Ազգասիրութիւնը, Իսկ Մեր Առաքելութեան Նպատակը Բոլորին Ծառայելն Է» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Տոքթոր Վաչէ Վասիլեան

Յունիս 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?