Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հալէպի Ողբերգութիւն»… Սփիւռքահայութեան Գոյատեւումը

Փետրուար 24, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓՐՈՖ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ

1- Յիշարժան հրատարակութիւններու համառօտ ակնարկ

Հալէպահայ արժանաւոր գրագէտներ, քաջածանօթ  մտաւորականներ, հայ մամուլի յանձնառու հրապարակագիրներ ինչպէ՞ս պիտի չարտայայտէին ու չարձագանգէին Սուրիոյ եւ մանաւանդ Հալէպի տագնապին մասին ականատեսի իրենց վկայութիւնները, փորձառութիւնը: Հրատարակուած գիրքերը,  գեղարուեստական արձակ թէ չափածոյ գրականաշունչ յատկութեամբ, ո՛չ միայն գրող անհատին զգացումները, այլեւ միտքն ու հոգին ջրդեղող սրտազեղ պարունակութեամբ հրատարակութիւններ են, աղէտահար հալէպահայ հաւաքականութեան խոցահար ալեկոծութիւնները:

Կարելի է հրատարակուած հայերէն գիրքերու հրապարակումի ժամանակագրական յաջորդականութեամբ համեստ ծաղկաքաղ մը վերյիշել.

Ա) Հալէպահայ գրող, հրապարակախօս, արձակագիր, հասարակական գործիչ,  այժմ ողբացեալ բժիշկ Թորոս Թորանեանի «Խառնակ օրեր Հալէպի մէջ» գիրքը, որ գրուած է երբ տագնապը դադրած չէր, գոյամարտի այս օրագրութիւնը հրատարակուած է 2013 թուականին: Գիրքը ամբողջութեամբ կարելի է կարդալ կցուած կապի վրայ [1]:

Բ) Անթիլիասի մէջ 2016 թուականին, «Գէորգ Մելիտինեցի» գրական թիւ 83-րդ մրցանակի հրատարակութեամբ եւ 373 էջ ծաւալով, լոյս կը տեսնէ գրող, հրապարակագիր, մանկավարժ, խմբագիր, դասախօս եւ դալար գրիչ Լալա Միսկարեան – Մինասեանի հեղինակութեամբ «Սուրիական օրագրութիւն»-ը, խմբագիր` տոքթ. Արմենակ Եղիայեան: Հասանելիութեան նպատակով վերջերս հեղինակը օգտաբեր եւ օրինակելի տեղադրում մը կատարած է` իր գիրքին ելեկտրոնային տարբերակը տեղադրելով Դիմատետրի իր էջին վրայ:

Հեղինակի մը համար հոգեթով խանդաղատանք է, երբ իր գիրքը, յօդուածը հասանելի է մեծ թիւով ընթերցողներու: Այս տեղադրումով կը խթանէ անոնց հետաքրքրութիւնը,  զանոնք կը խրախուսէ ընթերցանութեան:

Գ) 2016 թուականին լոյս կը տեսնէ հալէպահայ գրող, բանասէր Մարիանա Պերթիզլեան-Ղազարեանի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած «Բողբոջող անմոռուկներ» գիրքը, որ արժանացած է «Հրանդ եւ Մանուշակ Սիմոնեան» մրցանակին: Գիրքը կը ներկայացնէ տագնապի տարիներուն հեղինակի անձնական ապրումներու լոյսին տակ գրի առնուած սուրիահայ գաղութին ապրած հոգեկան վերիվայրումները, ուր տեղ-տեղ ալ` յուշագրութիւն մը: Հեղինակը քաջարի համարձակութեամբ մը Սուրիոյ դէպքերը դիտարկած է որպէս շարունակուող ցեղասպանութիւն:

Դ) Առանձնայատուկ է հալէպահայ հանրածանօթ մտաւորական, գիրքերու վաստակաշատ հեղինակ, կրթական մշակ Յակոբ Միքայէլեանի հրատարակած երկու վերնագիրները: 1) Սուրիական պատերազմի հէնքին վրայ հիմնուած պատմուածքներու, ակնարկներու եւ նշմարներու հաւաքածոյ` «Գարուն էր…» վերնագիր գիրքը, որ արժանացած է «Ռիչըրտ եւ Թինա Գարօլան» հրատարակչական հիմնադրամի թիւ 24 հրատարակութեան, Անթիլիաս, Լիբանան,  2018 թուականին, 223 էջ ծաւալով: 2) Սուրիական տագնապի հետ առնչուած եւ ապրուած կեանքէ առնուած «Ճակատագրի սեւ կատուն» վերնագիր գիրքը, որ 121 էջերու մէջ պարփակուած հետաքրքրական վիպակ մըն է` հրատարակուած Երեւան, 2020 թուականին: Վիպակին գլխաւոր մասը հեղինակին հինգօրեայ առեւանգումն է` իր մղձաւանջներով եւ յուսատու երազներով: Հեղինակը այնքան հարազատօրէն կը նկարագրէ իր ոդիսականը, որ ընթերցողը կամայ թէ ակամայ կ՛ապրի անոր ներքին ցաւերն ու յուսահատութեան հասնող տուայտանքը: Հեղինակը կը ներկայացնէ նաեւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, ներքին տագնապալի անցուդարձը:

Ե) Իմաստալից է հանրածանօթ գրող, Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ Պերճուհի Աւետեանի 2021 թուականին հրատարակուած «Մատնահետքեր» գիրքը, որ արժանացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Գէորգ Մելիտինեցի» գրական մրցանակի թիւ 103-րդ հրատարակութեան, Կարօ Յովհաննէսեանի խմբագրութեամբ: Հեղինակը իր գիրքին մէջ յուշագրութեան բաժին մը յատկացուցած է Սուրիոյ պատերազմին:

Զ) Յատկապէս ուշագրաւ են հալէպահայ գործարար, տնտեսագիտական ուսումնասիրութիւններու եւ յօդուածներու հեղինակ Լեւոն Զաքի Ետալեանի արաբերէնով Պէյրութի մէջ հրատարակած երկու գիրքերը`  «Սուրիական հունձքը. տնտեսական եւ քաղաքական քաղուածքներ, 2011-2018» լոյս տեսած` յուլիս 2018-ին, 400 էջ ծաւալով: Լ. Զաքի Ետալեան այն քիչերէն է, որ ծաւալուն այս գիրքին մէջ իր տնտեսական իւրայատուկ քննարկումով, հրապուրիչ արաբերէն ոճով, անվերապահ նշմարներով արձագանգած է Սուրիոյ տագնապի տնտեսական հետեւանքներուն, ճգնաժամային իրավիճակներուն եւ ակնարկած է տեղական ու միջազգային քաղաքական կացութեան: Իսկ իր երկրորդ գիրքը` «Գոյութեան մարտահրաւէր. Սուրիոյ հայութիւնը 2011-2018», լոյս տեսած է սեպտեմբեր 2018-ին, 211 էջ ծաւալով: Հեղինակ Լ. Զ. Ետալեան իր ուրոյն ճկունութեամբ արծարծած է սուրիահայ արմատացած համայնքի եւ տեղւոյն քրիստոնեաներու գոյատեւութեան մարտահրաւէրները, արժանավայել նկատողութեան յանձնած է նաեւ պատերազմի ճակատագրական տարիներուն սուրիական հայրենիքի մէջ անոնց գոյութենական հիմնահարցերը, մտահոգութիւնները եւ երազանքները:

Վերոյիշեալ գիրքերու կողքին, տիրական եւ թելադրիչ խորհուրդով կը յատկանշուին հալէպահայ մտաւորականներու Սուրիոյ աննախադէպ տագնապի իրադարձութիւններուն նուիրուած եւ հայ մամուլի մէջ ստուար թիւով լոյս տեսած յօդուածները, խորհրդածութիւնները, որոնք առատօրէն կ՛օժանդակեն եւ կ՛ամբողջացնեն Սուրիոյ տագնապի իրողութիւնը, սուրիահայութեան կենսագոյութեան շրջապատկերը, պատումը:

Վերնագիրներու շատ համառօտ ծանօթագրական ակնարկ մը մէջբերելու համար կարելի է յիշել բանաստեղծուհի, արձակագիր եւ կրթական մշակ Մարուշ Երամեանի «Հալէպ… Հալէպ» խորազգաց, թախծոտ եւ աղերսահայց բանաստեղծութիւնը, ուր կը յիշէ «ծակ-ծակ էր երկինքը»:

Ուշագրաւ է հալէպահայ ծանօթ մտաւորական, բազմահորիզոն բանասէր եւ կրթական մշակ Լեւոն Շառոյեանի քնարական շունչով, Հալէպի հայ գաղութին կենսունակութիւնը փայփայող իր հիւթեղ ոճով` «Ինչի՞ մէջ կը կայանայ հալէպահայ գաղութին արժէքը» յօդուածը եւ հալէպահայութեան նուիրուած այլ խորագիրներ: Թթխմոր Հալէպի վերելքին եւ ձեռնհաս հայ մարդուժին խնկարկումի հասնող փառաւոր գովերգ մը ըլլայ կարծէք յօդուածին բովանդակութիւնը: Միեւնոյն ժամանակ հեղինակին թելադրանքն է պահպանել հալէպահայ համայնքի փառաւոր ընթացքը, կառոյցը եւ թրծուած մարդուժը, մանաւանդ` բազմաբեղուն ժառանգութեան  իրաւատիրութիւնը: Հետեւաբար Շառոյեան մտավախութիւն կը յայտնէ տագնապէն ետք հալէպահայ տերեւախիտ գաղութին հաւանական քայքայումի եւ նօսրացումին վերաբերեալ: Լեւոն Շառոյեանին հնչեցուցած ահազանգերը տեղի՛ն են ու արդար:

Սուրիոյ տագնապի քաղաքական վկայակոչում մը կարելի է կարդալ հալէպահայ բժիշկ Գրիգոր Ատանալեանի յօդուածին` «Սուրիոյ միջազգային տագնապը եւ սուրիահայութեան հերոսական պայքարը» մէջ, որ Սուրիոյ պատերազմին նուիրուած վերլուծական սեղմ տեղեկատուութիւն մըն է սուրիահայութեան նիւթաբարոյական օժանդակութեանց սատարող  աշխատանքներուն:

Հանրածանօթ մտաւորական, գրող, վաստակաշատ կրթական մշակ, Հալէպի նուիրուած հատորներու հեղինակ Գէորգ Պետիկեան պաշտելի իր Հալէպին հետ տագնապող,  գրողի անկիւնին մէջ, հոգեշունչ բովանդակութեամբ իր գրածը անուանած է` «Հալէպ` մեր հեքիաթային քաղաքը», ուր անզուսպ մտահոգութեամբ, աղերսաւոր ու գորովազեղ բարեխառնութեամբ հեղինակը գրած է, «Խօսիլ Հալէպի մասին` կը նշանակէ խօսիլ Արեւելքի մասին: Անմեղութեան շքեղութիւն եւ շքեղ անմեղութիւն»:

Յիշատակութեան արժանի է Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագիր Զարմիկ Չիլ Աբօշեան – Պօղիկեանի Սուրիոյ իրավիճակի մասին գրած խմբագրականները, հարցազրոյցները, տեղեկատուական եւ երբեմն ալ հայ նահատակներու, վիրաւորներու շատ սեղմ թուային վիճակը, լուսաբանութիւնները, մանաւանդ` Սուրիոյ տագնապի կոտտացող վէրքը, դառն բաժակը հեռացնելու հաստատակամ լաւատեսութեամբ գրուած խորագիրները:

Ինչպէ՞ս չյիշել վաղամեռիկ մտաւորական, կրթական մշակ, բեմադրիչ Մանուէլ Քէշիշեանի հրատարակած բազմատասնեակ  յօդուածները, պատկերացումները եւ երբեմն ալ հայ կուսակցական եւ միութենական կառոյցներու մասին իր գրառումները, տագնապի շրջանին հալէպեան իր համայնապատկերները, ցաւատանջ տագնապի իրականութեան հետ դէմ դիմաց իր մտասեւեռումները, որոնք վստահաբար գիրք մը կամ գիրքեր կրնան կազմել:

Վերոյիշեալ գրական արտադրութեան մէջ ամէն մէկ մտաւորական իր սրտէն ու մտքէն տոհմիկ շող մը կաթեցուցած է, անկորնչելի բան մը ծրարած է իր հոգիէն:

Մարդաբանութիւն է բազում դիտանկիւններէ գնահատելով վերոյիշեալ աղբիւրները, որոնք կը յաւակնին ուրուագծելու եւ արտացոլացնելու սուրիահայ փոքրամասնութեան դիմագրաւող տագնապը: Ինչո՞ւ չէ, նաեւ սերունդներու համար ականատեսի վկայութիւններու ու հաւաստումներու ատաղձ մը կրնան հանդիսանալ սփիւռքագիտութեան:

Անհնար է սեղմ սիւնակներու այս յօդուածին մէջ անդրադառնալ Սուրիոյ տագնապին հետ առնչուած բոլոր հայ մտաւորականներէն, գրողներէն ծաղկած մտքի շիթերուն եւ հրապարակուած յիշատակելի խորագիրներուն:

Կը յուսանք, որ շատեր իրենց յուշագրութիւնները պիտի չզլանան յիշատակելու, վերարտադրելու հայ մարդուժի եւ մտաւորականութեան մեղուափեթակ Հալէպի մէջ ապրուած տագնապի փորձառութիւնը, վկայութիւնները, յուշերը, յուշելով նաեւ իրենց մտորումները:

Պարտք է յիշեցնել, որ հայ մամուլը ընդհանրապէս առատ մելան հոսեցուց Սուրիոյ ներքին տագնապի մասին, բազմազան տեղեկատուական երկարաշունչ սիւնակներ յատկացուց, հաղորդագրութիւններ, հարցազրոյցներ, երկխօսութիւններ, անհատական տպաւորութիւններ տեղադրեց:

Նախատեսելով, որ այդ բոլոր գիրքերու հրատարակութիւնները, իրենց թուայնացած տարբերակներով եւ յօդուածներու առատ բերքը մէկտեղուած հասանելի կրնան դառնալ համացանցային կայքէջի մը վրայ` օգտաշատ եւ համապատասխան ուսումնասիրուած հարթակի մը ստեղծումով, մատչելի պիտի դառնան հետաքրքրուողներուն, մանաւանդ այդ բոլոր աղբիւրներէն դաստիարակչական դասեր քաղելու եւ ուղենշային դիտարկումներով յաջորդող սերունդներուն փոխանցելու, սփիւռքի մեր շարունակականութիւնը, գոյատեւութիւնը եւ կենսագոյութիւնը հոգատարելու, պահպանելու եւ ամրապնդելու ի խնդիր:

https://hy.wikisource.org/wiki/%D4%BB%D5%B6%D5%A4%D5%A5%D6%84%D5%BD:%D4%BD%D5%A1%D5%BC%D5%B6%D5%A1%D5%AF_%D6%85%D6%80%D5%A5%D6%80_%D5%80%D5%A1%D5%AC%D5%A7%D5%BA%D5%AB_%D5%B4%D5%A7%D5%BB,_%D4%B9%D5%B8%D6%80%D5%B8%D5%BD_%D4%B9%D5%B8%D6%80%D5%A1%D5%B6%D5%A5%D5%A1%D5%B6.djvu

(Շար. 2)

————————-

(Շար.1)

Նախորդը

Անիին Հոգին Երկինք Սաւառնեցաւ. Անի Նալպանտեան-Պոյաճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Սեն Ժոզեֆ Համալսարանի Նախագահը Եւ Օթել Տիէօ Հիւանդանոցին Տնօրէնը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Մայիս 14, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

Մայիս 14, 2025
Թէկուզ Տկար
Անդրադարձ

Ապրիլ 24-ի Շաբաթէն Անդին

Մայիս 13, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?