Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ Խնդրած Է Արաբական Լիկայէն Եւ Թուրքիայէն` Ճնշում Գործադրել ԵԽԽՎ-ի Վրայ Ազրպէյճանը Վերընդունելու Համար

Մարտ 1, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ բազմիցս յայտարարած է. «Զիս չի հետաքրքրեր, թէ ո՞վ ի՛նչ կ՛ըսէ երկրիս մասին, ես պիտի շարունակեմ ընել այն ի՞նչ որ կ՛ուզեմ»: Սակայն ասիկա կ՛ըսուի քողարկման համար: Ազրպէյճան, անկախ իր հրապարակային կոշտ ելոյթներէն, վարագոյրներու ետին աշխատանք կը տանի այլ երկիրներու հետ իր հակամարտութիւնները կարգաւորելու համար:

Անցեալ շաբաթ գրած էի, թէ ինչպէ՛ս Ազրպէյճան խնդրած է Իսրայէլի կառավարութենէն` միջնորդել Ֆրանսայի մօտ` բարելաւելու համար իրենց յարաբերութիւնները, որոնք վերջին տարիներուն վատթարացած էին արցախեան հակամարտութեան ընթացքին Ֆրանսայի կողմէ Հայաստանին ցուցաբերուած աջակցութեան պատճառով: Երբ Իսրայէլ մերժեց Ալիեւի խնդրանքը` միջնորդել Ֆրանսայի մօտ, Ազրպէյճան սկսաւ այլ ուղիներ փնտռել Եւրոպայի հետ իր հարցերը լուծելու համար:

Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) կողմէ Ազրպէյճանի անդամակցութիւնը կասեցնելէ ետք, Ալիեւ խնդրեց Արաբական պետութիւններու լիկայէն`  միջամտել եւրոպացիներուն մօտ` Ազրպէյճանի կարգավիճակը վերականգնելու համար: 13 փետրուար 2024-ին Ազրպէյճանի խնդրանքով Արաբական լիկայի խորհրդարանի նախագահ Ատել պըն Ապուլ Ռահման Ասումի նամակ յղեց ԵԽԽՎ նախագահ Թէոտորոս Ռուսոփուլոսի` բողոքելով ԵԽԽՎ-ի ընդունած բանաձեւին դէմ, որ կը մերժէ վաւերացնել Ազրպէյճանի պատուիրակութեան հաւատարմագիրները:

Արաբական խորհրդարանի նախագահը ԵԽԽՎ-ին ըսաւ. «Արաբական խորհրդարանը իր խոր ափսոսանքը կը յայտնէ այս բանաձեւի ընդունման համար: Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը արաբական պետութիւններու բարեկամ եւ ռազմավարական գործընկեր է եւ կարեւոր ու ազդեցիկ դեր կը խաղայ մշակութային բազմազանութեան պահպանման եւ քաղաքակրթութիւններու միջեւ երկխօսութիւնը խթանելու համար: Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը Եւրոպայի խորհուրդի անդամ է 2001-էն ի վեր եւ մեծ դեր կը խաղայ այս կազմակերպութեան գործունէութեան ու սկզբունքներու խթանման ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ` իր հետապնդած նպատակներուն հասնելու գործին մէջ: Համաշխարհային մակարդակի վրայ ան համատեղ ջանքեր կը գործադրէ լարուածութիւնն ու պատերազմները նոազեցնելու համար…»:

Այնուհետեւ Արաբական խորհրդարանի նախագահը ԵԽԽՎ-ին խորհուրդ տուաւ` ըսելով. «Բազմակողմանի խորհրդարանական դիւանագիտութիւնը պէտք է ըլլայ տեսակէտներու հաշտեցման գործիք եւ դիմադրութեան պատ բոլոր պառակտումներու առջեւ եւ յաւելեալ արժէք` խաղաղութեան ու հանդուրժողականութեան սկզբունքներու տարածման համար»:

Նամակը կ՛աւարտէր ԵԽԽՎ-ի կոչ ընելով` վերանայիլ աւելի կանուխ ընդունած բանաձեւը, որ մերժած էր վաւերացնել Ազրպէյճանի խորհրդարանական պատուիրակութեան հաւատարմագիրները, «որոնք կը հակասեն երկխօսութեան եւ համագործակցութեան սկզբունքներուն»:

Բնականաբար Ազրպէյճանի խորհրդարանը (Միլլի մեճլիս) անմիջապէս հրապարակեց Արաբական խորհրդարանի նամակը, զոր հրապարակած էին նաեւ ազրպէյճանական շարք մը թերթեր:

Շատ տարօրինակ է, որ Արաբական խորհրդարանը միջամտած է ԵԽԽՎ-ի գործերուն` արաբական պետութիւններու հետ կապ չունեցող հարցի մը գծով: Ազրպէյճան Արաբական լիկայի ո՛չ անդամ է, ո՛չ ալ դիտորդ: Ինչպէ՞ս կրնայ Արաբական խորհրդարանի նախագահը Ազրպէյճանը կոչել «արաբական պետութիւններու բարեկամ եւ ռազմավարական գործընկեր», երբ ան Իսրայէլի դաշնակիցն է եւ իսրայէլեան զէնք կը գնէ միլիառաւոր տոլար արժողութեամբ: Այդ էր պատճառը, որ նախապէս Արաբական լիկայի կողմէ մերժուած էր Ազրպէյճանի` դիտորդի կարգավիճակ ստանալու խնդրանքը: Արաբական խորհրդարանի` ԵԽԽՎ-ի նամակ գրելու պատրաստակամութեան միակ հնարաւոր բացատրութիւնը այն է, որ Ազրպէյճան զբաղած է «խաւիարային դիւանագիտութեան» իր սովորական վարժութեամբ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ան շատ առատաձեռն նուիրատուութիւն մը ըրած է Արաբական լիկային: Հետեւաբար Արաբական խորհրդարանի յայտարարութիւնը Ազրպէյճանի երկխօսութեան եւ խաղաղութեան ձգտման մասին իրականութեան հետ որեւէ կապ չունի:

Քանի որ Հայաստան 2005-էն ի վեր դիտորդի կարգավիճակ ունի Արաբական պետութիւններու լիկայէն ներս, հետաքրքրական էր ինծի իմանալ, թէ Լիկայի մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչը տեղեա՞կ էր արդեօք, որ Արաբական խորհրդարանը կը դիտարկէր այսպիսի նամակ մը ուղարկել ԵԽԽՎ-ի` ի պաշտպանութիւն Ազրպէյճանի: Եթէ` այո՛, ապա ի՞նչ գործողութիւններու ձեռնակած է ան (եթէ այդպիսիք կան)` առարկելու համար նման նամակի մը յղման:

Բացի Արաբական լիկայէն Ազրպէյճան ԵԽԽՎ-ի մէջ իր լոպիիստական ջանքերը կ՛իրականացնէ իր մեծ եղբօր` Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի միջոցով: Թուրքիոյ նախկին արտաքին գործոց նախարար եւ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան հիմնադիր Եաշար Եաքիս 25 փետրուարին ARAB NEWS-ի մէջ գրած է. «Թուրքիա կտրականապէս  դէմ արտայայտուած է Ազրպէյճանի (ԵԽԽՎ-էն) դադրեցման գծով… Եթէ նոյնիսկ դադրեցուի  Ազրպէյճանի անդամակցութիւնը Եւրոպայի խորհուրդին, ան կրնայ գոյատեւել առանց անդամ ըլլալու»:

Աւելի կանուխ` փետրուարին, երբ Ալիեւ այցելեց Էրտողանի Անգարայի մէջ, Թուրքիոյ նախագահը խոստացաւ ընել կարելին` «ԵԽԽՎ-ի մէջ Ազրպէյճանի հաւատարմագիրները վաւերացնելու համար: Մենք պիտի շարունակենք մեր աջակցութիւնն ու ջանքերը Ազրպէյճանի, որովհետեւ տակաւին որոշումը (հաւատարմագիրները չվաւերացնելը) յետս չէ կոչուած»: Էրտողան աւելցուցած է, թէ Թուրքիա պիտի շեշտէ, որ ԵԽԽՎ պէտք է հարթակ ըլլայ «խորհրդարանական ժողովրդավարութեան, այլ ոչ թէ` հակամարտութեան» համար: Սակայն Ալիեւ եւ Էրտողան չունին խորհրդարանական ժողովրդավարութիւն եւ խաղաղութիւն` իրենց սեփական երկիրներուն մէջ:

Եթէ Ալիեւ իսկապէս չմտահոգուէր, թէ այլ երկիրներ ի՛նչ գործողութիւններու կը ձեռնարկեն Ազրպէյճանի դէմ,  հաւանական է, որ այդքան ջանք չգործադրէր Արաբական լիկայի եւ Էրտողանի լոպիինկի համար` ԵԽԽՎ-ի մէջ իր երկրին հաւատարմագիրները վերականգնելու նպատակով: Ան պարզապէս կ՛անտեսէր ԵԽԽՎ-ի որոշումը:

Ճշմարտութիւնը այն է, որ Ալիեւ խորապէս մտահոգուած է իր վարկին համար: Բռնակալներուն մեծ մասը խախտելով ներքին եւ միջազգային բոլոր օրէնքները` ամէն բան կ՛ընէ, որպէսզի արդարացնէ իր յանցագործութիւնները եւ փորձէ հրեշտակ ձեւանալ ամբողջ աշխարհի աչքին առջեւ:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (29 Փետրուար 2024)

Յաջորդը

«Հալէպի Ողբերգութիւն»… Սփիւռքահայութեան Գոյատեւութիւնը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Մայիս 14, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

Մայիս 14, 2025
Թէկուզ Տկար
Անդրադարձ

Ապրիլ 24-ի Շաբաթէն Անդին

Մայիս 13, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?