Արդէն 2 ամիսէ ի վեր Նոր տարին թեւակոխած ենք: Նոյն այս տարին է, որ իր ուղղութիւնը կորսնցնելով, անծանօթ եւ անհոգ քայլերով, կարծես բոլորիս համար վերածուած է պարզապէս շրջող իրականութիւն մը: Սովորական: Աշխարհի մարդոց կեանքին մէջ` անստոյգ ներկայութիւն: Եւ ի տես այս երեւոյթին` հայու մեր կեանքն ալ կարծես մեզի հետ չէ: Այդ պատճառով` շուարած ենք:
Իմ կարգիս, ազգային մեր շուարումի կողքին, միտքս, ինչպէս միշտ, մխրճուած է ազնիւ եւ խորունկ մտածումներու մէջ: Ձեռքս չէ: Ի՞նչ կրնամ ընել: Արդ, նախ չմոռցած ըսեմ. ներէ՛, հայրենիք, որ քիչ մը շատ ուշ կը զրուցեմ հետդ:
Ներէ՛, որ նոյնիսկ այս տարիքիս ցարդ չեմ կրցած հասկնալ երկար լռութիւնդ: Չեմ կրցած կարդալ մտքիդ տողերը: Շատ հեռուէն է, որ կը գրեմ քեզի եւ այսպէս «կը խօսիմ» անաղմուկ եւ խաղաղ: Մօտս չես, որ քեզի հանդիպիմ… հեռու չես, որ քեզի սպասեմ… Այս մէկը գիտես արդէն: Այս օրերուն նման եւ այլազան մտածումներ արդէն գրաւած են մտքիս հորիզոնն ու սիրտը:
Արդ, չե՛մ փորձեր ինքզինքս արդարացնել: Պարզապէս ինծի համար հիմա լաւ առիթ մըն է հետդ զրուցելս: Անկեղծ եւ հանդարտ:
Միտքս անկեղծօրէն կրկնեմ. հեռուէն կը դիտեմ քայքայուած երազներդ ու, անոնց կողքին նաեւ հիասթափութեան խորշոմները ճակատիդ: Դո՛ւն` Արարատեա՛ն երկիր, հայու հոգիներու քարտէսը բացող հողատարածք, իսկ ես` Արարատի ստորոտի մօտիկէն անցնող ճամբորդ, քե՛զ, ուխտաւորի սրտովս, երազներուդ ու յոյսերուդ հետ միատեղ, երկնքի ընդարձակութիւնը յիշեցնող սէրով մը պաշտելու աստիճան միշտ սիրած եմ եւ կը սիրեմ: Թէեւ տառապանքդ մշտապէս կ՛ապրի, բայց դուն սրտիս մէջ ես իբրեւ անկեղծ եւ հարազատ ու խորհրդաւոր պաշտամունք:
Նաեւ խոստովանիմ, որ երկիւղով կը մօտենամ անցեալ տարուան օրերուդ շարանին, որովհետեւ, այդ մէկը քաջութիւն կը պահանջէ: Դո՛ւն, մա՛յր հայրենիք, թէեւ դէմքդ ունի դալար դաշտերուդ, ձիւնոտ լեռներուդ եւ զուլալ ջուրերուդ թարմ խաղաղութիւնը, սակայն այնպէս կ՛երեւի, թէ կորսուած է ուրախութիւնդ: Տակաւին ձայնդ խոր է ու հեռաւոր: Հաստատապէս երկար տառապանքէդ հինցած են դարերդ ալ: Խոժոռ իրականութիւն: Նայուածքներդ խոր են եւ` մէկը միւսին մէջ: Ամէն օր կը կարդանք բառերդ եւ կ՛ըմբռնենք վիշտերդ:
Տառապած եւ տառապող հայրենիք, ողբերգութիւնը քեզ մեծապէս ցնցած է Արցախի կորուստին հետ միատեղ, սակայն ներքին ձայնդ մեզ բոլորս կեանքի կը կանչէ: Գիտակից ենք, որ վիշտի ու չարչարանքի, դժբախտութեան կարաւանը անցեալ տարի ալ անցած էր երկինքէդ: Աշխարհն ալ լաւատեղեակ է, որ քեզ խոցած են եղբայրական նիզակով: Բայց ի՞նչ կրնաս ընել…տակաւին կոյր է արդարութիւնը եւ չի համապատասխաներ մարդկային ազնիւ զգացումներուն:
Տակաւին տեսանելի է, թէ ինչպէ՛ս յաճախ կորսնցուցած ես նաեւ աղօթքի հաւատքդ: Պատմութիւնդ վառ է եւ մեզ միշտ արթուն կը պահէ:
Վաղուան սերունդը պէտք ունի այս մէկուն: Պէտք ունի նաեւ քու փրկարար ներշնչումներուդ եւ արիութեանդ օրինակին:
Տողերուս մէջ յարգալիր պաշտամունքիս հետ տակաւին կան` խանդ, ոգեւորութիւն, թարմ եռանդ` կեանքին հետ քալող երազներով, յուշերով, իբրեւ պայծառ լոյս: Աւելի՛ն. տողերս քեզ կրկին առոյգ եւ աշխուժ տեսնելու բնազդը ունին, այդ բաղձանքով կ՛ապրին բառերս: Քեզ միշտ կը տեսնեմ եւ կը պահեմ մտքիս, հոգիիս, երակներուս եւ նոյնիսկ տողերուս մէջ:
Քեզ միշտ փոքր տարիքէս ճանչնալու երջանկութիւնը կ՛ապրիմ, նոյնիսկ` այս տարիքիս:
Աստուա՛ծ իմ, այս որքա՜ն լոյս կայ դէմքիդ վրայ: Այս բոլորը կեանքս կը սփոփեն եւ զիս ալ կ՛երջանկացնեն:
Դուն թէեւ անցեալի մշուշին մէջ թաքուն պահուած ես, սակայն եւ անկասկած, աշխարհի հայութեան ամէնօրեայ յայտագրին մէջն ես` իբրեւ կեանքի զարդարանք:
Դարերով փնտռած ես հողիդ եւ զաւակներուդ երջանկութիւնը, ազատութիւնն ու արդարութիւնը եւ կապոյտ երկինքդ կամարող ծիածանը, սակայն հաստատ կեցած ես պատմութեան ճամբուն վրայ` ապրելու ցանկութեամբ:
Կը տառապիս եւ կը հանդուրժես` չարիքին, պարտութեան, կեղծիքին ե՛ւ սուտին. կարծր յամառութեամբ: Ազատութեան եւ արդարութեան ու ազգային ոգիով եւ ապագային մատուցող ծառայութեամբ կ’ուզես հասնիլ նոր վաղուան:
Լոյսդ դրած ես Արարատի գագաթին, որպէսզի բոլորս ալ լուսաւորուինք անով:
Դուն բոլորիս համար բաց գիրք մըն ես` հին ու նոր էջերով, անգոյն եւ գունաւոր նկարներով: Մէկ էջը կը լեցնէ դժբախտութիւնը, իսկ միւսը` կարօտը
Լա՛ւ յիշէ…հերոսներ ծնած ես, որովհետեւ ազատութեան եւ անկախութեան գաղափարը բուռն է զաւակներուդ կամքին մէջ:
Զաւակերդ միշտ կը փորձեն զիրար լրացնելով ապրիլ, որպէսզի կարելի եղած չափով ազատին ճակատագրի թշուառ զոհը դառնալէ:
Մտահոգ լաւատես մըն եմ, որ կը հնազանդի ժամանակի պահանջներուն:
Գիտենք, որ յաճախ երազներդ սպաննուեցան, սակայն միշտ կրցած ես վերագտնել ապրելու հպարտութիւնդ:
Հայրենիք, մեր գոյութիւնը ամրապնդող հող, քեզի հետ ենք յաղթանակիդ եւ պարտութեանդ:
Ու հաւատա՛, այնքան ատեն որ զաւակներդ ականջ տան հողէդ բարձրացող կանչիդ, այնքան աւելի երազն ու իրականութիւնը կը միաձուլուին ու կը դառնան մաքուր եւ կապոյտ նպատակ:
Չէ՞ որ հոգիդ տակաւին խանդավառ է, իսկ անցեալդ` խուզարկող, ապրեցնող եւ ջերմացնող:
Կը հաւատամ, որ օր մը փոթորիկները պիտի հանդարտին, եւ դուն պիտի վերագտնես ինքզինքդ` նախկին հմայքդ, խանդավառութիւնդ, հպարտութիւնդ եւ քաջութիւնդ, հողերուդ անկախութեան հետ:
Նոր տարի է, կեանքիդ նոր էջը բացած ես արդէն, ուստի ապրելուն երջանկութիւնը զգայ: