Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տոմս. «Կենա՛ցդ, Համբա՛կ Քուրց»

Փետրուար 29, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հետեւեալը` միջազգային լրատու աղբիւրներու 23 փետրուարի հաղորդումներէն, որոնք այլապէս ողողուած են Ուքրանիայով, Կազայով, Նաւալնիով եւ… թրամփանման արարածներով: (Իսկ այսօր ո՜վ կը յիշէ Արցախն ու Պաքու մնացող մեր պատանդները…):

Աւստրիոյ մէկ դատաւորը նախկին վարչապետ Սեպասթիան Քուրցի (պահպանողական, հիմա` 37 տարեկան) դէմ 8 ամիս բանտարկութեան առկախեալ վճիռ արձակած է, որովհետեւ ան իր առաջին պաշտօնավարութեան օրերուն (պաշտօնավարած է երկու անգամ` 2017-2019 եւ 2020-2021), մեղսակից եղած է կաշառակերութեան դէպքի մը, ու երբ քննութիւն բացուած է 3 տարի առաջ, ստած է քննիչներուն: «Տղեկը» բնականաբար չ՛ընդունիր մեղադրանքը: Դատավարութիւն մը կը նախատեսուի յառաջիկայ հոկտեմբերին: Առանց խորանալու մանրամասնութիւններուն մէջ` տրուած տեղեկութիւններէն քաղենք քանի մը կէտ: Քուրցի վարչապետութեան օրով կազմուած է գործարար ընկերութիւն մը, որուն տնօրէն նշանակուած է իր մէկ սերտ գործակից-բարեկամը: Այդ ընկերութիւնը, «տակից» դասաւորումներով կողմնակալ վերաբերմունք ունեցած է ի նպաստ ռուսական ընկերութեան մը: Խնդրոյ առարկայ է իշխանութեան «դերակատարութիւնը» այդ ու նման գործառնութիւններու մէջ: Յստակ է նաեւ մէկ բան. սա Աւստրիոյ քաղաքական կեանքը ամէնէն ուժգին ցնցումին ենթարկող դէպքն է վերջին 30 տարիներուն: (Իսկ թէ կան քաղաքական մրցակցութիւններու եւ հակառուս տրամադրութիւններու ծալքեր, ատիկա մեր գործը չէ այս պահուն):

***

Երբ այս լուրը Հայաստան հասեր է, վարչապետ Փաշինեան եւ քանի մը «ուսապարկեր», որոնց շարքին` Աւինեան, Սիմոնեան, Պապիկեան եւ նմաններ, սեղանի մը շուրջ ճաշի նստած են եղեր` ֆրանսացի հիւր նախարարին հետ տեսակցութիւններէ ետք: Քուրցի դէմ դատավճիռը իմանալով` բոլորը մէկ խնդուք մը պայթեցուցեր են եւ սրտառուչ զրոյց մը ունեցեր են: Արտայայտուած կարծիքներէն լսուած են հետեւեալները.

– Վա՜յ, խե՜ղճ տղայ, մէկ սուտի համար քեզ բանտ պիտի նետեն: Ե՜լ, Հայաստան եկո՜ւր, մենք քեզի ապաստան կու տանք:

– Հոս մենք կաշառակերութեան հազար տեսակ խաղեր կը խաղանք, ճամբաներու կուպրապատումը կամ այլ ծրագիրներ առանց մրցոյթի կը վստահինք մեր ազգականներուն, չենք ալ ստուգեր, թէ անոնք ի՛նչ որակի գործ կ՛իրականացնեն:

– Մենք օրական տասը սուտ կը գլորենք, տարիներէ՜ ի վեր կը խաբենք մեր ժողովուրդը, որուն հասկացողութիւնը այնքա՛ն բթացուցած ենք սուտերով, որ տակաւին հաւատացողներ կան, թէ մենք «ազգընտիր» ենք:

– Համբակ է ան, որ մէկ սուտ նետելով` կը բռնուի եւ մէջը կը մնայ: Պէտք է այնքա՛ն առատ սուտեր նետես, օր մը ըսածդ յաջորդ օրը ժխտես, նման բան ըսած ըլլալդ ուրանաս, մէկ սուտդ սուտերու ամբո՜ղջ հեղեղով մը ողողես, որպէսզի ո՛չ թէ ըսածներդ, այլ զանոնք լսողներն ալ յորձանուտին մէջ կորսուին: Վա՜յ չօճուխ, վա՜յ…

Յայտնի չէ, թէ ո՞վ, սրամտութիւն մը ըրած է` ըսելով. «Բայց այդ «տղեկին» ստախօսութիւնը Աւստրիան կործանումի չէ տարած, պետականութիւնը դամոկլեան սուրի տակ չէ դրած…»: Ուրիշ մը վրայ բերած է. «Մեր վարպետութիւնն ալ ճի՛շդ հոն է արդէն: Մեր սուտերը այնքա՜ն վիթխարի են, որ շատեր չեն հաւատար, թէ… սուտ կը խօսինք»: Անգլիացիները խօսք մը ունին. «Սուտ մը նետէ եւ բաւարար չափով կրկնէ. ատեն մը ետք անիկա իբրեւ ճշմարտութիւն պիտի ընկալուի» (Tell a lie often enough, it becomes the truth):

Երրորդ մը եզրափակած է մխիթարական խօսքով մը. «Մեր բախտէն միակ ստախօս իշխանաւորները մենք չենք: Բազմաթիւ մեծ ու փոքր պետութիւններու ղեկավարներ ալ իրենց սուտերով ստեղծած են… սուտերով օրօրուելու տրամադիր ժողովուրդներ, հետեւորդներ: Մե՞նք ենք յանցաւորը, որ մեր սուտերով երկիր կը կործանի, իսկ ուրիշներու սուտերը նոյնքան վնասաբեր չեն»:

Երբ խնդուքը դադրած է, բոլորը միասին բաժակները բարձրացուցած են բացագանչելով. «Կենա՛ցդ, համբա՛կ Քուրց»:

***

Զարմանալի՞ է, որ աշխարհը հիմա բոլորովին տարբեր ոճով կը թաւալի արեգակին շուրջը…

23 փետրուար 2024

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. 133 Տարուան ՀՅԴ-ն

Յաջորդը

Մտքեր – 4. Որդեգրել քննակա՛ն մտածողութիւն

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?