Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանչիսկոս Պապը` Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսներուն. «Դուք Վկաներն Էք Քրիստոսի Այն Լոյսին, Որ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Բերաւ Հայ Ժողովուրդին»

Փետրուար 29, 2024
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վատիկանի ձայնասփիւռի կայանի հայկական բաժանմունքը կը հաղորդէ, որ չորեքշաբթի, 28 փետրուար 2024-ի առաւօտեան կանուխ ժամը 8:00-ին, Ֆրանչիսկոս պապը Պօղոս Զ.-ի անուան դահլիճի կողքին գտնուող այլ մէկ դահլիճին մէջ հանդիպեցաւ հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն, որոնք Հռոմի մէջ գումարեցին իրենց հերթական սիւնհոդոսը` գլխաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքին:

Հանդիպումին սկիզբը հոգեւոր տէրը առանձնական հանդիպում ունեցաւ քահանայապետին հետ, ապա տեղի ունեցաւ ընդհանուր հանդիպումը, որուն ընթացքին սրբազան քահանայապետը, հարբուխի պատճառով չկարենալով կարդալ պատրաստուած ճառը, զայն յանձնեց Գերապայծառ Ֆիլիփփօ Չամփանելլիէին եւ խնդրեց, որ ընթերցէ զայն:

Ճառին մէջ ի միջի այլոց կը կարդանք.

«Ամենապատիւ հոգեւոր տէր, սիրելի՛ եպիսկոպոս եղբայրներ, բարի եկած էք: Ինծի համար ուրախութիւն է ձեզ ընկալել Հռոմի մէջ, Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքեալներու շիրիմին մօտ, եկեղեցւոյ վարդապետ` Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի ծիսական տօնին առիթով: Իբրեւ եպիսկոպոսներ, առաքեալներուն յաջորդ, մենք պարտականութիւնը ունինք ուղեկցելու Աստուծոյ սուրբ ժողովուրդին, դէպի Յիսուս, մարդոց Տէրն ու Բարեկամը, մեր բարի Հովիւը: Եւ սիւնհոդոսի մեծագոյն պատասխանատուութիւններէն մին ճիշդ ձեր եկեղեցւոյ վաղուան եպիսկոպոսներ շնորհելն է: Ձեզմէ կը խնդրեմ զանոնք ընտրել հոգատարութեամբ, որպէսզի նուիրուած ըլլան հօտին, հաւատարիմ հովուական ծառայութեան եւ ոչ երբեք փառքի ձգտողներ: Անոնք պէտք չէ ընտրուին համակրանքի կամ հակումներու հիման վրայ, եւ պէտք է ուշադիր ըլլալ այն մարդոց, որոնք «ունին շահավաճառութեան հոտառութիւնը» եւ կամ «իրենց ձեռքը միշտ ճամբորդական պայուսակով», որոնք ժողովուրդը որբ կը թողուն…», նշեց Ֆրանչիսկոս պապը` աւելցնելով. «Դուք, սիրելի՛ եղբայրներ, քահանաներու, սարկաւագներու, նուիրեալ անձերու ու ձեր եկեղեցւոյ բոլոր հաւատացեալներուն հետ միասին ունիք մեծ պատասխանատուութիւն մը: Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Քրիստոսին լոյսը բերաւ հայոց ժողովուրդին, որ դարձաւ առաջին ազգը, որ զայն ընկալեց պատմութեան մէջ: Դուք ուրեմն այդ լոյսին վկաներն էք եւ «առաջնածին», դուք արշալոյսն էք, կոչուած ճառագայթելու քրիստոնէական մարգարէութիւնը աշխարհի մը մէջ, որ յաճախ կը նախընտրէ ատելութեան, պառակտման, բռնութեան, վրէժխնդրութեան խաւարը»:

Սրբազան պապը հրաւիրեց ներկաները աղօթելու. «Շատ աղօթեցէ՛ք, որպէսզի պահպանէք այդ ներքին կարգը` որ ձեզի հնարաւորութիւն կու տայ գործելու ներդաշնակութեամբ, զատորոշելու Աւետարանին առաջնահերթութիւնները, որոնք հաճելի են Աստուծոյ»:

Քահանայապետը իր ճառին աւարտին աղօթքով յիշեց Հայաստանը եւ «մանաւանդ անոնք, որոնք փախուստ տուին Լեռնային Ղարաբաղէն: Ապաստան փնտռող տեղահան բազմաթիւ ընտանիքները», յարեց ան` յիշելով աշխարհի տարբեր շրջաններուն մէջ տեղի ունեցող պատերազմներն ու տառապանքները… որոնք միշտ ալ ողբերգական ու անհեթեթ են»:

«Քանիցս աղաչեցի` «ալ կը բաւէ»: Միասին արձագանգենք խաղաղութեան աղաղակին, որպէսզի դպչի բոլորի սրտին ու նաեւ անոնց, որոնք անզգայ են աղքատներու ու հեզերու տառապանքին դիմաց: Եւ ամէնէն առաջ աղօթենք: Ես այս պիտի ընեմ ձեզի ու Հայաստանի համար, եւ դուք բարեհաճեցէք յիշել զիս ձեր աղօթքներուն մէջ» եղան քահանայապետին եզրափակիչ խօսքերը:

Նախորդը

«Մեղրիէն Անցնող Ճամբուն Վրայ Ռուսիոյ Սահմանապահներու Վերահսկողութիւնը Տրամաբանական Է» Կ՛ըսէ Զախարովա

Յաջորդը

Քուէյթի Մէջ. Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հիմնադրութեան 133 Ամեակին Նուիրուած Տօնախմբութիւն

RelatedPosts

«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ

Մայիս 12, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 8, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 6, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?