Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եկեղեցիէն Երկինք` Աստուծոյ Ճամբով

Փետրուար 24, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

Մարդ եկեղեցւոյ մէջ կը մեռնի՞, այդ ալ` սուրբ պատարագի ընթացքին…

Մարդ իր խնդրանքներուն կատարման համար մոմեր կը վառէ եկեղեցւոյ մէջ, իր մեղքերուն համար արտասուալից եւ երկիւղած, նոյնիսկ ծնրադիր ներում կը հայցէ, ջերմագին կը խնդրէ, սրտանց կ՛աղօթէ, կ՛աղաչէ, կու լայ, կը վերանայ երգուող շարականներով, կ՛անջատուի իրական աշխարհէն եւ երկիւղածութեամբ ու բարեպաշտութեամբ կը փոխադրուի վերացական աշխարհ` Աստուծոյ ներկայութիւնը զգալով իր էութեան մէջ…

Մարդ (քիչեր) կը նուիրուի եկեղեցւոյ, մաս կը կազմէ անոր ծառայութեան կոչուած մարմիններուն, կը գործէ եկեղեցւոյ պայծառացման համար, իր կարողութիւնն ու ձիրքերը կը դնէ ի սպաս եկեղեցական արարողութիւններու լաւագոյնս կատարման, կը մոռնայ իր անձը եւ կը միանայ հաւաքական զոհողութեան…

Մարդ կ՛ապրի եկեղեցիով, կը լիանայ անով, կ՛ոգեւորուի շարականներով, ուժ կը ստանայ Աստուծոյ տան մէջ առկայ ներուժէն…

Բայց եկեղեցւոյ մէջ մեռնի՞լ…

Անհաւատալի ու տարօրինակ, բայց իրա՛ւ: Հաւանաբար  եկեղեցւոյ ծառայութեան ամբողջ պատմութիւն մը կերտած անձ մը միայն կրնայ իր հոգին աւանդել եկեղեցւոյ մէջ, երբ վերոյիշեալ բոլոր վիճակներուն մէջ գտնուած է, եւ ոչ միայն վերացած է շարականներով, այլ ինք տարիներ ու տարիներ վերացման աղբիւր ու ներշնչարան եղած է շատ շատերու…

Անի Նալպանտեան: Անունը դպրուհիի մը, որ մեծապէս ու ամուր կերպով կամրջուեցաւ եկեղեցիին, անոր երգեցողութեան,  եւ ինչ զուգադիպութիւն կամ` զուգադիպութիւն ալ չէր թերեւս, այլ ճակատագիր, որ եկեղեցւոյ ծառայութեան մէջ կը գտնուէր ան իր կեանքի վերջին երկվայրկեաններուն իսկ:

Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ ծառայեցինք միասին, տարիներ շարունակ դպրաց դասին մաս կազմեցինք միասին, երգեցինք, լացինք ու խնդացինք միասին, սխալեցանք, ճիշդը սորվեցանք միասին: Բոլորս ալ սուրբ պատարագի երգեցողութիւնը եւ շարականները լաւապէս սորվեցանք ու երգեցինք, բայց քու երգդ, սիրելի՛ Անի, ուրիշ էր, քու աստուածային ձայնդ տարբեր էր բոլորէս, քու մեներգդ ներշնչող էր ու վերացնող, միշտ քար լռութիւն կը տիրէր, երբ դո՛ւն էիր երգողը, քու մեղեդիդ էր հնչողը…

Քառասուն օրեր առաջ ալ քար լռութիւն տիրեց, երբ քու անժամանակ ու անակնկալ մահուանդ բօթն էր հնչողը` իր ամբողջ ծանրութեամբ եւ տխրութեամբ:

Որքա՜ն անձերու համար «Տէր ողորմեա»-ն լսուեցաւ աղաչական քո՛ւ ձայնովդ, որքա՜ն անհատներ խնդրեցին, որ իրենց սիրելիներուն վերջին հրաժեշտի «Ի վերին Երուսաղէմ»-ը հնչէ քո՛ւ պաղատագին հնչիւններովդ, իսկ այսօր…

Ս. Յակոբի դպրաց դասին մաս կազմողներուս մեծամասնութիւնը ինչ-ինչ պատճառներով հեռացաւ եկեղեցւոյ ծառայութենէն, բայց դուն շարունակեցիր տարբեր եկեղեցիներու մէջ, երգդ շարունակեց բարձրանալ առ Աստուած, հրեշտակային ձայնդ ներշնչեց, յուզեց եւ ոգեւորեց շատ շատեր, մինչեւ որ առյաւէտ մարեցաւ` կրկի՛ն եկեղեցւոյ ծառայած նուիրական մէկ պահու…

Այնքան շա՜տ երգեցիր ու աղաչեցիր, որ եկեղեցիէն ուղղակի բարձրացար երկինք:

Երկինքին մէջ հրեշտակ մըն ես արդէն` մեղմ ու քաղցր ժպիտովդ եւ իւրայատուկ ձայնովդ… Աստուած իր արքայութեան մէջ թող լայն ու քեզի արժանի տեղ տայ, սիրելի՛ Անի, քու ձայնովդ բարձրացող աղաչական աղօթքները պիտի շարունակեն հնչել աշխարհին վրայ, իսկ յիշատակդ պիտի մնայ մեր բոլորին հոգիներուն խորը:

 

 

Նախորդը

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Նախաձեռնութեամբ` Թարգմանիչներու Եւ Հրատարակիչներու Բաց Մրցոյթ

Յաջորդը

Ծառայասէր Ու Նուիրեալ Հայուհին Բաժնուեցաւ Մեզմէ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?