Պանթէոն
ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ Ֆրանսայի ազգային հերոս Միսաք Մանուշեանի անզիջում պայքարը բռնութեան դէմ ո՞վ պիտի հասկնար աւելի քան նոյն ինքը` պատանի Միսաքը, որ ունէր ընտանիք ու երդիք, բայց միլիոնաւոր հայրենակիցներու հետ ինք ալ անցաւ Հայոց ցեղասպանութեան եաթաղանէն, տեսաւ զուլում ու թաւալում կեանքերու, մայրը սովամահ, հայրը` սպաննուած: Արդարութիւնը` պատանքուած: Փոթորկալից կեանք մը եղաւ իրը` անհամար կայքերով: Առաջնորդ ու կամաւոր, անվեհեր ու անձնուէր, մահուան...

















