Ֆրանսայի ազգային հերոս Միսաք Մանուշեանի անզիջում պայքարը բռնութեան դէմ ո՞վ պիտի հասկնար աւելի քան նոյն ինքը` պատանի Միսաքը, որ ունէր ընտանիք ու երդիք, բայց միլիոնաւոր հայրենակիցներու հետ ինք ալ անցաւ Հայոց ցեղասպանութեան եաթաղանէն, տեսաւ զուլում ու թաւալում կեանքերու, մայրը սովամահ, հայրը` սպաննուած: Արդարութիւնը` պատանքուած:
Փոթորկալից կեանք մը եղաւ իրը` անհամար կայքերով: Առաջնորդ ու կամաւոր, անվեհեր ու անձնուէր, մահուան սպառնալիքներէ մազապուրծ մնացած, մինչեւ որ մատնութեամբ մը ձերբակալուեցաւ ու գնդակահարուեցաւ գաղափարի 22 ընկերներուն հետ, 21 փետրուար 1944-ին:
Իր սպանութեան ութսուներորդ տարելիցին, այս ամսու քսանմէկին, Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի գլխաւորութեամբ եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ներկայութեամբ, Միսաք Մանուշեանին մատուցուեցաւ գերագոյն յարգանք, երբ իր եւ կնոջ աճիւնները ամփոփուեցան Փարիզի Պանթէոնին մէջ, միա՛կ «օտար»-ները` ութսունմէկ մեծանուն ֆրանսացիներու կողքին:
Միսաք Մանուշեան գաղափարի մարտիկ էր եւ բանաստեղծ: Հաւատարիմ պանթէոն հասած իր ամփոփուած աճիւններուն մէջ, կը հաւատամ, որ խորհրդանշականօրէն կա՛ն անհետ կորսուած աճիւնները հազարաւոր նահատակուած ֆետայիներու, ազատամարտիկներու, մտաւորականներու եւ գրողներու, որոնք, իրենց կարգին`, ազգային հերոսներ էին, բայց շիրիմ իսկ չունեցան:
Փառաց պսակ` հերոսահոյլերու անսակարկ կեանքին:
Փետրուար 22