Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հալէպի Ողբերգութիւն»… Սփիւռքահայութեան Գոյատեւութիւնը

Փետրուար 27, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓՐՈՖ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ

4 –   Գործնամէտ սփիւռքագիտութիւնը եւ սփիւռքահայ տագնապներու մարդաբանութեան հեռանկարը

Փնտռտուքիս հիմնական բնագաւառներէն մէկն էր նաեւ Սուրիոյ տագնապի ընթացքին սուրիահայ համայնքի պատերազմի մարդաբանութեան հեռանկարը գտնել, անշուշտ` հայ համայնքի առնչութեամբ զինուած հակամարտութեան կորուստներու, տառապանքներու մարդաբանութեան հեռապատկերը պեղել:

Սփիւռքագիտութիւնը պատմագէտներու եւ  ակադեմականներու մասնագիտական պեղումներու, վերլուծումներու եւ որոնումներուն պարարտ հետաքրքրութիւն մը եղած է, գիտաժողովներու գրաւիչ վերնագիրներու արժանացած հարուստ աղբիւրներով ներհուն նիւթ մը: Բայց սփիւռքագիտութիւնը սփիւռքի դիմագրաւող մարտահրաւէրներու, հիմնախնդիրներու, պեղումներուն տեսական դաշտէն իր յանձնարարող, կամրջող, իրագործելի ծրագիրներով, կիրառական դաշտը չէ հատած, ուղղորդելու կիրարկելիութեան գործիքակազմեր եւ գործընթացներ որոնելու մեծամտութիւնը չէ ունեցած:

Ինչպէ՞ս բացատրել սփիւռքագիտութիւնը մեր նոր սերունդներուն համար, որուն գործնամէտ հիմնական նպատակն է կառուցել ու ամպրապնդել ինքնաճանաչողութիւնը: Մինչ օրս նոր սերունդին համար սփիւռքագիտութեան գործնամէտ հեռանկարը ենթադրեալ կամ անգոյական (virtual) մնացած է եւ կը յամենայ մնալ վերացական պատկեր մը, քիչ հաղորդակից եւ նուազ խրախուսիչ:

Սփիւռքագիտութիւնը իր ակադեմական, տեսաբանական, գիտահետազօտական եւ հայագիտական հիմնարկներէն անդին ընդլայնելը, դպրոցական գրասեղաններէն սկսեալ իբրեւ գիտական կրթանք (discipline) կամ իբրեւ իրապաշտ պարունակով ծրագիր մը, գործնական աշխատանոցներով ներկայացնելը կը հարկադրէ մեր պատմական նոր-հին խոտորումները, թերացումները, վերջին տասնամեակներու մարտավարական սխալներն ու բացթողումները, սայթաքումները քննարկելու:

Նոր սերունդին մօտ քննադատական մտածողութիւնը ընդլայնելու, միօրինակութենէ փախչելով, տափակութենէ դուրս գալով, գիտական այս կրթանքին որոնող մտքի խոկումներ  մշակելու, մէկ խօսքով, մտածումներու սլացք, ուղեղային գրոհ (brain storming) մը յառաջացնելու: Նման վարժանքներ, ժամանակաշունչ թելադրականութեամբ, վերլուծող են եւ քննական` ուժը տալով մտածողութեան եւ տրամախոհութեան, որոնք վստահօրէն գործնամէտ եւ կողմնորոշիչ կրնան դառնալ` մեր համայնքներու դէմ ցցուող անսպասելի մարտահրաւէրները դիմագրաւելու :

Աշխարհացրիւ մեր ամէնօրեայ թէ միօրեայ դպրոցներու մէջ սփիւռքագիտութիւնը լուսարձակի բերող խտացեալ եւ սերտուած կրթական ծրագիր մը չունինք, չենք մշակած: Զլացած ենք նոյնիսկ պարզաբանող համեստ դասապահ մը տրամադրելու, բացատրելու, լուսաբանելու «Սփիւռք»-ը, հայ սփիւռքը տագնապեցնող իրատես մարտահրաւէրները, «Հայ սփիւռք» բառակապակցութիւն իմաստի տեսադաշտը մնացած է անմեկնելի, երբեմն ալ` անորոշ ու վիճելի: Իսկ ժամանակակից սփիւռքամտութիւնը, «Հայ սփիւռք»-ի պատկանելիութիւնը, անվտանգ լինելութեան երաշխիքները, լինելակերպի հեռատեսութիւնը մնացած են մշուշապատ եւ ենթակայական:

Բայց մեր դպրոցներուն մէջ ուռճացուցած եւ փառաբանած ենք մեր պատմական հպարտութիւններով հաճոյանալու, տարեդարձներով հպարտանալու չափազանցուած ընկալումները, որոնք երբեմն ունայն ինքնախաբէութեան եւ սնափառութեան մոլուցքով կրնան սնուցանել մեր սերունդները:

Միտք բանին այն է, որ սփիւռքի մէջ ապրող հայ փոքրամասնութիւններու տագնապները, զանգուածային տեղաշարժերը, արտագաղթերը, պատմական իրադարձութիւնները թելադրիչ, քննադատական եւ իրապաշտ մտածողութեամբ լուսաբանելու, խրատելու, ուղղորդելու, յորդորելու ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ մը չենք ունեցած, չենք խթանած նման ծրագիր մը մշակելը:

Հետեւաբար նման ծրագիր մը մշակելը, զարգացնելը, ընդարձակելը անպայմանօրէն բազմօգուտ է` աղէտներու եւ ճակատագրական պահերու մեր վերաբերմունքը արհեստավարժ ձեւով տնօրինելու եւ հեռատես ճարտարութեամբ կենցաղավարելու, հայ համայնքներու կայունութիւնը ապահովելու, զօրացնելու համար: Բնականաբար հարկ է, որ զուգորդուի ու ագուցուի անվտանգութեան ռազմավարութեան մը` գործնական ծրագրի մը հետ: Հաւատալով, որ հայ համայնքներու անվտանգութիւնը հայ ինքնութիւնը զրահաւորելու, պաշտպանելու եւ փրկելու հիմնական երաշխիքներէն մէկն է, եթէ ոչ` ԿԱՐԵՒՈՐԱԳՈՅՆԸ: Անշուշտ հայապահպանումի ազգային պարունակի գերագոյն արժէքը հանդիսացող  հայոց լեզուի անվտանգութեան անվիճելի ներքնախարիսխին` հայոց լեզուի եւ լեզուամտածողութեան գերակայութեամբ, որ մեր ԳՈՅԱՏԵՒՈՒԹԵԱՆ հիմնասիւնն է, լինելութեան հիմնաբերդը [3]:

Մեր լեզուն` որպէս աւելի մեծ լեզուական աշխարհի մէկ ոստ, անկասելի հայաթափումի, հայ փոքրամասնութիւններու զանգուածային տեղաշարժերու եւ  անդրազգայնացումի` աշխարհաքաղաքացիութեան համարկումի յորձանուտին մէջ կը մնայ անպատսպար, ենթակայ` աղաւաղումի, անկայունութեան եւ անզուսպ նօսրացումի:

(Շարունակելի 4)

[3] Ա. Ս., «Սփիւռքի մրցունակ գիտական կեդրոնները` այլընտրանքային անհրաժեշտ թթուածին»,  https://hairenikweekly.com/?p=53548

Ա. մաս https://www.aztagdaily.com/archives/607420
Բ. մաս https://www.aztagdaily.com/archives/607556
Գ. մաս https://www.aztagdaily.com/archives/607661

Նախորդը

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներու Հանդիպումը Քննարկեց Շրջանային, Լիբանանեան Եւ Համայնքային Խնդիրներ

Յաջորդը

Եւրոպայի Զանգուածներէն Սորվելիք Ունի՞նք

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?