Կրկին սեղանի վրայ է «3+3» բանակցային ձեւաչափը, որ ընդհանրապէս կը յայտնուի տարածաշրջանի դիւանագիտական խօսոյթին մէջ, երբ խօսակցութիւնները կը սկսին բախիլ անելի:
Ակնկալութիւնը այն է, որ Հայաստան-Ազրպէյճան-Վրաստան առաւել Ռուսիա-Թուրքիա-Իրան զոյգ եռեակները այժմ միասնաբար վճռեն ճակատագիրը Հարաւային Կովկասի հաւասարակշռութեան` ծնունդ տալով տարածաշրջանային նոր ճարտարապետութեան մը: Բազմակողմանի գործընթաց մը, որ նախ պէտք է յաղթահարէ երկկողմանի յարաբերութիւններու բարդ հիւսքին մէջ բռնուած փոխադարձ շահերու եւ հակամարտութեանց խնդիրները, որպէսզի կարողանայ ճամբայ հարթել դէպի ընդհանուր համաձայնութիւն:
Իրականութեան մէջ, սակայն, առաջարկուող ձեւաչափին վեց կողմերը երբեք չեն մտածած, չեն գործած եւ չեն գործեր այս վեցերու մակարդակով միայն: Վեցը ընդամէնը վերացական հասկացողութիւն մըն է այս խօսակցութեան մէջ: Ան վերացական է եւ շինծո՛ւ: Ան չի ներկայացներ ամբողջական աշխարհաքաղաքական պատկերը տարածաշրջանի ուժային փոխյարաբերութեանց: Այդ վեցէն իւրաքանչիւրը սովոր է իր կողմնակի սակարկութիւնները ընելու իր անմիջական շահակիցներուն հետ, որոնց շրջանակը շատ աւելի լայն է, բազմակողմանի եւ ենթակայ` ամէնօրեայ վերիվայրումներու:
Չկայ ոչ ոք – ոչ իսկ Իրա՛նը – որ չգիտակցի, թէ տարածաշրջանի հանրահաշիւէն կարելի չէ դուրս պահել Արեւմուտքը, որ այս պարագային կ՛ընդգրկէ Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպան եւ անոնց կողքին` Իսրայէլը: Այս առումով, «3+3»-ի առաջնորդները կրնան նոյնիսկ ի մի բերել եւ բեմադրել «3+3»-ի դիւանագիտական եռուզեռը` միաժամանակ քաջ գիտնալով, որ իրականութենէն ոչինչ կրնայ փոխուիլ: Իրենք ուզեն կամ ոչ` ձեւաչափի ատենակարգին մէջ են ըլլալու «ոգի»-ները իրենց ճշդած բացականերուն…Բան մըն ալ աւելի՛: Նման բանակցային գործընթացի մը ընթացքը փաստացիօրէն ճշդողը աւելի շուտ եւ աւելի շատ բացականերն են ըլլալու, քան ներկաները…
Պարզ է, որ Թուրքիա եւ Ազրպէյճան նման բանակցութիւններու բովին մէջ (ենթադրելով, որ անոնք տեղի կ՛ունենան) պիտի խաղան իրենց երկսայրի խաղը Արեւմուտքի եւ Մոսկուայի միջեւ տարածաշրջանային աւարէն առաւելագոյնը կորզելու դիտաւորութեամբ, իսկ Իրան պիտի ճգնի խուսանաւել «հաւկիթի կճեպներուն վրայ»-էն զգուշօրէն քալելով եւ միշտ ջանալով օրը-օրին հասկնալ Մոսկուայի իրական դիտաւորութիւնները: Մոսկուայի առաջնահերթ խնդիրը պիտի ըլլայ Միացեալ Նահանգները դուրս պահել գործընթացէն` միաժամանակ յուսալով, որ ինք կրնայ յայտնուիլ Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի միջեւ եւ Սիւնիքի ճանապարհային սակարկութիւնները առնել իր հակակշռին տակ… Միւս կողմէ` Վրաստանը պիտի փորձէ իր փէշերը ազատ պահել տարածաշրջանի ճահիճէն` միշտ առաւելութիւնը տալով թուրքեւազրպէյճանական կողմին (այսինքն` իր անմիջակա՛ն շահերուն) ընդդէմ Հայաստանի շահերուն: Եւ հետեւաբար մեծ է հաւանականութիւնը, որ ձեւաչափը ի վերջոյ մտնէ փակուղի` վերադառնալով իր սկզբնակէտին եւ Հայաստանի համար աւելի խորացած կնճիռներով: Սիմոն Վրացեանի յայտնի խօսքով` «Լեռը ծնի մուկ»…
Այս ձեւաչափի աւելի մտահոգիչ եզրը կը կայանայ այն բանին մէջ, որ ան էապէս կրնայ քնաբեր հանդիսանալ եւ իր ետին պահել շատ աւելի եղերական գործընթաց մը: Նման բանակցութիւններու ետին, Թուրքիա եւ Ազրպէյճան կրնան պատրաստել իրենց մեծ նախայարձակումը` թիրախ ունենալով Սիւնիքը, Վայոց Ձորը եւ Գեղարքունիքի կարեւոր մէկ հատուածը (Սեւանի արեւելեան ափերով): Նման գործողութիւն մը բնականաբար կ՛ենթադրէ Մոսկուայի եւ Արեւմուտքի նոյնժամանակեայ համամտութիւնը (բնականաբար իւրաքանչիւրը այլ շահերէ խթանուած):
Դժբախտաբար նման խաղի մը կարելիութիւնը երբեք անհաւանական չէ այսօր: Այդ պահը կարելի է դիւրաւ ձեւաւորել այսօրուան աշխարհակարգի անկայունութեան պայմաններուն մէջ: Թուրքիան, Ազրպէյճանն ու Իսրայէլը ունի՛ն անհրաժեշտ գործիքները այդ «գերկատարեալ» (optimum optimorum) փուլը ստեղծելու:
Հարց պէտք է տալ, թէ որո՞նք են Հայաստանի փոխընտրութիւնները «3+3» ձեւաչափով տարուելիք բանակցութիւններու գործընթացին մէջ:
Փաշինեան պատրաստակամութիւն յայտնած է Ազրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ ճանապարհային հաղորդակցութիւնը ապահովելու առանց տարածքը դուրս բերելու Հայաստանի հողային ամբողջականութեան սահմաններէն: Դժբախտաբար Փաշինեանով ղեկավարուող հայկական կողմը նման երաշխիքներ տալու կարելիութենէն բացարձակապէս զուրկ է այսօր: Երբ Թուրքիա եւ Ազրպէյճան իրողապէս ոտք դնեն Սիւնիքի ճանապարհներուն վրայ, իրենք ինքնաբերաբար կ՛իշխե՛ն այդ ճանապարհներուն` անհանգստութիւն պատճառելով Իրանին եւ Մոսկուային: Եւ հեռուէ-հեռու` Հնդկաստանին եւ Չինաստանին: Եւ – ինչո՞ւ չէ – տեղ մըն ալ` Արեւմուտքին…Ոչ ոք ռազմավարական «լուսանցք»-ը ունի Հայաստանին վստահելու նման գերզգայուն վերահսկողական առաքելութիւն: Ո՛չ իսկ Արեւմուտքը: Պարտութեան վարչակարգը նման վարկ չի վայելեր նոյնիսկ իր հովանաւորներէն:
Հետեւաբար, Փաշինեանի ափերուն մէջ գտնուող Հայաստանը ինքնիշխան մասնակից մը չի կրնար ըլլալ «3+3» ձեւաչափով գործող բանակցութիւններուն մէջ: Բանակցային այս գործընթացի անմիջական կռուախնձորը Սիւնիքի ճանապարհներն են, որոնք այսօր կը պատկանին միջազգային շահագրգռութիւններու տրամաբանութեան եւ իսկապէս հնարաւոր չէ այլեւս սոսկ տարածաշրջանային մակարդակի վրայ հանգուցալուծել այս հարցը:
Սիւնիքի պատուարը ստեղծողները հայ պետականութեան ձեռքերուն մէջ դրին լինելիութեան հզօր զէնք մը, որուն տիրութիւն ընելու գաղափարական զինարանն է, որ ողբալիօրէն մսխուած է այսօր: Ողբերգութի՛ւն է, որ Հայաստանը դրուած է մուրացիկի դիրքերուն վրայ, փոխանակ օրակարգ թելադրողի հեղինակութեան: Որո՞ւ պէտք է զէնքը, երբ զայն գործածելու կոչուած ձեռքն ու միտքը կը գործեն պարտուածի հոգեբանութեամբ:
23 հոկտեմբեր 2023