Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ. Նարինէ Գրիգորեանի Կատարումով «Գոմէշ»-ը Վիպակի Մենաներկայացումը Հմայեց Լիբանանահայ Հանդիսատեսը

February 23, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին, գործակցութեամբ «Armmono» եւ «Հրանտ Մաթեւոսեան» հիմնադրամին, ուրբաթ, 16 եւ կիրակի, 18 փետրուար 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ ներկայացուեցաւ Հրանտ Մաթեւոսեանի «Գոմէշը»` բեմադրութեամբ եւ մենակատարութեամբ Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Նարինէ Գրիգորեանի:

Բազմաթիւ հանդիսատեսներու ներկայութեամբ, մենաներկայացումը կը սկսի Նարինէ Գրիգորեանի ջուր խմելու տեսարանով, որ անմիջապէս դիտողը կը տանի ներկայացումին խորերը: Թատրոնը կը ներկայացնէ առօրեան գոմէշին, որ գիւղին մէջ ընտանիքի մը քով կը գտնուէր եւ փախուստ տուած եւ յայտնուած էր զանազան վայրեր` գոմշացուլ մը գտնելու փնտռտուքով:

Գրիգորեան ամբողջովին մարմնաւորած էր Հրանտ Մաթեւոսեանի «Գոմէշը» վիպակը, հանդիսատեսին ներկայացնելով բնութեան իսկական պատկերը` իր ամբողջական ծալքերով եւ թատերական երեւակայութեան որոշակի պատկերներով:

Յատկանշական էր իսկական գոմէշը մարմնաւորելու դերասանուհիին ֆիզիքական շարժուձեւերը` որոնց ճամբով ան մեծ յաջողութեամբ դրսեւորեց իրական պատկերը բնութեան եւ Հրանտ Մաթեւոսեանի երեւակայութեան ծնունդ` «Գոմէշը» վիպակին:

Հանդիսատեսը շուրջ մէկ ժամուան ընթացքին ապրեցաւ գոմէշի, մարդու, բնութեան եւ ընդհանրապէս յուզական ներաշխարհի հարազատ պատկերները:

«Գոմէշը» նաեւ գեղեցիկ բնութեան ու մայրութեան մասին է, որ անասունի կերպարի մը ընդմէջէն կ՛արժեւորէ իգական սեռին կապուածութիւնը ձագին-զաւակին, բացայայտելով մայրական աստուածային կարողականութիւնները եւ իր ցեղի շարունակականութիւնը ապահովելու դժուարութիւնները յաղթահարելու եւ պայքարելու կամքը:

Բնազդային կամքի ուժն է, որ ներկայացուեցաւ, եւ դերասանուհին իր թատերական փորձառութեամբ ու դերասանական բարձր կարողականութեամբ յաջողեցաւ ներկայացնել բնազդային կամքի ընդհանուր դժուարամատչելի վիճակը:

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը այս երկու ներկայացումներով լիբանանահայ թատրոնին տուաւ նոր շունչ ու երանգ` վերարժեւորելով որակաւոր թատրոնին դերը մեր կեանքին մէջ, վերահաստատելով նաեւ արուեստի մէջ թատրոնին կարեւորութիւնը եւ գնահատելով այս առաքելութեան ծառայող հայրենի արուեստագէտ Նարինէ Գրիգորեանին ներդրումը:

Նախորդը

Գործիչներու Խումբերը Բաց Նամակով Մը Կը Զգուշացնեն, Որ ԱԲ-ն Կրնայ Լուրջ Վտանգ Ներկայացնել Աշխարհի Համար

Յաջորդը

Յետմիւնիխեան Արեւածագը

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.