Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իմ Աչքերով Դիտուած

February 26, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամէն դիտորդ իր աթոռը գտած, նստած` աչալուրջ կը հետեւէր բեմի վրայ կատարուածին: Հանդիսատեսին զոյգ աչքերը սեւեռած էին լայն, տախտակամած բեմահարթակին վրայ:

Բեմը նուազագոյն յարդարանքով միջավայր մը ստեղծած էր ընտանի: Քաղաքացիի մը համար` գրեթէ նկարազարդ գիրքի մը մէջ հանդիպելիք պատկեր մը. խոտի դէզեր, տախտակեայ խոշոր տակառ մը, յարդի կապոցներ եւ երկճիւղ ամուլ-անտերեւ ծառ մը: Պատահական, կամ բանաստեղծական տարրեր չէին անոնք, անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունէր իր տեղն ու դերը եւ է՛ր խտացեալ խորհրդանիշը իր վայրի ու ժամանակի:

Եւ այդ բոլոր մասնիկներուն կենդանութիւն պարգեւելու, անոնց խորհուրդը փոխանցելու եւ բեմի տարածքը ամբողջութեամբ լեցնելու պարտականութիւնը կը ծանրանար այն մէկ ու միակ դերասանին` Նարինէ Գրիգորեանի ուսերուն վրայ:

Ինքն էր պատումը կատարողը, վիպակի հերոսներուն դերերը մէկզմէկ ստանձնողը` օգտագործելով իր ձայնի ցած ու բարձր թոները, եւ իրանի ու վերջոյթներու կոշտ ու նուրբ, բայց միշտ ալ վարժ շարժումները:

Խոստացեր էր գաղութին Հրանտ Մաթեւոսեանի գրիչով «գոմէշ»-ի մը պատմութիւնը ներկայացնել եւ այդ մէկը իրագործելու համար հասաւ սրահի ամէն անկիւն ու իր տաղանդը դրաւ վիպակի բովանդակութեան տրամադրութեան տակ: Բեմահարթակի հատընտիր մասնիկներուն պէս, ի՛նք եւս պզտիկ շարժումներով փորձեց տեղեկացնել հանդիսատեսը իր ստանձնած դերին ու գտնուած վայրին մասին: Մէյ մը քունքերէն վար ձգուած մազի երկու վարսերը վեր առնելով` գոմէշի մը գլուխը կապկեց, ու մէյ մըն ալ թեւերը գլխուն վերեւ խաչաձեւելով` ցուլի եղջիւրներու կերպարանքը ներկայացուց:

Երաժշտութիւնը իր շարժումներուն համահունչ էր, եւ իր հարուածներուն ու քալուածքին մէջ կը պարփակուէին զգացումներու վերիվայրումներ, որոնք տիրական կը դառնային օգտագործուած տեսալսողական թեքնիքներով: Սրահի ստորին յարկը միայն հանդիսատեսի տրամադրուած ըլլալով` շեշտուած կերպով հանրութեան ներկայացան անոր դէմքի խաղիկներն ու արտայայտութիւնները:

Եթէ պահ մը եղելութեան խորքին նայինք, կրնանք նկատել, որ գոմէշի մը հանդէպ կատարուած անիրաւութիւնները` հեղձուցիչ անտարբերութենէ մինչեւ կատաղի վայրագութիւն, նրբանկատ հոգիներ միայն կրնան շօշափել ու զգալ, եւ եթէ Մաթեւոսեան գիւղական կեանքի երգիչ մը ըլլալով` տեսած էր այդ մէկը ու գրած այդ մասին` գեղարուեստական ոճով մը, ապա Գրիգորեան կրցած էր հասկնալ այդ, զգալ, իւրացնել եւ ներկայացնել հանրութեան` որպէս բեմականացուած եղերերգական թատրերգութիւն:

Այս բոլորը, որովհետեւ արուեստին եւ գրականութեան պարտականութիւնն ու բնորոշող յատկութիւնն է խօսիլ տալ բնութեան տարրերուն, պատմել տեսանելիին եւ չնկատուածին մասին դիտանկիւնէ մը, ուրկէ ոչ ոք կամ թերեւս քիչեր դիտած են: Անոնք կը փորձեն դուրս բերել ընդյատակեայ գեղեցիկը,   նոյնիսկ եթէ տխուր իրողութիւն մը ունի այդ: Քանզի, ի վերջոյ, մարդու հոգիին մէջ միշտ ալ կան մութ ու գորշ անկիւններ, որոնք կարիքը ունին լուսաւորուելու, ծաղկելու ճիշդ այնպէս,  ինչպէս թատերախաղի աւարտին ծաղկեցաւ բեմահարթակի կեդրոնացեալ այդ ամուլ ծառը` անասունին մղկտոցին ներքոյ:

Թատրոնը ունի այդ ներզօր ուժը, եւ Նարինէն կրցաւ ցուցաբերել զայն:

ԴԻՏՈՐԴ

Նախորդը

«Հայկական Ազգագրական Պատկերներ. Տեսիլք, Կամք Եւ Յոյս» Հատորի Շնորհահանդէս

Յաջորդը

«Հալէպի Ողբերգութիւն»… Սփիւռքահայութեան Գոյատեւութիւնը

RelatedPosts

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.