Զրոյց
ԱՆԻ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ Իսահակեան փողոցին նայող հսկա՜յ տարածքին մէջ նստարան մը գտաւ ու նստաւ: Յոգնած էր քալելէն: Քիչ մը դիտեց արձանը. նայուածքը ուղղեց գետինը շորորացող աղաւնիներուն, դիմացի նստարանի տիկիններուն ու յետոյ` պայուսակին: Գիրքը հանեց եւ սկսաւ կարդալ: Հազիւ մէկ պարբերութիւն կարդացած էր, երբ պարոն մը եկաւ ու տեղաւորուեցաւ նո՛յն նստարանին: Սփիւռքահայ չէր, ատոր վստա՛հ էր: Հայրենիքի մէջ ծնած, ապրած, հայրենի ծիրանն...


















