Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Սրբազան Հայրը Պատուիրակութեամբ Այցելութիւն Տուաւ ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան Խումբին
22 փետրուարին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեան, ընկերակցութեամբ պատուիրակութեան մը, որուն մաս կը կազմէին` Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեան, Արմէն աբղ. Գալաճեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ մեթր Սունպուլ Սունպուլեան եւ անդամ Մանօ Տէր Մանուէլեան, նաեւ` յարաբերական յանձնախումբի անդամ Յարութ Հայրապետեան, այցելութիւն տուաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Մարդասիրական առաքելութեան խումբի անդամներուն` անոնց կեդրոնին մէջ, ուր ջերմապէս դիմաւորուեցաւ խումբի հրամանատար գնդապետ Արկադի Տօնոյեանի եւ 14-րդ խումբի հրամանատար Դաւիթ Յարութիւնեանի կողմէ:
Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Մարդասիրական առաքելութեան խումբին մատուցած ականազերծման ծառայութիւններուն:
Սրբազան հայրը իր հայրական օրհնութիւնը տալով` աղօթեց, գօտեպնդեց զինուորները եւ անփորձանք ծառայութիւն մաղթեց անոնց, ինչպէս նաեւ լաւագոյնը մաղթեց մեր հայրենիքին, բանակին ու զօրավարներուն, եւ այս առիթով ան զինուորներուն նուիրեց Կրօնական ժողովին հրատարակած «Հաւատով խոստովանիմ» գիրքը եւ աղօթքի բացիկներ:
Այնուհետեւ, սիրոյ սեղանի շուրջ համախմբուելով, անդրադարձ կատարուեցաւ Մարդասիրական առաքելութեան խումբի անցեալի աշխատանքներուն:
14-րդ խումբի գնդապետը սրբազան հօր նուիրեց Տաթեւի վանքը պատկերող ձեռակերտ յուշանուէր մը:
Պոլիս
Հատտէճեան Եւ Սարըասլան` Պարգեւատրուած
Վերջերս Հայաստանի Գրողներու միութիւնը եւ Ամերիկահայ գրողներու եւ լրագրողներու միութիւնը միասնաբար «Դրուատանքի մագաղաթ» շքանշանը շնորհեցին պոլսահայ անուանի հրապարակախօս Ռոպեր Հատտէճեանին եւ պոլսահայ ժամանակակից գրականութեան վաստակաւոր մշակ, բանաստեղծ Իգնա Սարըասլանին` նկատի ունենալով անոնց բեղուն գրիչը եւ հայ գրականութեան բերած նպաստը: Զոյգ կազմակերպութիւններուն անունով պարգեւը «Մարմարա»-ի խմբագրատուն յանձնուեցաւ Լուսան Պըչաքճըի ձեռամբ:
Զոյգ կազմակերպութիւնները նոյն բնոյթով պարգեւ մըն ալ ուղարկեցին պոլսահայ ժամանակակից գրականութեան վաստակաւոր մշակ, բանաստեղծ Իգնա Սարըասլանին` դարձեալ նկատի ունենալով անոր բեղուն գրիչը եւ հայ գրականութեան բերած նպաստը:
Յայտնենք, որ զոյգ կազմակերպութիւնները «Դրուատանքի մագաղաթ» մրցանակներ շնորհած են ամերիկահայ արձակագիրներ Սարգիս Վահագնի, Խաչկարի, դերասաններ` Ալլա Թումանեանի, Յովհաննէս Պապախանեանի եւ բանաստեղծներ Փանոս Ճերանեանի եւ Վազգէն Վանատուրի:
Իրաք
Վարդանանց Տօնը` Պաղտատի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ
Հանդիսապետութեամբ իրաքահայ թեմի առաջնորդ Օշական եպս. Կիւլկիւլեանի, 9 փետրուարին, Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց տօնին առիթով, Պաղտատի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ պատարագ: Պատարագին ներկայ էին ՀՄԸՄ-ի սկաուտները: Իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը շեշտը դրաւ 451 թուականին Վարդանանց Զօրավարաց մղած ճակատամարտին վրայ` նշելով, որ Աւարայրի ճակատամարտը, սովորական պատերազմ ըլլալէ աւելի, հայ ազգի լինելութեան եւ ինքնութեան խորհրդանիշն է եւ հայ ժողովուրդին նկարագիրը:
Արարողութեան աւարտին սրբազան հայրը շնորհաւորեց եւ օրհնեց Վարդան անունը կրողները:
Միացեալ Նահանգներ
Գագիկ Գինոսեանի Յիշատակի Ոգեկոչման Ձեռնարկ
Նախաձեռնութեամբ Լոս Անճելըսի «Արարատ» ազգագրական երգի եւ պարի համոյթի հիմնադիր եւ ղեկավար Ալպերթ Վարդանեանցի, 11 փետրուարին Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ, պարուսոյց, «Կարին» աւանդական երգի-պարի խումբի հիմնադիր եւ գեղարուեստական ղեկավար, արցախեան պատերազմի մասնակից Գագիկ Գինոսեանի յիշատակին նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկ:
Առաջին հերթին, Պրպենքի Սրբոց Ղեւոնդեանց մայր եկեղեցւոյ մէջ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան կատարեց հոգեհանգստեան կարգ: Իր խօսքին մէջ ան հաստատեց, որ Գագիկ Գինոսեան իր կեանքի ընթացքին երբեք կարիքը չէ ունեցած գնահատանքի կամ մեծարման, այլեւ ըրած է այն, ինչ որ զգացած է, թէ իր առաքելութիւնն է` անտեսելով երախտիքի խօսքերը:
Ապա Գինոսեանի մարտական ընկերները եւ բարեկամները ներկայացուցին դրուագներ անոր կեանքէն եւ գործունէութենէն:
Ալպերթ Վարդանեանց իր ելոյթին մէջ նշեց, որ պէտք է ապացուցենք, որ պատրաստ ենք շարունակելու Գինոսեանի գործը` հայրենիք-սփիւռք համատեղ ուժերով, աւելցնելով, որ «Արարատ» համոյթը ստեղծած է Գագիկ Գինոսեանի գործունէութենէն ոգեշնչուած նաեւ անոր քաջալերանքով: Ան հաստատեց, որ Գագիկ Գինոսեանի մշակութային յեղափոխութիւնը շարունակելու եւ զարգացնելու միակ ձեւը աշխարհասփիւռ ազգագրական խումբերու հետ միաւորուիլ, զիրար քաջալերել եւ համատեղ ծրագիրներ կազմել եւ իրականացնելն է:
Գագիկ Գինոսեանի կեանքի ու գործունէութեան մասին անդրադարձաւ Նանէ Աւագեան: Ան շեշտեց, որ Գինոսեան հայ մշակոյթին մէջ բացառիկ ներդրում ունեցած այն մտաւորականն էր, որ իրեն տրուած երկրային ժամանակին մէջ իրականացուց հայ ժողովուրդի համար կենսական նշանակութեան իր առաքելութիւնը եւ երբեք չուշացաւ այնտեղէն, ուր հայրենիքն ու իր ազգը ամէնէն աւելի կարիքն ունէին: Ան հայ ազգի դէմ տարուող բազմակողմ ճակատամարտին մէջ միշտ առաջին գիծի վրայ էր տարբեր ուղղութիւններով եւ պարբերաբար կը փոխէր մարտադաշտը` արցախեան ռազմադաշտէն դէպի մշակոյթի ու հայոց ինքնութեան պահպանման պայքարի հարթակներ:
Աւագեան հաստատեց, որ Գինոսեան դառնալով հայ մշակոյթի իւրատեսակ փարոս` վերականգնեց ու նոր շունչ հաղորդեց հայ պարին` մեր ազգային դիմագիծն ու առանձնայատկութիւններն ամփոփող մշակոյթի ամենամբողջական երեւոյթին: Ան մանրամասնօրէն անդրադառնալով Գինոսեանի կեանքին` հաստատեց, որ հայրենիքի պաշտպանութիւնը անոր համար առաջնահերթութիւն էր: Ան իր մասնակցութիւնը բերաւ 2020-ի արցախեան 44-օրեայ պատերազմին, վայրկեան մը իսկ չլքելով պայքարը` նոյնիսկ մօրը վերջին հրաժեշտը տալու համար, որուն աճիւնը յուղարկաւորեցին հարազատներն ու ընկերները:
Գինոսեանի համար հրամայական էր աշխարհի տարածքին հայ պարը մոռացութենէ փրկելը, եւ այս նպատակով ան սկսաւ շրջիլ Արեւմտեան Հայաստանէն մինչեւ Ջաւախք ու Արցախ, Լիբանան ու Միացեալ Նահանգներ գիւղէ գիւղ, քաղաքէ քաղաք ուսումնասիրելով արխիւները եւ հանդիպումներ ունենալով մարդոց հետ` անոնց յիշողութեան խորքերէն հանելով ու գրառելով հայ պարի բազմաբնոյթ տեսակները: Իր այս գործունէութեան շնորհիւ` ան գրառեց շուրջ 200 պար եւ այդ բոլորը ծանօթացուց ժողովուրդին` հիմնելով «Կարին» աւանդական երգի-պարի խումբը 2001 թուականին: Աւագեան ըսաւ, որ Գինոսեանի առաջնահերթութիւնը կրթելն էր, եւ անոր գործունէութեան անբաժանելի մասը կը կազմէր ազգային արժէքներով սերունդներու դաստիարակութիւնը: Այս ուղղութեամբ, կարելի է յեղափոխական համարել Գինոսեանին համահեղինակած ազգային պար ծրագիրի մշակումը եւ 2014 թուականին Հայաստանի հանրակրթական համակարգին մէջ` «Ազգային երգ ու պար» առարկայի ներդրումը: Ներկայիս ծրագիրը կը գործէ Հայաստանի շուրջ 500 դպրոցներէն ներս` պարի միջոցով զօրացնելով հայ մանուկի ու պատանիի ազգային ոգին: Շարունակելով իր խօսքը` Աւագեան ըսաւ, որ հայ ազգային պարը սկսաւ թեւածել նաեւ Երեւանի, Արցախի, Ջաւախքի ու սփիւռքի մէջ, երբ Գինոսեան իր համոյթով ազգային պարի բաց դասեր սկսաւ տալ քաղաքի բնակիչներուն եւ հիւրերուն:
Գինոսեանի ղեկավարած համոյթը հանդէս եկած է եւրոպական տարբեր բեմերուն վրայ, մասնակցած է մրցոյթներու եւ նուաճած է գլխաւոր մրցանակներ: Ազգային պարարուեստի զարգացման եւ տարածման գործին մէջ իր ունեցած զգալի աւանդին համար Գագիկ Գինոսեան պարգեւատրուած է Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան «Ոսկէ մետալ»-ով, նաեւ արժանացած է Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչի կոչումին:
Աւարտին Գինոսեանի յիշատակին եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցան պարային կատարումներ` կատարողութեամբ «Արարատ» ազգագրական պարերու համոյթին: Շուրջպարին միացան նաեւ ներկաները` ուս ուսի տուած կատարելով Մուսա Լեռի «Տաբկէ» յիշատակի պարը եւ Կարնոյ քոչարի ռազմապարը:
Քանատա
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը «Ս. Ղեւոնդ Երէց» Շքանշան Շնորհեց ՀՄԸՄ-ի 7 Սկաուտականներու Եւ Կատարեց Նորընտիր Հոգաբարձութեան Կազմի Օրհնութիւն
18 փետրուարին, նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի, Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ս. եւ անմահ պատարագ, որուն ընթացքին սրբազան հայրը կատարեց նորընտիր հոգաբարձութեան կազմի օրհնութիւն, ապա «Ս. Ղեւոնդ Երէց» կրօնական շքանշանով պարգեւատրեց Լաւալի մասնաճիւղէն եօթը ՀՄԸՄ-ական սկաուտականներ: Յայտնենք, որ սոյն շքանշանը հաստատուած է 2019-ին` հովանաւորութեամբ Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի եւ համախորհուրդ թեմի Ազգային առաջնորդարանի եւ ՀՄԸՄ Քանատայի Շրջանային վարչութեան` իբրեւ խթան հայեցի դաստիարակութեան եւ քրիստոնէական կազմաւորման:
Այս առթիւ առաջնորդ սրբազանը շնորհաւորեց սկաուտները` յորդորելով կարգապահութիւն, հնազանդութիւն եւ մանաւանդ հաւատարմութիւն` Աստուծոյ, հայրենիքին ու ազգին:
Ազգային Առաջնորդարանի «Յովհան Մանդակունի» Շքանշանի Շնորհում
Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ քառասնամեակի ծիրէն ներս, կիրակի, 25 փետրուարին, Քանատայի Ազգային առաջնորդարանի «Յովհան Մանդակունի» շքանշանին արժանացան Կարպիս Հանէշեանը եւ Մանաս Ղազարեանը` ձեռամբ Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի, իրենց անսակարկ նուիրումին եւ երկարամեայ ծառայութեան համար:


