Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հ.Յ.Դ. Հիմնադրութեան 133-Ամեակի Նշում Աթէնքի Մէջ

Փետրուար 23, 2024
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան 133-րդ ­տա­րե­դար­ձին ա­ռի­թով, Ա­տի­կէի մէջ գոր­ծող «Ա. ­Մա­նու­կեան», «Մ. ­Վա­րան­դեան» եւ «Գ. ­Լա­զեան» կո­մի­տէ­նե­րու կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, ­Շա­բաթ, 16 ­Փետ­րո­ւար 2022-ի ե­րե­կո­յեան, տե­ղի ու­նե­ցաւ հրա­պա­րա­կա­յին ե­լոյթ եւ խրախ­ճանք, ­Ֆիք­սի «Ա. ­Մա­նու­կեան» ա­կում­բին մէջ, ներ­կա­յու­թեամբ բազ­մա­թիւ ըն­կեր­նե­րու եւ հա­մա­կիր­նե­րու։

Ե­լոյ­թին ներ­կայ ե­ղաւ Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ ընկ. Մկր­տիչ Մկր­տի­չեան, որ ար­տա­սա­նեց օ­րո­ւան խօս­քը, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէն, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Տ. ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեան եւ միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։

Ե­րե­կո­յին բա­ցու­մը կա­տա­րեց ընկ. ­Գէորգ Ա­ւա­գեան, որ անդ­րա­դար­ձաւ Հ.Յ.Դ. հի­մնադ­րու­թեան ու ա­նոր ու­նե­ցած դե­րա­կա­տա­րու­թեան շուրջ հայ ժո­ղո­վուր­դի նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան մէջ, ա­պա իր խօս­քը ամ­փո­փե­լով ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին վրայ շեշ­տեց. «Ար­ցա­խը կոր­սո­ւած է, ­Հա­յաս­տա­նը վտան­գի մէջ կը գտնո­ւի եւ հա­զա­րա­ւոր ե­րի­տա­սարդ զի­նո­ւոր­ներ սպան­նո­ւե­ցան վեր­ջին պա­տե­րազ­մին ըն­թաց­քին։ ­Սա­կայն, մեր յոյ­սը պէտք չէ կոր­սո­ւի եր­բեք։ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը, վար­ժո­ւած է եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր պայ­քա­րիլ իր թշնա­մի­նե­րուն դէմ եւ պաշտ­պա­նել հայ­րե­նի­քին եւ ազ­գին ի­րա­ւունք­նե­րը։ Ս­փիւռ­քա­հա­յու­թիւ­նը ամ­բողջ աշ­խար­հի վրայ այ­սօր շատ աշ­խուժ եւ հզօր է։ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան նպա­տա­կը միշտ նոյնն էր, պահ­պա­նել հա­յու­թիւ­նը, ­Հա­յաս­տա­նը, Ար­ցա­խը եւ զօ­րա­ւոր պա­հել սփիւռ­քա­հա­յու­թիւ­նը։ Այս պայ­քա­րը, մեր կու­սակ­ցու­թեան հա­մար, սո­վո­րու­թեան դար­ձած է, իր ստեղ­ծո­ւած ա­ռա­ջին օ­րէն, եւ պի­տի չդադ­րի եր­բեք։ ­Պայ­քար մըն է, որ բո­լոր ըն­կեր­նե­րը եւ ըն­կե­րու­հի­նե­րը պար­տա­ւոր ենք շա­րու­նա­կել»։

­Յա­ջոր­դա­բար, բեմ հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան ­Կեդր. ­Վար­չու­թեան կող­մէ ընկ. Օն­նիկ ­Պետ­րո­սեան, որ յայտ­նեց յու­նա­հայ դաշ­նակ­ցա­կան կազ­մա­կերպ ե­րի­տա­սար­դու­թեան պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դար ի­րա­ւունք­նե­րու ձեռք­բեր­ման հա­մար։

Ան յատ­կա­պէս շեշ­տեց։

«Այ­սօր մեր ապ­րած ժա­մա­նա­կաշրջա­նը պատ­մու­թեան սեւ օ­րե­րէն է:

­Ժա­մա­նա­կաշր­ջան մը, ուր տխրու­թիւ­նը եւ ա­նար­դա­րա­րու­թիւ­նը մեր սրտե­րը կը ո­ղո­ղեն։

­Հի­մա այն ժա­մա­նակն է, որ պէտք է ոչ միայն մենք մե­զի հա­մար քա­ջու­թիւ­նը եւ ու­ժը գտնենք մեր ոտ­քե­րուն վրայ կանգ­նե­լու, այլ նաեւ հա­մո­զենք մեր շրջա­պա­տը, մեր ըն­կեր­նե­րը եւ հաս­նող նոր սե­րունդ­նե­րը, թէ պայ­քա­րը չէ վեր­ջա­ցած:

Ար­դեօ՞ք ա­ռա­ջին ան­գամն է որ հա­յու­թիւ­նը այս կա­ցու­թեան մէջ կը գտնո­ւի։

ՈՉ: Ա­ռա­ջին ան­գա­մը չէ, ըն­կեր­ներ։

Ոչ մէկ պա­րա­գա­յի պէտք է տո­ւեալ նկա­տել, թէ մեր զա­ւակ­նե­րը պի­տի զգան ՀԱՅ , պար­զա­պէս ո­րով­հե­տեւ ծնած են հայ ծնող­նե­րէ….։

­Պէտք չէ տո­ւեալ նկա­տել, թէ մեր զա­ւակ­նե­րը պարտ­քը պի­տի զգան մաս­նակ­ցիլ մեր պայ­քա­րին եւ հա­յու­թիւ­նը պաշտ­պա­նել, պար­զա­պէս ո­րով­հե­տեւ ի­րենց մա­կա­նու­նը «եան»-ով կը վեր­ջա­նայ:

­Բո­լորս պար­տա­ւոր ենք ա­նոնց սոր­վեց­նել հա­յե­րէն խօ­սիլ ու կար­դալ, հա­յե­րէն մտա­ծել եւ որ­պէս հայ պայ­քա­րիլ…»։

Օ­րո­ւան խոր­հուր­դին մա­սին կեդրո­նա­կան խօս­քը ար­տա­սա­նեց Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ ընկ. Մկր­տիչ Մկր­տի­չեան, որ նախ լայն անդ­րա­դարձ մը կա­տա­րեց զու­գա­դի­պած 1921-ի փետ­րո­ւա­րեան ապս­տամ­բու­թեան տա­րե­դար­ձին, նշե­լով ա­նոր պատ­մա­կան եւ քա­ղա­քա­կան ար­ժէ­քը, ա­պա զու­գա­հեռ մը ը­րաւ 1988-ի ար­ցա­խեան պա­հան­ջա­տի­րու­թեան մեկ­նար­կի օ­րե­րուն հետ, որ­պէս հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­զատ ու ան­կաշ­կանդ ապ­րե­լու գե­րա­գոյն ձգտու­մի ար­տա­յայ­տու­թիւն։ Ան նաեւ նշեց հե­րո­սա­կան պայ­քա­րի յաղ­թա­կան պսա­կու­մը, Հ.Յ.Դ վե­րա­դար­ձը հայ­րե­նիք եւ ար­ցա­խեան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու հո­լո­վոյ­թը։ Իր խօս­քի կա­րե­ւոր մէկ բա­ժի­նին մէջ, ըն­կե­րը անդ­րա­դար­ձաւ ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին ու հայ­րե­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու ի­րե­րա­յա­ջորդ ձա­խո­ղում­նե­րուն։ ­Նաեւ շեշ­տեց Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան կամ­քը դի­մագ­րա­ւե­լու հա­մար հայ ժո­ղո­վուր­դին առ­ջեւ ցցո­ւած բո­լոր վտանգ­նե­րը։ Ըն­կե­րոջ խօս­քէն հա­տո­ւած մը կը ներ­կա­յաց­նենք ստո­րեւ։

Ե­րա­ժիշտ ­Կա­րօ ­Պար­տաք­ճեա­նի յա­ջող մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րուն տակ, յայ­տա­գի­րը ճո­խա­ցաւ յե­ղա­փո­խա­կան եւ հայ­րե­նա­սի­րա­կան եր­գե­րով։ ­Խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մէջ, ներ­կա­նե­րը ըն­կե­րակ­ցե­ցան եր­գի­չին եւ միաս­նա­բար սրա­հը լե­ցու­ցին հայ եր­գի հնչիւն­նե­րով։ ­Մէ­ջընդ­մէջ տե­ղի ու­նե­ցան բա­ժա­կա­ճա­ռեր եւ կարճ խօս­քեր՝ օ­րո­ւան ի­մաս­տին ու Հ.Յ.Դ.-ի մա­սին, ո­րոնք ա­ռա­ւել խան­դա­վա­ռե­ցին ներ­կա­նե­րը։

Ե­լոյ­թի ըն­թաց­քին տե­ղի ու­նե­ցաւ վի­ճա­կա­հա­նու­թիւն ար­ժէ­քա­ւոր նուէր­նե­րով, ո­րոնք սի­րա­յօ­ժար տրա­մադ­րո­ւած էին հայ­րե­նա­կից­նե­րու կող­մէ։

­Յատկ­նա­շա­կան էր համ­բա­ւա­ւոր քան­դա­կա­գործ Ա­րամ ­Թո­րո­սի նուէ­րը, որ մար­մա­րեայ ման­րա­կերտն էր Ար­ցա­խի «­Պա­պիկ ու ­Մա­միկ» խորհր­դա­ւոր յու­շար­ձա­նին։ Օ­րո­ւան հան­դի­սա­վա­րը իր շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը յայտ­նեց բո­լոր նո­ւի­րա­տու­նե­րուն, իսկ ըն­կե­րա­կան ջերմ մթնո­լոր­տը շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ մին­չեւ ուշ գի­շեր։

* * *

­Հա­տո­ւած՝ Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ
ընկ. Մկր­տիչ Մկր­տի­չեա­նի խօս­քէն

«Հ.Հ. ներ­կայ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ա­մէն ինչ ը­րին, որ­պէս­զի ա­տե­նին ­Լե­ւոն ­Տէր ­Պետ­րո­սեա­նի հե­տապնդած լու­ծու­մը կա­րե­լի դառ­նայ: Ան կը դա­ւա­նէր, որ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղը պէտք է մնայ Ատր­պէյ­ճա­նի սահ­ման­նե­րուն մէջ: ­Յայ­տա­րա­րած է նաեւ, թէ ­Հա­յաս­տան բա­նա­կի պէտք չու­նի:

­Մա­յիս 2018-ի գար­նան տե­ղի ու­նե­ցաւ իշ­խա­նա­փո­խու­թիւն, ճամ­բան բա­նա­լով ներ­կայ յու­սա­հա­տա­կան կա­ցու­թեան հա­մար:

Ա­հա­ւա­սիկ Հ.Հ. ներ­կայ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան գլխա­ւոր քայ­լե­րու չա­փա­զանց ամ­փոփ ժա­պա­ւէ­նը.

ա.- ­Մա­յիս 2018-ին Հա­յաս­տա­նին պար­տադ­րո­ւած իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ե­կած էին թա­ւի­շով՝ սէր եւ ժպիտ տա­րա­ծե­լու, սա­կայն ի­րենց ա­ռաջ­նա­հերթ նպա­տակ­նե­րէն մէ­կը հան­դի­սա­ցաւ ա­տե­լու­թիւն սեր­մա­նե­լը եւ հա­սա­րա­կու­թիւ­նը պա­ռակ­տե­լը. սեւ ու սպի­տակ, նոր ու նախ­կին, մենք եւ ի­րենք: Այս բա­ժա­նում­նե­րը մտան հա­սա­րա­կու­թեան բո­լոր խա­ւե­րէն ներս, աշ­խար­հագ­րա­կան բո­լոր հո­րի­զոն­նե­րու վրայ: ­Հա­յու­թիւ­նը այ­սօր, իր նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան ա­մե­նէն ող­բեր­գա­կան վի­ճա­կին մէջ, աշ­խար­հին կը ներ­կա­յա­նայ որ­պէս կո­տո­րա­կո­ւած հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն մը, փթա­ցած ինք­նա­պահ­պան­ման բնազ­դով, թշնա­մա­կան նա­յո­ւածք­նե­րը սե­ւե­ռե­լով ներ­քին ճա­կատ­նե­րու վրայ, փո­խա­նակ զա­նոնք կեդ­րո­նաց­նե­լու ազ­գին իս­կա­կան թշնա­մի­նե­րուն դէմ: Ազ­գա­յին մար­դուն հա­մար այս վի­ճա­կը ա՛լ ա­ւե­լի ան­տա­նե­լի կը դառ­նայ, երբ կը նկա­տէ, թէ իր երկ­րի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը յա­ճախ թշնա­միին խօս­նակ­նե­րը կը դառ­նան հայ­րե­նի­քէն ներս:

բ.- ­Սահ­մանդ­րա­կան դա­տա­րա­նի բա­ղադ­րու­թեան կոշտ փո­փո­խու­թիւն:

­Նա­խորդ ե­րեք նա­խա­գահ­նե­րու օ­րով նշա­նա­կո­ւած դա­տա­ւոր­ներ օ­րի­նա­զանց մի­ջոց­նե­րով փո­խա­րի­նո­ւե­ցան ու­րիշ­նե­րով:

Ն­պա­տա­կը թա­փան­ցիկ էր. ­Սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տա­րա­նը պէտք է վա­ւե­րաց­նէ կա­ռա­վա­րու­թեան միջ­պե­տա­կան հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րու սահ­մա­նադ­րա­կա­նու­թիւ­նը, երբ ա­տե­նը գայ:

գ.- ­Բարձ­րաս­տի­ճան զի­նու­որա­կան­նե­րու դէմ ար­շաւ. ա­մե­նէն յատ­կանշա­կան հա­լա­ծան­քը Եու­րի ­Խա­չա­տու­րո­վին դէմ ե­ղաւ, երբ ան կը վա­րէր ­Հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան քար­տու­ղա­րի պա­տաս­խա­նա­տու պաշ­տօ­նը: Ա­սի­կա ուղ­ղա­կի մար­տահ­րա­ւէր էր ­Հա­յաս­տա­նի ռազ­մա­վա­րա­կան դաշ­նա­կից՝ ­Ռու­սաս­տա­նի վար­կին դէմ:

դ.- ­Նախ­կին նա­խա­գահ­նե­րուն դէմ դա­տա­կան հե­տապն­դում:

­Դա­տեր բա­ցո­ւե­ցան նախ­կին նա­խա­գահ­ներ՝ ­Ռո­պերթ ­Քո­չա­րեա­նի եւ ­Սերժ ­Սար­գի­սեա­նի դէմ. ո­րե­ւէ մե­ղադ­րանք կա­րե­լի չէ ե­ղած ցարդ տա­րա­զել:

ե.- 2020 ­Սեպ­տեմ­բե­րի՝ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ շղթա­յա­զեր­ծո­ւած պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին հա­մար կան հար­ցա­կան­ներ, ո­րոնք չեն լու­սա­բա­նո­ւած. իսկ Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի յա­ռա­ջա­ցու­ցած քննչա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի ան­կա­տար բա­ղադ­րու­թիւ­նը չ­‘ե­րաշ­խա­ւո­րեր ա­նոր ան­կողմ­նա­կա­լու­թիւ­նը:

­Հարց է ­Ռու­սաս­տա­նի նա­խա­գա­հին, պա­տե­րազ­մի ո­րոշ հանգ­րո­ւա­նի մը, երբ հայ­կա­կան պար­տու­թիւ­նը այ­լեւս ան­խու­սա­փե­լի կը թո­ւէր, պա­տե­րազ­մը կա­սեց­նե­լու ա­ռա­ջար­կի մեր­ժու­մը Հ.Հ. վար­չա­պե­տին կող­մէ:

զ.- ­Խա­ղա­ղու­թեան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին հրա­պա­րա­կա­յին կեր­պով «­Ղա­րա­բա­ղը մաս կը կազ­մէ Ատր­պէյ­ճա­նին» կրկնո­ւող յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը:

է.- Հ.Հ.-ի հա­մար նոր սահ­մա­նադրու­թիւն ու­նե­նա­լու թշնա­միի կող­մէ ա­ռա­ջար­կին հա­մամ­տու­թիւ­նը: ­Պե­տա­կան խորհր­դա­նիշ­նե­րու՝ զի­նան­շան ու քայ­լերգ փո­խե­լու ծրա­գի­րը:

­Հա­մե­մա­տած լի­բա­նա­նեան քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մի այդ սեւ ու ա­հա­ւոր օ­րե­րուն, այ­սօր հայ­կա­կան կեան­քը դժոխ­քի տպա­ւո­րու­թիւն կը ձգէ. Ար­ցա­խը իր բնիկ հա­յու­թե­նէն պար­պո­ւած, ­Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կա­նու­թեան ա­պա­գայ գո­յու­թիւ­նը հար­ցա­կան:

Ինչ­պէ՞ս հա­սանք այս ա­ղէ­տին, թա­կե­լէ ետք դրախ­տի դու­ռը, որ դա­րա­դար­ձին հա­յու­թեան առ­ջեւ ար­դէն կի­սա­բաց կը թո­ւէր ըլ­լալ. չեմ կար­ծեր, որ այս հանգ­րո­ւա­նին այ­լեւս այդ մա­սին ո­րե­ւէ կաս­կած ար­տօ­նե­լի ըլ­լայ:

Ա­տի­կա չի նշա­նա­կեր, սա­կայն, որ այ­լեւս ը­նե­լիք չկայ: Ընդ­հա­կա­ռա­կը. յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րուն միայն ու միայն ա­ւե­րակ­ներ փո­խան­ցե­լը թէ՛ բա­րո­յա­պէս, թէ՛ գործ­նա­կան ի­մաս­տով ա­նըն­դու­նե­լի է: Ինչ­քան ալ ծանր եւ յու­սա­բե­կող ըլ­լայ նա­խա­տե­սո­ւող վնա­սը ան­գոր­ծու­թիւ­նը ան­նե­րե­լի է:

­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը պա­տե­րազ­մի վնաս­նե­րը սահ­մա­նա­փա­կե­լու աշ­խա­տան­քին ձեռ­նար­կած է զի­նա­դա­դա­րի ա­ռա­ջին օ­րէն՝ փոր­ձե­լով միա­ւո­րել ընդ­դի­մա­դիր ճա­կա­տը հաս­նե­լու հա­մար ա­րիւ­նա­հո­սու­թիւ­նը կա­սեց­նող ար­դիւն­քի մը. ա­տոր հա­մար անհ­րա­ժեշտ է իշ­խա­նու­թե­նէն հե­ռաց­նել ներ­կայ խմբա­կը, որ կը յա­մե­նայ ըն­թա­նալ իր սկզբնա­կան ծրա­գիր­նե­րու աշ­խա­տան­քա­յին քար­տէս­նե­րուն հե­տե­ւե­լով՝ հան­րա­յին գոր­ծու­նէու­թեան բո­լոր մար­զե­րէն ներս: ­Հո­ղի կո­րուս­տի կող­քին՝ կրթա­կան ու մշա­կու­թա­յին մար­զե­րու «բա­րե­փո­խու­թիւն»նե­րով վտան­գուած է նաեւ հայ­կա­կան ինք­նու­թիւ­նը, մարդ­կու­թեան պատ­մու­թե­նէն հայ­կա­կան հետ­քե­րու ա­նէա­ցու­մը ամ­բող­ջա­կան դարձ­նե­լու խոս­տու­մով:

­Հե­տե­ւա­բար՝ պայ­քա­րի շա­րու­նա­կու­թիւնն ու ա­նոր աս­տի­ճա­նա­կան սաստ­կա­ցու­մը միակ ա­պա­ւէնն է: ­Խա­ղա­ղու­թիւն չկայ, հան­գիստ չկայ՝ այն­քան ա­տեն, որ հո­րի­զո­նին վրայ չեն ե­րե­ւիր նոր ար­շա­լոյս­նե­րը, նոր յոյ­սե­րը, յա­ջորդ յաղ­թա­նա­կի նոր ճամ­բա­նե­րը»:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (23 Փետրուար 2024)

Յաջորդը

Պատմութիւնը Միշտ Չէ, Որ Յաղթողը Կը Կերտէ

RelatedPosts

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն.  Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն. Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ

Յուլիս 4, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 3, 2025
Սրբազան Հայրը Ընդունեց Քաղաքավարական Այցելութիւնը Լեւոն Զաքի Ետալեանի
Գաղութէ Գաղութ

Սրբազան Հայրը Ընդունեց Քաղաքավարական Այցելութիւնը Լեւոն Զաքի Ետալեանի

Յունիս 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?