Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Արխիւահաւաքի Անհրաժեշտութիւնը

Փետրուար 23, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Յաճախ խօսուած եւ արժեւորուած թեմա մըն է մեր գաղութի հաւաքական կեանքին մէջ գործող կազմակերպութիւններու, միութիւններու, հաստատութիւններու եւ կառոյցներու արխիւներու պահպանման ու դասաւորման անհրաժեշտութիւնը: Մեր ընթացիկ գործունէութեան մէջ շատ յաճախ ծանրաբեռնուածութեան կամ այլ պատճառներով այս օրակարգը պէտք եղած կարեւորութեամբ չ՛ընկալուիր, եւ անոր անհրաժեշտութիւնը կը զգանք պարզապէս ամեակի մը, տարեդարձի մը կամ անհատի մը վաստակի մեծարման ու յոբելենական նախաձեռնութեան մը առիթներով, այդ իսկ պատճառով յաճախ ներկայացումները կը դառնան ոչ ամբողջական, եւ մոռացումները` բաւական:

Արխիւներու պահպանումը եւ արխիւային համակարգի մը ստեղծումը շատ կարեւոր է որեւէ միութեան համար: Չենք խօսիր ժողովական, կալուածային կամ հաշուակալական թղթածրարներու եւ տեղեկագիրներու մասին, որոնք ժողովական բնական կարգով կը պահպանուին: Հարցը կը վերաբերի տուեալ միութեան կամ կառոյցին ընդհանուր գործունէութեան, պատմութեան ու անցած ուղիին: Արխիւի ամբողջացման համար կարեւոր է նաեւ թղթակցութիւն, կենսագրութիւն, նկար, տուեալ միութեան մասին գրականութիւն եւ այլ թղթածրարներ:

Այսօրուան արհեստագիտութեան ընձեռած կարելիութիւնները շատ աւելի դիւրամատչելի դարձուցած են արխիւային համակարգման աշխատանքը: Կը մնայ, որ իւրաքանչիւր պատասխանատու կազմ կամ վարչութիւն, աշխատանքի բաժանումներու կամ պատասխանատուութեանց բաշխումի ընթացքին անպայման նկատի ունենայ նաեւ իր կազմէն անհատ մը այս աշխատանքին հետապնդման համար:

Բնականաբար հին արխիւներու հաւաքագրումը աւելի երկար ու ուսումնասիրուած աշխատանք կ՛ենթադրէ: Այստեղ իւրաքանչիւր միութիւն իր արխիւի ամբողջացման համար պէտք է դիմէ մեր մամուլի հաւաքածոյին, նաեւ իր անդամներու մօտ գտնուող արխիւներու ճամբով վերականգնէ անցեալի արխիւը: Նոր արխիւի համակարգման ու պահպանման համար սակայն, օրը օրին համակարգչային ծրագիրի մը մէջ տեղադրելով` ձերբազատած կ՛ըլլանք հետագային բաւական ժամանակ խլող փնտռտուքէ եւ անիմաստ ծանրաբեռնուածութենէ:

Գաղութի անցած ուղիին ու պատմութեան համար շատ կարեւոր է այս աշխատանքը: Այլապէս` այդ պատմութիւնը հիմնուած պիտի ըլլայ սոսկ յիշողութիւններու, պատումներու ու ենթակայական ներկայացումներու վրայ, որոնք ամբողջական պատկեր մը պիտի չյաջողին կազմել միութեան կամ ժամանակահատուածի մը մասին ու առարկայական հարազատութեամբ ներկայացնել ձեռքբերումներն ու նուաճումները:

Նորահաս սերունդներու կազմաւորման, իրենց միջավայրին ու անցեալին հետ առնչութեան եւ այդ փորձառութիւնը օգտագործելու ու նաեւ ժառանգութիւնը պահելու առումով, արխիւներու հիմամբ վաւերական պատմութիւն ունենալը օգտակար է ու կենսական:

Մեր իրականութեան մէջ յաճախ կը կազմակերպուին յոբելեաններ, մեծարանքի հանդիսութիւններ եւ յուշ երեկոներ: Այս բոլորը կարեւոր են անտարակոյս, եւ անոնց պէտք չէ մօտենալ անցելապաշտութեան կամ հին արժէքներ մեծարելու սոսկական սահմանումով: Աւելի՛ն. այդ արժէքներու վերծանումը ու անոնց այժմէականացումը միշտ ալ խթանող, ներշնչող ու լիցքաւորող մղիչ ուժ է հաւաքական ու միութենական կեանքին համար: Սակայն, այսպիսի առիթներու միշտ ալ կը գտնուինք մտատանջութեան մը մէջ եւ ինքնաբերաբար հարց կու տանք, որ արդեօ՞ք այլ «անձինք նուիրեալք» չկան, կամ իրագործում մը շուքի մէջ կը պահենք, անհրաժեշտ տուեալներու չգոյութեան պատճառով: Կ՛ունենանք այն մտահոգութիւնը, որ տեղ մը թերեւս անարդար գտնուած ենք անհատ մը մեծարելով եւ ուրիշ մը ակամայ մոռացութեան տալով: Դժբախտաբար, երբ ամբողջական ու լիակատար իրազեկութիւն չունինք տուեալ պատմական ժամանակահատուածի կամ պատահարի մը մասին, անգիտակցաբար բարեկամներու եւ ծանօթութիւններու վրայ հիմնուած պատմութիւններով կը կազմուի մեր տեսադաշտը, ու կը ճշդուին նուիրեալները: Այդ տեսադաշտը ընդարձակելու համար անհրաժեշտ են միութենական առարկայական ու վաւերական տուեալներ:

Չսպասենք երկար ծրագրումներու, սկսինք այսօր իսկ, մինչ մնացեալը` անցեալի արխիւը, կրնանք հանգրուանային ձեւով ձեռք բերել:

 

 

Նախորդը

Յետմիւնիխեան Արեւածագը

Յաջորդը

Տենի Ալվես 4,5 Տարի Պիտի Բանտարկուի…

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?