Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Իրաք
Հիւրասիրութիւն` Ի Պատիւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր
Համագործակցութեամբ Ռեճինէ աւանդապահութեան գործադիր վարչութեան եւ Ազգային ծերանոցի խնամակալ յանձնախումբին, 20 հոկտեմբերին Ազգային ծերանոցի սրահին մէջ կազմակերպուեցաւ բարի գալուստի եւ շնորհաւորանքի երեկոյթ` ի պատիւ թեմի առաջնորդ Օշական նորօծ եպս. Կիւլկիւլեանի:
Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ փոխանակուեցան շնորհաւորանքի եւ շնորհակալութեան խօսքեր, որուն ընթացքին աւանդապահութեան կողմէ սրբազան հօր նուիրուեցաւ պանակէ մը եւ լանջախաչ: Այս առիթով սրբազանը սրտի անհուն գոհունակութեամբ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց նուիրատուներուն, խօսեցաւ 8 հոկտեմբերին տեղի ունեցած ձեռնադրութեան մասին` գոհութիւն յայտնելով Աստուծոյ, որ այդ հոգեպարար արարողութեան ամենեւին մենակ զգացած չէր, այլ իր կողքին էին Իրաքէն ժամանած պատուիրակութեան անդամները, նաեւ յիշեալ պատուիրակութեան հետ միասին առիթը եղած էր վեհարանի յարկին տակ վայելելու Ամենայն Հայոց հայրապետին տեսութիւնը:
Պոլիս
Շնորհահանդէս Եւ Գրական Հանդիպում
Համազգայինի Հայաստանի գրասենեակի եւ Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի համատեղ նախաձեռնութեամբ, 24 մայիսին տեղի ունեցած էր «Պոլսահայ գրականութիւնը 20-րդ դարու կէսէն մինչեւ մեր օրերը» գիտաժողովի զեկուցումներու ժողովածուի շնորհահանդէսը, որուն ընթացքին կարդացուած էր Պոլսոյ պատրիարք Սահակ Բ. Մաշալեանի ողջոյնի խօսքը, ուր Պատրիարքը ցանկութիւն յայտնած էր գիրքին շնորհահանդէսը կազմակերպել նաեւ Պոլսոյ մէջ:
Առ այդ, Պոլսոյ պատրիարքի հրաւէրով վերջերս Պոլիս ժամանեցին «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի տնօրէն Սուրեն Դանիէլեանը, Վանաձորի պետական համալսարանի դասախօս Վալերի Փիլոյեանը եւ Քնարիկ Աբրահամեանը: Այցելութեան նպատակն էր յիշեալ գիրքին շնորհահանդէսը կայացնել Պոլսոյ մէջ:
Արդարեւ, 18 հոկտեմբերին Թարգմանչաց տօնին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ «Պոլսահայ գրականութիւնը 20-րդ դարու կէսէն մինչեւ մեր օրերը» գիրքի շնորհահանդէսը, նախագահութեամբ Պոլսոյ պատրիարքին, ներկայութեամբ հոգեւոր եւ գրական-մշակութային բնագաւառներու ներկայացուցիչներու:
Վրաստան
Թիֆլիսահայերու Օգնութիւնը` Արցախէն Բռնի Տեղահանուած Ընտանիքներուն
Նախաձեռնութեամբ վիրահայոց թեմի, «Վրաստանի հայ համայնք» եւ «Միասին» հասարակական կազմակերպութիւններուն, 19 հոկտեմբերին «Հայարտուն» կեդրոնին մէջ, գլխաւորութեամբ վիրահայոց թեմի առաջնորդ Կիրակոս եպս. Դաւթեանի, մասնակցութեամբ Թիֆլիսի հայկական կարգ մը կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն եւ անդամներուն, օժանդակութիւն տրամադրուեցաւ Հայաստանի Լոռիի մարզի Փամպակ համայնքի 10 գիւղերու մէջ ժամանակաւոր ապաստան գտած 42 ընտանիքի: Թիֆլիսահայերու կողմէ ընտանիքներուն փոխանցուեցաւ գումար եւ անչափահաս երեխաներուն` նուէրներ:
Պելճիքա
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Մէջ Անդրանիկ Պատարագի Մատուցում
Պելճիքայի ֆլամանական Կերարտսպերկեն քաղաքին մէջ, երկար տարիներ ետք, ի վերջոյ ստեղծուեցաւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ նոր համայնք, եւ մատուցուեցաւ առաջին պատարագը` մասնակցութեամբ արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Խաժակ արք. Պարսամեանի: Պատարագը մատուցեց Լիեժ քաղաքի հովիւ Մաղաքիա աբղ. Բեսքիսիզեան:
Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Թարգմանչաց տօնին հետ համընկած Ս. պատարագին կարեւորութիւնը խորհրդանշական եւ անբացատրելիօրէն մեծ էր հայ համայնքին համար:
Կերարտսպերկենի բնակիչ Վիգէն Յովսէփեան երկար տարիներէ ի վեր միշտ կ՛այցելէր տեղի կաթողիկէ եկեղեցին, միշտ ի մտի ունենալով իր մեծագոյն փափաքը` օր մը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ պատարագին մասնակցիլ: Ան իր այս գաղափարը բաժնած է Լիեժի հովիւին հետ, ապա մեծ աջակցութիւն ստացած է միւս հայկական ընտանիքներէն: Ստանալով սրբազան հօր համաձայնութիւնը, իր կնոջ` Զարուհի Գէորգեանի հետ լծուած է աշխատանքի` փնտռելով այն եկեղեցին, որ իր դռները կը բանայ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ պատարագներուն համար: Համայնքին ունեցած լաւ համբաւը նպաստեց իրադարձութիւններու արագ եւ սահուն զարգացման: Քաղաքապետարանի Համայնքային խորհուրդը եւ Եկեղեցիներու խորհուրդը տրամադրեցին եկեղեցի, ուր կեանքի կոչուեցաւ Կերարտսպերկենի հայ համայնքի վաղեմի ու նուիրական ցանկութիւնը:
Այսպիսով, Մարգարեան, Ժամկոչեան եւ Կարապետեան երկու ընտանիքները սրբազան հօր օրհնութեամբ, կազմեցին Կերարտսպերկեն քաղաքի Ծխական խորհուրդը` ատենապետութեամբ Վիգէն Յովսէփեանի: Քաղաքին մէջ սկսաւ պատարագ մատուցուիլ ամսական մէկ կամ երկու անգամ: Բայց համայնքի յաւակնութիւնները աւելի մեծ են` 99 տարիով վարձել եկեղեցի, ուր ամէն կիրակի պատարագ կը մատուցուի:
Համայնքը կը վայելէ տեղական իշխանութիւններու յարգանքը, որ կրկին անգամ բացայայտուեցաւ: Երկու տարի առաջ համայնքը սեփական միջոցներով Հայաստանէն խաչքար մը տեղափոխեց քաղաք: Տեղական իշխանութիւններու թոյլտուութեամբ քաղաքի ամենաբանուկ զբօսայգիներէն մէկուն մէջ տեղադրուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան եւ 44-օրեայ պատերազմի զոհերուն նուիրուած խաչքարը:
Լոնտոն
Արամ Խաչատուրեանի 120-Ամեակին Նուիրուած Կալա–Համերգ
21 հոկտեմբերին Լոնտոնի Ս. Ճոն Սմիթ Սքուեր համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ կալա-համերգ` նուիրուած աշխարհահռչակ հայ երաժիշտ Արամ Խաչատուրեանի 120-ամեակին:
Օրուան հանդիսավարն էր դերասանուհի Ճոանա Զօրեան:
Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վարուժան Ներսիսեան ելոյթ ունենալով` ներկայացուց առասպելական յօրինող Արամ Խաչատուրեանի կեանքն ու միջազգային ձեռքբերումները: Ան իր գոհունակութիւնը եւ հիացմունքը յայտնեց «Քլինկեն» երգչախումբին եւ մշակութային միութեան, գեղարուեստական ղեկավար Սիփան Օլահին` սոյն համերգի նախաձեռնութեան, իրագործման եւ կատարած աշխատանքին համար:
Համերգին ընթացքին հնչեցին Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւնները` ընկերակցութեամբ բրիտանահայ երաժիշտներ Անի Բատիկեանի` ջութակ, Փոլինա Շարաֆեանի` ջութակ, Եուլիա Չապլինայի` դաշնամուր, Մարիա Փալազեանի` դաշնամուր, Ճեք Յակոբ Մուրատեանի` հոպոյ, Հայարփի Եղիկեանի` սոփրանօ Սիփան Օլահի` թենոր:
Համերգի աւարտին դեսպան Վարուժան Ներսիսեան Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեանին կողմէ ուղարկուած պատուոյ գիրը փոխանցեց բրիտանահայ երաժիշտ, խմբավար, թենոր, դաշնակահար Սիփան Օլահին` սփիւռքի մէջ հայ մշակոյթի տարածման գործին մէջ ունեցած նշանակալի աւանդին համար:
Յայտնենք, որ սրահին մէջ Միացեալ Թագաւորութեան Հայկական համայնքային խորհուրդին կողմէ տեղադրուած էր նուիրատուութիւններու արկղ մը` բռնի տեղահանուած արցախահայութեան օգնելու նպատակով: